Բացում` Երջանկայիշատակ
Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Կիսանդրիին
Կիրակի, 10 հոկտեմբեր 1965-ը անմոռանալի թուական մը եղաւ հալէպահայութեան վերջին տարիներու կեանքին մէջ: Այդ օր, յատուկ կարգադրութեամբ, Ճեմարանի ընդարձակ բակին մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի «Գալուստ Կիւլպենկեան» ուսումնարանին, հոգեհանգիստ` բարերարներու յիշատակին եւ մանաւանդ բացման հանդիսութիւնը` երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին կիսանդրիին: Ուստի հալէպահայութիւնը խուռներամ լեցուց Ճեմարանի բակերն ու շրջակայքը` խանդավառուելու համար օրուան խորհուրդով եւ լեցուելու երան. հայրապետին յիշատակով:
Ս. պատարագը սկսաւ ժամը 9:30-ին: Պատարագիչն էր Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, որուն կը սպասարկէին Ղեւոնդ եւ Գրիգոր քահանայ հայրերը: Սրբազան հայրը, առաջնորդութեամբ տպաւորիչ եւ շքեղ թափօրին, որուն մաս կը կազմէին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը, քահանայից եւ վարդապետաց դասը, ժողովուրդին մէջէն յառաջանալով, մօտեցաւ ուսումնարանի մուտքին յատկապէս պատրաստուած Ս. սեղանին, ուր եւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագը: Երգեցողութիւնները կատարուեցան քառաձայն` Եկմալեան եղանակով, ղեկավարութեամբ Գէորգ Սերայտարեանի:
Բակի առաջամասին տեղ գրաւած էին վարդապետներ եւ քահանայ հայրեր, Ազգային իշխանութեանց անդամներ, միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, Ճեմարանի աշակերտութիւնը եւ այլն: Հետզհետէ հասան նաեւ քոյր յարանուանութեանց եւ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, եւ յատկապէս` ասորւոց եպիսկոպոսը, հայ կաթողիկէ համայնքի առաջ. փոխանորդը եւ բազմաթիւ հոգեւորականներ, որոնք կը ներկայացնէին յոյն կաթողիկէ, հայ աւետարանական եւ այլ համայնքները:
«Հայր մեր»-էն առաջ պատարագիչ սրբազան հայրը քարոզեց եւ ըսաւ.
«Սրբազան հայրապետներու կարգադրութեամբ, հոկտեմբեր ամիսը հռչակուած է հայ մշակոյթի պանծացման ամիս` ի յարգանս թարգմանիչ վարդապետներուն: Մենք պարտականութիւն ունինք կրօնական եւ մշակութային հանդէսներով յաւերժացնելու անոնց յիշատակը:
«Թարգմանչաց տօնին առթիւ պահ մը փոխադրուինք Արարատի ստորոտը, Վաղարշապատի արքունիքը, ուր երեք մեծ դէմքեր` Սահակ, Մեսրոպ եւ Վռամշապուհ արքայ կերտեցին հայ մշակոյթի անխորտակելի թագաւորութիւնը, որուն հովանիին տակ կ՛ապրինք ահա դարերէ ի վեր:
«Կորսնցուցինք մեր քաղաքական անկախութիւնը, բայց չկորսուեցանք մենք, որովհետեւ ապրեցանք հայ մշակոյթի հովանիին տակ: Սիրենք մեր մշակոյթը, մեր մայրենի լեզուն եւ մեր նոր սերունդը դաստիարակենք սահակ-մեսրոպեան շունչով ու ոգիով:
«Այս պահուս հոգեպէս կը հրճուիմ, որովհետեւ վերջին տարիներուն կերտեցինք երեք հոյակապ ազգային վարժարաններ` «Հայկազեան», «Սահակեան» եւ «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» ուսումնարանը: Քանի մը շաբաթ առաջ ալ հիմը դրինք «Զաւարեան» վարժարանին. վստահ եմ, որ մօտ ատենէն պիտի աւարտի այդ կրթարանը եւս:
«Այսօր, Թարգմանչաց տօնին առթիւ պիտի օրհնենք հալէպահայութեան պատիւ բերող «Գալուստ Կիւլպէնկեան» ուսումնարանը:
«Մենք սուրիական հայրենիքին մէջ պէտք է սորվինք արաբ լեզուն եւ պատմութիւնը, սակայն իբրեւ հայ պարտականութիւն ունինք սորվելու եւ սորվեցնելու նաեւ մեր լեզուն եւ մեր պատմութիւնը»:
Ապա բեմ բարձրացաւ ասորւոց եպիսկոպոսը` Դիոնիսիոս սրբազան եւ յանուն իր համայնքին` գեղեցիկ ճառ մը արտասանեց, ուր, շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ազգային իշխանութեանց, գնահատանքի ջերմ խօսքերով արտայայտուեցաւ հայ համայնքին մասին, որուն շնորհներուն եւ առաքինութեանց լաւագոյն խտացումը, ըսաւ, եղաւ երան. Զարեհ Ա. կաթողիկոսը:
Սրբազանը մանրամասնօրէն ներկայացուց երան. հայրապետին անձը այնպէս, ինչպէս ճանչցեր էր ինք ու սիրեր` Հալէպի մէջ իրենց պաշտօնակցութեան երկար տարիներուն եւ աւելի ետք ալ: Թուեց անոր արժանիքները, բարի եւ ազնուական հոգին, նուիրումի եւ ծառայութեան սէրը, առաքինութիւններ, որոնց շնորհիւ կրցեր էր ապահովել սէր, յարգանք եւ համարում` Սուրիոյ զինուորական եւ քաղաքական շրջանակներէն ներս:
«Իրաւունք ունիք, սիրելի՛ եղբայրներ,- ըսաւ ան,- հպարտանալու իրմով եւ փառաւորելու իր յիշատակը: Աւելի՛ն. հալէպահայութիւնը պարտականութիւն ունի յիշելու իր նախկին հովուապետը եւ խոնարհելու անոր յիշատակին առջեւ»:
Ասորւոց եպիսկոպոսէն ետք բեմ բարձրացաւ յոյն համայնքի առաջնորդին ներկայացուցիչը` Անթուան Ֆարահ վարդապետ եւ, յանուն Իլիա Մուաուատ սրբազանին, նոյնքան գեղեցիկ ճառ մը արտասանեց եւ անդրադարձաւ հանգուցեալ վեհափառի անձին ու գործին, ներկայացուց անոր նկարագրին յատկանշական գիծերը, որոնք կու գային աւետարանական ներշնչումէ, տրուած ըլլալով, որ հանգուցեալ վեհափառը խորապէս ծանօթ էր Ս. Գրքին, եկեղեցական հայրերուն եւ իր կեանքին օրինակ ընտրած էր Պօղոս առաքեալը` իր հաւատքի ջերմութեամբ եւ Եսայի մարգարէն` իր նախանձախնդրութեամբ.
«Այսօր,- ըսաւ ան,- իր ճիգերուն եւ աշխատանքին լաւագոյն մէկ արտայայտութիւնը կազմող այս Ճեմարանը արժանաւորապէս կը պանծացնէ իր յիշատակը: Թող իր օրինակը լուսաւորէ մեզ ու առաջնորդէ մեր կեանքը, եւ թող Աստուած առատացնէ իր օրինակին հետեւողներուն թիւը»:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ օրհնութիւնը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» ուսումնարանին` նախագահութեամբ պատարագիչ սրբազանին եւ մասնակցութեամբ Ճեզիրէի առաջ. փոխանորդ Կորիւն վարդապետի եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ քարոզիչ Մեսրոպ վարդապետի:
Ուսումնարանի օրհնութենէն ետք Ս. պատարագը շարունակուեցաւ նոյն վեհութեամբ: Յաւարտ Ս. պատարագի վարդապետաց եւ քահանայից դասը բարձրացաւ խորան, եւ կատարուեցաւ Ճեմարանի բարերարներուն հոգեհանգիստը: Նշուեցան անունները` երան. Զարեհ Ա. կաթողիկոսին, Քարէն Եփփէի, Գալուստ Կիւլպէնկեանի, Միհրդատ եւ Ելմոնէ Տիգրանեաններու եւ Գաւուքճեանի:
Հոգեհանգիստի աւարտին դարձեալ կազմուեցաւ թափօրը` ուղղուելու համար դէպի կիսանդրիին վայրը: Թափօրի առջեւէն կը յառաջանային Ճեմարանի աշակերտներ եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներ, որոնք կը կրէին երեք գեղեցիկ ծաղկեպսակներ, յանուն Ազգային առաջնորդարանի, «Քարէն Եփփէ» Ճեմարանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան: Ճեմարանի գեղատեսիլ պարտէզը կը յորդէր արդէն յոգնախուռն բազմութեամբ:
Խօսք առաւ առաջնորդ սրբազանը եւ ըսաւ.
«Արդար գործ մըն է, որ կատարեցինք այսօր` Զարեհ կաթողիկոսի կիսանդրին կանգնելով նոյն այն տեղը, ուր սովոր էր ինք գալու եւ նստելու եւ իր գործակիցներուն հետ խորհրդակցելու Ճեմարանի վերելքին համար:
«Առաջնորդ Զարեհ եպիսկոպոս, իբրեւ բարութեան մարմնացում, երկար տարիներ կառավարեց իր հօտը: Իր խոնարհութեամբ եւ իմաստութեամբ խորապէս տպաւորեց ազգային, պետական եւ յարանուանական շրջանակները: Քաղաքական ամէնէն տագնապալից օրերուն իմաստուն քաղաքականութեան մը հետեւեցաւ եւ աշխատեցաւ արաբական դատի յաղթանակին ի նպաստ: Սուրիական կառավարութիւնն ալ զինք վարձատրեց Արժանեաց Ա. կարգի շքանշանով:
«Իսկ իր կաթողիկոսութեան շրջանին, տոգորուած պապենական Ս. հաւատքով, յաղթեց բոլորին, աղօթքն ու օրհնութիւնը միշտ իր շրթներուն:
«Սուրբին ցանած սերմերը ժամանակի ընթացքին ծլան ու ծաղկեցան` մեր այսօրուան խաղաղութիւնը մենք կը պարտինք իրեն:
«Օրհնեալ ըլլայ իր յիշատակը»:
Եւ, ներկաներու թաց աչքերուն առջեւ, երբ կը հնչէին հանգուցեալի սիրելագոյն երգին` «Երբ որ բացուին»-ի յուզումնախառն բառերը, սրբազան հայրը երկիւղածութեամբ վար առաւ սպիտակ քողը ու ան` Զարեհ երիցս երանեալ սքանչելի հայրապետը իր նայուածքին քաղցրութեամբն ու բարութեամբը վերստին գրկեց իր արձանին շուրջ խռնուած ժողովուրդը:
ԹՂԹԱԿԻՑ