50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք Գաւառական Ժողովի Լրացուցիչ Ընտրութիւններ Լիբանանի թեմի ազգային Քաղաքական ժողովին որոշումով, կիրակի, 14 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, տեղի ունեցաւ վիճակով դադրած ազգային Գաւառական ժողովի լրացուցիչ երեսփոխաններուն եւ իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած թաղականութեանց տեղ նորերու ընտրութիւնը: Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող, քսան տարիքը լրացուցած Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, օրինակելի կարգապահութեամբ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը: Ազգային երեսփոխան ընտրուեցան Արամ Ամասեան, Ոսկեբերան Արզումանեան եւ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, յաջորդաբար Էշրեֆիէի-Ռըմէյլի-Հայաշէնի, Քարանթինայի եւ Այնճարի շրջաններուն համար: Ընտրուեցան նաեւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ (քաղաք), Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Էշրեֆիէ),- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ (Հայաշէն), Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Քարանթինա), Ս. Քառասնից Մանկանց (Նոր Մարաշ), Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1965)

Խմբագրական Կենդանի Օրինակը («Մեզ Խօսքեր Չեն Հարկաւոր, Այլ` Գործեր») Բազմազան են կեանքը ապրելու ձեւերը: Առաւե՛լ եւս բազմաթիւ են գաղափարները ապրելու, այլ մանաւանդ կենսագործելու եղանակները: Յամենայն դէպս այդ ձեւերէն, այդ եղանակներէն կախում ունի մեր իմացեալ կեանքին, ինչպէս նաեւ մեր դաւանած գաղափարներու լինելութիւնը, ճակատագիրը: Այսպէս է ոչ միայն անհատներու, այլեւ ժողովուրդներու պարագային: Առաւե՛լ եւս` հանրային, քաղաքական կազմակերպութեանց պարագային: Կարելի է, օրինակ, աշխարհի ամէնէն վսեմ, ամէնէն գեղեցիկ գաղափարները որդեգրել, ամէնէն մարդկային եւ ամէնէն յառաջդիմական ու յառաջատար գաղափարականները դաւանիլ, եւ սակայն ապրիլ այնպէս, որ այդ բոլորը ջերմանոցի ծաղիկներու ճակատագրով կնքաւորուին: Ճիշդ այս մտահոգութեամբ էր անկասկած, որ Հայ յեղափոխութեան աննման առաջնորդը` Քրիստափոր Միքայէլեան, ուղիղ վաթսունհինգ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Նոյեմբեր 1965)

Ու Ես Կ՛երթամ... Տարօնի Ճամբուն Վրայ 1964 յուլիս 13, երկուշաբթի: Այս եղանակը դաշտային աշխատութեանց ամէնէն բեղմնաւոր շրջանն է: Գիւղացիները, մեծով ու պզտիկով, գաւառական ասութեամբ, մարով ու ձագով, արտէն կալ, կալէն ջաղացք, ջաղացքէն տուն, սարէն ձոր, ձորէն անտառ կ՛երթան ու կու գան: Հասկերը իրենց կանաչ պատմուճանը հանած` ոսկեգոյն մետաքսով զարդարուած են: Ատոնք հասկերը աւելի դանդաղաշարժ են, քան կանաչները: Հովը կ՛երգէ, հասկերը կը պարեն, ես ալ` հարսնեւոր ու ես կ՛երթամ... Գերանդին կ՛ասպատակէ, հարսնետունը մեռելատունի կը վերածուի: Սիրահարներ դիտապաստ սեւ հողին վրայ անկենդան կը պառկին: Շինականը, օրհնութիւնը շրթներուն, նշխարներուն կը մօտենայ, սուրբ մասունքները երկիւղածութեամբ կը հաւաքէ: Անոր կոշտ կապած ձեռքերը ցորենի հասկերը կը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Նոյեմբեր 1965)

Դաշնակցական Պատանիներուն ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուելու եկո՛ղ պատանիներ, հայ ժողովուրդին ծառայելու համար Դաշնակցութեան գի՛րկը եկած պատանիներ, դաշնակցակա՛ն պատանիներ, դո՛ւք, որ կը կարդաք այս տողերը, գիտցէ՛ք` դժուար է դաշնակցական ըլլալը: Դժուար չէ Դաշնակցութեան մէջ մտնելը, սակայն շատ դժուար է դաշնակցական ըլլալը, որովհետեւ չի բաւեր շարքերուն մէջ ըլլալ, չի բաւեր երդում կատարել, չի բաւեր մինչեւ անգամ կանոնաւորաբար պատանեկանի կամ, ապագային, դաշնակցական խումբերու ժողովներուն գալը: Այս բոլորը անհրաժեշտ են Դաշնակցութեան մէջ ըլլալու համար, չեն բաւեր դաշնակցական դառնալու համար: Դաշնակցութիւնը խիղճ է, միտք է, շունչ է, ոգի է, նկարագիր է ու կամք: Դաշնակցական ըլլալու համար պէտք է տեւաբար ձգտիլ կուսակցութեան ոգիին մէկ մասը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1965)

Արարատի Փէշերուն Վերջերս Հայաստան այցելեց պուլկար գրագէտ Վլատիմիր Նայտենով: Սոֆիա վերադարձին «Ռապրթնիչեսքօ Տելօ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայեց տպաւորութիւններու շարք մը: Ստորեւ` ակնարկներէն մէկը. Արարատ լեռը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն առանց անոր դժուար է պատկերացնել այդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Այս լեռը անզգուական զարդ մըն է, որուն հետ թերեւս կարելի է համեմատել միայն Ֆուճիյաման (Ճափոն) եւ մասամբ ալ` Վիտոշը...: Արարատը միայն մէկ պակասութիւն ունի. ա՛յն, որ անհասանելի է: Անոր ստորոտէն կ՛անցնի Խորհրդ. Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ երկարող պետական սահմանագիծը: Բայց հայերը հպարտ են Արարատով: Անոնց համար այդ սրբազան կատարները տեսակ մը խորհրդանիշն են իրենց հայրենիքին: Անշուշտ Հայաստան ունի ուրիշ բնական արժէքաւոր...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք  Ականջի Անուանի Մասնագէտ Տոքթ. Արամ Կլորիկ Միջազգային Համբաւի Տիրացած Տոքթ. Արամ Կլորիկ այսօր ծանօթ անուն մըն է միջազգային չափանիշով եւ լսողութեան պահպանման մարզին մէջ ամէնէն տեղեակ մարդն է: Տոքթ. Արամ Կլորիկ ծնած է 1908-ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը եւ երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան եւ 19 տարեկանին` Անգլիա գաղթած: Հոն ան ամուսնացած է Պէաթրիս Ալեն անունով անգլուհիի մը հետ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Կլորիկ ընտանիքը հաստատուած է Քենեքթիքթ նահանգի Նիւ Լանտըն քաղաքին մէջ: Երիտասարդ Արամ Կլորիկ իր կրթութիւնը կը ստանայ Նիւ Լանտընի  պետական նախակրթարանին եւ բարձրագոյն վարժարանին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1965)

«Հայկ Սերենկիւլեան» Գրական Մրցանակ Ինչպէս անցեալ տարի հաղորդած էինք արտասահմանի հայ մամուլին, ողբացեալ Հայկ Սերենկիւլեանի հարազատները` այրին եւ զաւակը, յաւերժացնելու համար իրենց ամուսնոյն եւ հօր յիշատակը, տրամադրած են չորս միլիոն ֆրանսական հին ֆրանք` տոկոսը ամէն տարի յատկացնելու համար գրական գործի մը հրատարակութեան: Միաժամանակ, ամէն տարի, մրցանակ շահած գործին հրատարակութեան նպաստելու համար, այրին յանձն առած է մայր գումարին վրայ աւելցնել 100 հազար ֆրանսական հին ֆրանք, 100 հազար ֆրանսական հին ֆրանք եւս` զաւակը: Սերենկիւլեան ընտանիքին կողմէ դատական կազմի անդամ նշանակուած են` Յովիկ Եղիազարեան, Կ. Մեհեան եւ Շ. Նարդունի: Սերենկիւլեան ընտանիքը եւ դատակազ կազմը յարմար տեսան «Սերենկիւլեան գրական մրցանակ»-ին հիմնադրամը դնել Մեծի Տանն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Նոյեմբեր 1965)

Դէպի Խոպան Հողերը Վերջերս տուինք խոպան հողերու մշակութեան համար հինգ հարիւր հայ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու Հայաստանէն մեկնումի լուրը: Կ՛ենթադրենք, որ մեր ընթերցողները սրտաբեկուած կարդացին այս լուրը: Որովհետեւ, երբ իր երկրին մէջ հայը չի կրնար քարքարուտ հողերէն խլել  իր սնունդին համար բաւարար բերք, վերցնել զայն եւ տանիլ հեռաւոր  խոպան հողեր արգասաւորելու տաժանելի աշխատանքին լուծել` անբարեխղճութիւն է պարզապէս: Իր ափ մը հողամասին վրայ հայութիւնը կ՛ապրի  բոլորէն ուրացուած: Կ՛ապրի սիրտը կոտրած, վասն զի տարիներէ ի վեր իր հողերը խլուած եւ տրուած են հարեւաններու, որոնց հայրենիքը քանի մը անգամ աւելի ընդարձակ է եւ օժտուած` բնական անսպառ հարստութիւններով: Հայերէն աւելի` թաթար ժողովուրդները մօտ են խոպան...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Նոյեմբեր 1965)

Խմբագրական Պայքարին Էութիւնը («... Իմաստութեան Վերջին Խօսքը») Գերման հանճարի ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն Կէօթէ իր անմեռ գործին` «Ֆաուստ»-ի մէջ կը գրէր. «Ազատութեան եւ կեանքի արժանի է միայն ա՛ն, որ ամէնօրեայ կռիւով կը նուաճէ զանոնք: Ահա՛ իմաստութեան վերջին խօսքը»: Իմաստութեան վերջին խօսքը իր մէջ կը խտացնէր նաեւ այն նշանաբանը, զոր Հայ յեղափոխութիւնը, իր ծննդեան առաջին իսկ օրէն, իր փառապանծ դրօշին վրայ արեամբ կը դրոշմէր. «Ազատութիւն կամ մահ», «Հայրենի՛ք կամ մահ»: Այս կը նշանակէ, որ Ազատութիւնը մեզի համար համազօր էր Կեանքի, Կեանքը հոմանիշ էր Հայրենիքի եւ Հայրենիքը` Ազատութեան: Իսկ այս իւրատիպ «եռանկիւն»-էն դուրս` Մահը անխուսափելի, ճակատագրականօրէն անփարատելի էր մեզի համար: Ահա թէ ինչո՛ւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Նոյեմբեր 1965)

Հայաստան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի Տասնամեակը Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. վեհափառի 10-րդ տարեդարձին առթիւ Երեւանի «Արմենիա» պանդոկի մեծ սրահին մէջ շքեղ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ: Ներկայ էին եւ խօսք առին համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Էֆրեմ Բ., Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, որ հաղորդեց նաեւ Պօղոս Զ. պապին սիրալիր շնորհաւորութիւնները եւ կարդաց Ս. պապին անձնական պատգամը` ուղղուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, մետրոպոլիտ Իոսաֆ կարդաց համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսիի պատգամը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի ներկայացուցիչ` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի` սիրալիր շնորհաւորութիւններ ներկայացուց Վազգէն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1965)

Ծխախոտի Մշակութիւնը Լիբանանի Մէջ Պաթրունի ծխախոտ մշակողներու ընկերակցութիւնը մամուլի ասուլիս մը տուաւ, ուր Միշէլ Պիթար` ընկերակցութեան նախագահը, մանրամասնօրէն պարզեց ծխախոտի մշակութեամբ ապրող մօտ 33 հազար գիւղացիներու տնտեսական թշուառ վիճակը: Տրուած զեկուցումէն երեւան եկաւ, որ ծխախոտ մշակող ընտանիքներ տնտեսական շատ ծանր կացութեան ենթարկուած են ծխախոտին աժան գնումին պատճառով: Ինչպէս գիտէք, տեղական մշակուած ծխախոտին գինը Ռեժին է, որ կը նշանակէ: Այսպէս, իւրաքանչիւր մէկ տէօնիւմ կ՛արտադրէ 72 քիլօ ծխախոտ` 400 լ. ոսկի արժելով գիւղացիին, այսինքն` քիլոն 555 դահեկան: Մինչդեռ Ռեժին գին որոշած է, ըստ տեսակի, քիլոն 300-495 դահեկան: Ծխախոտի մշակութիւնը, ըստ Միշէլ Պիթարի, լիբանանեան գանձին կ՛ապահովէ շուրջ 36 միլիոն լ. ոսկիի տարեկան եկամուտ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1965)

Ֆրանսական Փոխառութիւն Եւ Լիբանանի Ծրագրային Աշխատանքները Ներկայիս Փարիզի եւ Պէյրութի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան 100-150 միլիոն Լ. ոսկիի փոխառութիւն մը կնքելու համար: Ստացուած լուրերուն համաձայն, այս փոխառութիւնը պիտի յատկացուի լիբանանեան հնգամեայ ծրագրային մեծ աշխատանքներուն, որոնց ծախքերուն ընդհանուր գումարը կը հասնի մօտ 1.080 միլիոն լ. ոսկիի: Այս առթիւ, ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէն, շուտով Պէյրութ պիտի հասնի մօտէն ծանօթանալու համար Լիբանանի մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի մէջ ծրագրային մեծ աշխատանքներուն իրագործումը հսկայական գումարներու կը կարօտի: Այսպէս` Պեքաայի մէջ ամբարտակներու շինութիւն, օդակայանի արդիականացում, Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնում, Պէյրութի բարեզարդում, նոր պողոտաներու բացում, Պէյրութ-Թրիփոլի, Պէյրութ - Սայտա, Պէյրութ-Շթորա-Պաալպեք մայրուղիի շինութիւն, Թրիփոլիի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1965)

3000 Տարուան Օրացոյց Մը Հին հայկական արեգակնային օրացոյցը կազմուած էր 30 օրէ, 12 ամիսէ, եւ յաւելեալ ամիսէ մը, որ ունէր 5 օր: Այդ օրացոյցը հաւանաբար սկսած է է օգտագործուիլ մեր թուականէն քանի մը հարիւր տարի առաջ: Թէ աւելի հին շրջաններուն ի՛նչ տեսակ օրացոյց գործածած են Հայաստանի բնակիչները, ծանօթ չէ մեզի: Այսուհանդերձ, կարգ մը տեղեկութիւններ կարելի եղաւ ունենալ, երբ հնագիտական պեղումներու ընթացքին գտնուեցաւ շատ հետաքրքրական գօտի մը` 96,5 սմ երկարութեամբ եւ 15 սմ լայնութեամբ: Գօտին, որ անագապղինձէ պատրաստուած է, գտնուեցաւ 1946-ին, Սանահին գիւղին մէջ: Այս գօտիին վրայ փորագրուած են եռանկիւններ, շեղանկիւններ եւ կէտեր: Երեք քառակուսիներու մէջ կան ձիեր, ինչպէս նաեւ` արեւի,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Հոկտեմբեր 1965)

Խմբագրական  Յարատեւ Պայքար (Ներսը Եւ Դուրսը` Հաւասարապէս) Հայ յեղափոխութեան առաքելատիպ մեծ Քուրմը` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, ա՛ն, որ «մեր երկրի արի այրերից կազմեց մե՛ծ մի բանակ եւ մեր սեւ դրօշի տակ գրեց. «ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՄ ՄԱՀ»: Ա՛ն, որ մահակիրներու հսկայ սերունդներ դէպի իմացեալ մահ առաջնորդեց վասն հայրենեաց եւ ազգի: 1900 թուականին, երբ Հայ յեղափոխութիւնը ծանր տագնապ կ՛անցընէր համիտեան արիւնոտ ջարդերէն ետք, երբ բոլոր «խոհեմ»-ները, «հեռատես»-ներն ու «իրապաշտ»-ները ցցուեր էին Հայ յեղափոխական շարժման դէմ եւ լայնածաւալ խաչակրութեան ձեռնարկեր էին, «Ամբոխային տրամաբանութիւն» խորագրով իր մեծարժէք յօդուածաշարքը («Դրօշակ»-ի խմբագրական սիւնակներէն) կ՛եզրափակէր հետեւեալ պատգամով. «ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Հոկտեմբեր 1965)

Գրական Հարցեր Երկու Խօսք` Բանաստեղծութեան Մասին Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջացաւ, քննադատութիւնը փորձեց հաստատել, թէ «բանաստեղծութիւնը կը մեռնի» կամ` «բանաստեղծութիւնը մեռա՜ւ»: Իրաւ է, որ քերթողական արուեստը ծանր տագնապ մը կ՛անցընէր հուրի եւ սուրի այդ օրերուն, սակայն մեռնելու տրամադրութիւն չունէր: Դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ մուսաները, արուները` ինչպէս էգերը, իրաւամբ ընդմիշտ լքէին մեզ: Բայց կարելի՞ բան է ասիկա, քանի որ ամէնէն պաղուկ եւ ամէնէն «արձակ» մարդուն մէջ իսկ յայտ կամ անյայտ բանաստեղծ մը կայ: Պոտլեր կը պնդէր, թէ առողջ մարդ մը երկու օր կը դիմանայ քաղցի ու ծարաւի, բայց ո՛չ իսկ օր մը կրնայ ապրիլ առանց... բանաստեղծութեան: Սրտի մարդը, յափրացած ու ցիրուցան,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1965)

Նոթեր Եւ Նետեր  Ցուցահանդէս  Անգլիական Տաղաւար Ուինսթըն Չըրչիլի մահէն ետք շատ բաներ գրուեցան իր մասին: Ուշադրութիւնս գրաւեց պարագայ մը: Չըրչիլ մեռաւ 90 տարեկանին: Այդ երկարակեցութիւնը վերագրեցին մոլութիւն մը չունենալուն: Մինչդեռ մոլութիւններ ունէր Չըրչիլ: Եթէ չունենար, չէր կրնար ապրիլ իննսուն տարի: Մարդ արարածը կը ճայթի ու կը պայթի ձանձրոյթէն, առանց մոլութեան: Օրական կը ծխէր քսան տիտանեան սիկար: Ասիկա մոլութիւն չէ՞: Ամէն օր, ամէն ճաշի կանոնաւորաբար կ՛ըմպէր բարձրաբերձ բաժակ մը շամփայն (շփացածներուն ըմպելին), ճաշէն ետքն ալ կը կոնծէր գաւաթ մը քոնեաք (գաւաթն ալ, ըստ պատկերին, յուռթի ու յղի կնոջ նմանակ): Եւ ասոնք մոլութիւններ չէին, որովհետեւ գործադրողը Չըրչիլն էր: Կրնան առարկել, որ շամփայնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1965)

Ակնարկ Իսկական Տագնապը Երրորդ էջի մէջ սկսանք հրատարկել ուշագրաւ յօդուածաշարք մը` «Խորհրդային Միութիւնը առանց Խրուշչովի»: Յօդուածագիրը ֆրանսացի լրագրող մըն է` Ժան Ֆրանսուա Քան, «Լ՛էքսփրես»-ի մնայուն աշխատակից, որ նոր վերադարձած է Ռուսիայէն, ուր ամէն պարագայի տակ առաջին անգամը չէ, որ կ՛այցելէ: Ֆրանսացի լրագրողը Մոսկուա գտնուած է այն օրերուն, երբ Քոսիկին Կոմկուսի Կեդրոնական կոմիտէի լիագումար նիստին ներկայացուց տնտեսական «բարեկարգութեան» իր ծրագիրը, ամէնէն յեղափոխականը, որուն մասին մեկնաբանութիւնները չեն դադրած տակաւին` հակառակ ամիս մը անցած ըլլալուն: Ուստի լաւատեղեակ է այն կացութեան, որուն բերումով Քրեմլինի վարիչները հարկադրուեցան խոր փոփոխութիւններ մտցնել երկրին տնտեսական կառոյցին մէջ եւ` այն հակազդեցութեան, որ այդ փոփոխութիւնները ստեղծեցին խորհրդային հանրապետութեանց ժողովուրդներուն մօտ:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Հոկտեմբեր 1965)

Դաշնակցութիւնը Մէկ դար առաջ առասպելական մեր նախահայր ըմբոստ Հայկի ո՛չ  Հայաստանը կար եւ ո՛չ ալ հայութիւնը: Չկար նոյնպէս ասորաց Շամիրամի ցանկացած Արա Գեղեցիկը` իր չնաշխարհիկ Հայաստանով: Տիգրան Մեծի, Արտաշէսի կայսրութիւնը փոշիացած էր, իսկ Խորենացու «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն» Հայաստանը դարձած  էր ողջակէզ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տիրապետութեանց: Հայաստանի մէջ հայ իսկ չկար իբրեւ զանգուած, ան աշխարհի չորս դին ցիրուցան եղած` միայն իբրեւ փոքրամասնութիւն կ՛ապրէր` իբրեւ վկայ անցեալին փառքին: Այդ փոքրամասնութիւնը «ազգ» չէր բառի բուն իմաստով, ան ազգութեան խեղկատակութիւն էր: «Պարսից, թուրքաց երկրամասերի մէջ հայութիւն չկայ, բայց կան Հայաստանում քրիստոնեայ թուրքեր», կ՛եզրակացնէր իրաւացիօրէն գերման մարաջախտ Մոլկտեն: Ռուսական  Հայաստանի մէջ չկար հայութիւն, բայց կար...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1965)

Ակնարկ  Կեղծիք... Վերէն վար` կեղծիք: Թրքական թերթ մը` «Թերճիւման» (որուն խմբագրականէն մասեր տուած ենք քովի սիւնակներուն մէջ), աննախընթաց խստութեամբ մը կը քննադատէ վարչապետ Իւրկիւպլիւն` Պոլսոյ յոյներուն եւ Ֆեների պատրիարքարանին դէմ կատարած ծանօթ յայտարարութեան եւ մերկապարանոց սպառնալիքներուն համար: Որեւէ այլ երկրի մէջ թերթի մը այս կեցուածքը մամլոյ ազատութեան եւ հակակշռող դերին արտայայտութիւնը պիտի նկատուէր, բացի Թուրքիայէն, ուր կեղծիքը արուեստի կարգ անցած է` կասկածի տակ առնելով ամէն խօսք ու ելոյթ: Իւրկիւպլիւ պետական փորձառութիւն ունեցող մարդ է: Վայրկեան մը իսկ չենք կրնար մեր մտքէն անցընել, թէ վերջին յայտարարութիւնները ըրած է թեթեւօրէն, առանց խորհրդակցած ըլլալու այլ պատասխանատուներու հետ, որոնց շարքին կը գտնուի Ատալեթի նախագահը`...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Հոկտեմբեր 1965)

Ակնարկ  Արտօնեալ Մարդասպաններ Պաշտօնական վիճակագրութեան մը համաձայն, սեպտեմբերի ընթացքին 48 հոգի զոհ գացած են ճամբու արկածներու, իսկ վիրաւորներուն թիւը եղած է 281: Կը կարդանք ու կ՛անցնինք: Բայց երբ պահ մը ուզենք անդրադառնալ եղածին, կը գտնուինք դէմ յանդիման ահաւոր կացութեան մը, որ սկսած է լրջօրէն մտահոգել հանրային ապահովութեան պատասխանատուները: Օրէնքը կ՛արգիլէ մարդասպանութիւնը... արգիլուած զէնքերով: Բայց երբ գործածուածը արտօնուած զէնք է, մարդասպանը ազատ կը ձգուի, շատ-շատ քանի մը ամիս կը բանտարկուի (ապահովագրական ընկերութեան վրայ բեռցնելով տուգանքի վճարումը), եւ կը շարունակէ իր շահատակութիւնները: Չորս անիւի վրայ թաւալող մարդասպաններու թիւը հետզհետէ կը շատնայ, որովհետեւ ճամբու օրէնքները շատ թոյլ են Լիբանանի մէջ: Օրինակ, օրէնքը կ՛արգիլէ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 57 of 69 1 56 57 58 69

Արխիւներ