Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Ժեմայել – Ժոմպլաթ Վէճը

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին երկու անհանդարտ տարրերը` Փիեռ Ժեմայել եւ Քամալ Ժոմպլաթ, որոնց գաղափարական մօտեցումը հարցերուն` կասկածէ վեր է, դարձեալ բանավէճի մէջ են: Իշխանութենէն ներս թէ իշխանութենէն դուրս, նախարարական նոյն կազմին մէջ թէ խորհրդարանի, այլ մանաւանդ` հրապարակային ելոյթներու, Ժեմայել եւ Ժոմպլաթ միշտ գտնուած են հակադիր դիրքերու վրայ եւ յաճախ խօսեցուցած իրենց մասին:

Այս անգամ անոնց վէճը ընկերային եւ տնտեսական բնոյթ ունի: Ծնունդ առած է, ինչպէս ժամանակէ մը ի վեր` ամէն հարց, խնձորի տագնապէն:

Շուֆի  երեսփոխանը, որ լիբանանեան հանրային կեանքին մէջ կը գրաւէ կեդրոնական դիրք մը, վերջերս կ՛ունենայ արտայայտութիւններ, որոնք խնձորի տագնապին առիթով կը ձգտին հիմնական փոփոխութեան ենթարկել Լիբանանի տնտեսական քաղաքականութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան պետը պաշտպան կը կանգնի տնտեսական այդ քաղաքականութեան, որուն հիմնական յատկանիշը իր ազատականութիւնն է:

Ընկերային եւ տնտեսական շարժառիթներով ծագած այս վէճը ունի նաեւ գաղափարական եւ քաղաքական հիմք մը, որ լռելեայն կը հասկցուի:

Քամալ Ժոմպլաթ, երբ ընկերվարութեան մասին կը խօսի, առաւելաբար իր մտքին մէջ ունի այդ պիտակին տակ ծանօթ երկիրներ, որոնք, սակայն, ներկայիս վերաքննութեան ենթարկելու վրայ են իրենց քաղաքականութիւնը` տասնամեակներու վրայ երկարող փորձերու ձախողութենէն ետք:

Փիեռ Ժեմայել, իր պատճառաբանութիւններուն մէջ, կը յենու ՄԱԿ-ի այն տեղեկագիրին վրայ, ուր կ՛ըսուի, թէ Լիբանան բարգաւաճութեան տեսակէտէն, չորրորդ տեղը կը գրաւէ աշխարհի մէջ, իսկ լիբանանեան դրամանիշը աշխարհի ամէնէն ամուր դրամներէն մէկն է:

Ժեմայել – Ժոմպլաթ վէճը, կարգ մը թերթերու համար, կը մտնէ աջի եւ ձախի պայքարի ծիրին մէջ: Իրականութեան մէջ բոլորովին ալ այդպէս չէ, որովհետեւ աջի եւ ձախի յստակ բաժանում մը չկայ: Լիբանանի մէջ, ինչպէս գաղափարական հակամարտութենէ զերծ է այս երկիրը, ուր միայն համայնական եւ շրջանային մրցակցութիւններ կան, քան թէ` գաղափարական տարակարծութիւններ:

Լիբանանի համար պէտք եղածը ընկերային արդարութեան արդիական ըմբռնումներուն առողջ կիրարկումն է, ազգային եկամուտին աւելի արդար բաժանումը, պետական հակակշիռ մը` համապատասխան այս երկրի առանձնայատուկ նկարագրին եւ էութեան:

Գաղափարական մարզանքները եւ տնտեսական որոշ դրութիւններու հիման վրայ կատարուած փորձերը կրնան հեռուները տանիլ:

X

 

Մարզական Կեանքը Հալէպի Մէջ

Փառատօնի Բաժակ

Հալէպի բամպակի 10-րդ փառատօնին առիթով տօնակատարութեանց յանձնախումբը «փառատօնի բաժակ» մը տրամադրած էր ֆետերասիոնին, որպէսզի ֆութպոլի մրցաշարք մը կազմակերպուէր: Այս մրցաշարքին պիտի մասնակցէին չորս խումբեր, երեք խաղի դասաւորումով: Ուրբաթ, 1 հոկտեմբերին պիտի մրցէին` «Վասպուրական» ընդդէմ «Ահլի»-ի, ՀՄԸՄ ընդդէմ «Արապի»-ի, կիրակի, 3 հոկտեմբերին պիտի մրցէին նախորդ խաղերէն աւարտականի մնացած երկու խումբերը:

Մրցումին առաջին օրը «Վասպուրական»-ի եւ «Ահլի»-ի խաղը սկսաւ ժամը 1:45-ին: Կիսախաղին քառորդ ժամ մնացած, յաջորդական քանի մը յառաջխաղացումներէ ետք, «Ահլի» գնդակ մը տեղաւորեց «Վասպուրական»-ի բերդին մէջ: Խաղը տաքցաւ եւ դարձաւ հետաքրքրական:

Խումբերը միջակ մակարդակի խաղ մը ցուցաբերեցին:

Խաղը վերջ գտաւ «Ահլի»-ի յաղթանակով (2-0):

Երկրորդ մրցումին անհամբերութեամբ կը սպասուէր: Երեք շաբաթ առաջ ՀՄԸՄ-«Արապի» մրցումին ՀՄԸՄ անփառունակ պարտութիւն մը կրած էր: Ժամանակն էր, ուրեմն, լաւ դաս մը տալու «Արապի»-ին:

Խաղը սկսաւ իրաւարարութեամբ «Ահլի»-ի նախկին խաղացող եւ մարզիչ Սալիմ Այմազի:

Սկիզբը ՀՄԸՄ-ի խաղարկութիւնը յուսադրիչ չէր. արդիւնքը այն եղաւ, որ քառորդ ժամ ետք «Արապի» խումբը կէտ մը նշանակեց ՀՄԸՄ-ի վրայ:

ՀՄԸՄ-ականները պաղարիւնութեամբ չընդունեցին առաջին կէտը: Բոցավառ տղաք շարժման մէջ դրին իրենց բոլոր ուժերը եւ, շատ չանցած, «Արապի»-ի վրայ արձանագրեցին հաւասարութեան առաջին կէտը: Ճիշդ հինգ վայրկեան ետք, գեղեցիկ յառաջխաղացումով մը ՀՄԸՄ նշանակեց երկրորդ կէտը:

Մինչեւ կիսախաղ «Արապի» նշանակեց հաւասարութեան իր երկրորդ կէտը:

Կիսախաղէն ետք ՀՄԸՄ անսպասելի խաղարկութիւն մը ցուցաբերեց: Իր հաւասար գնդակի բաշխումներով, խոհեմ խաղի դարձուածքներով եւ կայծակնային հարուածներով քառորդ ժամէն գնդակ մը տեղաւորեց «Արապի»-ի բերդին մէջ:

Առանձին գնահատանքի արժանի են յառաջապահներ Անդրանիկ Պահարեան եւ Գրիգոր Քիլեճեան (Գօգօ), որոնք այնպիսի ճկունութեամբ ու թեքնիք դարձուածքներով գնդակ փոխանակեցին «Արապի»-ի  բերդին առջեւ, որ հակառակորդ խումբի տղոց սարսափը դարձան: Անդրանիկ Մալեան, իր խոհեմ ու խելացի խաղարկութեամբ, բայց նաեւ չափուած ու ճիշդ նպատակին հասնող կակուղ հարուածներով վերի երկու տղոց օժանդակեց գնդակը բերդ ուղղելու: Խումբին հոգիով ու սրտով խաղացողը Գէորգ Աւընեանն էր:

Խաղը դեռ խանդավառ ու հետաքրքրական «Արապի»-ի կողմէ նշանակուեցաւ հաւասարութեան երրորդ կէտը:

Տաք էր դաշտը: Տաք էին հանդիսականները` ի տես կէտերու այս մրցանիշին:

Խաղի աւարտին քառորդ ժամ մնացած` ՀՄԸՄ-ականները գնդակը յաճախ բերին հակառակորդ բերդին առջեւ, խաղացին, խաղցուցին, բայց սպասուած կէտը չնշանակուեցաւ:

Հակառակ իրաւարարին փենալթիներու անտեսումին, ՀՄԸՄ արձանագրեց յաղթանակի իր արդա՛ր կէտը:

Խաղի վերջաւորութեան հինգ վայրկեան մնացած` ՀՄԸՄ նշանակեց յաղթանակի հինգերորդ եւ վերջին կէտը: Անհրաժեշտ կէտն էր յաղթանակը վաւերացնելու:

«Արապի»-ի հետ 5-3 արդիւնքով` ՀՄԸՄ «Ահլի»-ի դէմ աւարտականի մնաց:

Ամէնէն հետաքրքրականը կիրակի օրուան խաղն էր:

Պատուոյ թրիպիւնը գրաւած էին պետական անձնաւորութիւններ եւ յարգոյ հիւրեր:

Հինգ հազարէն աւելի բազմութիւն մը լեցուցած էր դաշտին շրջանակը:

Մարզիկները դաշտ իջան ոգեւորութեամբ:

Տասը վայրկեան անց, իրաւարարին (Սալեմ Այմազ) սուլիչը կարգի հրաւիրեց տղաքը: Երկշարք, թեթեւ վազքով յառաջացան եւ հորիզոնական գիծ կազմեցին պատուոյ թրիպիւնին առջեւ: Երկու խմբապետները ծաղկեփունջեր տարին պատուոյ թրիպիւն:

Խաղը սկսաւ ժամը 3:30-ին: Մինչեւ քառորդ ժամ դաշտին վրայ հանդարտութիւն կը տիրէր: Անկէ ետք, սակայն, խաղը նոր թափ առաւ:

Խաղի այս տաքութիւնը մնաց նոյն ջերմաստիճանին վրայ: Բացառիկ ճիգերէ ետք «Ահլի» նշանակած էր յաղթութեան առաջին կէտը:

Կիսախաղի հանգիստի տասը վայրկեանի ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի մարզիչ Աբրահամ Աւընեան (նախկին ֆութպոլիստ) խաղին ձեւը փոխելու հրահանգ տուաւ:

«Ահլի»-ի անդամները սկսան վայրագ խաղարկութիւն մը ցոյց տալ` ի տես ՀՄԸՄ-ի յաջորդական յարձակումներուն: Իրաւարարը չարդարացուց անաչառ մարդու իր համբաւը: Ատիկա շեշտուեցաւ այն ատեն մանաւանդ, երբ ՀՄԸՄ-ի տղաքը գեղեցիկ խաղարկութեամբ մը գնդակը թշնամի բերդին առջեւ տարին եւ անակնկալ հարուածով մը զայն բերդին մէջ տեղաւորեցին, իսկ իրաւարարը աութսայտ սուլեց: Նման այլ պարագաներ ալ տեղի ունեցան խաղի ընթացքին:

Կոշտ խաղին պատճառով իրաւարարը դուրս հանեց ՀՄԸՄ-ական Գօգոն, իսկ քիչ ետք` «Ահլի»-ի խաղացողներէն մէկը:

«Ահլի»-ի կոշտ խաղարկութիւնը, իրաւարարին աչառութիւնը եւ ՀՄԸՄ-ի բարոյալքումը «Ահլի»-ի բերդը անձեռնմխելի դարձուցին:

Խաղը կորսուած էր:

Կրկին երկշարք հորիզոնական գիծ կազմելով` ֆութպոլիստները պատուեցին պետական անձնաւորութիւնները եւ «Ահլի» տիրացաւ փառատօնի բաժակին:

ԽԱՉԻԿ ԻՇԽԱՆԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Էվօ, Պոլիվիացի Պզտիկ Հովիւը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?