Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (17 Հոկտեմբեր 1965)

October 17, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Ինը Տարի Ետք

Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան երկրորդ անձնաւորութիւն` առաջին փոխ նախագահ մարաջախտ Ապտել Հաքիմ Ամեր ֆրանսական կառավարութեան պաշտօնական հիւրն է, երէկուընէ ի վեր:

Այս այցելութեան քաղաքական կարեւորութիւնը եւ մօտ ու հեռու ապագային համար ունենալիք խոշոր անդրադարձները չեն կրնար վրիպիլ քաղաքական դէտերու ուշադրութենէն:

Առաջին անգամն է, որ եգիպտացի բարձրասիճան ղեկավար մը կ՛այցելէ Փարիզ` շփումներ ունենալու համար ֆրանսացի պատասխանատուներուն հետ: Ինը տարի անցած է Սուէզի տխուր արկածախնդրութենէն ասդին: Վէրքերը բուժուած են, եւ նոր հեռանկարներ ստեղծուած` ֆրանսեւեգիպտական արդիւնաւոր գործակցութեան մը համար:

Անհրաժեշտ եղաւ, որ Ֆրանսա հաշուեյարդարի ենթարկէ Ալճերիոյ պատերազմը, իրապաշտ մօտեցումով մը նուիրուի իր բուն առաքելութեան` իբրեւ հաւասարակշռող ուժ եւ քաղաքակրթական ազդակ, որպէսզի Միջերկրականի այս ափերուն վրայ մարդիկ վերագտած ըլլան իր իսկական դիմագիծը, որ այնքան աղարտուեցաւ գաղթատիրութեան մթին օրերուն:

Միւս կողմէ, դէպի Փարիզ եգիպտական դիւանագիտական այս ելքը թարմ շունչ մը պիտի տայ Նասէրեան քաղաքականութեան, որ մինչեւ հիմա կը դառնար ախտաւոր շրջանակի մը մէջ, ենթակայ` ներքին, արաբական եւ միջազգային դժուարութիւններու:

Գահիրէ Փարիզի մէջ պիտի գտնէ իր աւանդական դաշնակիցը, այն, որ տակաւին 19-րդ դարուն կը հակակշռէր Անգլիոյ մենատիրական ձգտումները Միջերկրականի արեւելեան ափերուն վրայ:

Այս պարագային, ուղղակի Մեծն Բրիտանիան չէ խնդրոյ առարկան, այլ` մերթ Ուաշինկթընի, մերթ Մոսկուայի, երբեմն ալ երկուքին վրայ հաւասարապէս կռթնելու պարտաւորութենէն ձերբազատում մը, որուն այնքան պէտք ունի Նեղոսի երկիրը:

Մարաջախտ Ամերի Ֆրանսա ճամբորդութիւնը անմիջական արդիւնքներ պիտի չտայ, բայց գետին պիտի պատրաստէ ապագայ բանակցութիւններու, որոնց միջոցով Գահիրէ կը յուսայ տնտեսական եւ ելեւմտական համաձայնութիւններ կնքել Փարիզի հետ:

Արեւմտեան Գերմանիոյ օժանդակութենէն զրկուելէ ետք, Նասէր պէտք ուին Ֆրանսայի օգնութեան` որոշ պարտքերու երաշխաւորման համար:

Յատկանշական է, որ մարաջախտ Ամերի Փարիզ այցելութեան կը զուգադիպի պետական քարտուղարութեան այն յայտարարութիւնը, թէ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան Միացեալ Նահանգներու եւ Եգիպտոսի միջեւ` երեք տարուան ընթացքին 500 միլիոն տոլար արժէքով ցորեն հայթայթելու համար ԱՄՀ-ի:

Յայտնի է թէ Լոնտոնի չափ, որ վերջերս դիւնագիտական ձախողութիւն մը արձանագրեց Գահիրէ մէջ, Ուաշինկթըն եւս կը հետեւի ֆրանսեւեգիպտական յարաբերութեանց հոլովոյթին:

Գոհ է միայն Մոսկուան, որուն բեռը պիտի թեթեւնայ, եթէ Փարիզ տրամադիր ըլլայ օգնելու Նասէրի:

X

 

Պէյրութի Ծովեզերքը
Պիտի Կերպարանափոխուի

BEIRUT_10-17-65

Քանի մը տարիէն Լիպերաթէօր փողոցը (սինեմա «Պիպլոս») ծովային ճամբով մը պիտի միանայ Աւընիւ տը Փարիի (Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն): Դատական կազմը, որ այս ծովային ճամբուն յարդարման եւ օգտագործման համար ներկայացուած ծրագիրներու քննութեամբ պիտի զբաղէր, առջի օր գումարուեցաւ այդ ծրագիրները ուսումնասիրելու համար: Այդ ծրագիրները կը թելադրեն այլազան միջոցներ` ծովային բաղնիքներու ստեղծում, ստորերկրեայ փարքինկներու հաստատում, հանրային պարտէզներ, մարզախաղերու յատուկ նաւահանգիստ մը եւ այն. բոլորն ալ կոչուած` գոցելու աշխատանքներուն ծախսը.

Ծովային այս ճամբով, որ 2422 մեթր երկարութիւն պիտի ունենայ, մեծ տարածութեամբ հող պիտի շահուի ծովէն:

Մրցումի պայմաններուն համաձայն, այս ճամբան պիտի բաժնուի վեց անջատ մասերու.

1) Լիպերաթէօր փողոց-Մարսէյեզ փողոց (Երկարութիւն` 175 մեթր): Նոր ճամբայ պիտի բացուի:

2) Մարսէյեզ փողոց-Նաւահանգիստի փողոց (350 մեթր): Առկախ կամուրջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող ճամբաներուն վրայ:

3) Նաւահանգիստի փողոց-Հոյեք փողոց (110 մեթր: Հոս եւ նոր ճամբայ մը պիտի բացուի:

4) Հոյեք փողոց-Զէյթունիէ (615 մեթր). թումբ ծովու վրայ. Այդպիսով շահուելիք հողերուն վրայ հանրային պարտէզներ եւ զբօսավայրեր պիտի շինուին:

5) Զէյթունիէ «Սեն Ժորժ» պանդոկ (420 մեթր): Ծովային կամուրջ, որ այսպիսով կազմուելիք ծոցին մէջ պիտի պատսպարէ ծովային բաղնիք մը եւ հաճոյքի պզտիկ նաւահանգիստ մը:

6) «Սեն Ժորժ» պանդոկ – Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն (752 մեթր): Երկրորդ թումբ:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հարաւային Քորէայի Մէջ` Դպրոցական Երկար Օրեր

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.