Ակնարկ
Յետմահու Յաղթանակ
Ամէն անգամ որ Թուրքիոյ Ատելեթ կուսակցութիւնը ընտրական յաջողութիւն մը կ՛արձանագրէ, քաղաքական դէտերը կը խօսին Ատնան Մենտերեսի յետ մահու յաղթանակին մասին:
Թուրքիոյ նախկին վարչապետը, որ կախաղան հանուեցաւ Եասը Ատայի շռնդալից դատավարութենէն ետք, այդպիսով վրէժ կը լուծէ բանակէն եւ Հալքէ, որոնք դաւադրաբար սարքեցին այդ դատավարութիւնը եւ գլխատեցին Ժողովրդավար կուսակցութիւնը:
Սակայն հազիւ տարի մը անցած` նախկին ժողովրդավարները սկսան գլուխ ցցել եւ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ յայտնուեցան նոր անունով մը` Ատելեթ, որ կը նշանակէ արդարութիւն:
Արդարութիւն` մայիս 27-ի յեղափոխութեան գործած «ոճիրներուն» համար:
Արդարութիւն` այն բոլոր հալածանքներուն համար, որոնց ենթարկուեցան Մենտերեսի կուսակիցները` Հալքի եւ բանակի գործակցութեամբ:
Նախորդ ընտրութիւններուն Ատելեթ բաւական թիւով աթոռներ ունեցաւ Ազգային մեծ ժողովին մէջ` կարենալ հակակշռելու համար Հալքի բացարձակատիրութիւնը: Այն աստիճան, որ Ինէօնիւ ստիպուեցաւ ութ ամիս առաջ հրաժարիլ, որպէսզի կազմուի ազգային միութեան դահլիճ մը:
Այն պահուն, երբ այս տողերը կը գրուին, հոկտեմբեր 10-ի ընտրութեանց ամբողջական արդիւնքը չէ հասած նոյնիսկ ընտրական բարձր յանձնախումբին: Բայց որոշ է, որ Ատելեթ այս անգամ աւելի փայլուն արդիւնք մը արձանագրած է եւ կրնայ մինչեւ իսկ բացարձակ մեծամասնութիւն ունենալ խորհրդարանէն ներս:
Ատելեթի յաղթանակը կրնայ խոր փոփոխութիւններու ենթարկել Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը, որ վերջերս սկսած էր վերադառնալ 1939-1945 տարիներու տատանումներուն: Տեմիրել, որ ստանձնած է Ատելեթի ղեկավարութիւնը, ծանօթ է իբրեւ ամերիկացիներու վստահելին:
Բայց ինչ որ անփոփոխ պիտի մնայ, ատիկա Թուրքիոյ տնտեսական անձուկ վիճակն է: Հակառակ միլիառներու հասնող ամերիկեան տնտեսական օժանդակութեան` Թուրքիա չկրցաւ վերականգնիլ: Ընդհակառակն, կացութիւնը օրէ օր կը ծանրանայ, եւ ներքին արիւնահոսութիւն մը արիւնաքամ կ՛ընէ Աթաթիւրքի երկիրը:
Թուրքիա այսօր կը պարզէ պատկերը արուեստականօրէն ոտքի կանգնած երկրի մը, որ իր բնական աղբիւրները օգտագործելու հնարաւորութենէն զուրկ է, յետամնաց եւ անդարմանելիօրէն ծոյլ իր ժողովուրդով:
Ատելեթ կամ Հալք շատ շատ կրնան քաղաքական ուղղութեան որոշ փոփոխութիւններ մտցնել Անգարայի քաղաքականութեան մէջ, բայց անզօր են ճար մը գտնելու այն տագնապին, որուն արմատները շատ խոր են:
Մենտերեսի յետմահու յաղթանակը մահավճիռն է մայիս 27-ի յեղափոխութեան, որ ուզեց արդիականութեան ճամբան կտրել… թուրքի ոտքով:
X
Հայաստան
Հայ Ճարտարապետութիւնը
Կ՛ուսումնասիրուի Ռումանիոյ Մէջ
Հայ ճարտարապետութեան կոթողները անձամբ տեսնելու փափաքով Երեւան գացած է ռումանացի արուեստաբան Սորին Ուլեայի: Մէկ ամսուան մէջ ան արդէն այցելած ու ծանօթացած է Հայաստանի պատմական յուշարձաններուն մեծ մասին: Գացած է` Էջմիածին, Զուարթնոց, Գառնի, Գեղարդ, Սեւան եւ Ապարան:
Օտար արուեստաբանը քանի մը տարիէ ի վեր կը զբաղի հայ ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեամբ: Ահա թէ ի՛նչ ըսած է այդ մասին. «Հայ ճարտարապետութիւնը բազմաթիւ երկրպագուներ ունեցած է Եւրոպայի մէջ: Ներկայիս աշխատանքներ կը կատարուին Ռումանիոյ ճարտարապետութիւնը փոխազդեցութիւններու լայն համայնապատկերի մը վրայ ուսումնասիրելու ուղղութեամբ: Այդ նպատակով խիստ շահեկան է հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութիւնը»:
Միջնադարու Ֆրանսական Վէպի Մը
Հրատարակութիւնը
Երեւանի մէջ տպագրութեան համար պատրաստուած է միջնադարեան ֆրանսական վէպի մը` Փարիզի ասպետին ու գեղեցիկ Վիեննային նուիրուած բանաստեղծական տարբերակը: Հայերէն այս հրատարակութեան հեղինակն է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի անդամ Կարապետ Մելիք Օհանջանեան, որ ութ ձեռագիրներէ ներշնչուած է: Երկուքը Հայաստանի մէջ կը գտնուին, իսկ միւսներուն մանրաֆիլմերը բերուած են Ս. Փեթերսպուրկէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն ու Միացեալ Նահանգներէն:
Գիտնականին կարծիքով հայ տպագրիչ Յովհաննէս Թրենցի կողմէ` 1587-ին ստեղծուած հայերէն տարբերակը իտալերէնի տարբերակէն ծնունդ առած է եւ աւելի շատ անկախ գործ մըն է, քան` թարգմանութիւն:
Այս մասին կը վկայեն անոր մէջ գտնուող մանրամասնութիւնները: Ինչպէս` հերոսին ճամբորդութիւնը դէպի հայոց հին մայրաքաղաք Անի եւ դէպի Վանայ լիճին հիւսիսը, որ բնագրին մէջ չի գտնուիր:
Վէպը մաս կը կազմէ հայերէն առաջին աշխարհաբար գործերուն:
Մարզական
Հայաստանի Պասքեթպոլի Խումբին
Շրջապտոյտը
Հինգշաբթի օր Պէյրութ կը հասնի Հայաստանի պասքեթպոլի մանչերու խումբը, որ երեք մրցում ունենալէ ետք Պէյրութի մէջ, պիտի մեկնի Սուրիա` զանազան հանդիպումներու համար:
Հայաստանցիք ուրբաթ եւ շաբաթ օր Քլիւպ Սփորթիւի դաշտին վրայ պիտի մրցին յաջորդաբար «Անդրանիկ»-ի եւ «Քլիւպ սփորթիւ»-ի դէմ: Անոնց երրորդ ելոյթը, որ նաեւ պիտի ըլլայ ամէնէն հետաքրքրականը, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ-ի դաշտին վրայ, Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի խումբին դէմ, կիրակի, 17 հոկտեմբեր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի խումբը, որ կը նկատուի քաղաքիս լաւագոյն կազմերէն մէկը, լուրջ կերպով կը պատրաստուի այս կարեւոր հանդիպման` լաւագոյն արդիւնքը ձեռք բերելու համար Հայաստանի մարզիկներուն դէմ:
Չափազանց ուրախալի է, որ պասքեթպոլի եղանակին պաշտօնական բացումը պիտի կատարեն հայրենիքէն եկող մարզիկներ: Նախքան մանչերու մրցումը` ՀՄԸՄ-ի աղջկանց խումբը, որ Լիբանանի ախոյեանն է, պիտի մրցի Էօ. Էն. Պէ.ի աղջկանց խումբին դէմ: