Ազգային-Եկեղեցական Կեանքը
Բերիոյ Թեմին Մէջ
Այս տարի բացառիկ հանդիսութեամբ տեղի ունեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա հրաշագործ եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը:
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ միաբանութեան անդամներէն Տաթեւ հայր սուրբին եւ տէր Համազասպ քահանային, կիրակի, 29 օգոստոս, շատ կանուխ մեկնեցաւ Եագուպիէ` նախագահելու համար կրօնական արարողութեանց:
Սրբազան հայրը Եագուպիէի մուտքին դիմաւորուեցաւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն եւ ժողովուրդին կողմէ եւ գիւղական նուագով առաջնորդուեցաւ դէպի ուխտատեղի: Հազարաւոր ուխտաւորներ եկած էին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն, եւ բոլորը գիշերեցին եկեղեցւոյ մէջ:
Ս. պատարագը մատուցեց սրբազան հայրը, որ իր քարոզին մէջ թելադրեց ժողովուրդին, որ պահեն պապենական սուրբ հաւատքը եւ կատարեն իրենց պարտականութիւնը Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ: Սրբազան հօր քարոզը արաբերէնի թարգմանուեցաւ` տեղացի արաբախօս ժողովուրդին համար:
Ս. պատարագի երգեցողութիւնները ներդաշնակ կերպով երգուեցան «Հռիփսիմեանց» աղջկանց երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ տէր Համազասպ քահանային, երգեհոնը նուագեց Արաքսի Ճեպեճեան:
Ս. պատարագը բարձրախօսով ձայնասփռուեցաւ` մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով գիւղին մէջ: Քոյր եկեղեցիներու հաւատացեալները եւս ներկայ էին, եւ ոմանք իրենց փոքրիկները մկրտել տուին ուխտատեղիին մէջ:
Ս. պատարագէն ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն:
Հազարաւոր ուխտաւորներ մինչեւ երեկոյ մնացին Ս. Աննայի ձիթենեաց պարտէզին մէջ եւ վերանորոգուած` վերադարձան իրենց բնակավայրերը:
Գնահատանքի արժանի է Եագուպիէի հոգեւոր հովիւ Ներսէս քհնյ. Թաթարեանի անձնուէր աշխատանքը:
* * *
Կիրակի, 29 օգոստոս, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ Հալէպի «Զաւարեան» վարժարանի հիմնարկութեան կրօնական հանդէսը` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ մասնակցութեամբ Տաթեւ եւ Մեսրոպ վարդապետներուն եւ քահանայից դասուն:
Սրբազան հայրը իր օրհնութեան խօսքով ուրախութիւն յայտնեց, որ ապրիլեան Եղեռնի յիսնամեակին նոր վարժարանի մը շինութիւնը եւս տեղի կ՛ունենայ սրբազան վրէժ մը լուծելու համար:
Սրբազան հայրը օրհնեց յիշատակը Գալուստ Կիւլպենկեանի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց «Կիւլպենկեան» կրթական հիմնարկութեան, որ երեսուն հազար տոլար նուիրեց վարժարանի շինութեան համար:
* * *
Կիրակի առաւօտ, 5 սեպտեմբեր, առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Կիլիկիոյ միաբանութեան անդամ Սուրէն վարդապետի եւ դպրաց դասու անդամներուն, մեկնեցաւ Ինկիզիք, ուր կը բնակին արաբախօս 12 հայ ընտանիքներ: Գիւղի մուտքին սրբազանը ընդունուեցաւ Լաթաքիոյ հոգեւոր հովիւ Դանիէլ քահանայի, նաեւ յոյն, լատին եւ բողոքական կրօնական պետերուն ու ժողովուրդին կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ յունաց եկեղեցին, ուր անխտիր ամբողջ ժողովուրդը ներկայ էր: Պատարագեց Դանիէլ քահանայ: «Հայր մեր»-էն առաջ սրբազան հայրը քարոզեց պարտականութեան գիտակցութեան մասին եւ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց յոյն համայնքին, որ ամէն դիւրութիւն կ՛ընծայէ հայոց:
Սրբազան հօր քարոզը արաբերէնի թարգմանեց Դանիէլ քահանայ, որ խոր տպաւորութիւն ձգեց խուռներամ բազմութեան վրայ:
Ս. պատարագէն ետք տեղական նուագով պարեր կատարուեցան ի պատիւ սրբազան հօր: Կէսօրէ ետք սրբազանը փոխադարձ այցելութիւն մը տուաւ յոյն, լատին եւ բողոքական կրօնապետներուն:
Տեղացի ժողովուրդը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց սրբազան հօր, որ իր այցելութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց գիւղին մէջ:
Արաբախօս հայ ընտանիքները եւս յուզումով մօտեցան սրբազան հօր` անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Հպարտ զգացին, որ իրենք հայ եկեղեցւոյ զաւակներ են:
* * *
Սեպտեմբեր 13-ին սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Ատոմ քհնյ. Քեմհաճեանի եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական վարչութեան հրաւէրով այցելեց բանակատեղի-դպրոցը (Միւսլիմիէ), ուր դասախօսեց Հայ եկեղեցւոյ ու անոր դերին մասին եւ ամբողջ օրը հիւրը եղաւ Հայ արիներուն, որոնք ի պատիւ սրբազան հօր իրենց երգերով, նուագով եւ պարերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին:
Նոյն օրը դասախօսեց «Հայկազեան» ազգային վարժարանի ուսուցիչներէն Յարութիւն Նաճարեան` նիւթ ունենալով Խաչատուր Աբովեանի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Սրբազան հայրը ուշ ատեն վերադարձաւ Հալէպ, օրհնելէ ետք ՀՄԸՄ-ի վարիչները եւ արիները:
ԹՂԹԱԿԻՑ
14/9/1965
Հալէպ
Հայկազեան Քոլեճի Նոր Յաջողութիւնը
«Մայրի Զ.» Հրթիռը Յաջողութեամբ Արձակուած
Չորսուկէս Մեթր Երկայնք Ունեցող Հրթիռը
14 Հազար Մեթր Բարձրացաւ
Երէկ գրած էինք, թէ Հայկազեան քոլեճի մասնագէտներու խումբը, ղեկավարութեամբ փրոֆ. Մանուկեանի, հինգշաբթի առտու ժամը 10:30-ին Տըպպայէի մէջ արձակեց «Մայրի Զ.» հրթիռը, գործակցութեամբ բանակի հրամանատարութեան ներկայացուցիչ հարիւրապետ Սֆերի:
Հրթիռը, որ միայարկ էր ու 4:50 մեթր բարձրութիւն ունէր, 14 հազար մեթր բարձրացաւ եւ 40 քմ ճամբայ կտրեց:
Հրթիռագլուխին մէջ զետեղուած մասնաւոր հաղորդիչ մը տեղեկութիւն կու տար մէջի ջերմութեան եւ հրթիռին ուղղութեան մասին: Հաղորդիչը բնականոն կերպով աշխատած ըլլալով` փորձը յաջողութիւն մը նկատուեցաւ: Այս առթիւ լիբանանեան մամուլին միացնելով մեր ձայնը` կը շնորհաւորենք Հայկազեան քոլեճի հրթիռագէտները: