Օրուան Դէպքերը
Միջնարարը Վերջ Գտաւ
27 մայիս 1960-ի թրքական յեղափոխութեան էջը փակուեցաւ: 1961-ի ընտրութիւնները երեւան հանած էին խոր արմատացումը Ատալեթ կուսակցութեան` իմացական ժառանգորդը Մենտերեսի կուսակցութեան, որուն դէմ կազմակերպուած էր 1960-ի շարժումը, բանակին ղեկավարութեամբ: Հոկտեմբեր 10-ի ընտրութիւնները պարզապէս վերահաստատած եղան դէպի աջ այս վերադարձը:
***
27 մայիս 1960-ի յեղափոխութիւնը այսպէսով եղաւ միայն միջնարար մը թուրք քաղաքական կեանքին մէջ:
Հինգ տարուան եւ հինգ ամսուան միջնարար մը: Բայց աւելի քան չորս տարիէ ի վեր յստակ էր, թէ երկիրը չէր հետեւեր բանակին կողմէ շղթայազերծուած բարեկարգութեան շարժումին: Տարօրինակ կերպով, հակամենտերես գործողութենէն առաջին նպաստաւորուողը` Ինէօնիւն է, որ աշխատեցաւ մեղմացնել զինուորականներուն եռանդը եւ, փրկելու համար բանակին միութիւնը, թոյլ չտուաւ, որ սպաներ բարեկարգութեան նոր շարժումներու դիմեն: Բարեկարգութիւնը սահմանափակուեցաւ սահմանադրական կարգ մը փոփոխութիւններով: Բայց հիմնականին մէջ Ինէօնիւ յաջողեցաւ երկրին քաղաքական կեանքը վերադարձնել խորհրդարանական սահմաններու մէջ, ուր Ատալեթ կուսակցութիւնը շուտով գետին պիտի շահէր, մինչեւ կիրակիի ընտրութիւնները, որոնք յաղթանակ պարգեւեցին անոր:
Մինչեւ հիմա հասած արդիւնքները Տեմիրելի կուսակցութեան կու տան բացարձակ մեծամասնութիւնը: Ինէօնիւ անձամբ ընդունեց հակառակորդ կուսակցութեան յաղթանակը եւ կոչ ուղղեց երկրին` հանդարտ ու կարգապահ մթնոլորտի մէջ ընդունիլ բոլորովին Ատալեթ կուսակցութեան կողմէ կազմուած կառավարութիւն մը:
Բայց յայտնապէս ոչ ոք կը կարծէ, թէ կարելի է այդ հանդարտութիւնն ու կարգապահութիւնը վերագտնել: Աթաթիւրքէն քառասուն տարի ետք, Թուրքիա տակաւին կը մնայ պահպանողական գիւղացիութեան երկիրը: Ինէօնիւ իրապաշտօրէն կ՛ընդունի այս պարագան եւ կը համակերպի: Բանակին պետերը կարգապահութեան ոգիին կու տան բացարձակ նախապատուութիւն: Նոր խորհրդարանը թէեւ աջին տիրապետութեան տակ է, ինչպէս Մենտերեսի եւ Պայարի օրով, այսուհանդերձ, ունի այլազան ներկայացուցչութիւն մը, որ կեդրոնէն կ՛երթայ դէպի ծայրայեղ ձախ: Բայց այդպիսով կազմուելիք ընդդիմադրութիւնը կրնայ ազդել ներքին քաղաքականութեան վրայ (յատկապէս` տնտեսական զարգացման մարզին մէջ). կարելի չէ սակայն սպասել, որ փոփոխութիւններ ըլլան արտաքին քաղաքականութեան մէջ:
Շատ շատ աւելի պիտի շեշտուի Թուրքիոյ հաւատարմութիւնը հանդէպ արեւմտեան զինակցութեան: Կիպրոսի հարցին եւ Յունաստանի հետ յարաբերութեանց մարզին մէջ տարակարծութիւններ պիտի չըլլան զանազան կուսակցութեանց միջեւ: Եւ թրքական դիւանագիտութեան անկախանալու ցանկութիւնը, որ արտայայտուեցաւ Մոսկուայի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ վերահաստատելու ձեւին տակ, արդէն իսկ գտած է իր սահմանումները: Անգարա դահլիճի վերջին փոփոխութիւններէն ի վեր կեցուցած է դէպի որոշ չէզոքութիւն սկսած իր շարժումը:
Վերջին ընտրութեան արդիւնքները դէպի աջ այս թեքումին վերահաստատումն են:
***
Եթէ Ատալեթ կուսակցութեան յաղթանակը հիմնական փոփոխութիւն մը չ՛ենթադրեր, այսուհանդերձ, գոհունակութեան առիթ մը կու տայ Թուրքիոյ արեւմտեան դաշնակիցներուն: Անոնց դիւանագիտութիւնը այլեւս վախնալու պատճառ մը պիտի չունենայ կիպրական հարցին կապուած որոշ տատանումներէ:
Դէպի աջ հակումը հաստատուեցաւ Թուրքիոյ մէջ: Աջերը զօրաւոր վերադարձ մը կատարեցին Յունաստանի մէջ: Ուստի, հռչակաւոր «հիւսիսային սահման»-ին վրայ, կացութիւնը մօտաւորապէս յստակացաւ:
Բայց ամէն բան կը թուի կապուած ըլլալ նոյն շարժումին. Իրաքի մէջ արդէն իսկ սկսած են ձայներ լսուիլ` համայնավարութեան դէմ պայքարը վերսկսելու, մինչ Եգիպտոսի մէջ իսկ Իսլամ եղբայրներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքը յայտնապէս նախատեսել կու տայ զուգահեռական շարժում մը համայնավարներու դէմ: Մոհիէտտին, որ իշխանութեան հիմնական մասը ձեռք առաւ Նեղոսի ափերուն վրայ, ինքնին կը ներկայացնէ գրաւական մը աջակողմեան դիրքի մը համար, որ պէտք չունի Իսլամ եղբայրներու աջակցութեան եւ կրնայ չէզոքացնել այն ազդեցութիւնը, որ ձախը ունէր վարչակարգին վրայ:
Արաբական աշխարհի միւս ծայրամասին վրայ` Ալժէի մէջ, համայնավար կուսակցութեան դէմ պայքարը իր գագաթնակէտին հասած է:
Ամէնուրեք, ուր համայնավարութիւնը, ըլլայ ան չինական կամ մոսկովեան, որոշ յաջողութիւն արձանագրած էր, ականատես կ՛ըլլանք հակազդեցութեան մը, որ զանազան ձեւեր կը զգենու, նայած կացութիւններու բնոյթին: Այն շփոթ վիճակէն, ուր մխրճուած է Ինտոնեզիա, կը կարծուի, թէ աջակողմեան վարչակարգ մը դուրս պիտի գայ: Հնդկաստան այլեւս հազիւ կրնայ ըսել, թէ չէզոքապաշտ է, եւ Փաքիստան, Քաշմիրի խնդրէն ետք, գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛արժէ իրեն Փեքինի հետ սիրաբանիլը, երբ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից է:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան այս զօրեղ վերադարձը, իր կարգ մը երեսներով, կը յիշեցնէ 50-ական տարիները: Այն ատեն Խորհրդային Միութեան դէմ զինակցութիւններու ցանց մը կազմելու հարց կար: Խրուշչովի քաշուելէն եւ չինական հիւլէական ռումբէն ի վեր, Ուաշինկթընի մէջ կը ջանան դիրքերը ամրացնել Փեքինի ճնշումին դէմ: Կարծրացումի այս քաղաքականութիւնը, որուն ծանրագոյն պատկերը կու տայ Վիեթնամի պատերազմը, այլեւս չի հանդուրժեր անորոշ կամ վարանող դիրք մը:
Այդ քաղաքականութեան գործունէութեան դաշտը քաղաքական աշխարհին չափ ընդարձակ է: Ամէն պարագայի մէջ, անոր ազդեցութիւնը կը տեսնենք Ճաքարթայէն մինչեւ Աթէնք` անցնելով միջանկեալ բոլոր հանգրուաններէն:
Ամէնէն յատկանշականը այն է, որ Մոսկուա այսուհետեւ կը գոհանայ իր ստացած հարուածները հաշուելով:
Ռ. Ա.
«Լ՛օրէան»ն
