Ու Ես Կ՛երթամ…
Տարօնի Ճամբուն Վրայ
1964 յուլիս 13, երկուշաբթի:
Այս եղանակը դաշտային աշխատութեանց ամէնէն բեղմնաւոր շրջանն է: Գիւղացիները, մեծով ու պզտիկով, գաւառական ասութեամբ, մարով ու ձագով, արտէն կալ, կալէն ջաղացք, ջաղացքէն տուն, սարէն ձոր, ձորէն անտառ կ՛երթան ու կու գան:
Հասկերը իրենց կանաչ պատմուճանը հանած` ոսկեգոյն մետաքսով զարդարուած են: Ատոնք հասկերը աւելի դանդաղաշարժ են, քան կանաչները: Հովը կ՛երգէ, հասկերը կը պարեն, ես ալ` հարսնեւոր ու ես կ՛երթամ…
Գերանդին կ՛ասպատակէ, հարսնետունը մեռելատունի կը վերածուի: Սիրահարներ դիտապաստ սեւ հողին վրայ անկենդան կը պառկին:
Շինականը, օրհնութիւնը շրթներուն, նշխարներուն կը մօտենայ, սուրբ մասունքները երկիւղածութեամբ կը հաւաքէ:
Անոր կոշտ կապած ձեռքերը ցորենի հասկերը կը շոյեն, արեւէն ճաթռտած շրթունքները համբոյրներ կը դրոշմեն, ես ալ` հայրենի հողը համբուրելու կարօտ, ու ես կ՛երթամ…
Կալի մէջ կամը կը դառնայ, հասկերը կը շրջին, հատիկները կը մերկանան: Յարդն ու ցորենը բրգացած` զիրար կ՛ողջունեն: Շինականը ուրախ է, կալը վաստակոց կայանն է, կալին ու կալվարին կարօտ, ու ես կ՛երթամ:
Ջաղացքին մէջ աղմուկ ու ժխոր: Ջաղացպանը ալիւրաթաթախ: Ջուրը խօլաբար կը գահավիժի, երկանաքարին տակ հատիկները կը ճզմուին, ոսկեգոյն ցորենը սպիտակ պարկերու մէջ մառաններու դատարկութիւնը կը լեցնէ:
Այգիներու եւ պարտէզներու բերքերով` մառանները տակաւ կը հարստանան, մառաններու նպաստընկալ, ու ես կ՛երթամ
Գեղջկուհին թոնրատան մէջ հաց կը թխէ, տղաքը, շուրջը բոլորուած, կը համտեսեն: Թոնրի հաց մըն ալ ես առած, լուսաղբիւրին մօտ ճաշակելու համար, ու ես կ՛երթամ…
Հովիւը սարէն սրինգով իր հօտը ձորը կ՛իջեցնէ: Պաղ աղբիւրին մօտ մախաղին հաց ու պանիրով կը կշտանայ, ապա հինաւուրց ծառին շուքին տակ կը հանգստանայ:
Մայրամուտին ջահել հարսներն ու մատաղատի աղջիկները գոմին մէջ կովերը կը կթեն, մամիկները զանոնք կը մակարդեն, ծառերուն շուքին տակ տիկերը կը հարուին, պանիր, կարագ ու չորթան կարասները կը լեցուին կարասներէն ես յագեցած` գեղջկական երդիքին տակ մրափելու կ՛երթամ…
Տղամարդեր չոր խոտերը մարագներու մէջ կ՛ամբարեն, տարեցները, առուակներու եւ գետերու մէջ, գառնուկներն ու ոչխարներ կը լուան ու կը խուզեն:
Ամէն մէկ հանգրուանին կը վերանամ: Հին յիշատակներս կ՛արթննան, նոր մարդ կ՛ըլլամ, սարերու կատարին` անվախ շինական, արօտավայրերու գիրկը` խաշնարած, անտառներու խորերը` փայտահատ, հին օրերու կարօտը սրտիս, օրհնութիւնը շրթներուս, ու ես կ՛երթամ…:
Ճամբաները, ոլոր ու մոլոր, լեռներու լանջին կը պլլուին, գետերը ձորամէջին հրաժեշտի երգը կ՛եղանակեն, լայնանիստ լեռները լռակեաց ու մտածկոտ կը խոկան: Դէմքեր ու դէպքեր եկեր ու անցեր են, անոնց ոդիսականը իրենց գանձարանին մէջ պահ կը մնան:
Քսաներորդ դարուն մարդիկ նորութիւններու անձնատուր, մինչ ես հինին ու հարազատին սիրահար, դէպի Տարօն կ՛երթամ…
Որքան խորանամ գաւառի հեռաւոր անկիւններուն գիրկը, այնքան հարազատ ու ապահով կը զգամ ես զիս, մեծ քաղաքներու ճնշող ու օտար մթնոլորտէն հեռու, շինական պարզ ու անկեղծ մտերմութեան մէջ, հայրենի սարերու մաքուր օդը շնչելով կը զօրանամ:
Երբ հայրենի հողին վրայ հարազատ օդը շնչեմ եւ ջուրը խմեմ, անպատմելի խինդով կը լեցուիմ եւ առնական շինական մը կ՛ըլլամ: Գիւղական խրճիթը ինծի համար պալատ է: Հայրենի հիւղակներուն հիւրընկալ ու ես կ՛երթամ…:
Երբ գիւղացի մը տեսնեմ, մտերմօրէն կը մօտենամ: Ան ինծի օտար չէ, ես ալ զինք բարեկամ մը կը ճանչնամ: Բարեւի փոխարէն` թանով կը պատուասիրուիմ, թան ու չորթան, կարագ ու մեղր ճաշակելով, ու ես կ՛երթամ…:
Պարզուկ գիւղացին հիւրասէր, համեստ խրճիթին դուռը բաց, օրհնեալ ու հալալ նաշիհը առատ սեղանը դիր` հիւրասէր գեղջուկը երջանիկ է:
Եկուորի մը կարօտ հայրենի օճախներուն հիւրընկալ, ու ես կ՛երթամ:
ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ
Մարտահրաւէր Ուղղելով Համայն Աշխարհին
Ռոտեզիա Անկախութիւն Հռչակեց
220 Հազար Սպիտակներ Չորս Միլիոն
Սեւերու Կամքը Ոտնակոխեցին
Անգլիա Տնտեսական Պատժամիջոցներու Դիմեց –
Ափրիկեան Երկիրները Անբաւարար Նկատեցին
Այդ Պատժամիջոցները – Ապահովութեան Խորհուրդի
Նիստը Պիտի Գումարուի Այսօր
Բ. Աշխարհամարտէն ասդին, Սեւ Ափրիկէի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մինչ ֆրանսական, անգլիական եւ պելճիքական գրեթէ բոլոր գաղութները անկախութեան տիրացան, եւրոպացի եկուորներու փոքրամասնութեան մը կողմէ ղեկավարուող երկիր մը կը բաժնուի մայր երկրէն` պայթուցիկ կացութիւն մը ստեղծելով Ափրիկէի եւ աշխարհին մէջ:
Արդարեւ, Ռոտեզիոյ անկախութիւնը հռչակուեցաւ Հինգշաբթի առտու, ռոտեզիական փոքրամասնական կառավարութեան կողմէ, որ այսպէսով խզեց այդ հռչակումը արգիլելու համար ամիսներէ ի վեր կատարուող բանակցութիւնները:
Մեծն Բրիտանիա անմիջապէս հակազդեց տնտեսական կարգ մը միջոցներով, որոնցմէ գլխաւորը կը հանդիսանայ Ռոտեզիոյ արտաքսումը սթերլինի գօտիէն: Դիմեց նաեւ Ապահովութեան Խորհուրդին քննելու համար ստեղծուած կացութիւնը: Խորհուրդը պիտի գումարուի այսօր, ժամը 15:30-ին: Երկուշաբթի Հերըլտ Ուիլսըն Համայնքներէն լիազօրութիւն պիտի պահանջէ` յարմար պատիժներով փոխադարձելու համար իր գաղթավայրին ապստամբութեան:
Եւ սակայն, Լոնտոնէն Նիւ Եորք մեկնելէ առաջ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Մայքըլ Սթիուըրթ յայտարարեց, թէ` «Մեծն Բրիտանիա պիտի ընդդիմանայ Ռոտեզիոյ մէջ ՄԱԿ-ի զինուորական միջամտութեան»:
Ափրիկէի Զայրոյթը
Անգլիական կառավարութեան այս դիրքորոշումը զայրոյթ պատճառեց ափրիկեան 36 երկիրներու, որոնց ՄԱԿ-ի խմբակը որոշեց նոյնպէս պահանջել Ապահովութեան խորհուրդի անմիջական նիստ մը` պնդելով, որ տեղի ունենայ հինգշաբթիէն ուրբաթ` լուսցող գիշեր:
Մինչ պետական քարտուղարութիւնը պաշտօնապէս ցաւ կը յայտնէ ռոտեզիական որոշման համար եւ կը յայտարարէր, թէ Միացեալ Նահանգները պիտի չճանչնան Սալզպըրիի անկախութիւնը, Արեւմուտքի թէ արեւելքի մէջ նոյն հակազդեցութիւնը կ՛արձանագրուէր:
Ափրիկէի մէջ զայրոյթ`Ռոտեզիոյ ափրիկեցի ազգայնականները այս իրիկուն Մեծն Բրիտանիայէն պահանջեցին ուժի դիմել` զսպելու համար ռոտեզիական կառավարութեան ապստամբութիւնը:
Սահմանակից Զամպիան ստիպողական վիճակ հռչակեց, իսկ Սենեկալի նախագահ Սենզոր ըսաւ. «Համաձայն ենք նոյնիսկ ՄԱԿ-ի զինուորական միջամտութեան: Նոյն հակազդեցութիւնը նաեւ` Ատիս Ապեպայի, Սլժէի, Գահիրէի, Պաղտատի եւ Սաննաայի մէջ:
Անգլիական Միջոցառուներ
Ռոտեզիոյ վարչապետը ձայնասփռուած ճառով մը հաղորդեց Անգլիայէն բաժնուելու եւ երկիրը նոր սահմանադրութեամբ մը օժտելու իր կառավարութեան որոշումը:
Անմիջապէս ետք Ուիլսըն հաւաքեց անգլիական դահլիճը ու յայտարարեց, թէ լիազօրութիւն պիտի պահանջէ խորհրդարանէն: Քիչ ետք Համայնքներու մէջ կը յայտարարուէր, թէ շարք մը միջոցներ ձեռք առնուած են. Սմիթհ եւ իր բոլոր պաշտօնակիցները «պաշտօնանկ» կ՛ըլլային թագուհիին հրահանգով Ռոտեզիա կ՛արտաքսուէր սթերլինի գօտիէն եւ այլն:
Լոնտոնի մէջ Անգլիոյ դրամատունը ստիպուեցաւ միջամտել` թիկունք կանգնելու համար սթերլինին: Այս առտու, սթերլինը իջած է:
Երբ թագուհիին հրահանգով Սալզպըրիի անգլիացի կառավարիչը «պաշտօնանկ» ըրաւ Սմիթհը, այս վերջինը անմիջապէս արգելափակեց Անգլիոյ, գահին ներկայացուցիչը: Իսկ բարձր կոմիսարը այս առտու պիտի մեկնի Լոնտոն:
Երեկոյեան իմացանք, որ միջոցներ ձեռք առնուած են անհրաժեշտ ապրանքները բաժնեչափի դրութեան ենթարկելու համար: Ամէնէն աւելի նաւթային նիւթեր պիտի պակսին: