Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (7 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 7, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայկ Սերենկիւլեան»
Գրական Մրցանակ

Ինչպէս անցեալ տարի հաղորդած էինք արտասահմանի հայ մամուլին, ողբացեալ Հայկ Սերենկիւլեանի հարազատները` այրին եւ զաւակը, յաւերժացնելու համար իրենց ամուսնոյն եւ հօր յիշատակը, տրամադրած են չորս միլիոն ֆրանսական հին ֆրանք` տոկոսը ամէն տարի յատկացնելու համար գրական գործի մը հրատարակութեան:

Միաժամանակ, ամէն տարի, մրցանակ շահած գործին հրատարակութեան նպաստելու համար, այրին յանձն առած է մայր գումարին վրայ աւելցնել 100 հազար ֆրանսական հին ֆրանք, 100 հազար ֆրանսական հին ֆրանք եւս` զաւակը:

Սերենկիւլեան ընտանիքին կողմէ դատական կազմի անդամ նշանակուած են` Յովիկ Եղիազարեան, Կ. Մեհեան եւ Շ. Նարդունի:

Սերենկիւլեան ընտանիքը եւ դատակազ կազմը յարմար տեսան «Սերենկիւլեան գրական մրցանակ»-ին հիմնադրամը դնել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տրամադրութեան տակ` ի պահ կաթողիկոսութեան յարմար դատած դրամատան մէջ, տոկոսը միայն յատկացնելու պայմանով հրատարակութեան:

Մրցանակի արժանացած գործերը միշտ պիտի հրատարակուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանին մէջ, Անթիլիաս:

Մրցանակի համար կրնան ընդունուիլ.

1.- Հայ գրողի մը մէկ գործը, հայերէն, անտիպ,

2.- Հայ գրողի մը մէկ գործը, օտար լեզուով, անտիպ, պայմանաւ որ վերաբերի հայ մշակոյթին եւ պատմութեան,

3.- Վանքերու մէջ պահ դրուած հայերէն նոր ձեռագիր մը,

4.- Օտար հեղինակի մը մէկ գործը, անտիպ, պայմանաւ որ վերաբերի հայ մշակոյթին եւ պատմութեան:

Տարին լրանալու մօտ ըլլալով` մրցանակ չտրուեցաւ անցեալ տարի: Ուստի Սերենկիւլեան ընտանիքին վճարելիք առաջին տարուան բաժինը բարդուեցաւ մայր գումարին վրայ:

Յիշեցնենք նաեւ հետեւեալ պայմանները:

Մրցանակի համար ղրկուած ձեռագիրները պէտք է ներկայացուին մեքենագրուած եւ, ինչպէս օրէնք է, ծածկանունով, բայց գոց պահարանի մը մէջ` իսկական անունը:

Մրցանակ շահած հեղինակը կաթողիկոսարանին կը թողու իր գործէն հարիւր օրինակ` տպագրուելէ ետք: Անժառանգ գործերը (հին ձեռագիրներ), տպագրուելէ ետք, կը վաճառուին կաթողիկոսարանին կողմէ` հասոյթը աւելցուելու պայմանով «Սերենկիւլեան գրական մրցանակ»-ի հիմնադրամին վրայ:

Մրցանակ շահած գործերը պիտի կրեն «Հայկ Սերենկիւլեան մատենաշար» մակագրութիւնը:

Մրցանակները կը յայտարարուին ամէն տարի, հոկտեմբերին:

Արդ, դատական կազմը կու գայ այսօր, 20 հոկտեմբեր 1965, ներկայացնելու իր առաջին տարուան երախայրիքը.

1.- Ներկայացուած գործերը, որոնք կը վերաբերէին մրցանակի առաջին յօդուածին (տես վերը), յարմար չէին կազմուելիք մատենաշարին տրամադրութեանց եւ պայմաններուն: Միւս կողմէ` դատական կազմին անդամները կը մերժէին իրենց գնահատութեան եւ քննադատութեան չափանիշը հաշտեցնել տարւոյն ընթացքին ներկայացուած հունձքին հետ:

2.- Ներկայացուած է գործ մը` մրցանակի երրորդ յօդուածին վերաբերեալ, որ անմիջապէս գրաւեց դատական կազմին ուշադրութիւնը. Կիլիկիոյ մեծագոյն կաթողիկոսներէն Ներսէս Լամբրոնացիի կեանքին ու գործին նուիրուած աւարտաճառ մըն է (ձեռագիր 450 էջ), զոր գրած է Արմաշի դպրեվանքին միաբաններէն Սմբատ աբեղայ (հետագային` եպիսկոպոս) Սաատէթեան, նահատակ, խժդժօրէն գլխատուած 1915-ին: Այս աւարտաճառը արժանացած է «Իզմիրեանց» մրցանակին, բայց կը մնար անտիպ եւ կը կարծուէր ձեռագիրը` կորսուած: Դատական կազմին անդամներուն համար շատ ցանկալի էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանաւորութեան տակ դրուած մրցանակին մատենաշարը սկսիլ Կիլիկիոյ մեծագոյն կաթողիկոսներէն մէկուն` Լամբրոնացիի կեանքին ու գործին նուիրուած այս գործով: Դժբախտաբար գտնուած ձեռագիրը, կարգ մը թերութեանց պատճառով, կը պահանջէ հրատարակելի վիճակի մէջ դնել գործը: Ուստի յետաձգուեցաւ գալ տարուան:

3.- Ներկայացուած են գործեր եւս, որոնք կը վերաբերին մրցանակի երրորդ յօդուածին, բայց դատական կազմը չուզեց մատենաշարը սկսիլ օտար լեզուով գրուած հատորի մը հրատարակութեամբ:

4.- Ներկայացուած է գործ մը եւս, որ կը վերաբերի մրցանակի չորրորդ յօդուածին, գրուած` գերմաներէն, թարգմանուած` հայերէն: Այս գործը վէպ մըն է, նիւթը` հայոց Տրդատ թագաւորին կեանքէն քաղուած: Հեղինակը` Շարլ Պոֆեն (1926), թարգմանիչը` ողբացեալ Եր. Տէր Անդրէասեան (Ֆրանց Վերֆելի ծանօթ վէպին թարգմանիչը): Դատական կազմը միաձայնութեամբ որոշեց «Հայկ Սերենկիւլեան մատենաշար»-ը բանալ այս վէպին հրատարակութեամբ, մինչեւ Լամբրոնացիի նուիրուած գործին հրատարակելի վիճակի մէջ դրուիլը:

Առաջին մրցանակ շահած այս հատորը վէպ մըն է, որ պիտի խանդավառէ հայ ժողովուրդը, հայոց մեծագոյն թագաւորներէն մէկուն` Տրդատի գործին նկարագրութեամբ, փառաւոր անցեալի մը պատկերացումով, գերմանացի գրողն անգամ ներշնչող դրուագներով: Ու կարելի է ըսել` այնքա՛ն գրաւիչ, որքան միւս գերմանացի գրողին` Ֆրանց Վերֆելի վէպը:

Մրցանակ շահած այս վէպին խորագիրն է ՀԱՅՈՑ ԱՐՔԱՅՆ ՏՐԴԱՏԷՍ

Լոյս կը տեսնէ գալ գարնան` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարանէն:

ԴԱՏԱԿԱՆ ԿԱԶՄ ՀԱՅԿ ՍԵՐԵՆԿԻՒԼԵԱՆ
ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԻՆ

 

Հայ Կեանք

Արտասանական Երեկոյ

Ֆրանսահայ գաղութը, գոնէ վերջին տարիներուն, քիչ անգամ պատեհութիւնը ունեցած է լսելու ասմունքի վարպետները` յատուկ յայտագրով մը:

Այդ պատեհութիւնը տրուեցաւ մեզի, անցեալ շաբաթ երեկոյ, Մշակոյթի տան մէջ:

Պէյրութի «Համազգային»-ի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի անդամներէն Միսակ Ապաճեան կոկիկ բազմութեան մը ներկայութեան արտասանեց Յովհ. Շիրազի ծանօթ գործերէն` «Սիամանթօ եւ Խչեզարէ»-ն:

Քնարաշունչ այս պոէման սիրավէպ մըն է նախ: Յաջող պատկերներու հիւսքով, վիպական կառոյցով, երկխօսական ու նկարագրական բաժիններով հարուստ եւ երկարաշունչ այս գործը բանաստեղծին գրական վաստակին ամէնէն յատկանշական եւ փայլուն էջերէն մէկը կը կազմէ:

Սիրավէպին նիւթը քաղուած է հայ-քրտական միջավայրէն: Հայ հովիւի մը սէրը` քիւրտ պեկի մը աղջկան հետ: Եւ զարմանալի չէ, որ առաջին իսկ վայրկեանէն, ընկերային եւ ազգային տարբերութիւններու պատճառով փոխադարձ սէրը կը վերածուի տրամի մը եւ կը վերջանայ երկու սիրահարներու եղերական մահով:

Նման գործերու մեկնաբանութիւնը դժուար է: Նախ հարկ է արտաքին մթնոլորտ՞ Տալ միջավայրը, ապա` հերոսներուն ապրումը կամ անոնց տառապանքներուն, յոյսերուն եւ ուրախութիւններուն ամբողջական հիւսքը:

Միսակ Ապաճեան շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին յաջողեցաւ ունկնդիր հասարակութիւնը պահել սիրավէպին հմայքին տակ: Բանաստեղծական պատկերներ տպաւորիչ դարձան շնորհիւ ասմունքի վարպետին յաջող մեկնաբանութեան:

Մեկնաբանութեան մէջ նոյնքան կարեւոր է առոգանութիւնն ու խօսքի կշռոյթին, ելեւէջին, շեշտին մտածուած եւ հաւասարակշռուած գործածութիւնը: Յովհ. Շիրազի այս գործին մէջ իրարու կը յաջորդեն, յաջող հիւսքով մը, խինդն ու լացը, ուրախութիւնն ու տառապանքը, երազի պահերն ու դաժան իրականութիւնը: Նաեւ` հերոսական խոյանքները:

Ապաճեան, որուն չի պակսիր նաեւ դերասանական շնորհը եւ բեմի վարպետութիւնը, շատ յաջող եւ անբռնազբօսիկ ձեւով մը ներկայացուց այդ պահերը:

Եւ ամբողջութիւնը եղաւ գեղեցիկ ու տպաւորիչ:

Արտասանական երեկոն կազմակերպուած էր ՀՅԴ «Նոր Սերունդ»-ի «Արծիւ» ակումբին կողմէ:

ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մամութի Մը Կմախքը Գտնուած Է Դաշտի Մը Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?