Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

Գաւառական Ժողովի
Լրացուցիչ Ընտրութիւններ

Լիբանանի թեմի ազգային Քաղաքական ժողովին որոշումով, կիրակի, 14 նոյեմբեր, առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00, տեղի ունեցաւ վիճակով դադրած ազգային Գաւառական ժողովի լրացուցիչ երեսփոխաններուն եւ իրենց ժամանակաշրջանը աւարտած թաղականութեանց տեղ նորերու ընտրութիւնը:

Քուէարկութեան մասնակցելու իրաւունք ունեցող, քսան տարիքը լրացուցած Առաքելական եկեղեցւոյ զաւակներ, օրինակելի կարգապահութեամբ կատարեցին իրենց ազգային պարտականութիւնը:

Ազգային երեսփոխան ընտրուեցան Արամ Ամասեան, Ոսկեբերան Արզումանեան եւ Բիւզանդ Թիւթիւնճեան, յաջորդաբար Էշրեֆիէի-Ռըմէյլի-Հայաշէնի, Քարանթինայի եւ Այնճարի շրջաններուն համար:

Ընտրուեցան նաեւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ (քաղաք), Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Էշրեֆիէ),- Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ (Հայաշէն), Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Քարանթինա), Ս. Քառասնից Մանկանց (Նոր Մարաշ), Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Նոր Սիս), Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ (Նորաշէն – Թիրօ) եւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ (Այնճար) թաղականութեանց անդամները:

 

Օշական Կը Վերապրի

«Մենք կը սպասենք մեր սիրածներուն, ինչպէս երաշտահիւծ արտերը ամրան անձրեւին»: Գրասէրներս կը սպասէինք յուսափափաք: Աւետի՜ս մը կը հաղորդէ Բ. Թաշեան. լոյս աշխարհ պիտի գայ Յ. Օշականի ամբողջական երկերը` շնորհիւ ամերիկահայ բժիշկ Հ. Քեքլիքեանի:

Վաստակափառ գրագէտին հոգին կը ցնծայ: Բերկրանքի մէջ ենք ամէնքս: Հայկական աշխարհը պիտի յագենայ: Կաթողիկէ՜ մը կը նուիրէ մեկենասը հայութեան:

Ծրագրուեր է շուրջ քառասուն հատորներու մէջ զետեղել բոլոր աշխատութիւնները` տպուած թէ անտիպ: Վերջին հատորը պիտի յատկացուի ծանօթագրութիւններու եւ նամակներու: Մեծապէս բաղձալի է, որ կորուստէ փրկուին մտերմական այդ նամակները, որոնք հրապարակումի սահմանուած գրութիւններէն աւելի անսքող, բարբառուն ու բաբախուն կրնան ըլլալ:

Ամբողջակա՜ն երկեր: Յաճախ պատահած է, որ հեղինակի մը «ամբողջական երկեր»-ու ծածքէն դուրս մնացած ըլլան խիստ շահեկան գործեր, այս ու այն թերթին կամ հանդէսին մէջ ցրիւ թաղուած: Առնենք Ա. Արփիարեանը: Իր երգիծական գրականութիւնը, այլազան ծածկանուններով, անխաչ շիրիմներու շարք մըն է մեր մամուլի շիրմաստանին մէջ: Չըլլա՜յ, թէ նոյն տնտեսումէն տառապի առաջադրուած հրատարակութիւնը:

Խղճամիտ պրպտումներ հարկաւոր են: Հարկաւոր է, մանաւանդ, ձեռքի տակ ունենալ մեր մամուլին լիակատար հաւաքածոն: Նոյնիսկ` կարճատեւ ապրած թերթերուն եւ պարբերաթերթերուն: Ձեր մտքէն կ՛անցնի՞, օրինակի համար, որ քիչերու ծանօթ «Հայ գրականութիւն» կոչուած հանդէսին աշխատակցած է Յ. Օշական:

Հոն կարդացած եմ ես իր «Հօրքուր Վարդան»-ը (1-14 սեպտեմբեր 1912), Ա. Իսահակեանի (1-14 մայիս 1912) եւ Աղեքսանդր Փանոսեանի (1-14 ապրիլ 1912) մասին իր ուսումնասիրութիւնները Յ. Քիւֆէճեան ստորագրուած:

Իզմիրեան բովանդակալից այս հանդէսը,- որուն լրիւ թիւերը անգտանելի են հիմա,- յաճախավայրը եղած է իր ատենին արեւմտահայ գրականութեան գահերէց ներկայացուցիչներուն: (Խմբագիրը` Զ. Գազազեան առատօրէն կը վարձատրէր զանոնք, մէկ դեղին ոսկի` յօդուած գլուխ, մինչ Բ. Քէչեանի պարտադրած սակը մէկ մեճիտիյէ էր):

Քանի՞ օրինակ պիտի տպուին Յ. Օշականի քառասուն հատորները: Հայաստանի կառավարութիւնը, որ ամբողջական երկերը հրատարակութեան կու տայ հին թէ նոր արեւելահայ հեղինակներուն, երբեմն ալ արեւմտահայ գրագէտներուն, հաւանի թերեւս եղածին պէս Հայաստան ներածել եւ լայն խաւերու մէջ մուծել բազմաթիւ օրինակներ: Այս առնչութեամբ յուշ մը կը յառնէ յիշողութեանս մէջ: Կէս դար առաջ Մեսրոպ Նուպարեան կը պատմէր պատենամարդիս.

– Իզմիրի թարգմանչական գրականութիւնը եթէ զարգացաւ եւ գոյատեւեց, այդ կը պարտի, որոշ չափով, հրատարակիչ-տպագրիչներու հնարամտութեան եւ ձեռներէցութեան: Չեմ գիտեր ինչպէս, ձեռք ձգեր էին թերթերու բաժանորդներուն անուանացանկը` հասցէներով: Իւրաքանչիւր հասցէին օրինակ մը կը ղրկէին թարգմանուած առաջին հատորէն: Ծրարին կ՛ընկերանար երկտող մը, ուր կ՛ըսուէր. «Այս գիրքը կարդալէ ետք, եթէ գոհ մնացիր, փոխարժէքը կը վճարես: Եթէ գոհ չմնացիր, ձրի է»:

Պատասխաններ կը հասնէին փոխարժէքներով հանդերձ, ուրիշ թարգմանութիւններու ապսպրանքներով հանդերձ: Վիպապաշտ դպրոցէն վէպի մը առաջին մասը կարդացողը կը բռնուէր ու կը ցանկար կարդալ նաեւ շարունակութիւնը: Այս ցանկութիւնը նախատեսելով, ձիրաբար առաքումներ կատարելուն մէջ է հնարամտութիւնը:

Եւ սակայն, կ՛ուզեմ շեշտել իրողութիւնը. չըլլար Կովկասը, կը կաղար, կը կասէր իսկ թարգմանչական գործունէութիւնը: Սպառումի մեծ շուկայ էր Կովկաս, որուն գրավաճառատուներէն կը հասնէին կանոնաւորաբար ո՛չ միայն ճոխ ապսպրանքներ տպուած գիրքերու, այլ նաեւ կանխիկ կարեւոր գումարներ, գալիք արտադրութիւններու ի հաշիւ:

Հանգամանաւոր տպագրիչներ, թեւ առած այս սատարէն, գործի լծուեցան վազնիվազ: Իրենք անձամբ թարգմանեցին, ուրիշներու թարգմանել տուին: Հատոր հատորի վրայ դիզուեցաւ եւ կերտուեցաւ Իզմիրի թարգմանչական դպրոցը, որուն հիմնաքարերը կովկասահայք հայթայթեր էին իրողապէս:

Կէս դար առաջուան այս յուշախօսութիւնը կը դատախազէ մաղթանքս եւ կոչս.

– Այն հին օրերուն ցարական ծայրամաս գաւառ էր Կովկաս: Հիմա ինքնավար Հայաստան ունինք հոն: Ինքնավար Հայաստա՞նը վար պիտի մնայ ցարավար Կովկասէն: – Ո՛չ: Աւելի մեծ իրաւամբ պիտի բացուին դռները Հայաստանի:

Հայաստանի՛ վարիչները, ճամբա՛յ բացէք, լա՛յն ճամբայ` տարասփիւռ հայութեան իրաւագոյն գրագէտ Յ. Օշականին: Քառասո՜ւն հատորներով կը ներկայանայ ձեզի: Քառասուն հատոր, քառասուն կաթնաղբիւր: Մեզի պէս դուք ալ պատուի կեցէք: Թոյլ տուէք, որ այդ ստեղծագործութիւնները լիայագ վայելէ համայն ժողովուրդը Հայաստանեայց Աշխարհին:

Բարութիւն կրած կ՛ըլլաք: Եղբայրութիւն ըրած կ՛ըլլաք:

ԼԵՒՈՆ ԵՐԿԱՆԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Սումոյի Դպրոցը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?