Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (13 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 13, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Կենդանի Օրինակը

(«Մեզ Խօսքեր Չեն Հարկաւոր, Այլ` Գործեր»)

Բազմազան են կեանքը ապրելու ձեւերը: Առաւե՛լ եւս բազմաթիւ են գաղափարները ապրելու, այլ մանաւանդ կենսագործելու եղանակները:

Յամենայն դէպս այդ ձեւերէն, այդ եղանակներէն կախում ունի մեր իմացեալ կեանքին, ինչպէս նաեւ մեր դաւանած գաղափարներու լինելութիւնը, ճակատագիրը:

Այսպէս է ոչ միայն անհատներու, այլեւ ժողովուրդներու պարագային: Առաւե՛լ եւս` հանրային, քաղաքական կազմակերպութեանց պարագային:

Կարելի է, օրինակ, աշխարհի ամէնէն վսեմ, ամէնէն գեղեցիկ գաղափարները որդեգրել, ամէնէն մարդկային եւ ամէնէն յառաջդիմական ու յառաջատար գաղափարականները դաւանիլ, եւ սակայն ապրիլ այնպէս, որ այդ բոլորը ջերմանոցի ծաղիկներու ճակատագրով կնքաւորուին:

Ճիշդ այս մտահոգութեամբ էր անկասկած, որ Հայ յեղափոխութեան աննման առաջնորդը` Քրիստափոր Միքայէլեան, ուղիղ վաթսունհինգ տարի առաջ կը պատգամագրէր.

«Չկայ այս աշխարհում աւելի կրթիչ օրինակ, քան ԳՈՐԾԵՐԻ ԿԵՆԴԱՆԻ ՕՐԻՆԱԿՆ է. չկայ աշխարհում ոչ մի լսարան, ուր կարելի լինէր ժողովել այնքան ունկնդիրներ, որքան ունենում է գործի ասպարէզը նետուող յեղափոխական քարոզիչը…»:

«Եւ…, ո՞վ աւելի մեծ համարձակութիւն, աւելի մեծ բարոյական իրաւունք կ՛ունենար անձնուիրութեան հրաւիրել ժողովրդի բոլոր կենսունակ տարրերին, քան ինքը` ԱՌԱՋԻՆԸ, արեան դաշտ նետուող յեղափոխականը…»:

Եղածը քանի մը տող է թէեւ, սակայն խորագոյն ճշմարտութիւն մը կը խտացնէ իր մէջ:

Կարելի է ըսել, որ լման իմաստասիրութիւն մըն է եւ ամբողջական գործելակերպի մը հիմնախարիսխը` միանգամայն:

Կենդանի գործ եւ անձնուիրութիւն. ահա՛ գաղափարականի մը, վսեմական իտէալի մը կենսագործման ու տարածման ուղին:

Անձնդիր ծառայութիւն եւ զոհաբերութեան անսակարկ ոգի. ահա՛ յեղափոխական մարդու, գաղափարական մարտիկի կեանքին հրամայականը, օրէ՛նքը տիրական:

Եւ Քրիստափորները ոչ միայն այսպէս խօսեցան, այլեւ այսպէս գործեցին: Ո՛չ միայն այսպէս հաւատացին, այլեւ այսպէս ապրեցան իրենց կեանքը, իտէալը:

Տարակոյս չկայ, որ Քրիստափորները իրե՛նք այն ուժը, այն հեղինակութիւնը եւ այն հմայքը պիտի չունենային մեր կազմակերպութեան մէջ, ինչ որ ունեցան եւ ունի՛ն, եթէ իրենց անձը, իրենց բովանդակ կեանքը, իբրեւ կենդանի օրինակ, չնուիրաբերէին այն նուիրական գաղափարականի ճանապարհին, որուն անզուգական ռահվիրաները հանդիսացան:

Այդ ձեւով, իրենց անձին օրինակո՛վ է, որ աղը դարձան հայ կեանքի եւ կենարար մակարդը` Հայ յեղափոխական փառապանծ շարժման:

Այդ ձեւով է, որ գաղափարական մահակիրներու հսկայ բանակներ կազմեցին ու ոգեշնչեցին Հայ յեղափոխութեան արիւնոտ ճանապարհին վրայ` կերտելու համար վերանորոգ հայութիւնը:

Գո՛րծն է, կենդանի օրինակն է, որ կը խօսի թէ՛ մարդուն` անհատապէս, թէ՛ բազմութիւններուն` հաւաքաբար: Գո՛րծն է, կենդանի օրինա՛կն է, որ կ՛ոգեշնչէ, կը զօրացնէ, կ՛աճեցնէ նաեւ մե՛զ ներքնապէս:

Առանց գործի, կենդանի ու անձանձիր անձնուիրութեան` մեռեալ է ոչ միայն ամէն խօսք, այլեւ` ամէն իտէալ, ամէն գաղափարական, նաեւ ամէն շարժո՛ւմ:

Անձին կենդանի օրինակն է, «առաջինը արեան դաշտ նետուելու», առաջինը պայքարի ասպարէզ իջնելու, ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի զոհաբերելու եւ զոհաբերուելու արիութի՛ւնը, առնականութի՛ւնն է, որ կ՛ոգեւորէ, թափ ու թռիչք կու տայ մե՛ր շրջապատին, մեր գործին, մեր գաղափարականի՛ն, մեր հոգիին:

Իրաւամբ, չկա՛յ աշխարհի մէջ աւելի վարակիչ, աւելի կրթիչ եւ աւելի ոգեշնչող օրինակ, քան` գաղափարական անձնուէր մարդուն, անձնուէր կազմակերպութեան կենդանի օրինակը:

Այս ոգիին շնորհիւ չէ՞ր, որ մեր բոլոր նահատակներուն ու հերոսներուն գլուխները, որոնք արիւնարբու բռնապետներու սուրով անջատուեցան իրենց մարմնէն, արիւնի տեղ ճառագայթներ արձակեցին` լուսաւորելու համար եկող ու գալիք սերունդներուն ուղին, ներաշխարհը, հոգիի ու մտքի անծայրածիր հորիզոնները:

Այս անմեռ ոգիին շնորհիւ չէ՞ր, նոյնպէս, որ Քրիստափորները «բարոյական իրաւունք» ձեռք բերին «անձնուիրութեան հրաւիրելու համար ժողովրդի բոլոր կենսունակ տարրերին»` ի խնդիր Ս. Գործին:

Նոյն այդ ոգին չէ՞, դարձեալ, մեր կենսունակութեան, տոկունութեան, մարտունակութեան ու գոյատեւման գլխաւոր աղբիւրը, նախապայմա՛նը:

Ուստի, ընկերնե՛ր եւ բարեկամնե՛ր, սրբութեամբ պահպանենք այդ ոգին, «բարոյական այդ իրաւունքը»` արժանի ըլլալու համար մեր անցեալին, մեր արեան, մեր ներկային, այլ մանաւանդ Իտէալին եւ մեր լուսապայծառ Ապագային:

Սրբութեա՛մբ պահպանենք միշտ կենդանի օրինակ ծառայելու բարոյական իրաւունքը եւ պարտականութի՛ւնը միանգամայն, որպէսզի Քրիստափորներուն անջատեալ կամ խորտակեալ գլուխները շարունակեն ճառագայթներ, սրբազան կայծե՛ր արձակել` կենարար նորանոր խարոյկներ վառելու համար մեր հոգիներուն ու շրջապատին մէջ եւ Իտէալին առաջնորդող ուղիներուն վրայ:

Որպէսզի բաց ճակատով եւ պայծա՛ռ հոգիով կարենանք մի՛շտ «անձնուիրութեան հրաւիրել ժողովրդի բոլոր կենսունակ տարրերին»` Մեծ Երազի իրականացման ի խնդիր մեր նուիրական ու անյողդողդ պայքարին մէջ:

Որպէսզի զօրանա՛նք, արիանա՛նք, մեծնանք հո՛գեպէս, գաղափարակա՛նօրէն, հաւա՛քաբար:

Որպէսզի ամրանանք, հայանանք, յաղթե՛նք:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հնդկաստան Սիխերը Զուարճանքի Նիւթ Դարձնելը Պէ՞տք Է Արգիլուի

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?