Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Յարատեւ Պայքար

(Ներսը Եւ Դուրսը` Հաւասարապէս)

Հայ յեղափոխութեան առաքելատիպ մեծ Քուրմը` ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ, ա՛ն, որ «մեր երկրի արի այրերից կազմեց մե՛ծ մի բանակ եւ մեր սեւ դրօշի տակ գրեց. «ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԱՄ ՄԱՀ»:

Ա՛ն, որ մահակիրներու հսկայ սերունդներ դէպի իմացեալ մահ առաջնորդեց վասն հայրենեաց եւ ազգի:

1900 թուականին, երբ Հայ յեղափոխութիւնը ծանր տագնապ կ՛անցընէր համիտեան արիւնոտ ջարդերէն ետք, երբ բոլոր «խոհեմ»-ները, «հեռատես»-ներն ու «իրապաշտ»-ները ցցուեր էին Հայ յեղափոխական շարժման դէմ եւ լայնածաւալ խաչակրութեան ձեռնարկեր էին, «Ամբոխային տրամաբանութիւն» խորագրով իր մեծարժէք յօդուածաշարքը («Դրօշակ»-ի խմբագրական սիւնակներէն) կ՛եզրափակէր հետեւեալ պատգամով.

«ՅԱՐԱՏԵՒ ԿՌԻՒ, յաճախ եւ երկար ժամանակ գուցէ անյաջող` չնայած երբեմն նոյնիսկ իր լայն ծաւալին, ահա թէ ո՛ւր է մեր փրկութեան բանալին:

«Պահպանե՛նք, շարունակե՛նք կռիւը, որպէսզի լայնանայ, ընդարձակուի եւ ընդարձակուելով` ՅԱՐԱՏԵՒԻ. ահա՛ դէպի մեր նպատակը տանող միակ ճանապարհը:

«Չշեղուենք այդ ճանապարհից, որ պատճառների եւ հետեւանքների կապակցութեամբ ՈՒՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ հաստատուած ՕՐԷՆՔԻ ՈՒԺ:

«Չշեղուե՛նք այդ ՄԻԱԿ ճանապարհից, որ սփռուած է յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով…» («Յեղափոխականի մտքերը», էջ 72:

«Յուսատու ապագայի գրաւիչ ծաղիկներով սփռուած միակ ճանապարհ»-ը յարատեւ կռիւի ճանապարհն է նաեւ այսօ՛ր:

Այսօ՛ր եւս յարատեւ կռիւն է մեր փրկութեան միակ բանալին:

Ճի՛շդ է, փոխուեր են կեանքի պայմանները, փոխուած է նաեւ կռիւին ձեւը, բարեփոխուած եւ աւելի՛ եւս բիւրեղացած է նոյ՛նպէս նպատակը:

Սակայն  փոփոխութիւնը, ա՛յս կամ ա՛յն, տեղի ունեցած է միայն ըստ ձեւի, այլ երբե՛ք ըստ բնոյթի:

Ըստ էութեան, այսօ՛ր ալ, նոյնն է թէ՛ մեր կռիւը, թէ՛ ճանապարհը եւ թէ՛ նպատակը:

Ուստի, նո՛յնն է եւ նո՛յնը կը մնայ նաեւ մեր նշանախօսքը.- Յարատեւ պայքար:

Յարատեւ ու վճռական պայքա՛ր` հայ կեանքի բոլո՛ր ճակատներուն վրայ, բոլո՛ր մարզերուն մէջ:

Լայնօրէն ծրագրեալ, կազմակերպեալ ու հետեւողական պայքա՛ր.

Ա.- Քաղաքական ճակատի վրայ` ի խնդիր Հայ դատի յամառ ու անզիջում հետապնդման ու վախճանական յաղթանակին:

Յանուն ամբողջական ու անկա՛խ հայրենիքի եւ միացեալ ու ազա՛տ հայութեան անմեռ-իտէալի լիակատար նուաճումին:

Յանուն մտքի՛ ու մտածումի անկախութեան եւ անկախութեա՛ն նուիրական գաղափարի բարգաւաճման ու համընդհանուր տիրակալութեան:

Բ.- Մշակութային ճակատի վրայ` հայ ժողովուրդի ազգային դիմագիծի անաղարտ պահպանման ու զարգացման համար:

Ամբողջական ու վերանորոգ զօրաշարժ, այո՛, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, ի խնդիր Հայ Հոգիի, Հայ Մտքի եւ Հայ Մշակոյթի անկախութեան ու բազմակողմանի ուռճացման: Հայ ստեղծագործ հանճարի ծաղկման ու շողարձակման:

Վասն հայ ժողովուրդի եւ Հայ Հոգիի միութեան ու միասնականութեան ամրապնդման, բարձրորակ, նպատակասլաց, իր ուժերուն, կարելիութիւններուն եւ ընդհանրական շահերուն գիտակից վերանորոգ հայութեան մը կերտումի՛ն:

Այն հայութեան, որ լաւատես ու հաւատաւոր, բոլորանուէր ու յամառ` հաւատարի՛մ մնայ իր արեան ու պատմութեան ձայնին, պահպանէ առհաւական իր շինարար ու մարտունա՛կ ոգին եւ այդ անմեռ ոգիով ջրդեղէ իր հաւաքական կամքը` դարաւոր իր Երազի իրականացման ճանապարհին վրայ:

Գ.- Գաղափարական ճակատին վրայ` ընդդէ՛մ բոլոր խորթ ու այլասերիչ գաղափարաբանութեանց, խաթարիչ ազդեցութեանց եւ ապականիչ բարքերու:

Ընդդէմ ա՛յն բոլորին, որոնք կը ջլատեն հայ ազգային կամքը, կը մթագնեն մեր հաւաքական պայծառատեսութիւնը, մեր ամբողջը կը վերածեն մասերու, երբեմն նոյնիսկ` մասնիկներու, մահացուօրէն կը վտանգեն մեր ընդհանրական իտէալները, կը խախտեն մեր հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ կը սպառնան մեր հաւաքական մինչեւ իսկ գոյութեան:

Դ.- Կրթական ու դաստիարակչական ճակատին վրայ, յանուն նոր սերունդներու հայեցի՛ կրթութեան, բարոյապէս անարատ, նկարագրով ամուր, գաղափարականօրէն անդեդեւ, հանրօրէն հասուն, տեսլապաշտ ու բոլորանուէր երիտասարդութեան մը պատրաստութեան:

Երիտասարդութի՛ւն մը, որ գիտնայ տէր կանգնիլ մեր ցեղային դարաւոր ժառանգութեան, նոր թափ ու թռիչք տալ հայ ստեղծագործ հանճարին, լիովին գիտակցի իր պատմական առաքելութեան, գիտնայ ազգային արժանապատուութեան բարձր եւ պատասխանատուութեան խոր զգացումով յառաջ տանիլ այն նուիրական պայքարը, զոր մեր յեղափոխական երէց սերունդները, աշխարհ մը զոհաբերութեանց եւ ծով արեան գնով, բերեր հասցուցեր են լուսաւոր հանգրուանին եւ կը փոխանցեն զայն ահա իրենց դերին ու կոչումին գիտակից ընտրեալներուն:

Պայքարունակ, գաղափարապէս, սպառազէն, դարուն ոգիին հաղորդ, այլ` բանակի մը պէս  ամրապինդ շարքերով, կարգապահ ու արի՛ երիտասարդութիւն մը, որ արժանի ըլլայ իր անցեալին եւ արժանաւորապէս իր ուսերուն վրայ կրէ Հայ յեղափոխութեան Տապանակ ուխտին:

Ե.- Մտաւորական ճակատի վրայ` յանուն մանաւանդ նո՛յնքան մարտունակ, ստեղծագործ ու թարմաշունչ մտաւորականութեան մը զօրաշարժին:

Ամբողջակա՛ն ու ամրընթաց զօրաշարժին, որպէսզի միշտ բարձր պահուի եւ երբե՛ք չտժգունի այն արիւնոտ, այլ` փառապանծ դրօշը, զոր հայ յեղափոխական մտաւորականութիւնը կոթողեց հայոց լեռնաշխարհին եւ Հայ Հոգիի ու Միտքի բարձունքներուն վրայ` իբրեւ հայ ժողովուրդի մահու եւ կենաց սահմանագիծ:

Ամբողջակա՛ն զօրաշարժ` յանուն հայ ոգեկան ու իմացական ուժերու փթթումին, հայ մարդու ներաշխարհի հարստացման ու ծաղկումին եւ հայութեան հաւաքական կամքի պողպատումին` Հայ դատի իրականացման ճանապարհին վրայ:

Յանուն, վերջապէս, Արարատի… հայացման եւ հայ ժողովուրդի արարատացումին:

Յարատեւ, հետեւողական ու բոլորանուէր պայքար ա՛յն խոր համոզումով, որ կեանքը, պատմութիւնը իւրօրինակ ռազմավայր մըն է, ուր ժողովուրդները բռնուած են յամառ ու անհաւասար գօտեմարտի:

Այն ժողովուրդը, որուն շունչը կարճ է, ե՛տ կը մնայ, ետ մնացողը կը պարտուի՛, իսկ պարտուողը կը տրորուի՛ անողոքաբար:

Կ՛ապրի ու կը յաղթէ այն ժողովուրդը միայն, որ իտէալ ունի եւ դրօշ, կարգապահ ու արի բանակի մը պէս գիտէ զօրացնել իր ներքին ուժերը յառաջ ընթանալ միշտ:

Գիտէ մանաւանդ` յարգել պատմութեան երկաթէ օրէնքները, քալել ժամանակին հետ, զէնքը վար չդնել երբեք, զարգացնել իր ոգեկան ուժերը եւ հաւատարիմ մնալ ինք իրեն:

Հո՛ս, այս պայքարին մէջ է ուրեմն մեր ուժին ու կենսունակութեան աղբիւրը:

Հո՛ս, այս պայքարին մէջ է մեր փրկութեան միակ բանալին:

Ուստի, «չշեղուե՛նք այդ ճանապարհից»:

Մեծ Առաջնորդին եւ Հայուն` Քրիստափորի ճանապարհից:

Չշեղուե՛նք:

 

Տասը Հազար Լիբանանեան Ոսկի Նուիրատուութիւն
Հայ Ազգային Հիւանդանոցի Շինութեան Ֆոնտին

Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութենէն ստացանք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.

Լիբանանահայ բժշկական միութեան վարչութիւնը կը յայտարարէ, թէ 13 մարտ 1965 թուականին կազմակերպած իր պարահանդէսէն գոյացած գումարէն տասը հազար լ. ոսկի կը նուիրէ ազգային հիւանդանոցի մը շինութեան ֆոնտին:

Այս գումարը պիտի դրուի Ազգային հիւանդանոցի շինութեան յանձնախումբին տրամադրութեան տակ, երբ անիկա կազմուի, ճանչցուած ըլլայ Ազգային իշխանութեան կողմէ եւ ձեռնարկէ գործնական աշխատանքներու: Մինչ այդ գումարը անձեռնմխելի կը մնայ միութեանս մօտ, հինգ տարուան ժամանակաշրջանի մը համար:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՀՅԴ – ԼԵՄ-ի Մտային Խաղերու Մրցում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?