Ակնարկ
Արտօնեալ Մարդասպաններ
Պաշտօնական վիճակագրութեան մը համաձայն, սեպտեմբերի ընթացքին 48 հոգի զոհ գացած են ճամբու արկածներու, իսկ վիրաւորներուն թիւը եղած է 281:
Կը կարդանք ու կ՛անցնինք: Բայց երբ պահ մը ուզենք անդրադառնալ եղածին, կը գտնուինք դէմ յանդիման ահաւոր կացութեան մը, որ սկսած է լրջօրէն մտահոգել հանրային ապահովութեան պատասխանատուները:
Օրէնքը կ՛արգիլէ մարդասպանութիւնը… արգիլուած զէնքերով: Բայց երբ գործածուածը արտօնուած զէնք է, մարդասպանը ազատ կը ձգուի, շատ-շատ քանի մը ամիս կը բանտարկուի (ապահովագրական ընկերութեան վրայ բեռցնելով տուգանքի վճարումը), եւ կը շարունակէ իր շահատակութիւնները:
Չորս անիւի վրայ թաւալող մարդասպաններու թիւը հետզհետէ կը շատնայ, որովհետեւ ճամբու օրէնքները շատ թոյլ են Լիբանանի մէջ:
Օրինակ, օրէնքը կ՛արգիլէ ճչակի գործածութիւնը: Անսաստողը մէկ լիբ. ոսկի տուգանք կը վճարէ ու շուտով կը մոռնայ: Բայց եթէ այդ տուգանքը տասնապատկուի, շարժավարը դժուար թէ մոռնայ:
Ասիկա անշուշտ պարզագոյն պարագան է: Չենք խօսիր արգիլուած ուղղութիւններով սուրացող ինքնաշարժներու մասին, որոնց շարժավարը եթէ «ղապատայի» մըն է, կրնայ մինչեւ իսկ ետ դարձնել տալ ճիշդ ուղղութեամբ ընթացող ինքնաշարժ մը: Հապա՞ արագութեամբ գինովցողները, որոնց ոտքին տակ պենզինի փետալը արագահարուածի մը բլթակին վերածուած է:
Ո՛չ, այս կացութիւնը չի կրնար երկար տեւել, կարելի չէ հանդուրժել օր ցերեկով գործուած մարդասպանութիւններու, որոնք բազմաթիւ ընտանիքներ կը դժբախտացնեն, գարուն կեանքեր կը հնձեն:
Զուր է խօսիլ քաղաքացիական դաստիարակութեան մասին: Հոն հասնելու համար այս ժողովուրդը երկար ճամբայ ունի կտրելիք: Մինչ այդ, սակայն, պէտք է օրէնքը խստացնել: Պատասխանատուութեան գիտակցութենէն զուրկ շարժավարը, յանցանքի կրկնութեան պարագային, պէտք է զրկուի արտօնագրէ: Եւ աստիճանաբար` մէկ ամիս, երեք, տարի մը կամ ընդմիշտ:
Միայն այս ձեւով կարելի է գլուխ ելլել օրինազանցներու եւ անոպաներու հետ, որոնց թիւը օրէ օր կ՛աւելնայ` անապահովութեան գօտիներու վերածելով Լիբանանի ճամբաները:
X
Աբեղայական Ձեռնադրութեան Առիթով
Ահաւասիկ նոր ընծայեալներ եւս կու գան սրտապնդելու մեզ իրենց անձին ընծայաբերումով: Տոգորուած զոհաբերութեան ոգիով եւ ծնրադիր սուրբ խորանին առջեւ, կ՛ուխտեն ամբողջական նուիրումով նետուիլ ժողովուրդի ծառայութեան ճամբուն մէջ, իրենց անձը ընելու համար սպասարկու եկեղեցիին եւ ազգին, տարիքի մը մէջ, երբ մարդ-անհատին իմացական ծաղկումը կը յայտնուի, երբ ենթակային մէջ նոր, սակայն բուռն կերպով կը ծլի իր ազատութիւնը կաշկանդող շղթաներէն (ծնողական թէ միջավայրի) ձերբազատելու խոր ձգտումը եւ կեանքի զանազան մարզերու մէջ մխրճուելու մղումը գրեթէ անդիմադրելի կը դառնայ:
Սակայն այս երիտասարդ ու խանդավառ ընծայեալները, Աստուծմէ ուժ ու յարատեւութիւն աղերսող եւ միանգամայն վճռական ակնարկներով, կը պատրաստուին բոլորովին այլ սահմանում մը տալու կեանքին եւ տարբեր ակնկալութիւններով մօտենալու անոր` տառապակոծ ազգի մը կեանքին վրայ կեդրոնացնել իրենց բոլոր հետաքրքրութիւնները: Ազգօգուտ գործեր կատարել եւ յամառ աշխատանքի լծուիլ, հասնիլ բարձր իրագործումներու եւ այդ ձեւով միայն ապրիլ անանձնական երջանկութեան մը մէջ:
Ահա այս առաջադրութեան թելադրանքով եւ գեղեցիկ հեռապատկերներու հասնելու ճիգին մէջ իրենց առած քայլով հպարտ են եւ, վստահաբար, գերազանցապէս երջանիկ:
Եւ որքա՜ն սրտապնդիչ երեւոյթ է իւրաքանչիւր հայու համար տեսնել անհատներ, որոնք երջանկութիւն կը գտնեն կուսակրօնութեան սրբազան, այլ դժուարին լուծին ծանրութեանը տակ ու այդ ձեւով կը հաւատան ապրիլ կեանքը իր խոր իմաստին մէջ:
Ողջագուրումի պահն է ահա:
Միաբաններ կարգով կը մօտենան նորընծաներուն եւ ծառայութեան դաշտ նետուելու անոնց ցուցաբերած պատրաստակամութեան դիմաց իրենց խնդակցութիւնը կը յայտնեն արտայայտութեան լաւագոյն կերպով` ողջագուրումով: Եղբայրացած են ա՛լ անոնք մեծ Վարդապետին խոր հաւատքին մէջ: Եղբայրացած` հետապնդմանը մէջ նոյն եկեղեցւոյ, նոյն ժողովուրդի գերագոյն շահերուն: Եղբայրացած` բարձունքներ նուաճելու միեւնոյն վճռական կամքով:
Աջահամբոյրի խորհրդաւոր տեսարանն է ահա:
Ժողովուրդը կարգով կը մօտենայ նորաօծ աբեղաներուն` համբուրելու համար անոնց միւռոնաբոյր աջերը: Կը խոնարհի ամէն անձ` եկեղեցականութեան կարգին պարտադրած յարգանքին դիմաց, որ կը բխի հարկաւ կրօնական առաքելութեան վեհութենէն:
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ