Հայ Կեանք
Ականջի Անուանի Մասնագէտ
Տոքթ. Արամ Կլորիկ
Միջազգային Համբաւի Տիրացած
Տոքթ. Արամ Կլորիկ այսօր ծանօթ անուն մըն է միջազգային չափանիշով եւ լսողութեան պահպանման մարզին մէջ ամէնէն տեղեակ մարդն է:
Տոքթ. Արամ Կլորիկ ծնած է 1908-ին, Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը եւ երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան եւ 19 տարեկանին` Անգլիա գաղթած: Հոն ան ամուսնացած է Պէաթրիս Ալեն անունով անգլուհիի մը հետ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Կլորիկ ընտանիքը հաստատուած է Քենեքթիքթ նահանգի Նիւ Լանտըն քաղաքին մէջ: Երիտասարդ Արամ Կլորիկ իր կրթութիւնը կը ստանայ Նիւ Լանտընի պետական նախակրթարանին եւ բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ապա կ՛անցնի Մասաչուսեց նահանգի Էթլենթիք քոլեճը եւ կ՛ընդունուի իբրեւ բժշկական ճիւղի ուսանող:
Ապա Արամ Կլորիկ կ՛անցնի Քալիֆորնիա եւ կը հետեւի Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին մէջ գտնուող Աւետարանիչներու քոլեճի բժշկական դասընթացքներուն:
Ան իր բժշկական վկայականը կը ստանայ 1938-ին:
Տոքթ. Արամ Կլորիկ զանազան հիւանդանոցներու մէջ կը ծառայէ սկզբնական շրջանին: Բժշկութեան մէջ իր առաջին քայլերը կ՛առնէ երեխաներու հիւանդութեանց բժշկութեան մարզին մէջ: Սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տայ ականջի հիւանդութեանց հանդէպ:
1941-ին ականջի առողջապահութեան դասախօս կը նշանակուի Աթլանթայի Էմորի համալսարանին մէջ:
Աւելի ետք` 1946-47 թուականներուն, ան կը նշանակուի օգնական փրոֆեսէօր նոյն համալսարանին մէջ:
Բ. Աշխարհամարտին, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի մտնելէն ետք, կը կոչուի զինուորական ծառայութեան եւ կը ղրկուի Իսլանտա եւ Անգլիա: Անգլիոյ մէջ կ՛ամուսնանայ Մարկարեթ Տընհամի հետ: Ունի երկու աղջիկ:
Արտասահման գտնուած միջոցին, տոքթ. Արամ Կլորիկ ծանրօրէն աշխատեցաւ իր մասնագիտութեան վրայ: Ան ուսումնասիրեց պարագաներ, երբ ենթականերու լսողութիւնը խանգարուած էր ռումբերու պայթիւնին կամ շատ բարձրերը կատարուած թռիչքներուն պատճառով:
Պատերազմէն ետք տոքթ. Արամ Կլորիկ կը նշանակուի լսողութեան բաժնի պետ` Ուոլթըր Ռիտ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Ուաշինկթըն, ուր միեւնոյն ատեն վարեց Ամերիկացի վեթերաններու լսողութեան կեդրոնը: Այս շրջանին Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի դասախօս կարգուեցաւ:
1952-ին ընդունեց Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի դասախօսի պաշտօնը` ականջի, քիթի եւ կոկորդի հիւանդութիւններու համար:
Լոս Անճելըսի հիմնարկը կը խնդրէ իրմէ, որ հիմնէ հետազօտութեանց կեդրոն մը` լսողութեան շուրջ: Ան դարձաւ հիմնարկութեան աղմուկի հետազօտման կեդրոնի յանձնախումբին տնօրէնը: Պրպտումի այս կեդրոնին մէջ տոքթ. Արամ Կլորիկ գործեց 12 տարի, մինչեւ 1964 յուլիս, երբ հրաւիրուեցաւ Տալլասի Քոլլիըր լսողական եւ լեզուական կեդրոնին իբրեւ պատասխանատու:
Տոքթ. Արամ Կլորիկ ճարտարարուեստի մէջ գործածութեան համար պատրաստած է ականջի խցաններու շարք մը: Պարզ եւ փոքր ձգախէժէ խցաններ են: Ծանրութիւնը հազիւ 35 կրամ է: Այս խցանները նախ որդեգրուեցան Քալիֆորնիոյ օդանաւաշինական ճարտարարուեստին կողմէ, 1949-ին: Վերջերս հրապարակ հանուեցան «Սաունտ սենթըր»-ի վաճառանիշով: Ներկայիս Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն ապսպրանք ստացուած է 100 հազար կտորի համար:
Իր կարողութեան եւ հռչակին պատճառով տոքթ. Արամ Կլորիկ փնտռուած գիտնական մըն է այն միջազգային համագումարներուն մէջ, որոնք կը զբաղին լսողութեամբ: Վերջերս ան մասնակցեցաւ Լոնտոնի մէջ գումարուած միջազգային ժողովի մը, որ կը զբաղէր ձայնական խնդիրներով: Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի մասնակցի ձայնական եւ ականջի բուժման այլ համագումարներու` Արժանթինի եւ Ճափոնի մէջ:
Ակնարկ
Աւելի Հիմնական Պատճառներ
Լիբանանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, կին մը` մեթր Ժաքլին Մասապքի փաստաբաններու միութեան վարչութեան անդամ ընտրուեցաւ:
Քանի մը ամիս առաջ ուրիշ մը դատաւոր նշանակուած էր, դարձեալ իբրեւ աննախընթաց երեւոյթ:
Քաղաքակրթուած երկիրներու մէջ սովորական դարձած է այս երեւոյթը: Հանրային կարծիքին երբեք զարմանք չի պատճառեր կնոջ մը պետական եւ հանրային բարձր պաշտօններու կոչուիլը, որովհետեւ յաջողութեան միակ չափանիշը անձնական արժանիքն է եւ ոչ թէ ենթակային սեռը կամ դաւանանքը:
Արդարեւ, թէ՛ արեւմտեան եւ թէ՛ արեւելեան ճակատի երկիրներուն մէջ մեծ է թիւը կին երեսփոխաններու, դատաւորներու, փաստաբաններու, նոյնիսկ` նախարարներու եւ դեսպաններու: Իսկ զարմանալի երեւոյթ` Սէյլան (Սրի Լանքա) տարիներ շարունակ ունեցաւ կին վարչապետ մը` տիկին Պանտարանէյք, մինչ ՄԱԿ-ի մօտ Հնդկաստանը կը ներկայացնէր տիկին Նեհրու, հանգուցեալ վարչապետին քոյրը:
Եթէ կիներու պետական եւ հանրային պաշտօններու կոչուիլը յայտարար նշան մըն է քաղաքակրթութեան, այդ պարագային, Լիբանան իր այդ արժանիքը պէտք է արդարացնէ նաեւ այլ մարզերու մէջ, որոնք նոյնքան կենսական են:
Առաջին առթիւ, ընկերային արդարութեան հարցը պէտք է արմատական լուծում գտնէ այս երկրին մէջ, այլապէս կրնան պատահիլ անակնկալներ, որոնք անբաղձալի կացութիւններու ստեղծման պատճառ կը դառնան թէ՛ իշխանութիւններուն եւ թէ՛ հասարակ ժողովուրդին համար:
Ժամանակը եկած է, որ այս երկրին ազատական քաղաքականութենէն առաւել չափով օգտուողները, որոնք բնակչութեան չնչին տոկոսը կը կազմեն, զգաստանան եւ մասնակից դառնան իշխանութիւններու ճիգին` ընկերային արդարութեան գործը գլուխ հանելու համար:
Չենք ուզեր բանալ խնդրին ծալքերը: Ամէն ոք գիտէ, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզենք: Պէտք է շարժիլ, քանի դեռ ուշ չէ:
Կին մը փաստաբաններու միութեան վարչութեան անդամ ընտրելը լաւ բան է: Այդ ընտրութեամբ հպարտանալը` արդար:
Բայց այս երկիրը կրնայ հպարտութեան շատ աւելի հիմնական պատճառներ ստեղծել, եթէ արդար լուծում մը տայ նաեւ ընկերային խնդիրներու:
Ազգային եկամուտի աւելի արդար բաժանում մը աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է:
X