Խմբագրական
Պայքարին Էութիւնը
(«… Իմաստութեան Վերջին Խօսքը»)
Գերման հանճարի ամէնէն կարկառուն ներկայացուցիչներէն Կէօթէ իր անմեռ գործին` «Ֆաուստ»-ի մէջ կը գրէր.
«Ազատութեան եւ կեանքի արժանի է միայն ա՛ն, որ ամէնօրեայ կռիւով կը նուաճէ զանոնք: Ահա՛ իմաստութեան վերջին խօսքը»:
Իմաստութեան վերջին խօսքը իր մէջ կը խտացնէր նաեւ այն նշանաբանը, զոր Հայ յեղափոխութիւնը, իր ծննդեան առաջին իսկ օրէն, իր փառապանծ դրօշին վրայ արեամբ կը դրոշմէր. «Ազատութիւն կամ մահ», «Հայրենի՛ք կամ մահ»:
Այս կը նշանակէ, որ Ազատութիւնը մեզի համար համազօր էր Կեանքի, Կեանքը հոմանիշ էր Հայրենիքի եւ Հայրենիքը` Ազատութեան:
Իսկ այս իւրատիպ «եռանկիւն»-էն դուրս` Մահը անխուսափելի, ճակատագրականօրէն անփարատելի էր մեզի համար:
Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստափորները յարատեւ կռիւ, յարատեւ պայքար կը յորդորէին ներկա՛յ ու գալիք բոլոր սերունդներուն` իբրեւ փրկութեան միակ բանալի, ժողովուրդի՛ մը համար, զոր պատմութիւնը, ճակատագրի մէկ դաժան խաղով, բերեր նետեր էր Մահուան Խոր Վիրապը:
Բերեր նետեր էր Մահուան խորխորատին մէջ, Սասունցի Ծուռ Դաւիթին պատկերով, որ նոյնպէս փրկութեան ուրիշ միջոց պիտի չգտնէր, բայց եթէ ապաւինիլ Աստուածամօր ամենակալ զօրութեան` իր Հաւատքի՛ն:
Ո՞ւր պէտք է որոնել, սակայն, գաղտնիքը այդ ամենակալ զօրութեան, եթէ ոչ` նոյնինքն Կէօթէի ամէնօրեայ կամ Քրիստափորի յարատեւ կռիւին, յարատեւ պայքարին մէջ:
Որքա՜ն իրաւ է նոյնպէս աստուածաշնչական սա տարրական իմաստութիւնը. «Ճակտիդ քրտինքո՛վ պիտի վաստկիս աւուր հացդ»:
Ա՛յս է ճշմարտութիւնը, իմաստութեան վերջին խօսքը, եթէ կ՛ուզէք, ոչ միայն անհատական, այլեւ` հաւաքական կեանքի մէջ:
Արդարեւ, ճակտիդ քրտինքո՛վ կամ, ի հարկին, երակներուդ արիւնո՛վ պիտի նուաճես Ազատութիւնը, Հայրենիքը, Կեա՛նքը:
Ամէնօրեայ կռիւով կամ յարատեւ պայքարո՛վ միայն կրնաս արժանի ըլլալ թէ՛ մէկուն, թէ՛ միւսին:
Ամէնօրեայ կռիւի, յարատեւ պայքարի՛ ծիրէն դուրս ամէն ինչ ունայնութիւն է, ունայնամտութիւն է միայն:
Ահա թէ ի՛նչ պատգամեց մեզի Հայ յեղափոխութիւնը առաջին իսկ օրէն: Ահա նաեւ այն դրօշը, զոր ան կոթողեց հայոց լեռներուն ու հայ հոգիներուն մէջ, որուն շուրջ ուզեց, որ համախմբուի բովանդա՛կ հայութիւնը, մէ՛կ մարդու պէս, իբրեւ միակ աղբիւրը մեր հաւաքական ուժին եւ անպարտելի՛ ոգեկանութեան:
Իսկ այդ դրօշը, իբրեւ իմաստութեան վերջին խօսք, այսօր եւս նո՛յնքան կենսական, նո՛յնքան տիրական է մեր հոգիներուն համար, որքան էր երէկ:
Որովհետեւ այսօր եւս դժնդակ է մեր պայքարը եւ սասանիչ, բարոյապէս, գաղափարականօրէն, ֆիզիքապէս:
Վասնզի այսօր եւս Հայ յեղափոխութեան դէմ դաշնակցած են բոլոր դարերու բոլո՛ր «խոհեմ»-ներն ու «իրատես»-ները, պահպանողականներն ու «յառաջդիմական»-ները, աջն ու ձախը հաւասարապէս:
Այսօր դարձեալ նո՛յնքան անողոք է թշնամին, անողոք են պայմանները եւ ջլատիչ:
Աւելի՛ն. ներկայիս թերեւս շա՛տ աւելի դժուար է եւ շա՛տ աւելի սպառիչ է մեր պայքարը, քան երէկ:
Եւ ճիշդ մեր պարագային համար է կարծես, որ Նազովրեցի Մեծ Վարդապետը առիթով մը կ՛ըսէր գրեթէ բառացի. «Մի վախնաք անոնցմէ, որ կը սպաննեն ձեր մարմինը, այլ վախցէք անոնցմէ՛, որ կը սպաննեն ձեր հոգին»:
Արդ, երէկ վտանգը, որոշ իմաստով, ուղղուած էր գլխաւորաբար մեր ազգային մարմինի՛ն դէմ: Թշնամին մեր մարմինի՛ն մէջ կ՛ուզէր սպաննել մեր հոգին:
Մինչդեռ այսօր վտանգը ուղղուած է էապէս Հայ Հոգիին դէմ: Եւ մեր հոգիին մահացման վտանգն է, որ մահ կը սպառնայ մեր մարմնին:
Այդ պատճառով ալ այսօր թշնամին մեր մէջ կը ջանայ մահացնել նախ Ազատութեան տե՛նչը, որ մեր կեանքին ու կենսունակութեան միակ աղբիւրն է, միակ իմաստը մեր գոյութեան:
Ապա կը ջանայ մեր մէջ սպաննել մտքի անկախութեան եւ անկախութեան գաղափարի անմար ջահը, որ մեր ընդհանրական գոյացութեան, հաւաքական ուժին անսասան խարիսխն է, առա՛նցքը աներկեւան:
Այնուհետեւ կը նկրտի ամէն գնով մեր մէջ մեռցնել Հայրենիքը, միացեալ հայրենիքի եւ ազգի նուիրական տեսլականը` իբրեւ Նոյեան անխորտակելի տապանը մեր կեանքին ու պատմութեան:
Երէկ թշնամին մեզ կը հարուածէր հիմնապէս մեր ճակատէն: Յստակ էին խրամները եւ պայքարի սահմանագիծերը: Երկու բանակներ կեցած էին դէմ դիմաց եւ բռնուած` կենաց ու մահու գօտեմարտի:
Այսօր թշնամին ամէնո՛ւր եւ ո՛չ մէկ տեղ է միաժամանակ: Խախտեր են սահմաններն ու սահմանագիծերը: Գոնէ՛ երեւութապէս:
Երեւութապէս գրեթէ ամէն ինչ խաղաղ է, բնականոն իր ընթացքին մէջ է կարծես ամէն բան հայ կեանքի մէջ: Սակայն թշնամին դաւադիր ու նենգ է աւելի քան երբեք, եւ պայքարը կը շարունակուի թէեւ երբեմն խուլ, այլ` աւելի՛ դաժան եւ աւելի՛ ճակատագրական տարողութեամբ ու ծաւալով:
Որովհետեւ թիրախը Հայ Հոգին է: Գրոհը Հայ հոգիի «սահմանագիծ»-երուն վրայ է, այո՛, Հայրենիքէն ներս թէ Հայրենիքէն դուրս:
Իսկ թշնամին կը թափանցէ այդ «սահմանագիծ»-երէն ներս մեր կերած հացին, խմած ջուրին եւ շնչած օդին հետ, որպէսզի ջլատէ ամէնօրեայ պայքարի մեր կամքն ու կորո՛վը:
Մեր հոգեկան ու իմացական անկախութեան ջահը, հայ մշակոյթի անկախութեան ու ինքնուրոյնութեան ջահը, որ հիմնաքարն է մեր ազգային դիմագիծին, շարունակ կը ծեծուի աջէն ու ձախէն փչող հովերէն եւ երբեմն կարծես նոյնիսկ կ՛այցուի մահուան դողերէն` սպառնալով մարել մեր բոլոր տեսիլները, խաւարել բոլոր հորիզոնները:
Ահա թէ ինչո՛ւ զօրաշարժի պիտի ենթարկենք մեր բոլոր ուժերը, բոլոր կարելիութիւնները, մանաւանդ արտերկրի մէջ: Պիտի բազմապատկուինք ու բազմապատկենք մեր ջանքերը: Արթուն պիտի հսկենք միշտ եւ, զգաստ ու արի, վերանորոգ թափով պիտի շարունակենք մեր ամէնօրեայ կռիւը, յարատեւ պայքարը` յանո՛ւն Կեանքի, Հայրենիքի, Ազատութեան:
Բայց ո՞վ պիտի ըլլայ հայ ժողովուրդի ապաւէնը յարատեւ այս պայքարին մէջ. հայ երիտասարդութի՛ւնը, անկասկած, գաղափարական ու նուիրեա՛լ երիտասարդութիւնը:
Ո՞վ պիտի ըլլայ դրօշակիրը, անդեդեւ առաջապահը անհաւասար այս մաքառումին. իր հայրենիքին, իր ժողովուրդին, իր անցեալին արժանի եւ իր անունին ու կոչումին գիտակից հայ մտաւորականութի՛ւնը:
Ո՞ւր պիտի փնտռենք մեր կորովին ու կենսունակութեան աղբիւրը. հայ ժողովուրդի հաւաքական ուժին, միութեան ու միասնութեան մէջ:
Եւ այդ նուիրական պայքարին մէջ, ինչպէս կը պատգամէ ահա կրկին Հայ յեղափոխութեան մեծագոյն առաջնորդը` Քրիստափոր Միքայէլեան.
«Մեզ վարանումներ չեն հարկաւոր, այլ ՀԱՒԱՏ, մեզ խօսքեր չեն հարկաւոր, այլ ԳՈՐԾԵՐ, մեզ թերահաւատութիւն չէ հարկաւոր, այլ ԵՌԱՆԴ, մեզ տատանումներ չեն հարկաւոր, այլ ՎՃՌՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ եւ ՅԱՆԴԳՆՈՒԹԻՒՆ»:
Առաւե՛լ նախաձեռնութիւն, առաւե՛լ նուիրում եւ առաւե՛լ կազմակերպուածութիւն նաեւ:
Մանաւանդ` մե՛ր օրերուն եւ մե՛ր պայմաններուն մէջ: