3000 Տարուան Օրացոյց Մը
Հին հայկական արեգակնային օրացոյցը կազմուած էր 30 օրէ, 12 ամիսէ, եւ յաւելեալ ամիսէ մը, որ ունէր 5 օր: Այդ օրացոյցը հաւանաբար սկսած է է օգտագործուիլ մեր թուականէն քանի մը հարիւր տարի առաջ: Թէ աւելի հին շրջաններուն ի՛նչ տեսակ օրացոյց գործածած են Հայաստանի բնակիչները, ծանօթ չէ մեզի:
Այսուհանդերձ, կարգ մը տեղեկութիւններ կարելի եղաւ ունենալ, երբ հնագիտական պեղումներու ընթացքին գտնուեցաւ շատ հետաքրքրական գօտի մը` 96,5 սմ երկարութեամբ եւ 15 սմ լայնութեամբ:
Գօտին, որ անագապղինձէ պատրաստուած է, գտնուեցաւ 1946-ին, Սանահին գիւղին մէջ: Այս գօտիին վրայ փորագրուած են եռանկիւններ, շեղանկիւններ եւ կէտեր: Երեք քառակուսիներու մէջ կան ձիեր, ինչպէս նաեւ` արեւի, լուսնի եւ թռչուններու նկարներ:
Ձիերը 12 հատ են, բաժնուած` երեք խումբի: Լուսնին երկու մանգաղները շրջապատուած են 14-ական կէտերով: Եռանկիւնները 24 հատ են, պարոյրները` 236, իսկ կէտերը` 118: Այսինքն` ընդամէնը կան 354 պարոյրներ եւ կէտեր: Շեղանկիւնները բաժնուած են չորս խումբի, երկուքը` վեցական, միւս երկուքը` եօթնական: Դժուար չէ նկատել, որ այս թիւերը պատահական թիւեր չեն, այլ սերտ կերպով կապուած են լուսնային օրացոյցին հետ:
Անգլիացի գիտնական Վ. Օլքոտ, հիմնուելով Մաունտերի եւ Շվարցի հետազօտութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` ուսումնասիրելով աստղալից երկինքին պատկերացումը հին ժամանակներուն, կու գայ այն եզրակացութեան, թէ համաստեղութիւններու եւ աստղային երկինքին սկզբնական պատկերացումին հայրենիքը կրնայ ըլլալ Փոքր Ասիան եւ Հայաստանը, մասնաւորապէս` Արարատ լերան մօտիկ շրջանները:
Հայկական լեռնաշխարհին մէջ մօտ երեք հազար տարի առաջ ապրող բնիկները, աստղագիտական բարձր մշակոյթին հետ, ինչպէս կը յուսացուէր, պէտք էր ունենային բաւականին զարգացած օրացոյց մը:
Այս շրջանին եւ այլ երկիրներու հին օրացոյցներուն ուսումնասիրութիւնը կը բերէ այն եզրակացութեան, որ Քրիստոսէ շուրջ հազար տարի առաջ հայկական լեռնաշխարհին մէջ օգտագործուած է լուսնա-արեգակնային օրացոյցը: Տարին կազմուած էր 12 լուսնային ամիսներէ եւ պարուակած է 351 օր: Տարին կը սկսէր գրեթէ գարնան հետ: Եւ որպէսզի չխախտի այս կարգը, ժամանակ առ ժամանակ աւելցուցած է ամիս մը: Տարին բաժնուած էր երեք եղանակներու: Շաբաթը ունեցած է եօթը օր: Շաբթուան օրերը, ըստ երեւոյթին, կրած են լուսնին, արեւին եւ աչքով տեսանելի հինգ մոլորակներուն անունները:
Բ. Թ.
Հայ Կեանք
Ժիրայր Սերգոյեան
Սթրազպուրկ Հրաւիրուած
Օփերայի դերակատար երիտասարդ արուեստագէտ Ժիրայր Սերգոյեան (որդին` ծանօթ երաժշտագէտ Նշան Սերգոյեանի) հրաւիրուած Սթրազպուրկի օփերան` Ֆաուստի խաղին իր մասնակցութիւնը բերելու համար:
«Տերնիէր Նուվել տ՛Ալզաս» թերթը կը գրէր հայ արուեստագէտին մասին. «Մեֆիսթոյի դերին մէջ Ժիրայր կը ջնջէ տխուր յիշատակը անոնց, որ քանի մը տարիէ ի վեր այդ դերին մէջ իր նախորդներն էին: Նախ անտանելին Ռըֆկիւսը եւ Միշէլ Ռուն, որոնք իբրեւ ձայն չգոհացուցիչ էին: Վերջապէս` ճշմարիտ Մեֆիսթօ մը, որուն ուժը ամէն բանէ առաջ ձայնական է: Այն օրէն, երբ ան Թաղապետական թատրոնի խումբին մաս կը կազմէր, կարելի էր դիւրաւ նախատեսել, թէ Ժ. Սերգոյեան մուտք պիտի գործէր Փարիզի օփերային մէջ, ուր ան դէմք մըն է»:
Երիտասարդ Խմբավար
Րաֆֆի Սվաճեան
Մարսէյի «Լը Փրոֆանսալ»-ը մասնաւոր գովեստով խօսած է երիտասարդ խմբավար Րաֆֆի Սվաճեանի մասին եւ` հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած.
– Շատ երիտասարդ, գրեթէ խարտեաշ, նոյնիսկ երկչոտ, ձայնը քաղցր եւ ֆրանսական շեշտը` տարաշխարհիկ երանգով մը գունաւորուած: Ահա Րաֆֆի Սվաճեանը, որ կ՛երթայ Ամերիկան նուաճելու: Բազաթիւ համերգներ պիտի վարէ Ֆիլատելֆիոյ, Նիւ Եորքի, Նիւ Ճըրսիի, Պոսթընի, Ուաշինկթընի մէջ եւ այլուր` իբրեւ մեներգիչ ունենալով Մեթրոփոլիթըն օփերայէն Շաքէ Վարդենիսեանը:
Այս փառաւոր մեկնումին առիթով, ֆրանսահայերու բարեկամական միութիւնը, որուն նախագահն է պր. Ակինեան, շամփանիայի սեղան մը սարքեց «Թերմինիւս» պանդոկին մէջ: Հոն է, որ ճանչցանք Րաֆֆի Սվաճեանը եւ հարցուցինք.
– Ո՞ւր սորվեցաք խմբավարութիւնը:
– Պէյրութի մէջ,- պատասխանեց, Կանաչեանէն, որ լաւագոյն աշակերտն է Կոմիտաս վարդապետին, հայ տոհմային երգի այդ մեծ առաքեալին: Իմ բոլոր ուսումնասիրութիւններս Պէյրութի մէջ կատարած եմ, առանձնապէս` երաժշտանոցը, ուր ինծի սորվեցուցին նաեւ նուագախումբերու ղեկավարումը:
– Կը նախընտրէք նուագախումբ մը վարել, թէ՞ երգչախումբ մը:
– Համերգը կը նախընտրեմ: Ջերմապէս կը սիրեմ ֆոլքլորային երգը եւ, ըստ իս, այդ երաժշտութիւնը միայն երգով կ՛արտայայտուի: Առանց նուագարանի, ձայնով եւ խմբերգով կը գրուի լոկ անոր ամբողջ զգայնութիւնը, զուտ արուեստը եւ արտայայտութեան զօրութիւնը:
– Որո՞նք են հայ երգին յատկանիշները, զորս ֆրանսացիք շատ քիչ կը ճանչնան տակաւին:
– Այդ երգը թէ՛ արեւելեան է եւ թէ՛ արեւմտեան:
– Ֆրանսայի մէջ սարքեցի՞ք երգահանդէսներ:
– Այո՛, Վալանսի, Վիենի, Լիոնի եւ Մարսէյի մէջ, ուր կը յուսամ վերադառնալ 1966 հոկտեմբերին եւ տալ երգահանդէս մը նորէն, զանազան երկիրներու ֆոլքլորին նուիրուած»:
Հայաստան
Ուշադրութեան Կը Հրաւիրէ
Հայոց ձորը հարուստ է պատմական յուշարձաններով: Բայց, դժբախտաբար, անոնց պահպանութեան եւ նորոգութեան խնդիրը «պատշաճ բարձրութեան վրայ չի գտնուիր», կը գրէ ուսուցիչ Խ. Թադեւոսեան «Սով. Հայաստան»-ի մէջ:
Եղէգնաձորի շրջանին մէջ կայ 1055 տարուան հնութիւն ունեցող վանք մը, որ կը կոչուի Քարակոփ: Համաձայն նամակագրին, վանքը փլչելու վտանգին տակ կը գտնուի, եւ եթէ անմիջապէս նորոգութիւններ չկատարուին. «քանի մը տարի ետք թերեւս այլեւս որեւէ օգուտ չունենայ»: Այլ խօսքով կը քանդուի վանքը:
Որոտանը Կ՛օգտագործուի
Արդիւնաբերութեան զարգացումը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ելեկտրուժի արտադրութեան յաւելումը: Հայաստանի մէջ ներկայիս կը գործեն քանի մը տասնեակ մեծ ու փոքր ջրելեկտրակայաններ: Միայն Սեւան-Հրազդան ջրելեկտրակայաններու շարքը կ՛արտադրէ հինգ հարիւր յիսուն հազար քիլովաթ ելեկտրուժ:
Այսուհանդերձ, անհրաժեշտ են ելեկտրուժի արտադրութեան նոր աղբիւրներ: Այս պատճառով 1961-էն սկսեալ աշխատանքներ կը տարուին Որոտան գետին (Զանգեզուր) վրայ նոր ջրելեկտրակայաններ հիմնելու համար: Հսկայ ուժ մըն է այս գետը, հարստութիւններու նոր աղբիւր մը: Շինուելիք երեք ջրելեկտրակայանները Հայաստանի պիտի տան չորս հարիւր հազար քիլովաթ ելեկտրուժ (Սպանդարեանինը` 82 հազար, Շամբինը` 161 հազար, իսկ Տաթեւինը` 158 հազար):
Այս ջրելեկտրակայանները իրենց մեծ ջրամբարներով ոչ միայն պիտի օգնեն, որ պահպանուի Սեւանի մակարդակը, այլեւ պիտի ոռոգեն տասնեակ հազարաւոր հեկտար անջրդի հողեր:
Դ. Վարուժանի Ձեռագիր Տետրակը
Փրոֆ. Յ. Ճ. Սիրունի, որ ներկայիս Երեւան կը գտնուի, գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին նուիրեց Դ. Վարուժանի ձեռագիր տետրակը, որ կը պարունակէ բանաստեղծին խորհուրդները սկսնակ գրողներուն, կարծիքները Ալ. Շիրվանզադէի, Սիամանթոյի, Ա. Չօպանեանի, Ալ. Ծատուրեանի եւ ուրիշ գրողներու գործերուն մասին: