Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 27, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

Իսկական Տագնապը

Երրորդ էջի մէջ սկսանք հրատարկել ուշագրաւ յօդուածաշարք մը` «Խորհրդային Միութիւնը առանց Խրուշչովի»:

Յօդուածագիրը ֆրանսացի լրագրող մըն է` Ժան Ֆրանսուա Քան, «Լ՛էքսփրես»-ի մնայուն աշխատակից, որ նոր վերադարձած է Ռուսիայէն, ուր ամէն պարագայի տակ առաջին անգամը չէ, որ կ՛այցելէ:

Ֆրանսացի լրագրողը Մոսկուա գտնուած է այն օրերուն, երբ Քոսիկին Կոմկուսի Կեդրոնական կոմիտէի լիագումար նիստին ներկայացուց տնտեսական «բարեկարգութեան» իր ծրագիրը, ամէնէն յեղափոխականը, որուն մասին մեկնաբանութիւնները չեն դադրած տակաւին` հակառակ ամիս մը անցած ըլլալուն: Ուստի լաւատեղեակ է այն կացութեան, որուն բերումով Քրեմլինի վարիչները հարկադրուեցան խոր փոփոխութիւններ մտցնել երկրին տնտեսական կառոյցին մէջ եւ` այն հակազդեցութեան, որ այդ փոփոխութիւնները ստեղծեցին խորհրդային հանրապետութեանց ժողովուրդներուն մօտ:

Լրագրողի սուր աչքով եւ դիտելու կարողութեամբ, Ժան Ֆրանսուա Քան այսօրուան Խորհրդային Միութեան տագնապ կը վերագրէ այն խոր տարբերութեան, որ գոյութիւն ունի խորհրդային մարդուն եւ խորհրդային արտադրութեան միջեւ:

Վերջին տասը տարիներու ընթացքին հարկադրաբար ընծայուած ազատութիւնները խորհրդային զանգուածներուն մօտ ստեղծած են անդիմադրելի պահանջ մը նորութեան, հոգ չէ թէ այ նոյն նորութիւնը տասնամեակներու հնութիւն եղած ըլլայ Արեւմուտքի զանգուածներուն համար:

Յեղափոխական Ռուսիան, իր հնգամեայ ծրագիրներու երկար շարքով, տասնամեակներ ամբողջ լծուեցաւ ժողովուրդներու երեւակայութեան խօսող, բայց իր իսկ ժողովուրդին երբեք օգտակար չեղող ձեռնարկներու: Արդիւնքը եղաւ այն, որ սփութնիքներու զարմանահրաշ յաջողութիւններով խանդավառ խորհրդային վարիչները չկրցան խորհրդային քաղաքացիին տալ ածելի մը, որ մօրուքին հետ մորթն ալ չփրցնէր:

Տագնապը ծնունդ առած է այս հիմնական անհաւասարութենէն… հաւասարութեան երկրին մէջ:

Խորհրդային քաղաքացին կ՛ուզէ անձնապէս վայելել բարձրորակ թեքնիքի մը ընծայած դիւրութիւնները` իր առօրեայ կեանքին ամէնէն տարրական պահանջներուն գոհացում տալու համար:

Իր հո՞գն է, թէ սփութնիքներ կ՛արձակուին` հետզհետէ աւելի կատարելագործուած, հետզհետէ աւելի ծանր:

Կարեւորը, այս պարագային, կատարելագործուած սառնարան մը ունենալն է:

Սփութնիքներու անջրպետային ճամբան երկրային բարօրութեան ճամբան չէ խորհրդային ժողովուրդին համար:

X

 

Տը Կոլի Զգայացունց Յայտարարութիւնները

– Պատրաստ Եմ Զինակցութիւն Կնքելու
Խորհրդային Միութեան Հետ
– Հանգիստ Պիտի Չընեմ, Մինչեւ Որ Ամերիկացի
Վերջին Զինուորը Չէ Հեռացած Եւրոպայէն
– Գերմանիան Պէտք Է Մնայ Ենթակայ Վիճակի Մէջ,
Բանակի Պէտք Չունի, Կրնամ Զայն Պաշտպանել,
Ռուսերը Գիտեն, Թէ Կրնամ Քանդել Մոսկուան

Զօրավար տը Կոլ պատրաստ է զինակցութիւն կնքելու Խորհրդային Միութեան հետ, պահանջլեու` ՕԹԱՆ-ի փոխարինումը երկկողմանի դաշնագիրներու շարքով մը, պահանջելու ամերիկացիներու մեկնումը Եւրոպայէն եւ ընդդիմանալու եւրոպական գերազգային քաղաքական որեւէ մարմնի կազմութեան:

Ասոնք են հիմնական կէտերը յայտարարութեան մը, որ զօրավար տը Կոլ ըրած է «Ֆանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից» դիւանագէտի մը, ուր այդ դիւանագէտը, որուն ինքնութիւնը յայտնի չէ, բառ բառ առ կրկնած է «Նիուզուիք» շաբաթաթերթին դիւանագիտական թղթակիցին:

Ամերիկան շաբաթաթերթին համաձայն, որ կը հրատարակէ դիւանագէտին ըսածները, զօրավար տը Կոլ Գերմանիոյ մասին ըսած է.

«Գերմանիա պէտք է պահուի մնայուն ենթակայութեան վիճակի մը մէջ: Երբեք պէտք չէ ազդեցութիւն գործէ եւրոպական որոշումներուն վրայ, ոչ ալ իր ձայնը ունենայ Եւրոպայի զինուորական ռազմավարութեան մէջ… Գերմանիոյ երբեք պէտք չէ արտօնուէր իր սեփական բանակը ունենալ: Գերմանները ինչո՞ւ բանակ կ՛ուզեն: Եթէ յարձակման ենթարկուին, զիրենք պիտի պաշտպանեմ իմ հարուածող ուժովս: Ռուսերը գիտեն, թէ կրնամ քանդել Մոսկուան»:

Գալով Խորհրդային Միութեան` զօրավար տը Կոլ յայտարարած է, թէ պատրաստ է զինակցութիւն մը կնքելու խորհրդայիններուն հետ` ճշդելով. «Կ՛երաշխաւորեմ միայն եւրոպական Ռուսիան: Ինչ որ Ուրալներէն անդին է, պիտի պահանջուի չիներու կողմէ եւ չեմ ուզեր, որ ֆրանսացիներ մեռնին Չինաստանի դէմ կռուելով: Ասիոյ մէջ խորհրդային ստացուածքներուն համար»:

ՕԹԱՆ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու առնչութեամբ, զօրավար տը Կոլ ծաղրանքով խօսած է Եւրոպայի պաշտպանութեան ամերիկեան երաշխաւորութեան մասին: «Իրենց համար դիւրին է երաշխիքներ տալ, այնքան ատեն որ կը մնան Ատլանտեանի միւս կողմը» ըսած է զօրավար տը Կոլ: Գալով ՕԹԱՆ-ի` պէտք է փոխարինուի երկկողմանի զինակցութիւններու ցանցով մը եւ Եւրոպայի վրայ հաստատուած ամերիկեան գերակայութիւնը պէտք է վերնայ: Տը Կոլ ըսած է. «Հանգիստ պիտի չունենամ, մինչեւ որ ամերիկացի վերջին զինուորը մեկնած չէ Եւրոպայէն»:

Դիւանագէտը զօրավար տը Կոլին հարցուցած է, թէ ի՛նչ պիտի պատահի, եթէ Արեւմտեան Եւրոպան յարձակման ենթարկուի ֆրանսական հարուածող ուժի հասողութենէն դուրս գտնուող երկրի մը կողմէ. օրինակ` համայնավար Չինաստանի: Տը Կոլ պատասխանած է. «Ատիկա այլ սերունդի մը գործն է»:

Այլ յօդուածի մը մէջ «Նիուզուիք» կը գրէ, թէ ակնյայտ կերպով տը Կոլ, «Կ՛ուզէ քանդել ՕԹԱՆ-ը իր ներկայ ձեւին մէջ»: Միացեալ Նահանգները այլեւս համոզուած են ասոր եւ արդէն իսկ պատրաստած են ծրագիրներ` ՕԹԱՆ-ը պահելու համար առանց Ֆրանսայի: Անոնք ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր բանակատեղին պիտի փոխադրեն այլ երկիր մը, Հոլանտա կամ Արեւմտեան Գերմանիա:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Երախտագիտութեան Փայլքը («Երեւանի Պետական Համալսարան- 95-Ամեակ» Գիրքին Առիթով)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?