Դաշնակցական Պատանիներուն
ՀՅ Դաշնակցութեան հնոցին մէջ թրծուելու եկո՛ղ պատանիներ, հայ ժողովուրդին ծառայելու համար Դաշնակցութեան գի՛րկը եկած պատանիներ, դաշնակցակա՛ն պատանիներ, դո՛ւք, որ կը կարդաք այս տողերը, գիտցէ՛ք` դժուար է դաշնակցական ըլլալը:
Դժուար չէ Դաշնակցութեան մէջ մտնելը, սակայն շատ դժուար է դաշնակցական ըլլալը, որովհետեւ չի բաւեր շարքերուն մէջ ըլլալ, չի բաւեր երդում կատարել, չի բաւեր մինչեւ անգամ կանոնաւորաբար պատանեկանի կամ, ապագային, դաշնակցական խումբերու ժողովներուն գալը: Այս բոլորը անհրաժեշտ են Դաշնակցութեան մէջ ըլլալու համար, չեն բաւեր դաշնակցական դառնալու համար:
Դաշնակցութիւնը խիղճ է, միտք է, շունչ է, ոգի է, նկարագիր է ու կամք: Դաշնակցական ըլլալու համար պէտք է տեւաբար ձգտիլ կուսակցութեան ոգիին մէկ մասը, մէկ մասնիկը դառնալու, դառնալու խիղճը, շունչ տալու ձեր չորս կողմը եւ կերտելու նկարագիր ու կամք: Նկարագիրն ու կամքը չեն կերտուիր մէկ օրէն, մինչ կրնան խորտակուիլ մէկ օրէն, մէկ շարժումով, մէկ խօսքով:
Դաշնակցակա՛ն պատանիներ, կրնայ ըլլալ, որ այս տողերը խրտչեցնեն ձեզ, կրնան ծանր ու անհասկնալի թուիլ ձեզի, բայց եւ այնպէս, մի՛ խրտչիք, մտէք ծանրութեանը տակ անոնց եւ աշխատեցէք Դաշնակցութեան հնոցին մէջ պողպատանալ, որովհետեւ ձեր ժողովուրդը եւ ձեր սիրած կուսակցութիւնը կարիքը ունին պողպատացած կամքերու, մշտաբորբոք շունչի, որովհետեւ դարը, դարաշրջանը, ուր կ՛ապրիք, նպաստաւոր չէ՛, մինչ հայ ժողովուրդի գոյատեւման գաղտնիքը, իր կրած պարտութիւնները յաղթանակի վերածելու գաղտնիքը իր շունչն ու ոգին են, իր մտքին թռիչքն է, իր խղճին անաղարտութիւնը, իր կամքին անընկճելիութիւնը:
Այդ բոլորի ամրապնդման չի նպաստեր ներկան, առօրեան, այդ բոլորը պէտք է պահպանել, պէտք է ամրացնել բացառիկ եւ յարատեւ ճիգով, մշտարթուն պահակութեամբ:
Դեռ պատանի էք, վտիտ են դեռ ձեր դաշնակցականի ուսերը, սակայն հայու հոգի է ձեր հոգին եւ դաշնակցականի նկարագիր` ձեր նկարագիրը, որով, հակառակ ձեր տարիքի փոքրութեան, պիտի հասկնաք ըսուածները, պիտի յիշէք զանոնք, երբ ժամանակը գայ, երբ դուք ստիպուիք ձեր դաշնակցականի քննութիւնը տալ հայ ժողովուրդին առջեւ:
Գիտցէք այժմէն, որ անանձնական է Դաշնակցութիւնը, եւ ձեր անձը այնքան միայն կրնայ արժէք ունենալ կուսակցութեան եւ ժողովուրդին համար, ինչ չափով որ զայն օգտագործել կարելի է ի նպաստ հայ ժողովուրդին:
Գիտցէք այժմէն, որ ձեր անձը պէտք է մատաղ ընէք կուսակցութեան, ձեր եսը, ձեր շահերը, ձեր փառքն ու պատիւը, բոլո՛րը, բոլո՛րը կը պատկանին, պէ՛տք է պատկանին ՀՅ Դաշնակցութեան:
Գիտցէք այժմէն, որ երբ կատարէք ձեր դաշնակցականի երդումը, ոչ մէկ իրաւունք ձեռք պիտի բերէք եւ ամէն տեսակի պարտականութիւն պիտի ծանրանայ ձեր ուսերուն:
Գիտցէք, որ ոչ ոք կրցած է Դաշնակցութեան մէջ իր անձը պարտադրել ու հասնիլ դաշնակցական փառքի ու պատուի: Ուշ կամ կանուխ խորտակուած են բոլոր անոնք, որոնք փորձած են իրենց եսը առաջ քշել, իրենց անձը պարտադրել կուսակցութեան: Դաշնակցական պատիւն ու փառքը անոնց համար է միայն, որոնք ամբողջական զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը ունեցած են իրենց ամբողջ կեանքի տեւողութեան:
Գիտցէք նաեւ այժմէն, որ Դաշնակցութիւնը սովորութիւն չունի պատուելու իր ընկերները ողջութեան: Դաշնակցականները կը չափէ անոնց մահէն ետք, թաղումէն շատ ետք. թաղման օրն իսկ տրուած յարգանքը դեռ Դաշնակցութեան տուած յարգանքը չէ: Դաշնակցութեան տուած պատիւն ու յարգանքը կը սկսին այն ատեն, երբ անունդ կը տրուի մահէդ շատ ետք` իբրեւ նմուշ մարմնացումի ՀՅ Դաշնակցութեան յատուկ այս կամ այն գիծին, այս կամ այն մտայնութեան, գաղափարականին: Այն ատեն ահա ֆիզիքական անձը կ՛անհետի, կը մնայ բարոյական անձը միայն. անուն մը:
Անուն մը սակայն, որ սրտերը կը դողացնէ, հոգիները կը յուզէ ամէն անգամ, որ կը յիշատակուի տեղին ու անհրաժեշտաբար: Քրիստափոր կ՛ըսենք, ու մեր միտքը կը սլանայ մինչեւ Վիտոշի լանջերը ու անոր բզկտուած մարմինը: Ռոստոմ, Զաւարեան կ՛ըսենք, եւ անոնք մարմնաւորումն են Դաշնակցութեան էութեան այս կամ այն մասին: Գէորգ Չաւուշ, Մակար, Գալէ, Փեթարայ Մանուկ, Սողոմոն Թեհլիրեան, ամէն մէկը Դաշնակցութեան կամքը կատարող համեստ անձնաւորութիւններ` դարձած են հսկաները ՀՅ Դաշնակցութեան, իրենց նկարագրով, իրենց նուիրումով, իրենց անդադրում զոհաբերութեամբ:
Ուրեմն, տղա՛ք, դաշնակցական անուշ պատանիներ, Դաշնակցութեան դպրոցին մէջ թրծուեցէք, թրծեցէք ձեր հոգիները` ծանօթանալով մեր պանթէոնի հարստութիւնը կազմող անուններու կեանքին, անսահման նուիրումին: Մոռցէք վայրկեան մը առօրեան, բարձրացէք վեր առօրեայէն, դիտեցէք հեռուն, նայեցէք ապագային, որովհետեւ ապագան դուք էք: Իսկ Դաշնակցութեան ապագային ուժը, հզօրութիւնն ու փայլը կախում ունի ձե՛ր ուժէն, հզօրութենէն, ձե՛ր դիմագիծի պայծառութենէն: Երբ դիտելու ըլլաք ապագան` կապելով զայն անցեալին, կը գտնէք այն ատեն ձեր ներկան, ներկայի ձեր պարտականութիւնը եւ ներկայի զոհաբերութեան բաժինը. որովհետեւ, տղա՛ք, մտասեւեռում պէտք է ընէք ձեզի համար ձեր անձին. ձեր եսին զոհաբերումը ՀՅ Դաշնակցութեան:
Այդ ճամբով միայն կարելի է հասնիլ Դաշնակցութեան էութեան:
Այդ է միակ իրաւ ճամբան հայ ժողովուրդի ծառայութեան:
Բ. Փ.
Հայ Կեանք
Հայ Դատի Երեկոյ
Փարիզի Մէջ
Փարիզի մեր թղթակիցը կը գրէ.
Կիրակի գիշեր, նոյեմբեր 7, «Փլէյել» սրահին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան (2500 հոգի, բերնէ բերան լեցուն սրահ) եւ կազմակերպութեամբ Հայկական ուսմանց կեդրոնին (Centre d’Etudes Arméniennes), տեղի ունեցաւ «Arménia 1915» ջարդերու մասին վաւերաթուղթերու եւ լուսանկարներու լուսարձակումով ցուցադրութիւն, ժապաւէնի վրայ առնուած ֆրանսերէն բացատրութիւններով:
Ֆրանսերէնով խօսք առին Հայ. ուսմանց կեդրոնի վարիչներէն Կարապետեան, Խայիկեան եւ Նազարեան եւ լայն տեղեկութիւններ տուին ցուցադրուած նկարներուն, Եղեռնի յիսնամեակին եւ հայ ժողովուրդի հողային պահանջներուն մասին: Շեշտեցին արդարութիւնը Հայ դատին եւ անհրաժեշտութիւնը հայկական պահանջներու գոհացման, ընդգծելով, որ այս հարցին մէջ սփիւռքի հայութիւնը միակամ է:
Հանդէսին վերջաւորութեան կարդացուեցաւ պատճէնը այն հեռագրին, որ Հայկական ուսմանց կեդրոնը նոյն երեկոյ պիտի յղէր Անգարա` պահանջելով, որ ՄԱԿ-ի մէջ ցեղասպանութեան արարքը դատապարտող յօդուածը ստորագրող երկիրներէն Թուրքիան, Թալէաթի աճիւնները փոխադրէ անհատական շիրիմի մը մէջ եւ քանդէ Պոլսոյ Ազատագրութեան բլուրին վրայ բարձրացող Թալէաթի յուշարձանը:
Հանդէսին ներկայ էին բազմահարիւր ֆրանսացիներ, լրագրողներ եւ անձնաւորութիւններ: