Հայաստան
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Վազգէն Ա.ի Տասնամեակը
Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա. վեհափառի 10-րդ տարեդարձին առթիւ Երեւանի «Արմենիա» պանդոկի մեծ սրահին մէջ շքեղ ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ:
Ներկայ էին եւ խօսք առին համայն Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Էֆրեմ Բ., Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարք Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, որ հաղորդեց նաեւ Պօղոս Զ. պապին սիրալիր շնորհաւորութիւնները եւ կարդաց Ս. պապին անձնական պատգամը` ուղղուած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Եղիշէ արք. Տէրտէրեան, մետրոպոլիտ Իոսաֆ կարդաց համայն Ռուսիոյ պատրիարք Ալեքսիի պատգամը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի ներկայացուցիչ` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Խորէն Ա.ի` սիրալիր շնորհաւորութիւններ ներկայացուց Վազգէն Ա.ի, Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Յովհաննէս Ահարոնեան, Եթովպիոյ Ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Փեթրոս եպս. Ապունա, Մոնաքոյի արք. Ժուան Շարլի Ռուփի, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներ եւ քսան երկիրներէ եկած բազմաթիւ անձնաւորութիւններ:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վեհափառ Վազգէն Ա.: Բաժակ առաջարկեց եկեղեցական եւ աշխարհական հրաւիրեալներուն կենաց: Շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանեայց եկեղեցիին եւ Ս. Էջմիածնին ուղղուած բարեմաղթութեանց եւ շնորհաւորութեանց համար:
***
Նոյեմբեր 2-ին, Վազգէն Ա.ի նախագահութեան տակ եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ժողով Էջմիածնի մէջ: Քննուեցան հայ եկեղեցւոյ վերաբերեալ հարցեր:
«Միասնիկեան»
Մատենադարանը
Ռուսիայէն եւ Ուքրանիայէն ետք, Հայաստան երկրորդ երկիրն է, որ բաժանորդագրուած է Խորհրդային Միութեան մէջ հրատարակուող բոլոր գիրքերուն: Գիրքերը կը ղրկուին «Միասնիկեան» հանրային մատենադարանը, որ հայկական գիրքերու մեծագոյն կեդրոնն է. հոն կը գտնուին 6 միլիոն գիրքեր: Գրադարանը ունի հազուագիւտ բազմաթիւ գիրքեր, ինչպէս` «Ուրբաթագիրք» եւ «Պարզատումար», որոնք հայ առաջին տպագիր հրատարակութիւններն են, լոյս տեսած` 450 տարի առաջ: Գրադարանը 35 տարբեր երկիրներու մէջ աւելի քան հարիւր գրադարաններու հետ կապ կը պահէ:
Լեւոն Գասպարեան
Հանգստեան Կոչուած
Պէյրութի ամերիկեան դեսպանատան հիւպատոսարանին մէջ 45 տարուան բեղուն եւ ժրաջան գործունէութեան երկար շրջանէ մը ետք, Լեւոն Գասպարեան հանգստեան կոչուեցաւ:
Արդարեւ, 7 յուլիս 1920-էն ի վեր Լեւոն Գասպարեան կը ծառայէ ամերիկեան հիւպատոսարանին: 45 տարուան այս երկար շրջանին ան վարած է պատասխանատու պաշտօններ եւ արժանացած` գնահատանքի: Բազմաթիւ են Լեւոն Գասպարեանին ստացած գնահատական գրութիւններն ու պատուանշանները: Ասոնց շարքին ամէնէն աչքառուն կը հանդիսանայ 40 տարուան ծառայութեան համար տրուած ադամանդեայ նշանը:
Լեւոն Գասպարեան ծնած է Ուրֆա, 17 հոկտեմբեր 1895-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ուրֆայի բողոքականաց Բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Քոլեճական կրթութիւնը շարունակած է Այնթապի Կեդրոնական քոլեճին մէջ, ուր չորս տարի մնալէ ետք անցած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլեճը եւ հոնկէ վկայուած` իբրեւ պսակաւոր արուեստից եւ գիտութեանց:
1915-էն մինչեւ 1918 աշխատած է Պաղտատի երկաթուղիի շինութեան գործին մէջ եւ հրաշքով ազատած` թրքական ջարդերէն:
1916-1919 շրջանին թարգմանի պաշտօնով ծառայած է անգլիական բանակին` Ատանայի մէջ:
Լեւոն Գասպարեան ամուսնացած է 22 նոյեմբեր 1923-ին եւ այսօր հայր է երեք մանչերու եւ աղջկան մը, ինչպէս նաեւ մեծ հայր է 5 թոռնիկներու:
Պէյրութի ամերիկեան դեսպանը` Տուայթ Փորթըր, ուրբաթ 30 հոկտեմբերին, մասնաւոր արարողութեան մը ընթացքին Լեւոն Գասպարեանին յանձնեց շնորհակալական գրութիւն մը եւ, ամերիկեան կառավարութեան անունով, գնահատական խօսքերով արտայայտուեցաւ մեր հայրենակցի անցեալ երկար եւ արդիւնաւոր գործունէութեան մասին :
Լեւոն Գասպարեան մեծ ծառայութիւններ մատուցած է նաեւ հայ ժողովուրդին, ամէն ո՛ւր, որ հնարաւորութիւն ունեցած է:
Հայ Կեանք
Մուշի Մէջ Ուրարտական
Քաղաք Մը Գտնուեցաւ
Ատենէ մը ի վեր Վարդօ գաւառակին Գայալըտէրէ գիւղի շրջանին մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին, անգլիական հնախուզական մարմինը երեւան հանեց մնացորդները ուրարտական քաղաքի մը, որ երեք հազար տարուան հնութիւն ունի:
Առաջին անգամ յայտնուեցաւ մեհեան մը` վեց քառակուսի մեթր տարածութեամբ, ինչպէս նաեւ` երկյարկանի վեց դամբարաններ: Երկու հոգինոց այդ դամբարաններուն մէջ գտնուած են նաեւ պարէնի կարասներ, տապակ եւ մետաղեայ զանազան առարկաներ: Երկրախոյզները գտած են նաեւ կարեւոր քանակութեամբ այրած տախտակի կտորներ, ինչ որ ենթադրել կու տայ, թէ քաղաքը կործանած է մեծ հրդեհներու պատճառով:
Միւս կողմէ` գտնուած է նաեւ կեռասեղ մը, որ կը փաստէ, թէ ուրարտացիները բաւական յառաջացեալ ճարտարարուեստ ունէին: