Գրական Հարցեր
Երկու Խօսք`
Բանաստեղծութեան Մասին
Երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմը վերջացաւ, քննադատութիւնը փորձեց հաստատել, թէ «բանաստեղծութիւնը կը մեռնի» կամ` «բանաստեղծութիւնը մեռա՜ւ»:
Իրաւ է, որ քերթողական արուեստը ծանր տագնապ մը կ՛անցընէր հուրի եւ սուրի այդ օրերուն, սակայն մեռնելու տրամադրութիւն չունէր: Դժբախտութիւն պիտի ըլլար, եթէ մուսաները, արուները` ինչպէս էգերը, իրաւամբ ընդմիշտ լքէին մեզ: Բայց կարելի՞ բան է ասիկա, քանի որ ամէնէն պաղուկ եւ ամէնէն «արձակ» մարդուն մէջ իսկ յայտ կամ անյայտ բանաստեղծ մը կայ:
Պոտլեր կը պնդէր, թէ առողջ մարդ մը երկու օր կը դիմանայ քաղցի ու ծարաւի, բայց ո՛չ իսկ օր մը կրնայ ապրիլ առանց… բանաստեղծութեան: Սրտի մարդը, յափրացած ու ցիրուցան, կարօտ է սփոփանքի: Իր խոնջ մարմինը կազդոյր կը փնտռէ, իսկ հոգին` լոյս:
Բանաստեղծութիւնը քիչ մը սփոփանք է, քիչ մը կազդոյր, քիչ մըն ալ լոյս է: Յաւիտենական է իբրեւ ստեղծագործութիւն, ինչպէս յաւիտենական է արարչագործութիւնը ի՛նք: Երկուքն ալ մահէն չեն վախնար, որովհետեւ երկուքն ալ անմահ են: Եթէ մարդոց էութեան կէսը մեքենայ է, ձանձրոյթ ու սեւամաղձութիւն, միւս կէսը երգ է ու երազ, տենչանք է եւ անվերջ ձգտում: Մեքենան, ձանձրոյթն ու սեւամաղձութիւնը կը պատկանին թանձրացեալ աշխարհին, միւսները կը պատկանին վերացեալ աշխարհին:
Բանաստեղծութեան մէջ ներկայ են արուեստի բոլոր ձեւերը` նկարչութիւն, երաժշտութիւն, ճարտարապետութիւն, քանդակագործութիւն, պար եւ… ճազ: Տիեզերական քերթողութիւնը տիեզերական նուագահանդէս մըն է եւ միաժամանակ տիեզերական նկարահանդէս մը: Արքայական պալատ է եւ միեւնոյն ատեն ձկնորսի հիւղակ: Պրոնզէ արձան է, միեւնոյն պահուն գաճէ կաղապար: Անհունօրէն մեծն է եւ անհունօրէն փոքրը: Հոգի է, բայց նաեւ մարմին: Եւ այս ամբողջ «համանուագ»-ը կը բխի արուեստագէտի խառնուածքէն:
Բանաստեղծութիւնը մատչելին է եւ միաժամանակ անմատչելին: «Արձակ»-ն է եւ միեւնոյն ատեն` բացարձակը: Առաջին պարունակն է արուեստին: Արդ` ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ մեռնի բան մը, որ ապրելու բոլոր տարրերը իր մէջ ունի, որ կ՛իշխէ մարդոց եւ թագաւորներու վրայ, խրճիթներու եւ պալատներու վրայ, որ, վերջապէս, աստուածային է իր էութեամբ իսկ:
Հիմա, եթէ սխալ չէ դատելու այս եղանակը, բան մը փոխուած է արուեստի առաջին պարունակին մէջ, զոր մաքուր շրջաբանութեամբ «մուսաներու լեզուն» կը կոչեն: Փոխուած է ձեւով, ձգտումով, նպատակադրումով: Փոխուած է նաեւ մեր ըմբռնումը, ինչպէս ճաշակն ալ: Փոխուած է մինչեւ իսկ զգալու, յուզուելու, տեսնելու մեր եղանակը: Եթէ իրական չէ այս փոփոխութիւնը, ապա ուրեմն մենք ետ ենք մեր դարաշրջանէն կամ մեր դարաշրջանը յառաջդիմութիւն մը չէ նախորդներուն վրայ:
«Դարաշրջան» ըսելով` մենք կը հասկնանք բան մը, ործ լեցուած է, յագեցած է ամէն ինչով, որ մարդկային հանճ արը կրցած է ստեղծագործել որոշ պահու մը: Մեր դարաշրջանը մենք ենք ուրեմն: Մեր պատկերն է ան լիովին: Մենք անոր մէջ թափած ենք մեր քրտինքը, եռանդը, հաւատքը, կիրքերը, անցեալի պահեստը եւ ներկայի մթերքը: Այսինչ դարաշրջանը կրնայ Ռոպեսփիեր մը տալ, ուրիշ մը` Նարեկացի կամ Թոլսթոյ: Ամէն մէկը ծնունդն է իր դարաշրջանին, որովհետեւ անկէ կ՛առնէ եւ անոր կը վերադարձնէ ինչ որ ունի, երբեմն նոյնիսկ ինչ որ չունի: Կան անշուշտ իրենց դարաշրջանին վրայ տիրապետողներ ալ. ես զանոնք կը կոչեմ բացառութիւնը:
Մարդոց ոգին հաշտ չէ միշտ ժամանակի ոգիին հետ, որ յառաջդիմական է, այս բառին հին առումով, եւ որ չի սիրեր կրկնել ինքզինք:
Կը պատմեն, թէ երբ Լամարթին իր «Խոկումներ»-ը ներկայացուց Տիտօ հրատարակիչին` անոր կարծիքը առնելու համար, բարեմիտ Տիտօ, ձեռագիրը կարդալէ ետք, դարձաւ ու ըսաւ երիտասարդ քերթողին. «Հասարակութիւնը պիտի չախորժի այս գործէն, որովհետեւ ոչ մէկ սեռի կը պատկանի ան, եւ դուք ալ ոչ մէկ դասական հեղինակի կը նմանիք»: Եւ ճամբեց բանաստեղծը: Սակայն երբ Լամարթին յաջողեցաւ իր միջոցներով հրատարակել «Խոկումներ»-ը, բովանդակ Ֆրանսա հիացումի ճիչ մը արձակեց:
Բարեմիտ Տիտօ չէր կրցած ըմբռնել ժամանակի ոգին:
Նման բան մը պատահեցաւ Հիւկոյին ալ: «Թշուառներ»-ու հեղինակին առաջին տողերը, որոնց մէջ իր յանդուգն, նորասէր միտքը կը ճառագայթէր արդէն, ողջունուեցաւ Պաուր – Լորմիանի սա հեգնական բառերով. «Հիւկոները ոտանաւոր կը գրեն անպատիժ կերպով»:
Պաուր – Լորմիան նոյնպէս չէր կրցած ըմբռնել ժամանակի ոգին:
Ու դեռ պէ՞տք է յիշել մերիններէն Ինտրան եւ Մեծարենցը:
Կը վախնամ, որ իմ ըսածներէն եւ ըսել ուզածներէն այն տպաւորութիւնը ստացուի, թէ ես ամէն ինչ կը կապեմ դարաշրջանի ոգիին, եւ թէ` գրականութիւնը դարաշրջանի հարց մըն է ինծի համար:
Այդպէս չէ:
Արուեստի գործի մը մէջ մեր փնտռածը ամէնէն առաջ եւ ամէնէն աւելի գեղեցկութիւնն է անշուշտ: Ամէն գրուածքի մէջ, ըլլայ վէպ, հնչեակ մը կամ տող մը միայն, ուր գեղեցկութիւն կայ, կը նշանակէ` գրականութիւն կայ: Ինքնին հասկնալի է ասոր հակադարձը, այսինքն ուր որ գեղեցկութիւն չկայ, հոն չկայ նաեւ գրականութիւն: Իսկ գեղեցկութիւնը բան մըն է, որ իր նպատակը իր մէջ ունի, եւ որ ո՛չ սեռ կը ճանչնայ, ո՛չ դասակարգ, ո՛չ կրօն, ո՛չ ժամանակ, ո՛չ տարածութիւն: Իրապէս ան վեր է այս բոլորէն, բայց միաժամանակ հպատակ է այս բոլորին:
Արուեստագէտը նախ իր նկարագիրն է, որ կը յայտնաբերէ իր գործին մէջ: Որքան մեծ է ու հզօր առաջինը, այնքան մեծ է ու հզօր երկրորդը (երբեմն ասոր հակառակն ալ կը պատահի…): Բայց ժամանակի ոգին ալ չէզոք ոգի մը չէ: Մեր կամքով թէ հակառակ մեր կամքին` իր անջնջելի կնիքը պիտի դնէ արուեստի գործին վրայ, մեր նկարագրին իսկ միջնորդութեամբ:
Արդ, մեր դարաշրջանին մէջ Նարեկ չի կրնար գրուիլ այլեւս: Ասիկա կը նշանակէ ժխտե՞լ Նարեկի անկրկնելի գեղեցկութիւնը: Ո՛չ երբեք: Ասիկա պարզապէս կը նշանակէ, որ մեր ժամանակի ոգին համընթաց չէ տասներորդ դարու ոգիին:
Ալֆրետ տը Վինէի կամ Պոտլերի, սենպոլիզմի նախակարապետները, Ստեֆան Մալարմէ, բուն իսկ «հայր»-ը այդ դպրոցին, պարզապէս ժամանակավրէպ են Էլիւարի եւ Արակոնի սերունդին համար: Բանաստեղծութեան «երկրաչափ»-ը` Ժոզէ Մարիա տը Հերետիա, որ Պառնասեան դպրոցին կատարելութիւնը կ՛անձնաւորէր, եւ որ ակնարկի ճշգրտութեան կը միացնէր ձեռքի ապահովութիւնը, «տարագիր» մըն է նոր ժամանակներուն համար:
Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնի սակայն նուազեցնել այս մարդոց արժէքն ու արժանիքը կամ ուրանալ անոնց բերած նպաստը համաշխարհային մշակոյթին:
Երբեմն ես ինծի կը հարցնեմ.
– Կարելի՞ է Ինտրայի ոճով խմբագրական գրել կամ Բիւզանդ Քէչեանի ոճով քերթուած մը յօրինել: Եւ կը պատասխանեմ. «Ո՛չ, կարելի չէ»:
Սակայն արուեստի մէջ ամէնուս մատչելի սահմանավայր մը չկայ: Պէտք է, որ արուեստագէտը ի՛նք ստեղծէ իր ոճը: Պէտք է, որ կարենայ ու գիտնայ վերանորոգուիլ: Հակառակ պարագային` կորսուած է:
Բ. ԹԱՇՃԵԱՆ