Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (24 Հոկտեմբեր 1965)

October 24, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ակնարկ

 Կեղծիք…

Վերէն վար` կեղծիք:

Թրքական թերթ մը` «Թերճիւման» (որուն խմբագրականէն մասեր տուած ենք քովի սիւնակներուն մէջ), աննախընթաց խստութեամբ մը կը քննադատէ վարչապետ Իւրկիւպլիւն` Պոլսոյ յոյներուն եւ Ֆեների պատրիարքարանին դէմ կատարած ծանօթ յայտարարութեան եւ մերկապարանոց սպառնալիքներուն համար:

Որեւէ այլ երկրի մէջ թերթի մը այս կեցուածքը մամլոյ ազատութեան եւ հակակշռող դերին արտայայտութիւնը պիտի նկատուէր, բացի Թուրքիայէն, ուր կեղծիքը արուեստի կարգ անցած է` կասկածի տակ առնելով ամէն խօսք ու ելոյթ:

Իւրկիւպլիւ պետական փորձառութիւն ունեցող մարդ է: Վայրկեան մը իսկ չենք կրնար մեր մտքէն անցընել, թէ վերջին յայտարարութիւնները ըրած է թեթեւօրէն, առանց խորհրդակցած ըլլալու այլ պատասխանատուներու հետ, որոնց շարքին կը գտնուի Ատալեթի նախագահը` Սուլէյման Տեմիրել, ապագայ վարչապետը:

Տասը տարի առաջ, երբ Պոլսոյ դէպքերը պատահեցան, թուրք մամուլը աւելի խիստ բառեր գտաւ Մենտերեսի ընթացքը պախարակելու համար: Բայց տարիները անցան, անցեալը մոռցուեցաւ եւ, Կիպրոսի խնդրին առթիւ, նոյն թուրք մամուլը ատելավառ արտայայտութիւններով թունաւորեց մթնոլորտը: Իւկիւպլիւ պարզապէս կը պաշտօնականացնէ մօտ երկու տարիէ ի վեր թրքական թերթերու կատարած գրգռութիւնները:

Նախագահ Ճեմալ Կիւրսելի հակազդեցութիւնը եւս մաս կը կազմէ խաղին: Երբ նախագահ մը հարկադրուած կ՛ըլլայ հրապարակային կերպով քննադատել իր նշանակած վարչապետը, ուրիշ ընելիք չ՛ունենար, եթէ ոչ` անմիջապէս հրաժարեցնել զայն: Պետական մարդու մը սպառնալիքները ջղայնութեան վերագրելը առնուազն պետական մարդու գործ չէ, եթէ կեղծիքը իր լայն բաժինը չունի այն դաւին մէջ, որ Թուրքիա կ՛ուզէ նիւթել Տիեզերական պատրիարքութեան եւ թուրքիաբնակ յոյներուն դէմ:

Ազդարարութիւնը տրուած է: Ամբողջ համայնք մը` խուճապի մատնուած: Որո՞ւ պիտի հաւատայ: Կիւրսելի՞, որ կը քննադատէ իր վարչապետը, բայց չի դիմեր իր «դժգոհութեան» տրամաբանական հետեւանքին, թէ՞ Իւրկիւպլիւի, որ ըսելիքը ըսաւ եւ կը շարունակէ տէր կանգնիլ իր ծանր սպառնալիքներուն:

Նախընթացները դժբախտաբար երկընտրանքի առիթ չեն տար:

X

 

Վիճակագրութիւն

Հայերուն Թիւը Աշխարհի Մէջ

«Հայրենիքի Ձայն»-ի սեպտեմբեր 12-ի թիւին մէջ Հ. Գրգեարեան հինգ միլիոն կը ներկայացնէ հայերու թիւը աշխարհի մէջ:

Ստորեւ, շահեկանութեան համար, կու տանք յօդուածագրին կազմած վիճակագրութիւնը:

Ներկայիս սփիւռքի հայերու ընդհանուր թիւը կը կազմէ մօտ 1.600.000: Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ` մօտ 300 հազար, Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ` մօտ 900  հազար, Ամերիկայի մէջ, մօտ 370 հազար: Բազմամարդ հայկական գաղութներ կան Մ. Նահանգներու (աւելի քան 300.000), Թուրքիոյ (աւելի քան 200.000), Սուրիոյ (մօտ 200.000), Ֆրանսայի (120 հազար), Իրանի (120.000) եւ Լիբանանի մէջ (100.000): Մեծ թիւով հայեր կ՛ապրին նաեւ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Արժանթինի, Պրազիլի, Ուրուկուէյի, Եգիպտոսի, Յունաստանի, Իրաքի, Կիպրոսի, Հնդկաստանի եւ կարգ մը ուրիշ երկիրներու մէջ:

1959-ին Խ. Միութեան մէջ տեղի ունեցած մարդահամարին տուեալներուն հիման վրայ հայերուն թիւը Խ. Միութեան մէջ 2.787.000 էր: 1965-ի գնահատութեամբ` 3 միլիոն 350.000:

Խ. Միութեան մէջ ապրող հայերուն մեծ մասը` 87,4 տոկոսը կը բնակի Անդրկովկասի մէջ: Հայերը ազրպէյճանցիներուն եւ վրացիներուն հետ կը հանդիսանան Անդրկովկասի երեք հիմնական ազգութիւններէն մէկը: Սակայն ի տարբերութիւն ազրպէյճանցի եւ վրացի ժողովուրդին` հայ ժողովուրդին տարաբնակութեան առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ անոր մէկ զգալի մասը` 44.3 տոկոսը կը բնակի Հայաստանէն դուրս` միութենական այլ հանրապետութիւններու մէջ, ըստ որուն, 31,8 տոկոսը հարեւան Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ:

Անդրկովկասէն դուրս հայերը մեծ թիւ կը կազմեն Ռուսիոյ (256 հազար), մասնաւորապէս Հիւսիսային Կովկասի մէջ (Քրասնոտարի երկրամաս` 78.200, Սթաւրոփոլի երկրամաս` 25.600, Չեչէն-Ինկուշական հանրապետութիւն` 13.200, Հիւս. Օսեթիա` 12.000, Տաղստան` 6.500 եւ Ռոստովի մարզ` 49.300): Մեծ թիւով հայեր կան նաեւ Մոսկուայի (18.800) եւ Լենինկրատի մէջ (4.500):

Կեդր. Ասիոյ հանրապետութիւններուն մէջ եւս մեծ թիւով հայեր կան. Ուզպեքիստանի մէջ` 27.400, մասնաւորապէս մայրաքաղաք Դաշկենտի մէջ` 10.500, Սամարղանտի մարզ` 7.700, Թուրքմենիա` 19.700 (մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ` 9.100), Մարիի մարզ` 5.100, հայեր կան նաեւ Ղազախստանի մէջ` 9.300, Տաճիկստանի մէջ` 2.900, Խըրխզիստանի մէջ` 1.900:

Հ. Գրգեարեան կ՛եզրակացնէ.

«Չնայած Հայաստանում բնակուող հայերի տեսակարար կշիռը ամբողջ Խ. Միութիւնում եղած հայերի ընդհանուր թուի նկատմամբ անընդհատ մեծանում է, այնուամենայնիւ, միութենական հանրապետութիւնների հիմնական ազգութիւններից ամէնից քիչ դեռեւս հայեր են բնակւում իրենց հանրապետութիւնում:

«Համեմատութեան համար նշենք, որ հարեւան ժողովուրդներից իրենց հանրապետութիւններում են ապրում վրացիների 96,6 տոկոսը, ազրպէյճանցիների 84,0 տոկոսը»:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ո՞վ Կ՛որոշէ Նոպէլեան Մրցանակ Ստացողները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.