Ծխախոտի Մշակութիւնը
Լիբանանի Մէջ
Պաթրունի ծխախոտ մշակողներու ընկերակցութիւնը մամուլի ասուլիս մը տուաւ, ուր Միշէլ Պիթար` ընկերակցութեան նախագահը, մանրամասնօրէն պարզեց ծխախոտի մշակութեամբ ապրող մօտ 33 հազար գիւղացիներու տնտեսական թշուառ վիճակը:
Տրուած զեկուցումէն երեւան եկաւ, որ ծխախոտ մշակող ընտանիքներ տնտեսական շատ ծանր կացութեան ենթարկուած են ծխախոտին աժան գնումին պատճառով: Ինչպէս գիտէք, տեղական մշակուած ծխախոտին գինը Ռեժին է, որ կը նշանակէ: Այսպէս, իւրաքանչիւր մէկ տէօնիւմ կ՛արտադրէ 72 քիլօ ծխախոտ` 400 լ. ոսկի արժելով գիւղացիին, այսինքն` քիլոն 555 դահեկան: Մինչդեռ Ռեժին գին որոշած է, ըստ տեսակի, քիլոն 300-495 դահեկան:
Ծխախոտի մշակութիւնը, ըստ Միշէլ Պիթարի, լիբանանեան գանձին կ՛ապահովէ շուրջ 36 միլիոն լ. ոսկիի տարեկան եկամուտ մը: Ապա, մետաքսի եւ ձիթապտուղի գործերուն անհետացումով, Պաթրունի գիւղացիներուն համար միակ զբաղումը ծխախոտի մշակութիւնն է: Յաճախ, գիւղացին ծխախոտը իր իրական արժէքէն պակաս գինով կը ծախէ: Հետեւանքը այն կ՛ըլլայ, որ գիւղացիները, թողլով իրենց հայրենական օճախը, կը բռնեն արտագաղթի ճամբան դէպի հեռաւոր Ամերիկաները. իսկ չգաղթող գիւղացիներն ալ կ՛իջնեն քաղաքները:
Ինչպէս կը տեսնէք, կ՛ըսէ Պիթար, ո՛չ «աջի» եւ ո՛չ «ձախի» խնդիր կայ հոս, այլ ընտանիքի մը համար մահու եւ կենաց հարց կայ: Ներկայ դարը կը պահանջէ, որ ընտանիք մը իր զաւակները դպրոց ղրկէ եւ ինքն ալ համեստօրէն կարողանայ ապրիլ: Բայց, դժբախտաբար, գիւղացիները անգործութեան, կեանքի սղութեան եւ պարտքերու տակ ճնշուած կ՛ապրին:
Միշէլ Պիթար կոչ կ՛ընէ մամուլի ներկայացուցիչներուն, որ արձագանգ ըլլան Պաթրունի գիւղացիութեան արդար եւ մարդկային պահանջներուն: Տրամաբանակա՞ն է, որ ապրուստի միջոցները սղին, իսկ ծխախոտի գիները մնան հին սակի վրայ:
Այս խնդրին առնչութեամբ, անցեալ հինգշաբթի, Պաթրունի ծխախոտ մշակողներուն կողմէ պատուիրակութիւն մը ներկայացաւ վարչապետ Ռաշիտ Քարամէի, որ միաժամանակ ելեւմտական նախարարի պաշտօնը ստանձնած է: Վարչապետը յայտնեց, թէ ներկայիս ելեւմտական նախարարութիւնը ի վիճակի չէ ծխախոտին գինը բարձրացնելու, երբ պետութիւնը հսկայական վնասի մէջ է ծխախոտի համաշխարհային գիներուն անկման պատճառով: Պատուիրակութիւնը խնդրեց, որ պետութիւնը հրաժարի գանձելի 4 միլիոն լ. ոսկիէն, զոր Ռեժիէն կը ստանայ իբրեւ շահաբաժին:
Ելեւմտական նախարարութեան ընդհ. տնօրէնը` Անտրէ Թուէնի, ընդունելով Պաթրունի ծխախոտ մշակողներու պատուիրակութիւնը, խոստացաւ քննել ներկայացած պահանջները Ռեժիի տնօրէնութեան հետ:
Անասուններու Թիւը
Լիբանանի Մէջ
Լիբանանի երկրագործական սպասարկութիւնը, ութ ամսուան աշխատանքներէ ետք, յաջողած է ճշդել Լիբանանի մէջ բուծուող անասուններուն թիւը, որ հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Այծ | 486.922 |
Ոչխար | 255.530 |
Արջառ | 129.102 |
Էշ | 40.861 |
Ջորի | 5221 |
Ձի | 2674 |
Ուղտ | 1014 |
921.324 |
Վիճակագրական վերի թիւերէն կը հետեւի, որ այծերուն թիւը մօտ կէս միլիոնի կը հասնի: Երկրագործութեան ընդհ. տնօրէնը Պահիճ Մեզհեր, կողմնակից է, որ այծի ներածումը Լիբանան արգիլուի, որ տարեկան 200 հազարի կը հասնի: Ապա կ՛առաջարկէ հետզհետէ վերջ տալ Լիբանանի մէջ այծաբուծութեան. իսկ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունեցող այծերը ժամանակի ընթացքին սպանդանոց բերել` վճարելով այժ գլուխ 10 լ. ոսկիի նուէր մը, այծին օրուան արժէքէն զատ: Այս բացառիկ հատուցումին գումարը պիտի հասնի շուրջ 5 միլիոն լ. ոսկիի:
Ինչո՞ւ այս առաջարկը:
Երկրագործութեան տնօրէնին կարծիքով, այծերը մեծ վնասներ կը հասցնեն ծառերու մշակութեան: Այսպէս, այծաբուծութիւնը Լիբանանի տնտեսութեան կ՛ապահովէ մօտ 8 միլիոն լ. ոսկի: Ուստի լիբանանեան ազգային ընդհանուր եկամուտը երբ 2000 միլիոն լ. ոսկի կը հաշուուի, առաջ գալիք վնասը չնչին տոկոս մը պիտի ներկայացնէ Լիբանանի տնտեսութեան համար: Արդէն կարգ մը դրացի երկիրներու եւ յատկապէս Եւրոպայի մէջ, զարգացնելու համար ծառաստաններու մշակութիւնը, մեծ աշխատանքներ կը տարուին այծաբուծութիւնը ջնջելու համար:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ