Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 10, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արարատի Փէշերուն

Վերջերս Հայաստան այցելեց պուլկար գրագէտ Վլատիմիր Նայտենով: Սոֆիա վերադարձին «Ռապրթնիչեսքօ Տելօ» օրաթերթին մէջ լոյս ընծայեց տպաւորութիւններու շարք մը: Ստորեւ` ակնարկներէն մէկը.

Արարատ լեռը Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուի, սակայն առանց անոր դժուար է պատկերացնել այդ հանրապետութեան մայրաքաղաքը: Այս լեռը անզգուական զարդ մըն է, որուն հետ թերեւս կարելի է համեմատել միայն Ֆուճիյաման (Ճափոն) եւ մասամբ ալ` Վիտոշը…: Արարատը միայն մէկ պակասութիւն ունի. ա՛յն, որ անհասանելի է: Անոր ստորոտէն կ՛անցնի Խորհրդ. Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ երկարող պետական սահմանագիծը: Բայց հայերը հպարտ են Արարատով: Անոնց համար այդ սրբազան կատարները տեսակ մը խորհրդանիշն են իրենց հայրենիքին:

Անշուշտ Հայաստան ունի ուրիշ բնական արժէքաւոր վայրեր ալ, որոնցմէ պէտք է յիշատակել Սեւանը, մեծ լիճ մը` տեղաւորուած ծովու մակերեսէն գրեթէ երկու քիլոմեթր բարձրութեան վրայ:

… Հայաստան փոքր երկիր է թէ՛ տարածութեամբ, թէ՛ բնակչութեամբ, Պուլկարիոյ հազիւ մէկ քառորդին չափ: Բայց այս երկրին ժողովուրդը մէկն է ամէնէն հին մշակոյթի տէր ժողովուրդներէն. ես անձնապէս համոզուեցայ ատոր, երբ այցելեցի Մատենադարան, այն մեծ գանձարանը, ուր կը պահուին  հին գիրքեր եւ ձեռագիրներ: Երկար դիտեցի միջնադարեան մանրանկարչութեան հրաշալի նմուշները:

Հայ ժողովուրդը միջնորդի պատմական դեր կատարած է հին ու նոր քաղաքակրթութիւններուն միջեւ: Բազմաթիւ հին գիրքեր մեզի հասած են ոչ թէ իրենց բնագիրներով, այլ` հայերէն թարգմանութեամբ: Եթէ չըլլար Հայաստանը, անոնք մարդկութեան համար ի սպառ կորսուած էին: Զենոնի «Յաղագս բնութեան»-ը, Եւսերիոս Կեսարացիի «Քրոնիկոններ»-ը» եւ հին ու միջնադարեան փիլիսոփայութեան, պատմագրութեան, կրօնական գրականութեան բազմաթիւ ուրիշ երկեր պահուած են միայն հայերէն թարգանութեամբ: Ճշդիւ չեմ գիտեր, թէ միջին դարերուն ի՞նչ դասական գիրքեր թարգմանուած են Պուլկարիոյ մէջ: Բայց հին մշակոյթին տէր հայերը կարողացած են դեռ Ե. եւ Զ. դարերուն իրենց սեփական լեզուով կարդալ Պոեւդօ Կլիստէնի «Աղեքսանդր Մակեդոնացիի պատմութիւն»-ը, Արիստոտելի «Ստորոգութիւնք»-ը, Եւգլիտեսի, Հիպոկրատի, Գալենի եւ տասնեակ ուրիշ հեղինակներու երկերը:

Այսօրուան հայերը, բնական է, անպայման չեն կարդար Արիստոտելի «Ստորոգութիւն»-ը, բայց մարդկային մշակոյթին տուած են Արամ Խաչատրեանի պէս երգահաններ, Մարտիրոս Սարեանի պէս նկարիչներ եւ Վիքթոր Համբարձումեանի պէս գիտնականներ: Միայն այս անունները բաւական են, որպէսզի աշխարհ յարգանքով վերաբերի այս փոքրիկ ժողովուրդին: Ոչ միայն այս հայերը իրենց ճկուն միտքով եւ ընդունակութիւններով յառաջդիմական տարր մը եղած են Կովկասի մէջ, որ կը ներկայացնէր բազմաթիւ ցեղերու եւ ազգերու, կրօնական դաւանանքներու եւ աղանդներու խառնարան մը: Եւ հայերը իրենց երկրին աշխարհագրական դիրքին համար շատ սուղ գին վճարած են. հրեաներէն եւ գնչուներէն ետք հազիւ թէ գտնուի ժողովուրդ մը, որ անոնց չափ անընդհատ եւ դաժան կերպով հալածուած ըլլայ:

 

Տնտեսական Կեանք

Շաքարի Նոր Գործարաններ

Աքքարի շրջանին մէջ, Թրիփոլիէն դէպի հիւսիս, շաքարի մեծ գործարան մը պիտի շինուի նախկին նախագահ Քամիլ Շամունի նախաձեռնութեամբ: Կարգ մը գործի մարդոց ընկերակցութեամբ, Ք. Շամուն Ֆրանսա մեկնեցաւ շաքարի գործարանին անհրաժեշտ սարքաւորումները ապսպրելու համար: Գործարանը ճակնդեղի շաքար պիտի արտադրէ: Արդարեւ, Աքքարը հարուստ եւ բարեբեր հողեր ունի ճակնդեղի մշակութեան համար: Տնտեսական կենսական կարեւորութիւն ներկայացնող այս ձեռնարկին համար տրամադրուած է 15 միլիոն լ. ոսկիի դրամագլուխ մը:

Շաքարի երկրորդ գործարան մըն ալ պիտի հիմնուի Պեքայի դաշտին մէջ` Հիւսէյն Մանսուրի նախաձեռնութեամբ: Այս գործարանի շաքարն ալ պիտի հանուի ճակնդեղէ:

Տնտեսագէտներու կարծիքով, այս երկու գործարաններուն շինութեամբ, երեք տարիէն, Լիբանանը ի վիճակի պիտի ըլլայ շաքարը արտածելու դէպի դրացի երկիրներ:

Հեռաձայնային Սպասարկութեան
Եկամուտները

Յառաջիայ տարուան` 1966-ի ելեւմտացոյցին մէջ հեռաձայնային եկամուտները գնահատուած են 25.750.000 լ. ոսկի: Այս գումարը պիտի գոյանայ հետեւեալ հասոյթներէն.

Գիծերու տեղաւորումէն 1.650.000
Հանրային խցիկներէն (քապին) 120.000
Ներքին եւ արտաքին հաղորդակցութիւններէն 12.300.00
Արտասահմանեան հաղորդակց. է 1.200.000
Բաժանորդներէն 10.000.000
Զանազան հասոյթներէն 250.000
Հին ապրանքներու վաճառքէն 100.000
Հեռաձայնի տարեցոյցէ 130.000

Գումար` 25.750.000

Ճամբաներու Ծրագրային
Աշխատանքներ

Հնգամեայ ծրագրային աշխատանքներուն մէջ նոր ճամբաներու շինութեան եւ հին ճամբաներու նորոգութեան համար 160 միլիոն  լ. ոսկի տրամադրուած է: Այս գումարին 39 միլիոնը պիտի յատկացուի մայրուղիներու եւ 18 միլիոն միջազգային ճամբաներու:

Այս առթիւ կառավարութիւնը որոշած է բանալ նոր ճամբաներ, նախ` հաղորդակցութիւնը յարմարցնելու համար երթեւեկութեան ներկայ պայմաններուն, ապա` դիւրացնելու համար զբօսաշրջիկներուն շրջագայութիւնը Լիբանանի մէջ: Ասկէ զատ, հեռաւոր շրջաններ եւ գիւղեր պիտի միացուին կարեւոր ճամբաներուն:

Իսկ գալով Պէյրութ քաղաքի եւ իր ընդարձակ արուարձաններուն, ուր խճողումին պատճառով հաղորդակցութիւնները չափազանց դժուարացած են, ծրագրուած է անմիջապէս նորոգութիւններու սկսիլ Պէյրութ-Սայտա, Թրիփոլի-Պէյրութ եւ Պէյրութ-Դամասկոս ճամբաներուն վրայ: Նկատի ունենալով, որ հողերու եւ կալուածներու արժէքները օրըստօրէ կը սղին, կառավարութիւնը կ՛ուզէ կարճ ատենուան մէջ հողային գնումները կատարել բացուելիք նոր ճամբաներուն եւ հին ճամբաներուն յատկացնելու համար:

Վերոյիշեալ 57 միլիոն լ. ոսկին հետեւեալ աշխատանքներուն պիտի յատկացուի: Այսպէս.

– Անթիլիաս-Խալտէ ճամբան պիտի միացուի Պէյրութի. 23 միլիոն լ. ոսկի:
– Խալտէ-Տամոր` 7 միլիոն լ. ոսկի:
– ՊԷյրութ-Դամասկոս (Ժամհուրի շրջան)` 5 միլիոն լ. ոսկի:
– Թրիփոլիի շրջան (Պահսաս Պատաուի)` 3 մ. լ. ոսկի:
– Պէյրութ-Դամասկոս` 7 մ. լ. ոսկի:
– Զահրանի- Պանիաս` 1.5 մ. լ. ոսկի:
– Շթորա-Զահլէ` 5 մ. լ. ոսկի:
– Զանազան շրջաններ` 5.5 մ. լ.ոսկի:

Գ. Ս.

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչպէ՞ս Են Ուքրանիացի Արմատականները Կապուած Սիրիայում Ահաբեկիչների Հետ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?