Դէպի Խոպան Հողերը
Վերջերս տուինք խոպան հողերու մշակութեան համար հինգ հարիւր հայ երիտասարդներու եւ երիտասարդուհիներու Հայաստանէն մեկնումի լուրը:
Կ՛ենթադրենք, որ մեր ընթերցողները սրտաբեկուած կարդացին այս լուրը:
Որովհետեւ, երբ իր երկրին մէջ հայը չի կրնար քարքարուտ հողերէն խլել իր սնունդին համար բաւարար բերք, վերցնել զայն եւ տանիլ հեռաւոր խոպան հողեր արգասաւորելու տաժանելի աշխատանքին լուծել` անբարեխղճութիւն է պարզապէս:
Իր ափ մը հողամասին վրայ հայութիւնը կ՛ապրի բոլորէն ուրացուած:
Կ՛ապրի սիրտը կոտրած, վասն զի տարիներէ ի վեր իր հողերը խլուած եւ տրուած են հարեւաններու, որոնց հայրենիքը քանի մը անգամ աւելի ընդարձակ է եւ օժտուած` բնական անսպառ հարստութիւններով:
Հայերէն աւելի` թաթար ժողովուրդները մօտ են խոպան հողերու տէր իրենց ցեղակից ազգերուն, եթէ ընտրութիւն մը ընել պէտք էր, այդ ժողովուրդներն է, որ պէտք էր երթային մշակելու իրենց ազգակիցներուն դաշտերը:
Մոսկուա շատ լաւ գիտէ, որ Հայաստան փոքրիկ երկիր մըն է: Ան չի կրնար իր ծոցին մէջ տեղ տալ սփիւռքի եւ Խորհրդային Ռուսիոյ մէջ տարագնաց շուրջ երեք միլիոն հայերուն:
Եթէ Հայաստանի վերադարձուէին իրմէ խլուած եւ ուրիշներուն շնորհաբաշխուած անոր հողերը, այսօր աւելի քան չորս միլիոն հայեր պիտի բնակէին իրենց երկրին մէջ:
Կայ աւելի՛ն:
Օգտուելով Պրեսթ-Լիթովսքիի մէջ կնքուած ռուսեւթուրք դաշինքէն` թուրքերը գրաւեցին Հայաստանի ամէնէն արգասաբեր հողերը:
Հարուստ Շիրակի շրջանը խլուեցաւ Հայաստանէն` թոյլատու աչքերուն առջեւ Մոսկուայի, եւ Հայաստան մնաց մեծ մասամբ քարքարուտ եւ լեռնային շրջաններով:
Հիմա, առանց մտածելու այս ժողովուրդին ճակատագրին մասին, զայն կ՛ուզեն գրաստի պէս աշխատցնել: Վերցնել իր երկրէն, տանիլ հեռաւոր խոպան վայրեր, ուր, կ՛ենթադրենք, ամէն ինչ խոպան է, սկսած` բարոյականէ եւ կենցաղային տարրական յարմարութիւններէ:
Անշուշտ այդ հողերու մշակութեան համար տարուած են նաեւ օտարազգի երիտասարդներ: Ուրիշ ցաւ մըն ալ` ատիկա: Ձուլման փորձերը այդ կերպով աւելի խօսուն արդիւնքներ կրնան տալ:
Ամէն ազգի այդ երիտասարդութիւնը կ՛ապրի հեռու ծնողներէ, ազգային առաջնորդներէ եւ մշակոյթի կեդրոններէ:
Անոր լսածը պիտի ըլլայ առաւելաբար ռուսերէն, տեսածը` ռուսական ժապաւէններ, ունկնդրածը` ռուս քարոզիչներ եւ «վայելածը»` սանձարձակ ազատութիւն: Նոր տեսակի գերութեան դառնութիւնները մոռնալու համար անոր պիտի ներուի ամէն ինչ:
Մոսկուա մէկ քարով երկու թռչուն կ՛որսայ ահա:
Ան ձրի կ՛աշխատցնէ ամէնազգի երիտասարդութիւնը` ուրիշներու խոպան հողերուն վրայ: Եթէ արդիւնք մը ստացաւ, լա՛ւ, եթէ առաջուան պէս թափուած ջանքերը մնացին ապարդիւն, փորձին օգուտը այն կ՛ըլլայ, որ հարիւր հազարաւոր երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կը շինեն իրենց խառն բոյները, եւ Լենինի երազած ու քարոզած բնական ձուլումը, յօգուտ ռուս ցեղին, կու տայ իր արդիւնքները:
Այս փորձերը կը կատարէ այն Մոսկուան, որ ատենին արգիլեց Հայաստանի հարիւր հազար քիւրտերուն մեսրոպեան տառերով գրել-կարդալ սորվիլ եւ պարտադրեց ռուսական տառերը: Նպատակը շատ որոշ էր:
Ձուլման բնական միջոցները այնքան շատ ըլլալով հանդերձ Ռուսիոյ մէջ, Մոսկուա քանի մը տարիէ ի վեր կ՛աշխատի խոպան հողերու անունով նոր փորձեր կատարել:
Այդ փորձերը կ՛ըլլան պետութեան մը կողմէ, որ շատ լաւ գիտէ, թէ ցարական իշխանութեան օրով ռուսական ցորենը կ՛ողողէր աշխարհը:
Այժմ ցորենի ահաւոր տագնապ մը կ՛ապրի Ռուսիա: Ան փոխանակ փնտռելու իրական պատճառները այդ տագնապին, փոխանակ վտիտ բերք տուող նախահոկտեմբերեան դաշտերը արգասաբերութեան աստիճանին հասցնելու` զարտուղի միջոցներով կը հետապնդէ ուրիշ նպատակ:
Այս բոլորէն ան ոչինչ կը կորսնցնէ առայժմ: Ընդհակառա՛կն: Եթէ կորսնցնող մը կայ, առաջին հերթին մենք ենք` փոքրագոյն հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան, որ քառասուն տարիէ ի վեր ակնկառոյց կը սպասէ, որ իբրեւ նուէր ուրիշներու տրուած իր հողերը իրեն վերադարձուին:
(Խմբ. «ԱՐՄԵՆԻԱ»-ի)
ԿՈՉ
Եթէ մտեր էք հայկական որեւէ գիւղէ մը ներս ու մօտեցեր որեւէ աղբիւրի, ձեր պապակը յագեցնելու համար, անպայման տեսած էք, այդ աղբիւրին վրայ մարմար մը, որուն վրայ քանդակուած է այդ աղբիւրը հաստատող ընտանիքին անունը` Խառալենց, Տիլէնենց, Տէրէճոնց եւն. աղբիւրներ: Ու եթէ հետաքրքրուած էք այդ աղբիւրներուն թիւովը, եկած էք այն եզրակացութեան, որ այդ գիւղը սկսած է այդ քանի մը ընտանիքներով, որոնք եկած են այդ կողմերը, վրան լարած են այդ ակերուն մօտիկ եւ բնակութիւն հաստատած եւ քանի մը տասնեակ տարիներ ետք այդ վայրին տուած են գիւղի կերպարանք:
Յաւէտ երջանկայիշատակ Ստեփանոս արք. Յովակիմեան, հովուական իր այցելութիւններուն ընթացքին, հանդիպած ամէն մէկ գիւղին մէջ աղբիւր մը կը շինէր, մարմար մը կը զետեղէր ու վրան թուական մը կ՛արձանագրէր:
Այս է եղած մեր ժողովուրդի աւանդական սովորութիւնը, որովհետեւ հաւատացած է, որ աղբիւրին մօտեցողը, իր պապակը յագեցնելէ ետք`
– Օ՜խ… լուս իջնէ աս աղբիւրը շինողին գերեզմանին,- կ՛ըսէ ու կը շարունակէ իր ճամբան:
Ու մենք կը հաւատանք, որ տակաւին հայ ժողովուրդին մէջ կը մնայ այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ՛ըսենք, թէ հայ ծերանոց մեծ ընտանիքի բնակիչները ջուրի տագնապ ունին, որովհետեւ ընկերութենէն հայթայթուած ջուրի ծախքը ծանր կը կշռէ ծերանոցի պիւտճէին:
Մտադրուած է ամէն գնով գոհացում տալ ծերունիներու պահանջին` իր պարտէզին մէջ հոր մը փորելով, այն պարտէզին մէջ, որուն ջուրը նշանաւոր է այն օրերէն ի վեր, երբ այս թաղամասը ամբողջութեամբ պարտէզ էր` Փաշային պարտէզը անունով, եւ ուր հալէպցին կ՛երթար իր ընտանիքով կիրակիները անցընելու: Ծախք կը նախատեսուի 1500 տոլար կամ 6000 սուրիական ոսկի:
Որո՞ւ պիտի վիճակի արդեօք այդ հորի կնքահայրութեան պատիւը, որպէսզի այր եւ կին մեր ծերունիները առտու իրիկուն մաղթեն ու բարեմաղթեն ըսելով. «Աստուած ողորմի այս հորը շինողներուն ննջեցեալներուն հոգւոյն»:
ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻ
