Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (2 Նոյեմբեր 1965)

Նոյեմբեր 2, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսական Փոխառութիւն Եւ
Լիբանանի Ծրագրային Աշխատանքները

Ներկայիս Փարիզի եւ Պէյրութի միջեւ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան 100-150 միլիոն Լ. ոսկիի փոխառութիւն մը կնքելու համար: Ստացուած լուրերուն համաձայն, այս փոխառութիւնը պիտի յատկացուի լիբանանեան հնգամեայ ծրագրային մեծ աշխատանքներուն, որոնց ծախքերուն ընդհանուր գումարը կը հասնի մօտ 1.080 միլիոն լ. ոսկիի:

Այս առթիւ, ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` մեծ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներէն, շուտով Պէյրութ պիտի հասնի մօտէն ծանօթանալու համար Լիբանանի մէջ կատարուելիք աշխատանքներուն:

Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի մէջ ծրագրային մեծ աշխատանքներուն իրագործումը հսկայական գումարներու կը կարօտի: Այսպէս` Պեքաայի մէջ ամբարտակներու շինութիւն, օդակայանի արդիականացում, Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնում, Պէյրութի բարեզարդում, նոր պողոտաներու բացում, Պէյրութ-Թրիփոլի, Պէյրութ – Սայտա, Պէյրութ-Շթորա-Պաալպեք մայրուղիի շինութիւն, Թրիփոլիի տօնավաճառը, որոնք հնգամեայ ծրագիրներով պիտի իրագործուին:

Հնգամեայ առաջին շրջանին համար (1965-1969) կառավարութիւնը վաւերացուց 272 միլիոն լ. ոսկիի նախահաշիւը, որուն միջոցով ստիպողութեան կարգով հետեւեալ աշխատանքները պիտի սկսին.

– Ժողովրդային բնակարաններ,
– Հիւանդանոցներ,
– Դարմանատուներ,
– Տարրալուծարաններ,
– Համալսարանականներու աւան,
– Արհեստագիտական դպրոցներ,
– Ոռոգումներու սիստեմներ,
– Ելեկտրականութիւն:

Ինչպէս քիչ վերը ըսինք, ծրագրային մեծ աշխատանքներուն ծախքերուն ընդհանուր գումարը, որ 1,080 միլիոն լ. ոսկիի կը հասնի, հետեւեալ ձեւով բաժնուած է.

Միլիոն լ. ոսկի
Ըմպելի ջուրի 65
Քատասթրի 12
Ելեկտրականութեան 42
Իւրպանիզմի 22
Գետերու կանոնաւորման 20
Ճամբաներու 155
Օդակայանի 17
Նաւահանգիստի 16
Երկաթուղիի 12
Երկրագործութեան 72
Ձկնորսութեան 10
Ոռոգումի 123
Ճարտարարուեստի 27
Զբօսաշրջութեան 45
Կրթական գործի 49
Հնագիտութեան 19
Գիտական հետազօտութեան 27
Առողջապահական գործին 45
Ընկերային ապահովութեան 65
Ժողովրդային բնակարաններու 60
Ընկերային սնտուկի 60
Ծրագիրներու պատրաստութեան 1
Պետական շէնքերու եւ լիբանանեան համալսարանի 92
Պաշտօնէութեան օժանդակութեան 15
Չնախատեսուած 9
1.080

Այս ծրագիրներուն մէջ չեն մտներ Պէյրութի օդակայանին արդիականացման ծախքերը, որոնք 15 միլիոն ոսկիի կը հասնին: Կառավարութիւնը կրկին քննութեան պիտի ենթարկէ իւրաքանչիւր նախարարութեան պատկանող գործերը, եւ պիտի ճշդուի աշխատանքներուն ձեւը: Կը ծրագրուի կա՛մ ուղղակի կառավարութեան միջոցներով գործադրել` վստահելով տեղական յանձնառու ընկերութիւններուն եւ յանձնել օտար ընկերութիւններու` վճարումները բաժնելով 10-15 տարի պայմանաժամերու:

Վերջերս լիբանանեան կառավարութիւնը իր հաւանութիւնը տուաւ իտալական կառավարութեան այն առաջարկին, որ կը նախատեսէ 25 միլիոն տոլարի (75 միլիոն լ. ոսկի) դրամագլուխ մը յատկացնել Լիբանանի ծրագրային աշխատանքներուն համար` ստանալով հարիւրին 4 տոկոս: Այս դրամագլուխը պիտի գործածուի իտալական ընկերութեան մը միջոցով: Այս ուղղութեամբ, բանակցութիւնները պիտի սկսին լիբանանեան եւ իտալական կառավարութիւններուն միջեւ:

ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ

 

 

Աշխատաւորներու Ընդհանուր
Համադաշնակցութեան Ժողովը 

Աշխատավարձերը 10 Առ Հարիւր Աւելցնելու
Առաջարկ Կը Ներկայացուի

Երէկ իրիկուան իր առաջին ժողովին Աշխատաւորներու ընդհանուր համադաշնակցութեան համագումարը (Սէ. Ժէ. Էլ. Թէ.) աւարտեց օրակարգի վրայ արձանագրուած կարգ մը հարցերու քննութիւնը: Այդ հարցերը կը վերաբերէին կրթութեան, ապրուստի սղութեան եւ բնակարաններու ծրագրին: Համագումարի պատուիրակներուն կողմէ ներկայացուած գլխաւոր պահանջներուն մէջ կը գտնուի աշխատավարձերը 10 առ հարիւր աւելցնելու առաջարկ մը:

Սէ. Ժէ. Էլ. Թէ.ն տարեկան իր չորրորդ համագումարին ձեռնարկեց ի ներկայութեան 65 բանուորական սենտիքաներ ներկայացնող սենտիքայական չորս միութիւններու:

Քննուեցան հետեւեալ հարցերը.

1.- Կրթական – Համագումարին անդամները յանձնարարեցին, որ նախակրթութիւնը ըլլայ պարտադիր ու ձրի եւ կազմուի յանձնախումբ մը, որ հակակշռի տակ պիտի առնէ եւ նոյնացնէ դասագրքերը:

2.- Բնակարան – Բնակարանի նոր ծրագիրը, բարեփոխուած ձեւին մէջ, չի նախատեսեր բանուորներու եւ պաշտօնեաներու ներկայութիւնը վարչական  խորհուրդին մէջ:

Ուստի պատգամաւորները պահանջեցին, որ այդ ծրագիրը փոփոխութեան ենթարկուի:

3.- Ապրուստի սղութիւնը. Միացեալ սենտիքաներու կողմէ պատրաստուած վիճակագրութիւններու լոյսին տակ, պատգամաւորները պահանջեցին, որ շուկաներ ստեղծուին երկրի զանազան շրջաններուն մէջ, որպէսզի միջնորդներու հետզհետէ աճող թիւը պակսի: Պահանջեցին նաեւ աշխատավարձերու 10 առ հարիւր յաւելում մը` 1964-65 տարիներու ընթացքին ապրուստը սղած ըլլալով:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քաղաքականութիւնը Իտէալի Մը Կը Ծառայէ, Թէ՞ Չարաշահութեան Դիմակահանդէս Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?