Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (28 Հոկտեմբեր 1965)

Հոկտեմբեր 28, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Եւ Նետեր

 Ցուցահանդէս 

Անգլիական Տաղաւար

Ուինսթըն Չըրչիլի մահէն ետք շատ բաներ գրուեցան իր մասին:

Ուշադրութիւնս գրաւեց պարագայ մը: Չըրչիլ մեռաւ 90 տարեկանին: Այդ երկարակեցութիւնը վերագրեցին մոլութիւն մը չունենալուն:

Մինչդեռ մոլութիւններ ունէր Չըրչիլ: Եթէ չունենար, չէր կրնար ապրիլ իննսուն տարի: Մարդ արարածը կը ճայթի ու կը պայթի ձանձրոյթէն, առանց մոլութեան:

Օրական կը ծխէր քսան տիտանեան սիկար: Ասիկա մոլութիւն չէ՞:

Ամէն օր, ամէն ճաշի կանոնաւորաբար կ՛ըմպէր բարձրաբերձ բաժակ մը շամփայն (շփացածներուն ըմպելին), ճաշէն ետքն ալ կը կոնծէր գաւաթ մը քոնեաք (գաւաթն ալ, ըստ պատկերին, յուռթի ու յղի կնոջ նմանակ):

Եւ ասոնք մոլութիւններ չէին, որովհետեւ գործադրողը Չըրչիլն էր:

Կրնան առարկել, որ շամփայնը սնունդ է, իսկ քոնեակը մարսողական: Սիկարն ալ` քանսերասպան:

Երբ մարդիկ մէկը գովել ուզեն, անոր մոլութիւններն անգամ կը ներկայացնեն իբրեւ առաքինութիւն: Իսկ եթէ քննադատել ուզեն, անոր առաքինութիւններն անգամ կը վերածեն մոլութեան:

Վա՜յ եթէ սիկարամոլութիւն, շամփայնամոլութիւն եւ քոնեակամոլութիւն ուրիշ մը ունենար եւ միջոցներէ զուրկ ըլլալով` չկարենար գոհացնել իր մոլութիւնները եւ տուայտէր եւ տառապէր… Մարդիկ անոր համար պիտի ըսէին.

– Թո՛ղ սատկի… Չըրչիլ մը չէ, այլ` չնչին արարած մը:

Առանց մոլութեան մարդիկ քիչ կան:

Առանց մոլութեան մեծ մարդիկ բնաւ չկան:

Այս այսպէս է, դժբախտաբար:

Ֆրանսական Տաղաւար

Փարիզի մէջ բացուեցաւ նոր ակումբ մը:

Տարի մը եթէ մտածէք, չէք կրնար գտնել, թէ ի՛նչ տեսակի տարօրինակ մարդոց հաւաքավայրն է:

Ըսենք, խոշոր քիթ ունեցողներուն ակումբն է: Պէտք է քիթի մեծութիւն ունենալ` կարենալ անդամակցելու համար ակումբին:

Խոշորաքիթներու ակումբին նպատակն է իր անդամներն ու մանաւանդ անդամուհիները պաշտպանել ծաղրանքէ:

Զգուշանալով որեւէ ծաղրական արտայայտութենէ, սա չափը ըսենք, որ մենք` հայերս կը կարծենք, թէ ամէնէն խոշորաքիթ ազգը մե՛նք ենք: Պէտք է գիտնալ, որ հրեաներն ու ֆրանսացիներն ալ ունին պատուական ու պատկառելի քիթեր:

Երբ հեռատեսիլի մէջ կ՛երեւին ֆրանսացի պետական անձնաւորութիւններ, անոնց ասորա-բաբելական կամ հիթիթ-ուրարտական քիթերը տեսնելով` մեր հայրենակիցները կ՛աղաղակեն.

– Սա քիթերուն նայեցէք… մա փարոլ, ասոնց քիթերէն մէկական քիլօ սխտոր կարելի է կախել… Ասոնք ծագումով կա՛մ հրեայ են, կա՛մ հայ… քէ՜լ նէ, քէ՜լ նէ…

Նոր ակմբականներուն ունինք միայն մէկ դիտողութիւն. խոշորաքիթները փոխանակ ակումբ կազմելով` ծառանալու ծաղրանքի դէմ, պէտք է դիմեն արմատական միջոցի մը, որ սրբագրութիւնն է քիթի, այսինքի դիմելու են գեղագիտական վիրաբուժութեան եւ իրենց քիթերը դարձնելու են բարեձեւ, ներկայանալի:

Արդեօք չե՞ն ուզեր բաժնուիլ իրենց կորովալի ու կարկառուն քիթերէն` միաժամանակ զերծ ըլլալով ծաղրանքէ…

Այդ երկու փափաքներուն իրագործումը կը թուի անկարելի:

Ծաղրել ուզողը իր մտքին մէջէն ալ կրնայ ծաղրել բան մը, առանց խօսքի:

Կրնայ ծաղրել նայուածքով, աչքերով, յօնքով, ծամածռութեամբ, առանց քիթը խոթելու վտանգի մէջ:

Նոր ակումբին զինանշանը պէտք է ըլլայ քիթ մը, որ իբրեւ կախաղան կը ծառայէ ծաղրողին:

Միջեւրոպական Տաղաւար

Եւրոպացի քառասուն ծանօթ անձնաւորութիւններ կ՛առաջարկեն, որ 1965-ի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակը տրուի միջազգային լեզուին` էսփերանթոյին:

Դուրսը հարիւր քառասուն անծանօթ թուրք կոկորդներ ալ կ՛աղաղակեն.

– Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը 1965-ին տրուելու է գայլերէնի ու աղուէսերէնի: Մէկը` գրաբար, միւսը` գաւառաբարբար: Այդ լեզուներուն հմուտն է մեր Ըսմեթ փաշան: Ան պէտք է ստանայ միլիոնները մրցանակին: Գայլերէնով ու աղուէսերէնով է, որ իրենց յաւիտենական խաղաղութեան տիրացան գառնուկներ, ոչխարներ, այծեր ու հաւեր, որոնք եթէ ողջ ըլլային, իրենց աղմուկներով պիտի խանգարէին խաղաղութիւնն աշխարհի:

Յուսալի է, որ մրցանակը շահի Ըսմեթ փաշան, քանի որ մեր ժամանակաշրջանը համակրանք ու հիացում ունի հանդէպ գայլերուն եւ աղուէսներուն: Կենդանիներու պապան ընկերութիւններն ալ ուժ կու տան Ըսմեթին:

Հայկական Տաղաւար

Հայաստանի մէջ հայ մասնագէտներ պատրաստած են նախագիծը հաւաբուծական մեծ գիւղի մը, ուր պիտի բուծանեն տարեկան չորս միլիոն հաւ: Պիտի շինուին հարիւր ագարակներ, որոնք օրական տասներկու հազար վառեակ պիտի արտադրեն: Պիտի ստացուի մեծ քանակութեամբ հաւկիթ:

Հայ լեզուն պիտի շահի, այդ առթիւ, շարք մը նոր բառեր:

Կ՛առաջարկենք հետեւեալ բառերը.

Հաւաւան = շինուելիք գիւղին անունը:
Հաւահաւաքոյթ = հաւերու խումբ:
Հաւասէր, հաւամոլ = հասկնալի են:
Հաւագէտ = մասնագէտ հաւաբոյծ:
Հաւագող = խաչագողին նոր տեսակը:
Հաւահանճար = հաւու խելք ունեցող:
Հաւահամայնավար = հաւերու համայնքը վարող ու ինքն ալ խաշուող կամ խորովուող:

Ըստ խրուշչովեան խոստումին, 1970-ին Խ. Միութեան մէջ ամէն մէկ քաղաքացի պիտի ունենար օրական մէկ հաւկիթ: Չհաւատացի այդ խոստումին: Բայց հիմա, Հաւաւանին կառուցումով, կը հաւատամ, որ 1970-ին Հայաստանի բնակիչները կրնան ունենալ օրական մէկ հաւկիթ, եթէ խորհրդային եղբայր հանրապետութիւնները, հայոց հաւկիթներուն հաւնելով, եղբայրաբար չյափշտակեն, չտանին…

Թրքական Տաղաւար

Պոլսոյ ոստիկանապետը յայտարարած էր.

– Պոլսոյ մէջ ոճիրները կը նուազին:

Ոստիկանապետին այս յայտարարութիւնը հերքելու համար, հետեւեալ օր, Պոլսոյ թուրք ոճրագործները կը գործեն ութ ոճիր:

Հերքում ասո՛ր կ՛ըսեն:

Թրքական գաւառներն ալ իրենց յաւելեալ հերքումները պիտի փութացնեն, մինչեւ որ ոստիկանապետը յայտարարէ.

– Թուրքիոյ մէջ ոճիրները կը բարգաւաճին սաստկօրէն: Նոր ոճեր կը ստեղծուին ոճրագործական: Ոճիրի ասպարէզին մէջ մեր յառաջդիմութիւնը կասեցնել կարելի չէ:

Այսպիսի յայտարարութիւն մը վախ չկայ որ հերքուի:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

 

Տաճատ Արք. Ուրֆալեան
Եւ Գարեգին Եպ. Սարգիսեան
Ընդունուեցան Պապին Կողմէ

Պապը ընդունեց հայ լուսաւորչական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան եւ Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ ու Հայ եկեղեցւոյ կողմէ Տիեզերական ժողովի մօտ դէտ Գարեգին եպս. Սարգիսեան: Պատուիրակութեան կ՛ընկերանար Եկեղեցիներու միութեան քարտուղար Ժան Ուիլլեպրանտ:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պէյրութ Եւ Շրջանները Երկարատեւ Ու Ահաւոր Ռմբակոծումներու Տարափին Տակ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?