50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (10 Դեկտեմբեր 1965)

Ակնարկ Խրուշչեւեան Լեզու Նիքիթա կրնար անվարան իր ստորագրութիւնը դնել այն յայտարարութեան տակ, որ անցեալ երեքշաբթի ունեցաւ Խորհրդային Միութեան վարչապետ Ալեքսի Քոսիկին` ընդունելով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագրապետը: Քոսիկին, որ կշռադատ եւ ծանրախոհ ղեկավարի համբաւ ունէր ցարդ եւ իր պաղարիւնը չէր կորսնցուցած նոյնիսկ այն օրը, երբ ամերիկացիք առաջին անգամ ըլլալով ռմբակոծեցին Հիւսիսային Վիեթնամը` իրեն բարիգալուստ մաղթելու եզակի եղանակով մը, այս անգամ գործածեց այնպիսի լեզու մը, որ կը յիշեցնէ խորհրդային եւ ամերիկեան Պաղ պատերազմի ամէնէն տաք օրերը: Այլեւս սովորական դարձած երեւոյթով մը Քոսիկինի յայտարարութեան զուգադիպեցան բողոքի ցոյցեր Մոսկուայի եւ խորհրդային այլ քաղաքներու մէջ` ընդդէմ Վիեթնամի ամերիկեան քաղաքականութեան: Եթէ այս երեւոյթները կապենք այն իրողութեան,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (9 Դեկտեմբեր 1965)

Ակնարկ Տը Կոլ Եւ Սինսինաթի Զօրավարը պիտի մնայ: Յաղթահարելով արժանապատուութեան հետ կապուած որոշ դիւրազգածութիւններ, Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահը, կիրակիի ընտրութիւններուն ձայներու 43 առ հարիւրը ստանալէ ետք, որոշեց մասնակցիլ դեկտեմբեր 19-ի նախագահական ընտրութիւններուն` մրցակից ունենալով ձախակողմեան հոսանքներու միակ թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանը: Կասկած չկայ, որ զօրավար տը Կոլ պիտի ընտրուի դեկտեմբեր 19-ին, որովհետեւ այն ձայները, որոնք դեկտեմբեր 5-ին պատճառ դարձան իր ձախողութեան (Լըքանուէի 3.770.771 ձայները, Թիքսիէ-Վինիանքուրի 1.261.095 ձայները, Մարսիլասիի 414.056-ը եւ Պարպիւի 278.422-ը), եթէ ոչ ամբողջութեամբ (ինչ որ անհնար է, մանաւանդ` աջակողմեաններու պարագային) առնուազն որոշ տոկոսով մը պիտի գան իրեն, որովհետեւ ո՛չ Լըքանուէի եւ ո՛չ ալ երկրորդական միւս թեկնածուներուն ետեւ կեցող ուժերը պիտի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1965)

Սիմոն Վրացեանի Բացման Խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութեան Առիթով 75 տարիներ առաջ, 1890 թուականի ամառը, արեւելահայութեան մտաւոր եւ տնտեսական կեդրոն Թիֆլիս քաղաքի մէջ հիմը դրուեցաւ մի կազմակերպութեան, որի 75-ամեակը կը տօնենք այսօր: Այդ կազմակերպութիւնը Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է: Սկիզբի շրջանին կը կոչուէր Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն: Որովհետեւ հիմնադիրներու նպատակն էր միացնել մինչեւ այդ գոյութիւն ունեցող բոլոր յեղափոխական կազմակերպութիւնները, խումբերը, անհատները մէկ կազմակերպութեան մէջ, Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն անունով: Բայց, որոշ պայմաններով, այդ միութիւնը բոլոր կազմակերպութիւններու տեղի չունեցաւ եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութիւն, այսինքն` մէկ նոր կազմակերպութիւն, գոյութիւն ունեցող կազմակերպութիւններուն մէջ: Պէտք է յիշել ժամանակը: Հայ կեանքը յուզումնալից շրջանի մէջ էր: Դեռ նոր վերջացած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (7 Դեկտեմբեր 1965)

Ձեռնարկներու Նախօրէին Հայկական Ժամադրութիւն Խօսք կու տաս ժամը 9:00-ին գալ, կը հասնիս ժամը 10:00-ին: Երբ մեղադրանքի խօսք լսես, իբրեւ ինքնարդարացում` կը բաւէ, որ ժպտիս եւ ըսես. - Աղուո՛րս, հայկական ժամադրութիւն է, չէ՞... Հարցը կը փակուի: Եւ երբ ուզես, որ ժամադրութիւն մը յարգուի, անպայման պէտք է ընդգծես. - Նայէ՛, ժամը 9:00-ին, հա՞: Մեր ժամադրութիւնը հայկական չըլլայ... Հայկական շատ բաներ պատուական են: Բացի` ժամադրութիւններէն: - Ժամանակը ի՞նչ արժէք ունի, եղբա՛յր: Կէ՛ս ժամ առաջ, կէ՛ս ժամ ետք: Մենք Ֆրենկ չենք: Արեւելքցիներս մեր ուրոյն փիլիսոփայութիւնը ունինք: Մեր պատմութեան ընթացքին նկատուած ենք կամուրջ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ, Արեւելքի վրայ բարձրացող մեր հիմքերը ճզմած են ժամանակի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Դեկտեմբեր 1965)

«Քափիթոլ»-ի Ընդարձակ Սրահին Մէջ Եւ Խուռներամ Բազմութեամբ ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակը Փառահեղ Շուքով Եւ Տպաւորիչ Հանդիսութեամբ Տօնակատարուեցաւ Երէկ ՀՅ դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, փառահեղ եւ արժանավայել շուքով տօնուեցաւ Դաշնակցութեան 75-ամեակը, երէկ` 5 դեկտեմբեր, առաւօտեան ժամը 10:30-ին սինեմա «Քափիթոլ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ, ուր խուռներամ բազմութեամբ փութացած էին ընկերներ, համակիրներ ու բարեկամներ` լսելու մեր կուսակցութեան խօսքը: Հանդիսութեան ներկայ եղան պետական երեսփոխաններ, քաղաքական անձնաւորութիւններ, ազգային ծանօթ դէմքեր եւ ՍԴ հնչակեան կուսակցութենէն պատգամաւորութիւն մը: Երէկուան հանդէսով, ՀՅ դաշնակցութիւնը անգամ մը եւս առիթը ունեցաւ իր շունչին ջերմութիւնը եւ հմայքին զօրութիւնը փոխանցելու ժողովրդային լայն զանգուածներուն, որոնք խոր տպաւորութեամբ ունկնդրեցին բանախօսներու կատարած բնորոշումները Դաշնակցութեան գործին եւ ունեցած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական  Նոր Հորիզոններ (ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակին Առիթով) «Դաշնակցութիւնը մեր նահատակներու թափօրն է», ըսեր էր առիթով մը Ալեւոր Գրագէտը` Յ. Օշական: «Դաշնակցութիւնը մեր հերոսներու փառահեղ շքերթն է», կրնանք աւելցնել մենք: Նահատակներու եւ հերոսներու կամաւոր բանակ մը, արդարեւ, որ հրաբխային երկունքէ մը ետք պայթեցաւ կարծես Հայկական Բարձրաւանդակի խռովայոյզ ընդերքներէն, հայոց հնաւանդ պատմութեան խորագոյն խորերէն, մեր ոգեկան Արարատի խորախորհուրդ վիհերէն: Գաղափարական յօժարակամ մահակիրներու փոքրիկ, այլ ընտրելագոյն բանակ մը հայկազուն, որ, հայկեան նետին պէս արշաւասոյր, վարարեց ծարաւի հոգիները բոլոր հայոց, մխրճուեցաւ մեր պատմութեան մութին մէջ եւ իր լոյսերը տարածեց հայոց աշխարհի ամէնէն մռայլ անկիւնները մինչեւ, համայնական խարոյկի մը պէս հրաբորբ ու անդիմադրելի: Մեծցաւ ու...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (3 Դեկտեմբեր 1965)

Ասմունքի Վարպետ Սուրէն Քոչարեանի Արուեստը Հայաստանի արուեստի վարպետներուն մէջ Սուրէն Քոչարեան մասնայատուկ տեղ կը գրաւէ: Ան հայ արուեստի մէջ գեղարուեստական ասմունքի հիմնադիրն է եւ անոր մեծ վարպետներէն մէկը` ամբողջ Խ. Միութեան մէջ: Բանաստեղծութիւններու, արձակ ոչ մեծ ստեղծագործութիւններու եւ մենախօսութիւններու գեղարուեստական ասմունքը գոյութիւն ունէր իրմէ առաջ ալ: Սակայն Ս. Քոչարեանի կատարողական արուեստը ինքնատիպ է իր բազմաթիւ առանձնայատկութիւններով: Ահա կը սկսի անոր գրական երեկոն: Պայծառօրէն լուսաւորուած բեմի կեդրոնը հանդիսականները կը տեսնեն միայն խոր բազկաթոռ մը եւ ուրիշ ոչինչ: Ոչ մէկ բեմազարդ, ոչ մէկ մասնակի առարկայ: Բեմ դուրս գալով եւ հանդիսականներուն գլուխ տալով` արուեստագէտը կը բազմի աթոռին: Ապա մեղմ, առանց ձայնը ուժեղացնելու, կ՛արտասանէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (2 Դեկտեմբեր 1965)

Ուղեւորը Ուղեգիր (Ս. Վրացեանի Գիրքին Առիթով) Կեանքի ուղիներուն վրայ լման վաթսուն տարի դեգերելէ ետք, մեր երախտաւոր ընկերը` Սիմոն Վրացեան հիմա դարձեալ եղած է այդ ուղիներուն անխոնջ վիպերգուն: Այս աշխատանքին համար բացառաբար օգտագործած է իր համապարփակ ու լայնածիր յիշողութիւնը: Երեւակայութիւնը գրեթէ դեր չունի իր գործին մէջ, որ աւելի շատ դիտողութեան ու դատողութեան արդիւնք է, քան` վերասլաց երեւակայութեան: Կեանքի մէջ սակաւախօս, գրականութեան մէջ առատաբան, մշտարթուն եւ զգաստ այս ուղեւորը ի յայտ բերած է նոյնքան արթուն ու սթափ ուղեգիրի անժխտելի ձիրքեր: Որո՞ւ մտքէն կ՛անցնէր, որ «ձախողած» վարժապետը եւ «ձախողած» վարչապետը յաջողակ գրագէտը պիտի դառնար իր կեանքի վերջընթեր հանգրուաններէն մէկուն մէջ: Կրնամ վկայել, թէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ ( 1 Դեկտեմբեր 1965)

Բերիոյ Թեմ  Թեմական Այցելութիւններ Հոկտեմբեր 31, կիրակի, Բերիոյ թեմի առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ Քաղաքական ժողովի ատենապետ Ժոզեֆ Պայրամեանի եւ տոքթէոր Գասպարեանի, Ռագգա մեկնեցաւ եւ ներկայ եղաւ Ս. պատարագին ու քարոզեց: Սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Վահան քհնյ. Գրիգորեանի, քաղաքական ժողովի եւ Թաղական խորհուրդի անդամներուն, այցելեց նահանգապետին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ անոր հետ: Նոյեմբեր 17, չորեքշաբթի, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Համազասպ քհնյ. Շաքարեանի եւ առաջնորդարանի դիւանապետ Ներսէս Պարսումեանի, այցելեց Արաբ-Բունար, իսկ հինգշաբթի օր` Թել-Ապիատ եւ եկեղեցական արարողութեանց ընթացքին քարոզեց: Այցելեց նաեւ հայկական վարժարանները եւ խօսեցաւ աշակերտներուն: Տեսակցութիւններ ունեցաւ նոյնպէս պետական անձնաւորութեանց հետ: Նոյեմբեր 20, շաբաթ, սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ տ. Համազասպ քահանայի, Լաթաքիա մեկնեցաւ յաջորդ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Նոյեմբեր 1965)

Ակնարկ  Ֆրանսական Արբանեակը «A - 1» արբանեակին արձակումով Ֆրանսա դարձաւ անջրպետային երրորդ տէրութիւնը: Խորհրդային Միութենէն ութ տարի ետք ու Միացեալ Նահանգներէն` եօթը, Ֆրանսա երկրային ծիրի վրայ զետեղեց իր առաջին արբանեակը, Սահարայի Համակիր խարիսխէն: Անկախ այս արձակումին գիտական եւ թեքնիք յաջողութենէն, որուն համար շնորհաւորելի են ֆրանսացի գիտնականներն ու մասնագէտները, այս դէպքին նախագահական ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ պատահիլը կը գրաւէ դիտողներու ուշադրութիւնը: Կասկած  չկայ, որ ֆրանսացիներու ազգային արժանապատուութիւնը շոյող այս յաջողութիւնը նպաստաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ զօրավար տը Կոլի հաւանական յաղթանակին վրայ: Եօթը տարիէ ի վեր տը Կոլ քաղաքական, տնտեսական ու գիտական մարզերու մէջ բոլորովին անկախ Ֆրանսայի մը ախոյեանը կը հանդիսանայ: Երկիրը կ՛ենթարկէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (27 Նոյեմբեր 1965)

Ընկեր Մ. Օզանեանի Յուղարկաւորութիւնը  Դամբանախօսներ Յիշատակեցին Ընկերոջ Վաթսուն Տարիներու Ազգային-Կուսակցական Անձնուէր Աշխատանքները Շաբաթ օր, նոյեմբեր 20, Մեծն Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ թաղման արարողութիւնը մեր ողբացեալ վաստակաւոր ընկերոջ` Մերուժան Օզանեանի: Արարողութեանց նախագահեց ամերիկահայ եւ քանատահայ կիլիկեան թեմի առաջնորդ Հրանդ արք. Խաչատուրեան, մասնակցութեամբ Թորգոմ քհնյ. Յակոբեանի, տէր Սահակ քահանայի եւ Վարդան Ա. սրկ. Յարութիւնեանի: Պատուոյ դագաղակիրներ եղան ներկայացուցիչները ՀՅԴ Կեդրոն. կոմիտէի «Հայրենիք»-ներու խմբագրութեանց, միջկոմիտէականի, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Պոսթընի կոմիտէի եւ ողբացեալին վաղեմի ընկերները: Եկեղեցին լեցուն էր հանգուցեալ ընկերոջ գաղափարի ընկերներով եւ համակիրներով: Թաղմանական արարողութենէն ետք առաջնորդ սրբազանը դամբանական խօսեցաւ: Յայտարարեց, թէ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէ իր առաջնորդող զաւակներն մէկը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (26 Նոյեմբեր 1965)

 Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի Այնճարի Մասնաճիւղի Նոր Վարչութիւնը Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 նոյեմբեր 1965, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, «Բաբգէն Սիւնի» ակումբին մէջ, ի ներկայութեան անդամուհիներու բացարձակ մեծամասնութեան եւ Շրջանային վարչութեան լրիւ կազմին: Խօսք առին` տիկ. Լոլա Սասունի, տիկ. Առաքելեան եւ տիկ. Արծրունի, որոնք շեշտեցին հայ խաչուհիին նուիրական պարտականութիւնները եւ առաքելութիւնը հայ կեանքին մէջ: Ժողովը բացուեցաւ «Մեր հայրենիք» երգով: Համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ եւ բացարձակ մեծամասնութեան ձայներով 1965-66 տարեշրջանի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ ընտրուեցան հետեւեալ անդամուհիները  (որոնք յաջորդ օր ընտրեցին իրենց դիւանը). Վարդուհի Շեմմեսեան` ատենապետ, Շուշան Քէօսէեան` ատենադպիր, Արշալոյս Չափարեան` գանձապահ, խորհրդականներ` Ռեբեքա Գոճանեան, Հայկուհի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Նոյեմբեր 1965)

Խմբագրական «Արդարութի՛Ւն` Հայաստանի» («Տարօրինակ Լռութիւնը» Եւ «Տարօրինակ Ներողամտութիւնը») Ահա՛ խորագիրը` «Արդարութի՛ւն` Հայաստանի այն յօդուածին, որ Փարիզի «Քոպա» թերթը հրատակարած է 11 նոյեմբերի իր թիւով` ստորագրութեանը տակ Կապրիէլ Մացնեֆի: Անկախաբար յօդուածի բովանդակութենէն` խորագիրը ինքնին պատի՛ւ կը բերէ ոեւէ ազնիւ մարդու, ոեւէ մտաւորականի, ոեւէ հրապարակագրի, որ գիտէ արժանի ըլլալ իր կոչումին: Որովհետեւ արդարութիւն պահանջել Հայաստանի համար` կը նշանակէ աշխարհի ամէնէն արդար դատին դրօշակիրը հանդիսանալ: Կը նշանակէ աշխարհի ամէնէ՛ն հալածական ու իրաւազրկուած ժողովուրդին զօրավիգ կանգնիլ` մարդո՛ւն, քաղաքակրթութեա՛ն վայել բարոյական ու մտաւորական արիութեամբ: Կը նշանակէ, նուազագոյն պարագային, մարդանալ: Արդարութիւն բոլոր ազգերուն եւ բոլոր մարդերուն: Ահա՛ խաղաղութեան, մնայուն ու բեղո՛ւն խաղաղութեան առաջնորդող միակ ուղին: Իմաստութիւնը...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (24 Նոյեմբեր 1965)

Ակնարկ Չինաստան Կը Մօտենայ Այս տարի եւս Ժողովրդային Չինաստան չկրցաւ մուտք գործել Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն ներս: Ամերիկացիք անգամ մը եւս արժեցուցին իրենց խօսքը` Մանհաթընի երկնաքերին դռները փակելով Փեքինի առջեւ: Բայց նկատելի է, որ Չինաստան հետզհետէ կը մօտենայ: Առնենք երեք թուական` 1953, 1959 եւ 1965, իրարմէ վեց տարի տարբերութեամբ, հաստատելու համար, թէ Չինաստանի անդամակցութեան կողմնակիցներուն թիւը հետզհետէ աւելցած է, մինչ նոյն համեմատութեամբ պակսած է դէմ արտայայտուողներուն համրանքը: 1953-ին ի նպաստ եղած է ՄԱԿ-ի անդամներուն 17 առ հարիւրը, դէմ` 80 առ հարիւրը, իսկ 3 առ հարիւրը ձեռնպահ մնացած է: 1959-ին, ի նպաստ 35 առ հարիւրը, դէմ` 55 առ հարիւրը, ձեռնպահ` 10 առ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի առաջ (21 Նոյեմբեր 1965)

Պետական Եւ Ժողովրդային Զոյգ Հանգամանքներով  Անկախութեան Փառահեղ Հանդիսութիւնները   Նախագահ Շարլ Հելու Խորիմաստ Պատգամ Մը Ուղղեց Ժողովուրդին` Պահանջելով Յարատեւ Ճիգ Ու Պայքար` Ի Խնդիր Լիբանանեան Հայրենիքի Վերելքին Եւ Բարգաւաճման Լիբանան բացառիկ շուքով եւ փառահեղ հանդիսաւորութեամբ երէկ տօնեց իր անկախութեան 22-րդ տարեդարձը: Այս տարի ամբողջ ժողովուրդը իր սրտագին մասնակցութիւնը բերաւ հանդիսութիւններուն, որոնք խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեցին երկրին մէջ: Բուն հանդիսութիւնները սկսան շաբաթ իրիկուն, աւանդական ջահագնացութեամբ, որուն մասնակցեցան բանակային ու ոստիկան զօրաց ջոկատներ` մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով ժողովուրդին մօտ, որ խռնուած էր մայթերուն վրայ: Ռաշայայի Ուխտագնացութիւնը Ռաշայա պզտիկ գիւղ մըն է արեւմտեան Պեքաայի մէջ, բայց մեծ տեղ կը գրաւէ Լիբանանի պատմութեան մէջ, որովհետեւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (20 Նոյեմբեր 1965)

Ակնարկ Նոյեմբեր 22 Քսաներկու տարի առաջ` նոյեմբեր քսաներկու: Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդը, բոլոր համայնքները անխտիր, ցնծութեան մէջ են: Անոնք, որոնք յանդգնած էին տասը օր առաջ փոխելու սահմանադրութիւնը եւ անկախութեան դրօշակին գոյները որոշելու, գիշերը իրարու ետեւէ ձերբակալուած էին` ղրկուելու համար Ռաշայա բերդարգելութեան զրկանքները կրելու: Բայց անոնց ետեւէն, ժողովուրդ մը ամբողջ ոտքի կանգնած էր` հոգատար իշխանութեան պատասխանատուներուն իսկ զարմանք պատճառող վճռակամութեամբ մը: Այդ վճռակամութիւնը չէր կրնար ապարդիւն մնալ: Բարձր կոմիսարն ու իր գործակիցները պիտի ստիպուէին տեղի տալ եւ ձեւական բանակցութիւններէ ետք, որոնք ղեկավարուեցան զօրավար Քաթրուի կողմէ, երէկուան կալանաւորները 22 նոյեմբեր 1943-ին յաղթականօրէն կը վերադառնային մայրաքաղաք` հանդիսանալու համար անկախ Լիբանանի առաջին ղեկավարները: Քսաներկու տարի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1965)

«Կտակն Էր Նահատակներուն Հեղինակ` Արշաւիր Շիրակեան Ահաւասիկ օրուան գիրքը: Պատմութիւնը այն հերոսական գործին, ըսէք` աստուածային վրէժխնդրութեան, որուն լծուած էին խումբ մը երիտասարդներ, զինուորեալ մանկունք ՀՅ դաշնակցութեան: Թեհլիրեան եւ Թորլաքեան պատմեցին իրենց յուշերը: Այժմ հրապարակ կու գայ ՀՅ դաշնակցութեան վրէժխնդրական բանակի կրտսերագոյն զինուորը` ԱՐՇԱՒԻՐ ՇԻՐԱԿԵԱՆ, որ իր օրհնեալ ձեռքով գետին փռեց հինգ հրէշներ, բայց երբեք չձերբակալուեցաւ: Ահա թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդին ծանօթ չէ այս քաջին անունը: Երբ Ա. Աշխարհամարտը ծագեցաւ, թուրքը ուզեց միանգամընդմիշտ բնաջնջել հայութիւնը Հայկական Բարձրաւանդակին վրայ, մինչեւ բիւթանական աշխարհ, մինչեւ Կիլիկիա: Հայութենէն ետք չթողուլ այն երկրին մէջ, ուր եկած թառած էր ինք` թուրքը, ընկեցիկ արարած, մոնկոլեան վիժուկ, զազրաբերան եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Նոյեմբեր 1965)

Սորպոն` Փառահեղ Հանդիսութեամբ Մը Կը Մեծարէ Վիկտոր Համբարձումեանը «Յառաջ», 11 նոյմբեր 1965. Երեքշաբթի առաւօտ, 9 նոյեմբեր, ժամը 10:00-ին, բերնէ բերան լեցուած էր Սորպոնի մեծ ամփիթատրոնը: Հազուադէպ էր տեսնել այսքան բազմութիւն. պատշգամ, դստիկոն, վերնատուն, հսկայ սրահին բոլոր բաժինները` լեցուած: Ընդարձակ բեմին վրայ, որ դարձած էր մարդկային իմացականութեան Ողիմպոսը, տեղ գրաւած էին համալսարաններու վերատեսուչը, բարձրագոյն ուսումնարաններու տեսուչները, ակադեմականներ, փրոֆեսէօրներ, բոլորը` իրենց աւանդական զգեստաւորումով, խայտաճամուկ նափորտներու մէջ փաթթուած, ճաճանչաւուխտ շքանշաններով զարդարուած: Բեմին առջեւ` կրթական նախարարը` Ֆուշէ, իր կողքին դեսպանները` ամերիկեան, անգլիական, գերմանական, պելճիքական, զուիցերիական, իտալական, պրազիլեան եւ Խ. Միութեան (Զորին): Անմիջապէս ետեւը` բարձրագոյն վարժարաններու տեսուչներ, մտաւորականներ: Հանրապետական պահակազօրաց նուագախումբը կը հնչեցնէ «Մարսէյեզ»-ը եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (17 Նոյեմբեր 1965)

Հայ Կեանք  Յիսնամեակի Փառահեղ Տօնակատարութիւնը Պելճիքայի Մէջ Ներկայ Կ՛ըլլան Կրօնական Եւ Պետական Անձնաւորութիւններ Պելճիքայի հայկական գաղութը կիրակի, նոյեմբեր 7-ին մեծ հանդիսաւորութեամբ եւ շուքով ոգեկոչած է յիշատակը մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն` յիսնամեակի փառահեղ տօնակատարութեամբ մը: Պելճիքական ամբողջ մամուլը հետեւեալ օր լայնօրէն անդրադարձած է այս հանդիսութեան` ընդգծելով անոր վեհութիւնը եւ հայ ժողովուրդի դատին արդարութիւնը: Պրիւքսէլի պատկերասփիւռը, ինչպէս կը հաղորդէ Էտտի Էմիրզեան, աւելի քան երկու ժամ ներկայացուցած է այս հանդէսը` իր զանազան  երեսներով: «ԼԱ ՍԻԹԷ» կը գրէ (8 նոյեմբեր).- Բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր 1915-ի եղերական դէպքերէն ետք, հայկական գաղութներ հաստատուեցան, այս տարի ոգեկոչուեցաւ յիշատակը օսմանեան պետութեան կողմէ չարչարուած ու ի վերջոյ սպաննուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Նոյեմբեր 1965)

Ակնարկ  Ներքին Փոխառութիւն Լիբանանեան պետութիւնը մտադիր է արտաքին փոխառութիւններու դիմելու` Հնգամեայ ծրագրին առաջին մասը իրագործելու համար: Կը խօսուի Քուէյթի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի մասին: Քուէյթ արդէն 45 միլիոն լ. ոսկիի փոխառութիւն մը ըրած է Պէյրութի քաղաքապետութեան: Ամերիկեան դրամագլուխներու համար Ուաշինկթըն կը պահանջէ պետական երաշխաւորութիւն: Ֆրանսայի պայմանները տակաւին յայտնի չեն: Սկզբունքով հակառակ չըլլալով հանդերձ արտաքին փոխառութիւններու, որոնք կը հանդիսանան արտայայտութիւնը արտասահմանի մէջ Լիբանանի վայելած վստահութեան, կը խորհինք, թէ ներքին փոխառութիւնները այս պարագային շատ աւելի նպատակայարմար են: Պետութիւնը իր Հնգամեայ ծրագրին առաջին մասին իրագործման համար պէտք ունի 272 միլիոն լ. ոսկիի: Լիբանանեան դրամատուները, որոնք ներդրումներ կը կատարեն անհատական ձեռնարկներու մէջ, կրնան շատ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 56 of 69 1 55 56 57 69

Արխիւներ