Դաշնակցութիւնը
Մէկ դար առաջ առասպելական մեր նախահայր ըմբոստ Հայկի ո՛չ Հայաստանը կար եւ ո՛չ ալ հայութիւնը: Չկար նոյնպէս ասորաց Շամիրամի ցանկացած Արա Գեղեցիկը` իր չնաշխարհիկ Հայաստանով: Տիգրան Մեծի, Արտաշէսի կայսրութիւնը փոշիացած էր, իսկ Խորենացու «հանուրց հիւսիսականաց վեհագոյն» Հայաստանը դարձած էր ողջակէզ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ տիրապետութեանց:
Հայաստանի մէջ հայ իսկ չկար իբրեւ զանգուած, ան աշխարհի չորս դին ցիրուցան եղած` միայն իբրեւ փոքրամասնութիւն կ՛ապրէր` իբրեւ վկայ անցեալին փառքին: Այդ փոքրամասնութիւնը «ազգ» չէր բառի բուն իմաստով, ան ազգութեան խեղկատակութիւն էր: «Պարսից, թուրքաց երկրամասերի մէջ հայութիւն չկայ, բայց կան Հայաստանում քրիստոնեայ թուրքեր», կ՛եզրակացնէր իրաւացիօրէն գերման մարաջախտ Մոլկտեն: Ռուսական Հայաստանի մէջ չկար հայութիւն, բայց կար հայաբարբառ ռուսութիւն` իբրեւ յառաջապահ ռուս աշխարհակալութեան: Հայութիւնը, մէկ դար առաջ պարպուած իր ազատութեան, իր հայրենիքի ազատագրման, իր մշակոյթի գերակայութեան իտէալներէն` դարձած էր վարձու կամ անվարձ կենդանական մի խաշինք, օտարին ծառայ կամ ստրուկ, բայց նաեւ` գայլի մի վոհմակ, երբ հարցը կու գար իր ներքին` կաթոլիկ, բողոքական, լուսաւորչական աղանդական բաժանումներին: Հայութիւնը ազգութիւն չէր, այլ դաւանական համայնքներ` իրար բզկտող, իրար յօշոտող, բայց միասնաբար` հլու հպատակ, մի հատու գործիք օտարին համար: Օտարի լուծը գերադասող, իր հայրենիքին ազատութիւնը, անկախութիւնը ուրացող: Հաւատաւոր երկնքի ու երկրի օտարներին, անհաւատ` դէպի իր անձը եւ իւրայինները: «Թուրքը անիծած, բայց իր խօսքը օրհնած է», կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: Եւ թուրքին խօսքը կը յարմարի մէկ դար առաջուան հայու կացութեան. «Բոշայէն փաշա դուրս չի գար, հայէն հայ փատիշահութիւն դուրս չի գար», այս էր հայութեան եւ Հայաստանի կացութիւնը, երբ ծնաւ Դաշնակցութիւնը:
Դաշնակցութիւնը չծնաւ իբրեւ արդիւնք մտքի եւ տեսութեանց դեգերումների, ան ո՛չ փիլիսոփայութեան եւ ո՛չ ալ վարդապետութեանց արդիւնք է: Ան չծնաւ իբրեւ արձագանգ օտար յառաջդիմական ուղղութեանց, այլ ծնաւ իբրեւ մարմնացում հայ ճնշուած դատի ինքնագիտակցութեան, անոր անթեղուած իղձերի ազատութեան ու անկախութեան, անոր պատմական աւանդութեանց` առնականութեան եւ գերիշխանութեան, չխօսուած եւ չպատճառաբանուած գաղափարների իրագործման համար: Դաշնակցութիւնը մի հատուածի կուսակցութիւն չէ, այլ հայ ժողովրդի ներքին պահանջների, անոր իղձերի ամփոփումը: Ով հայ է, թէկուզ նա լինի իր մտքով ու գործքով թշնամի Դաշնակցութեան, բայց իր ինքնագիտակցութեամբ նա Դաշնակցութիւնը կը համարի արտայայտիչը հայութեան: Հայութիւնը սպաննելով` կարելի է Դաշնակցութենէն ազատիլ եւ, փոխադարձաբար, Դաշնակցութիւնը սպաննելով` կարելի է հայութիւնը անկենդան մի դիակ դարձնել. այդպէս կը մտածէր Թալէաթը, որ փորձեց եւ ձախողեցաւ` իր անձը վրայ տալով: Այդ այդպէս է, որովհետեւ եթէ մէկը մարմինն է, միւսը ոգին է. առանց ոգիի` մարմինը ոչինչ է:
Դաշնակցութիւնը Աւետարանէն բխած եղբայրական միութիւն չէ, անոր աւետարանը իր ժողովուրդի իղձերն են:
Դաշնակցութիւնը դիւանագիտական ըմբռնումների կամ մի դասակարգի գիտականօրէն ճշդուած շահերի հիմնաւորման մի կուսակցութիւն չէ, ոչ ալ անոր առաջնորդողը տեսութիւնն է: Դաշնակցութեան ուղղութիւնը, անոր նպատակները կը սահմանաւորուին լոկ հայութեան բովանդակ շահերով եւ անոր ուժը հայութեան բազկերակի ուժին զուգընթաց կը բարձրանայ ու կ՛իջնէ:
Վերոյիշեալ տուեալներով պէտք է բացատրել այն կայունութիւնը, որ ցուցադրած է Դաշնակցութիւնը իր կեանքի 58 տարիների ընթացքում: Անոր դէմ են եղած ցարական եւ պոլշեւիկեան Ռուսիան եւ` անոր ֆիզիքական մահը հետապնդած. չնայելով տասնեակ հազարների նահատակութեան եւ հարիւր հազարների աքսորման` այսօր եւս ան կը մնայ առաջին թշնամին աշխարհասասան պոլշեւիզմի համար:
Անոր դէմ է ինչպէս օսմանեան, այնպէս ալ յեղափոխուած Թուրքիան. եւ չնայելով, որ անոնք հատիկ-հատիկ ընտրեցին ականաւոր դաշնակցականները եւ անոնցմով կախաղանները զարդարեցին, չնայելով, որ 100 հազարներ ջարդեցին մեր ժողովուրդէն, բայց եւ այնպէս Դաշնակցութիւնը կը մնայ դարձեալ իբրեւ մի ուժ, որ վտանգ կը համարուի Թուրքիոյ ամբողջութեան:
Դաշնակցութիւնը հալածուեցաւ նաեւ բոլոր այն պետութեանց եւ ժողովուրդների կողմէ, որ բարեկամ էին ռուսին կամ թուրքին, բայց չնայելով այդ հալածանքներին` ան միշտ կենսունակ, միշտ յարատեւ կը շարունակէ իր ուղին: Գաղտնիքը այդ յարատեւութեան Դաշնակցութեան հաւատարմութեան մէջն է իր գաղափարներին, որոնք սնունդ կ՛առնեն հայութեան եւ Հայաստանի բնական իղձերէն:
Որո՞նք են հայութեան բնատուր իղձերը: Անոնք այնքան պարզ են, որ կարելի է երեք դասի բաժնել.
ա) Հայութեան պահպանումը եւ իբրեւ ազգ անոր կազմաւորումը: Հայութեան պատկանող երկրամասերէն թուրք, ռուս եւ այլ ուժերի հեռացումը եւ Միացեալ, Անկախ ու Ազատ Հայաստանի ստեղծումը:
բ) Բոլոր տեսակի բռնատիրական վարչութեանց ոչնչացումը, շահագործմանց վերջաւորութիւնը եւ ժողովրդավար կարգերի հաստատումը` անձի, խղճի, մտքի, աշխատանքի ազատութիւններով:
գ) Ցրուած հայութեան հաւաքումը իր ազատագրուած բնագաւառների վրայ:
Ահա այս երեք կէտերի մէջ կարելի է ամփոփել հայութեան իղձերը, որոնք յար եւ նման են իր տունէն ու տեղէն վտարուած տարագիր մի անձի բաղձանքներուն: Դաշնակցութեան գաղափարաբանութիւնը խարսխած է այդ երեք կէտերի վրայ` ո՛չ անոնցմէ աւելի եւ ո՛չ ալ անոնցմէ պակաս. եւ այս պարզութեան մէջն է թէ՛ անոր ուժը եւ թէ՛ անոր կայունութիւնը:
Այս դժուարին գործին համար Դաշնակցութիւնը ասպարէզ իջաւ «Սասնայ Ծուռ Դաւիթ»-ին նման ու կարողացաւ դաւանական ցանկապատերը խորտակել եւ հայութեան գաղափարը գերադաս դարձնել: Ան կարողացաւ հայութեան առնական ոգին արթնցնել, «չարչիական» ոգին սպաննել եւ հայու երազած հայ բանակները շարժման մէջ դնել:
Ան կարողացաւ հայկական եռագոյնը ծածանեցնել եւ դուրս վանել ռուս եւ թուրք դրօշակները Ղարաբաղէն մինչեւ Երեւան, մինչեւ Կարս ու Օլթի-Սարիղամիշ:
Ան էր, որ կարողացաւ միատարր Հայաստան ստեղծել` իբրեւ անկախ, ազատ եւ ժողովրդավար պետութիւն եւ Միացեալ Հայաստանի գաղափարը պարտադրել:
Ան կարողացաւ իբրեւ անկախ միաւոր, իբրեւ ազգ ճանչցնել տալ հայութիւնը ազգերի ընտանիքին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին` վաստկեց Սեւրի դաշնագիրը եւ Ուիլսընեան սահմանները, որ ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ հայութեան իղձը` ունենալ Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան:
ՌՈՒԲԷՆ
1948