50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1966)

«Բագին»-Ի  Գրական Զրոյցները Գ. Զրոյց «Բագին»-ի կազմակերպած գրական Գ. զրոյցը, զեկուցաբեր ունենալով Յակոբ Իսկենտէրեանը, տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր  25-ին, խմբագրատան սրահին մէջ: Զրոյցին նիւթն էր «Ի՞նչ կը սպասուի  գրական եւ արուեստի ամսագրէ մը, կամ ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ նման ամսագիր մը»: Զեկուցաբեր թէ կարծիքի փոխանակութիւն ունեցողներ կանգ առին մասնաւորաբար հետեւեալ կէտերուն վրայ. 1.- Գրական եւ արուեստի լուրջ առաջադրութիւններ ունեցող ամսագիր մը մեր մէջ մեծ դժուարութիւններու դատապարտուած է հանդիպիլ, եթէ փորձէ ինքզինք դնել եւրոպական ամսագրերու մակարդակին: 2.- Այժ դժուարութիւնները պէտք չէ պատճառ ըլլան սակայն, որ գրական ամսագրի հրատարակող խմբագրութիւն մը հրաժարի իր բոլոր ճիգերը լարելէ` վերոյիշեալ բաղձալի մակարդակին հասցնելու համար իր հանդէսը:...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (8 Յունուար 1966)

Ս. Ծնունդի Տօնը Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս մեծ շուքով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը: Չորեքշաբթի, 5 յունուար 1966, յետմիջօրէի ճրագալոյցի Ս. պատարագին, բոլոր եկեղեցիները, հակառակ անդադրում անձրեւին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ լեցուեցան, որոնք խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութիւններուն եւ յաւարտ Ս. պատարագի, բազմաթիւներ հաղորդութիւն ստացան: Երեկոյեան, անհամար ընտանիքներ, մինչեւ ուշ գիշեր, Ս. Ծննդեան աւետիսը տօնեցին: Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս, դպրաց երգեցիկ խումբեր եւ աւետարանչական երիտասարդներ, նուագարաններու ընկերակցութեամբ, թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով, Քրիստոսի  Ս. Ծնունդը աւետեցին. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»: Հինգշաբթի, 6 յունուար, մթնշաղէն առաջ, բոլոր եկեղեցիներու զանգակները սկսան ղօղանջել աւետաբեր ուրախութեամբ. «Քրիստոս ծնաւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (6 Յունուար 1966)

Ծննդեան Աստղը Ուսուցչիս` սիրելի ՎՇՏՈՒՆԻ ԽՈՍՐՈՎԻ,  Յուշերով քաղցրալի: Մտիկ ըրէք, քոյրե՛ր եւ եղբայրնե՛ր, ո՜վ հաւատքի կենդանի ճրագներ. «Եւ ահա աստղն, զոր տեսին (մոգք) յարեւելս` առաջնորդեաց նոցա, մինչեւ եկեալ եկաց ի վերայ` ուր էր մանուկն» (Մատթ. Բ. 9): Յետոյ ի՞նչ եղաւ այս աստղը: Մոգերը «մտին ի տունն, տեսին զմանուկն հանդերձ Մարեմաւ մարբն իւրով»: Երկրպագելէ ետք, «բացեալ զգանձս իւրեանց` մատուցին նմա պատարագս ոսկի եւ կնդրուկ եւ զմուռս»: Իսկ ո՞ւր մնաց աստղը: Մոգերը, աստուածաճանաչութենէն ետք, ընտրեցին ուրիշ ճամբայ մը եւ «գնացին յաշխարհն իւրեանց»: Վերադարձա՞ւ աստղն եւս` ուր էր առաջ: Ոչ ոք կը յիշատակէ այլեւս աստղը, որ այնքան ճամբայ կտրած էր, աշխարհը աշխարհին կապած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1966)

Խմբագրական Պատգամ (Ծննդեան Տօնին Առիթով) Քրիստոնեայ աշխարհը այսօր խոր ջերմեռանդութեամբ կը տօնէ ծնունդը Աստուածորդիին: Ան, որ ծնաւ եւ ծնած օրն իսկ պատգամեց. Յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն: Այս էր, խաղաղութիւնն էր, ուրեմն, Մարդը, մարդկութի՛ւնը դէպի երջանկութիւն առաջնորդող ուղին, ճշմարիտ ու լուսազարդ ուղին: Խաղաղութի՛ւն մը սակայն, որ կը տիրէ ոչ միայն դուրսը, մարդոց որդիներուն միջեւ, այլեւ` ներսը, մարդոց հոգիներուն մէջ: Խաղաղութիւնը Մարդո՛ւն, որ իր մէջ եւ շուրջ` պիտի գիտնար հաշտեցնել Երկինքը Երկրին հետ, հոգեւորը մարմնաւորին, Կեանքը Մահուան հետ: Հոգիի՛ն խաղաղութիւնը, որ կ՛անձրեւէ մեր հողեղէն գոյութեան մէջ` իբրեւ լոյսն ու շնորհը աստուածային: Հոգեմտաւոր խաղաղութիւնը ադամորդիին, որ պիտի գտնէր մարդկային իր լիութիւնը,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (4 Յունուար 1966)

Նոթեր Ու Նետեր  Ռուսական Արջը` Թուրքերու Մէջ Մոսկուայի պետական կրկէսը կատարեալ կազմով ու Կոշա կոչուող արջով գնաց Պոլիս ու սարքեց ներկայացում: Խումբին գլխաւոր դերակատարն է Կոշա արջը, որ կը կատարէ խաղեր անհաւատալի: Կոշա հինգ անգամ նստած է մեքենայացած հեծելանիւի վրայ ու դարձած է խելացնոր արագութեամբ եւ բոլորակի: Եւ սակայն ահաւոր արագութեամբ դարձած ատեն կը թռչի հեծելանիւէն եւ կը տապալի, կ՛իյնայ փիսթին շուրջը նստած երկսեռ հանդիսատեսներուն վրայ: Սրահէն սարսափահար աղաղակներ կը լսուին յանկարծակի: Արջ Կոշա (որուն համար կ՛ըսեն, թէ ամէնէն խելացի արջն է աշխարհի) կը ճանկէ այր թուրքերը... Բայց կը համբուրէ թրքուհիները: Հսկիչները եւ ոստիկանները կը վերահաստատեն անդորրութիւնը` բաւական դժուարութեամբ: Ճանկուած...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (31 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական Վճռական Հանգրուան (Նոր Տարուան Առիթով) Յիսնամեակը վճռական հանգրուան մը կազմեց հայ կեանքին մէջ: Յիսնամեայ մեր կեանքին մէջ` լուսաւո՛ր հանգրուան մը, ուր հայութիւնը, երկրի թէ արտերկրի մէջ միաժամանակ, ինքզինք ճանչցաւ ու արժեւորեց կրկնապէս: Ճանչցաւ ու վերարժեւորեց իր ներքին ուժերը, ամրացաւ հոգիով եւ զօրացաւ, բազմապատկուեցաւ իր հաւատքին, լաւատեսութեան ու վճռակամութեան մէջ` Հայ դատի նուաճման ճանապարհին վրայ: Իր մեծ մեռելներուն ու բիւրաւոր նահատակներուն հետ, անո՛նց շունչով ու ոգիով տոգորուն, բովանդակ հայաշխարհը մէ՛կ մարդու պէս անօրինակ հոգեշարժի ենթարկուեցաւ: Հեռաւոր ամերիկաներէն մինչեւ հեռագոյն հիւսիս, աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր ափ մը հայեր կայք հաստատած են, միակամ ու միասնական հայութիւնը, կարգապահ ու արի բանակի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1965)

Շահ Ու Զէն Այսօր, 1965-ին, մօտ հինգ միլիոն հայ կայ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ, ծայրագոյն հիւսիսէն մինչեւ ծայրագոյն արեւմուտք: Ատեն մը, որակով ալ, քանակով ալ մենք «յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ» չէինք: Բնական աճով` մեր համրանքը հիմա դարձած պէտք էր ըլլար 15-20 միլիոն: Իրողութիւնն այն է, որ ո՛չ միայն չենք աւելցած թիւով, այլեւ նուազած ենք: Ի՞նչ եղաւ մնացած 10-15 միլիոնը: Երկար-բարակ մտածելու պէտք չկայ այս հարցումին պատասխան մը ճարելու համար: Հաշիւը պարզ է. մաս մը առաւ տարաւ պատերազմը, ուրիշ մաս մը` բռնագաղթը, երրորդ մաս մը` սովը եւ համաճարակ հիւանդութիւնները, չորրորդ մաս մը` պարբերական կոտորածները, հինգերորդ մաս մը` կրօնափոխութիւնը, ազգափոխութիւնը, օտարներու հետ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական Մետալին Միւս Երեսը (Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով) «Բարեկամական» քննադատութեան ջատագովները կը մոռնան դեռ ամէնէն հիմնականը: Կը մոռնան, թէ պոլշեւիզմը մեզմէ ստացած է արդէն աւելի՛ն, քան ինչ որ պէտք է: Արդարեւ, ներկայիս աշխարհի մէջ ապրող շուրջ հինգ միլիոն հայերէն միայն մէկուկէս միլիոնը կը գտնուի արտասահմանի մէջ: Պահ մը ենթադրենք, որ արտերկրի մէկուկէս միլիոն հայերը անխտիր իրապէս թշնամաբար տրամադրուած են պոլշեւիզմին հանդէպ եւ թշնամական քննադատութիւններ միայն կ՛ընեն անոր դէմ: Բայց չէ՞ որ մնացած երեքուկէս միլիոն հայերը կ՛ապրին Խ. Հայաստանի եւ Խ. Միութեան մէջ: Չէ՞ որ բոլորն ալ բարեկամ կամ... ընկեր են եւ բարեկամական տրամադրութիւններ միայն ունին  (ենթադրաբար) պոլշեւիզմին...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (28 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական Փաստերէն Ետք (Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով) Մեր նախորդ խմբագրականով նշուած փաստարկութիւններէն ետք հարց կու տայինք. ի՞նչ ցոյց կու տան այս բոլորը: Եւ կը պատասխանենք ահաւասիկ. նշուած փաստերը մի անգամ ընդմիշտ կը հաստատեն անհերքելի եւ անվիճելիօրէն, թէ պոլշեւիզմը, իբրեւ յամենայնի այլամերժ վարդապետութիւն կամ քաղաքական կազմակերպութիւն, բացարձակապէս ոչ մէկ տեսակ քննադատութիւն կամ ընդդիմութիւն կը հանդուրժէ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը` բարեկամակա՞ն, թէ՞ թշնամական, եւ ուրկէ՛ որ ալ գալու ըլլայ անիկա` ներսէ՞ն, թէ՞ դուրսէն: Պոլշեւիզմը «կը հանդուրժէ» միայն մէկ տեսակ քննադատութիւն` ինքնաքննադատութիւն, այսինքն` միայն իր կողմէ իրեն դէմ եղած «քննադատութիւն»: Քննադատութի՛ւն մը, սակայն, որ իրականին մէջ զուտ մարտավարական...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական «Բարեկամաբար» (Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով) Դաշնակցական մամուլը պարբերաբար, առիթով մը նաեւ մենք անդրադարձած ենք խնդրոյ առարկայ հարցին առանձին յօդուածներով: Սակայն, ըստ երեւոյթին, անհրաժեշտ է աւելի յաճախ, երբեմն նոյնիսկ բառացի կրկնութեանց գնով անդրադառնալ, յիշեցնել եւ վերստի՛ն վեր առնել կարգ մը տարրական ճշմարտութիւններ` հանրային կարծիքին խնայելու համար անտեղի թիւրիմացութիւններ: Այսպէս, մարդիկ կան մեր մէջ, որոնք, ատենէ մը ի վեր մանաւանդ, այն կարծիքը կը յայտնեն, թէ կարելի է բարեկամաբար քննադատել պոլշեւիզմը եւ «բարեկամական» այդ քննադատութեան միջոցով ձեռք բերել ա՛յն, ինչ որ անցեալ քառասնամեակին կարելի չեղաւ ձեռք անցընել ոչ բարեկամական քննադատութիւններով կամ, այսպէս ասած, թշնամական պայքարով: Բարեկամական քննադատութեան ախոյեաններէն ոմանք,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (23 Դեկտեմբեր 1965)

Տնտեսական Կեանք Պայքար Կեանքի Սղութեան Դէմ Աշխատանքի համադաշնակցութեան նախագահ Կապրիէլ Խուրիի յայտարարութեան համաձայն, աշխատավարձերու 10 առ հարիւր յաւելման պահանջին (որ ներկայացուած էր կառավարութեան) քննութիւնը յետաձգուած է մինչեւ յառաջիկայ փետրուար: Կառավարութիւնը կեանքի սղութեան շուրջ քննութիւն բացած ըլլալով` արդիւնքը ստանալէ ետք միայն որոշում պիտի տայ այս ուղղութեամբ: Արդարեւ, Լիբանանի Վիճակագրական գրասենեակը գիտական ուսումնասիրութիւն մը պիտի կատարէ` հարցուփորձելով քանի մը հազար ընտանիքներ` բազմաթիւ դասակարգերէ, որոնց պատասխանատուներուն վրայ պիտի ճշդուին ընտանիքներուն տարեկան ծախսերը: Այս ձեւով, ուրեմն, պիտի կազմուի կեանքի սղութեան աստիճանական բարձրացման տոկոսը, անցեալ հինգ կամ տասը տարիներու ընթացքին: Կեանքի սղութեան պատճառները շատ են: Առաջքը առնելու համար քմահաճ բարձրացումներուն եւ շահադիտութիւններուն, կառավարութիւնը կը մտածէ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1965)

Մեր Թիւը «Սովետական Հայաստան»-ի նոյեմբեր 28 թուակիրին մէջ լոյս տեսած «Մարդահամարից-մարդահամար» խորագիրով կարճ գրութեան մը մէջ հանդիպեցանք կարգ մը վիճակագրական տուեալներու, որոնք բացառիկ նշանակութիւն եւ արժէք կը ներկայացնեն ամէն հայ մարդու համար: Կը պարզուի, որ 1965 յուլիս 1-ին տեղի ունեցած մարդահամարով` Հայաստան ունէր 2,167,000 բնակիչ: Վեց տարի առաջ, 1959-ի մարդահամարը հաստատած էր, որ Հայաստանի բնակիչներուն թիւն էր 1,768,000: Ուրեմն, անցեալ հինգ-վեց տարիներուն ընդհանուր գումարը ունեցած է 399,000-ի յաւելում մը: Այսօրուան բնակիչներուն ընդհանուր թիւին մէջ «բանուորների ու ծառայողների» գումարը կը հասնի 604,000-ի: Պարագայական այս կարճ գրութեան մէջ կը շեշտուի, որ վերջին սոսկ հինգ ամիսներուն այս գումարին վրայ տեղի ունեցած է 59.000-ի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (21 Դեկտեմբեր 1965)

Պէտք Չէ Յուսալքուիլ Քանի մը օրէն յիսնամեակի հանդիսաւոր տարին կը թեւակոխէ իր մայրամուտը: Երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, ուր բուռ մը հայ կայ, երկիւղածութեամբ ոգեկոչուեցաւ մեր բազմահազար զոհերու նուիրական յիշատակը` վեհաշուք հանդիսութիւններու մէջ, խուռներամ բազմութեամբ, զուսպ եւ խոհուն լրջութեամբ, պատկառազդու ակնածութեամբ եւ մանաւանդ` լուսաշող գալիքի փայլուն հեռանկարով: Մարդկային ահաւոր կորուստի առթած ցնցումին առընթեր, զգալի էր հոգիներու ամեհի ցասումը թուրք գերփիչներուն դէմ, որոնք Եղեռնը գործադրեցին` բռնագրաւելու եւ տէր դառնալու համար հայրենի մեր հողերուն: Ամէնուրեք միաձայն կը պահանջէինք մեր պապենական հողերը: Հոյակապ հանդիսութիւններէն ետք, յիսնամեակի աւարտին, ուշագրաւ է, որ Հայ դատին համար մեր յոյսի շողերը սկսեր են նուազիլ: Վարակիչ ոգեւորութեամբ եւ երազով թաթաւուն...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1965)

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւնը Պուրճ Համուտի Մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 19 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ արժանավայել շուքով տօնակատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը: Հանդէսին բացումը կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան: Պուրճ  Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական  նուագախումբին հնչեցուցած Լիբանանի ազգային քայլերգի եւ «Յառաջ, նահատակ»-ի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան նախագահ Վահան Փափազեան (Կոմս): «ՀՅ Դաշնակցութիւնը,- ըսաւ Կոմս,- իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ ձուլուեցաւ հայ ժողովուրդին հետ: Ապրեցաւ անոր տառապանքները ու կռուեցաւ անոր համար: Հազարաւորներ իր շարքերէն ինկան հերոսաբար ու թաղուեցան անյայտ գերեզմաններու մէջ: «Եկէք, հայրենակիցնե՛ր,-...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1965)

Հայ Կեանք  ՀՅԴ 75-Ամեակի Հանդէսը Մեծ Շուքով Տեղի Ունեցաւ Ֆիլատելֆիոյ Մէջ «Հայրենիք», 8 դեկտեմբեր 1965. Ֆիլատելֆիայէն կը հաղորդեն, թէ անցեալ կիրակի մեծ շուքով եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան հոն տօնակատարուած է ՀՅԴ 75-ամեակը: Գլխաւոր բանախօսներն էին Սեդրակ Մինաս եւ Եդուարդ Սահակեան, որոնք ներկայացուցած են ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարապաշտ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:   Մինեսոթայի Համալսարանը Նիւթեր Կը Ստանայ Ամերիկահայ Գաղթականութեան Գործունէութեանց Մասին «Հայրենիք», 8 դեկտեմբեր 1965. Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Մինեսոթայի համալսարանը, (Մինէափոլիս, Մին.) մասնաւոր կտակ մը ստացած էր պատրաստելու համար Ամերիկա գաղթած ազգերու գաղթականական արխիւները: Այժմ նոյն համալսարանը կը յայտարարէ, թէ ստացած է 53 օտարալեզու հրատարակութիւններու բաժանորդագրութիւններ` իբրեւ նուէր: Ստացուած են հունգարական, լիթուանական,...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1965)

50 Տարի Առաջ (16 Դեկտեմբեր 1965)

Համազգային Մշակութային Ընկերակցութիւն Պուրճ Համուտ Հարցազրոյց Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ: Գրասէր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը: Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Եփրեմ Քէշիշեան: Հարցազրոյցը վարեց վարչութեան անդամներէն Արմէն Տօնոյեան: Ուղղուած հարցումներուն պատասխանեցին Վարդան վրդ. Աշգարեան, տոքթ. Յ. Գեղարդ, տոքթ. Զ. Լուռեան, Բիւզանդ Եղիայեան եւ Յակոբ Իսկենտերեան: Ստորեւ հարցումներուն պատասխանները` ամփոփ գիծերու մէջ: Ա. Հարցում.- Ի՞նչ առաւելութիւններ եւ ի՞նչ անպատեհութիւններ ունի երկսեռ դաստիարակութիւնը: Պատասխան.- Երկսեռ դաստիարակութիւնը, կարգ մը անպատեհութիւններ ունենալով հանդերձ, իր առաւելութիւններով նկատուեցաւ շատ բնական, մարդկային եւ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1965)

Տարակարծութիւն Թուրքիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ «Լ՛Օրիան»-ի համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը հրաւէր ուղղած է թրքական կառավարութեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող լիբանանեան կալուածներուն մասին տեսակցութեանց վերսկսելու համար: Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Հաքիմ ներկայիս կը քննէ այս հարցը, որ նախ սկսաւ «տնտեսական» բնոյթով, սակայն այժմ յանգած է «քաղաքական» ձեւի: Արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Հաքիմ, վերադառնալով Նիւ Եորքէն, իր նախարարութեան պատկան սպասարկութեանց հրահանգած էր հարկ եղած քննութիւնները կատարել Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ լիբանանեան հպատակներու պատկանող կալուածներու մասին եւ լիբանանցիներու իրաւունքները պաշտպանելու նպատակաւ` շարժման անցած է այդ ուղղութեամբ: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը վերոյիշեալ խնդիրներու քննութեան համար Պէյրութ հրաւիրած է...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1965)

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի Տօնակատարութիւնը Երկրէ Երկիր ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ արտերկրի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ժողովրդային հոծ բազմութեանց ներկայութեան եւ խանդավառութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ: Ստորեւ կու տանք ամփոփ պատկերը հայկական գլխաւոր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեանց. Ա.- ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը տօնակատարուեցաւ առաջին հերթին Պուէնոս Այրեսի մէջ, հոկտեմբեր 23-ին: Բանախօսեց  Աշոտ Արծրունի: Խօսք առին նաեւ ուրիշներ: Բ.- 75-ամեակը փառաշուք կերպով տօնուեցաւ նաեւ Սան Փաւլոյի մէջ, նոյեմբեր 6-ին: Նախագահեց Ս. Փամպուքճեան: Խօսք առին յաջորդաբար երիտասարդութեան կողմէ` ընկ. Ա. Չերքեզեան եւ օրուան բանախօս Հրանդ Սամուէլ (Փարիզէն): 75-ամեակը այնուհետեւ յաջորդաբար եւ միշտ հոծ բազմութեանց ներկայութեան տօնուեցաւ նաեւ Արժանթինի, Պրազիլի եւ հարաւամերիկեան այլ...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (12 Դեկտեմբեր 1965)

Վախճանուեց Լեռ Կամսարը Վախճանուեց Լեռ Կամսարը` հայ երգիծաբանութեան շողշողուն եռաստեղութեան վերջին մոհիկանը, Պարոնեանի եւ Օտեանի ապրող արժանաւոր եւ յոգնած յաջորդը: Ինչպէս բոլոր մեծ երգիծաբանների, այնպէս էլ Լեռ Կամսարի կեանքի ճանապարհը զարդարուած չէր ծաղիկներով: Նա ունեցաւ ստեղծագործական հարկադրական ընդհատումներ, սակայն մինչեւ վերջ պահեց կեանքի ու աշխարհի վրայ փիլիսոփայական ժպիտով նայելու իր անկրկնելի կարողութիւնը: Տխուր մարդ էր հանգուցեալը, նա իր մարդկային տխրութեամբ ուրախ գրքեր էր գրում` որպէս երգիծական գրչի քաջակորով զինուոր` կռուելու համար այս ուրախ աշխարհի «տխուր երեւոյթների», «Անվաւեր մեռելների», «գրաբար» մարդկանց դէմ: «Վրիպած արցունքներով», միշտ լեռկամսարական սուր հումորով գրեց նա իր «Ազգային այբբենարան»-ը,  որը լոյս տեսաւ մեծանուն պետական գործիչ Սարգիս Լուկաշինի...

Կարդալ ԱւելինDetails

50 Տարի Առաջ (11 Դեկտեմբեր 1965)

Խմբագրական  Դիւցազնօրէն (Ուրֆայի Հերոսամարտի Յիսնամեակին Առիթով) Արմենաւանդ ոգիի անմեկնելի ծառացում մը ահա. մահը դիմակալելու, մահուամբ զմահ կոխելու կրանիթեայ կամք մը, դիւցազնական խոյա՛նք մը, հայավայել լեռնացո՛ւմ մը հոգեկան: Ափ մը ժողովուրդ, ափ մը կտրիճներ կը տասնապատկուին, կը բիւրապատկուին յանկարծ եւ իրենց ընդվզումին մէջ կը վերաբերին ամբողջ պատմութեան մը խորհուրդը, ապրելու ու մեծնալու կամքը, շնորհն ու հանճարը ունեցող ժողովուրդի մը բովանդակ ողբերգութիւնը, դիւցազներգութի՛ւնը, սխրալի՛ ճակատագիրը: Քիչ անգամ ժողովուրդ մը ներքին այսքան ուժ ու կորով կը խտացնէ իր բազուկին մէջ, քիչ անգամ այսքան ուժական մարտունակութիւն ու արմենական արիութիւն կը ցուցաբերէ օրհասական գօտեմարտի մը մէջ եւ իբրեւ ոգեղէն հրաբուխ կը պայթի դարաւոր ոսոխի ամօթապարտ...

Կարդալ ԱւելինDetails
Page 55 of 69 1 54 55 56 69

Արխիւներ