Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 25, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

«Բարեկամաբար»

(Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով)

Դաշնակցական մամուլը պարբերաբար, առիթով մը նաեւ մենք անդրադարձած ենք խնդրոյ առարկայ հարցին առանձին յօդուածներով:

Սակայն, ըստ երեւոյթին, անհրաժեշտ է աւելի յաճախ, երբեմն նոյնիսկ բառացի կրկնութեանց գնով անդրադառնալ, յիշեցնել եւ վերստի՛ն վեր առնել կարգ մը տարրական ճշմարտութիւններ` հանրային կարծիքին խնայելու համար անտեղի թիւրիմացութիւններ:

Այսպէս, մարդիկ կան մեր մէջ, որոնք, ատենէ մը ի վեր մանաւանդ, այն կարծիքը կը յայտնեն, թէ կարելի է բարեկամաբար քննադատել պոլշեւիզմը եւ «բարեկամական» այդ քննադատութեան միջոցով ձեռք բերել ա՛յն, ինչ որ անցեալ քառասնամեակին կարելի չեղաւ ձեռք անցընել ոչ բարեկամական քննադատութիւններով կամ, այսպէս ասած, թշնամական պայքարով:

Բարեկամական քննադատութեան ախոյեաններէն ոմանք, անկախ եւ անկուսակցական զանգուածներու անունով, երբեմն այնքան յառաջ կ՛երթան իրենց միամիտ լաւատեսութեան մէջ, որ կը պնդեն, թէ նորագի՜ւտ այս կախարդական բանալիով կարելի է ոչ միայն պոլշեւիզմի բարեկամութիւնը շահիլ, այլեւ յաջողցնել Հայաստանի այսպէս կոչուած ներքին սահմաններու սրբագրութիւնը:

Օրինակ, կը յեղյեղեն մերթ ընդ մերթ այդ նորելուկ մարգարէները, որ եթէ արտերկրի հայութիւնը, առանց դաւանական ու կուսակցական խտրութեան, ընդհանուր հանրաքուէ մը կազմակերպէ եւ… բարեկամաբար դիմումնագիր մը ներկայացնէ, ըսենք, Քրեմլինի` պահանջելով Հայաստանի «ներքին» սահմաններու սրբագրութիւնը, պոլշեւիզմը սիրո՜վ ընդառաջ կ՛երթայ հայ ժողովուրդի միահամուռ փափաքին եւ Նախիջեւանը, Լեռնային Գանձակը, Ղարաբաղն ու Ախալքալաքը անյապաղ կ՛անջատէ Ազրպէյճանէն ու Վրաստանէն եւ կը միացնէ Հայաստանի:

Զարմանալին այն չէ, որ այս մարդիկ չեն վախնար ծիծաղելի ըլլալէ` իրենց քաղաքական տհաս մտորումներով: Զարմանալին ա՛յն է, որ յաւակնութիւնը ունին ճանչնալու պոլշեւիզմը եւ իրենց «նոր քաղաքականութիւնը» ներկայացնելու իբրեւ իմաստութեան ամենաբո՜ւժ դեղահատ:

Քննենք հարցը ուրեմն ըստ էութեան եւ հարց տանք անմիջապէս:

Կարելի՞ է, իրապէս, պոլշեւիզմը քննադատել թէկուզ բարեկամաբար եւ, միաժամանակ, թո՛ղ թէ շահիլ, այլ գոնէ պահել նոր բարեկամութիւնը:

Բոլոր անոնք, որոնք քիչ թէ շատ ծանօթ են պոլշեւիզմի պատմութեան եւ մօտէն կամ հեռուէն հետեւած են անոր ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան, անվարան պիտի պատասխանեն.

– Ո՛չ, կարելի չէ պոլշեւիզմը քննադատել բարեկամաբար կամ անբարեկամաբար, եւ միեւնոյն ատեն շահիլ կամ առնուազն պահել անոր բարեկամութիւնը:

Պոլշեւիզմը քննադատելով, մինչեւ իսկ` բարեկամաբար, կարելի է միայն անոր թշնամութիւնը շահիլ, որովհետեւ պոլշեւիզմի համար իրեն դէմ ուղղուած ամէն քննադատութիւն պարզապէս թշնամա՛նք է:

Պոլշեւիզմը չի հանդուրժեր նոյնիսկ լռութեան, իբրեւ բարեկամական քննադատութիւն, չի հանդուրժեր մինչեւ իսկ չէզոքութեան, երբ խօսքը կը վերաբերի իրեն հանդէպ դիրքաւորման:

Ներողութիւ՛ն, քննադատութեան, լռութեան կամ չէզոքութեան կը հանդուրժէ միայն հարկադրաբար եւ ցորչափ իր անմիջական շահերը այդ կը պահանջեն: Ուստի` միայն առժամաբար:

Այս տեսակէտէն, աւելի՛ քան յատկանշական չէ՞, օրինակ, Ինտոնեզիոյ պարագան…

Պոլշեւիզմի բարեկամութիւնը շահելու միայն մէ՛կ կերպ կայ. Բացարձակ համակերպութիւն, անպայման անձնատուութիւն: Պոլշեւիզմի բարեկամութիւնը կարելի է պահել, միայն ու բացառաբար, անվերապահօրէն իւրացնելով անոր ընկերային ու քաղաքական դաւանանքն ու գործելակերպը եւ գործօն պայքարով սատարելով անոնց իրականացման: Պոլշեւիզմի բարեկամութիւնը շահելու, եւ պահելո՛ւ, ուրիշ ձեւ չկայ:

Բայց միթէ ա՞յս է բարեկամութեան… օրէ՛նքը բնական: Ի հա՛րկէ ոչ:

Յամենայն դէպս պոլշեւիզմի հիմնական ու անյեղլի սկզբունքն է առաջին իսկ օրէն. Կա՛մ մեզի հետ, կա՛մ մեզի դէմ: Ո՛վ որ մեզի հետ չէ, մեզի դէ՛մ է:

Եւ խօսքը հոս օրուան իշխանութեա՛ն մասին է: Որովհետեւ օրուան իշխանութեան հետ ըլլալո՛վ միայն կարելի է ճշմարտապէս մարքսիզմ-լենինիզմի հետ ըլլալ: Իսկ ով որ իշխանութեան հետ չէ, չի կրնար իրաւ մարքսիստ-լենինիստ ըլլալ, ուստի պարզապէս թշնամի է պոլշեւիզմի: Ա՛լ խօսքը չենք ըներ ոչ մարքսիստ «բարեկամ»-ներուն:

Համոզուելու համար այս բոլորին` կը հարցնենք կրկին. Թրոցքիները բարեկամաբա՞ր կը քննադատէին պոլշեւիզմը, թէ՞ թշնամաբար: Անշո՛ւշտ` բարեկամաբար:

Արդ, ի՞նչ եղաւ անոնց վախճանը. գնդակահարութիւն:

Զինովիեւներն ու Քամենեւները, Պուխարիններն ու Ռաթեքները բարեկամաբա՞ր, իբրեւ զտարիւն համայնավա՞ր կը քննադատէին պոլշեւիզմը, թէ՞ թշնամաբար` իբրեւ աշխարհակալներու գործակալ:

Սակայն միեւնոյնը չէ՞ր պոլշեւիզմի համար: Միեւնոյնն էր: Փաստօրէն կը քննադատէին պոլշեւիզմը (իմա՛ օրուան իշխանութիւնը), բարեկամաբար թէ թշնամաբար` հաշիւը նո՛յնն էր:

Եւ այդ պատճառով ալ ունեցան միեւնո՛յն ճակատագիրը. Գնդակահարութիւն:

Խանջեանները, Դր. Տէր Սիմոնեանները, Չարենցներն ու Բակունցները, իբրեւ համայնավար, բարեկամաբա՞ր քննադատեցին պոլշեւիզմը, թէ՞ թշնամաբար: Անշուշտ` բարեկամաբա՛ր:

Եւ ի՞նչ եղաւ նաեւ անո՛նց վախճանը. Գնդակահարութիւն:

Կարելի՞ է աւելի բարեկամ ըլլալ պոլշեւիզմի, քան ինչ որ եղան Յ. Քաջազնունիները, Զ. Եսայեանները եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Ի հա՛րկէ կարելի չէ: Ո՞ւր են սակայն այսօր անոնց գերեզմանները…

Տանք վերջին օրինակ մը եւս. Մալենքովները, Մոլոթովներն ու Քականովիչները բարեկամաբար չքննադատեցի՞ն պոլշեւիզմը: Բայց տարբե՞ր եղաւ նաեւ անո՛նց ճակատագիրը: Տարբե՛ր եղաւ միայն ա՛յն իմաստով, որ ֆիզիքապէս չոչնչացուեցան, սակայն ոչնչացուեցան բարոյապէս, ժողովուրդին եւ Համայնավար կուսակցութեան թշնամի հռչակուեցան, մեկուսացուեցան քաղաքական ասպարէզէն եւ անլուր անարգանքներու ենթարկուեցան:

Ինչո՞ւ այսօր բթամիտ վարդապետական եւ պատերազմի հրձիգ կը հռչակուին Մաօ ցէ Թունկներն ու Էնվեր Հոճաները: Անո՞ր համար արդեօք, որ բարեկամաբար կը քննադատեն խորհրդային պոլշեւիզմը, թէ՞ այն պատճառով, որ թշնամաբար կը քննադատեն:

Անարգանք ու զրպարտութիւն մնա՞ց, որ չուղղուէր մարաջախտ Թիթոյի եւ անոր գործակիցներուն հասցէին` վերաքննական, աշխարհակալներու գործակալ, դաւաճան, եւ այլն, եւ այլն. եւ ինչո՞ւ: Համայնավարութի՞ւնը ջնջեց իր երկրին մէջ: Մարքսի՞զմը ուրացաւ, թէ՞ «թշնամաբար» քննադատեց պոլշեւիզմը:

Երբ այս է պոլշեւիզմին վերաբերումը ի՛ր իսկ առաջնորդներուն ու պետական երկարամեայ վարիչներուն հանդէպ ա՛յն պարագային, երբ պարզապէս օրուան իշխանութեան ներկայացուցիչներէն տարբեր կարծիք կը յայտնեն համայնավար տեսաբանական ու քաղաքական գործնական խնդիրներու մասին:

Միթէ այլեւս դժուա՞ր է երեւակայել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր դիրքը ոչ համայնավարներու… բարեկամական քննադատութեանց նկատմամբ` այնպիսի հարցերու մէջ (ներքին սահմաններ), զորս պոլշեւիզմը «լուծած է» իր ստորագրութիւնը կրող պաշտօնական դաշնագիրներով:

Արդ, ի՞նչ ցոյց կու տան այս բոլոր փաստերը:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (7)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?