Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (29 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 29, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Մետալին Միւս Երեսը

(Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով)

«Բարեկամական» քննադատութեան ջատագովները կը մոռնան դեռ ամէնէն հիմնականը: Կը մոռնան, թէ պոլշեւիզմը մեզմէ ստացած է արդէն աւելի՛ն, քան ինչ որ պէտք է:

Արդարեւ, ներկայիս աշխարհի մէջ ապրող շուրջ հինգ միլիոն հայերէն միայն մէկուկէս միլիոնը կը գտնուի արտասահմանի մէջ: Պահ մը ենթադրենք, որ արտերկրի մէկուկէս միլիոն հայերը անխտիր իրապէս թշնամաբար տրամադրուած են պոլշեւիզմին հանդէպ եւ թշնամական քննադատութիւններ միայն կ՛ընեն անոր դէմ:

Բայց չէ՞ որ մնացած երեքուկէս միլիոն հայերը կ՛ապրին Խ. Հայաստանի եւ Խ. Միութեան մէջ: Չէ՞ որ բոլորն ալ բարեկամ կամ… ընկեր են եւ բարեկամական տրամադրութիւններ միայն ունին  (ենթադրաբար) պոլշեւիզմին հանդէպ եւ իրենց ֆիզիքական ու հոգեմտաւոր բոլոր ուժերը ի սպաս դրած են «համայնավարութեան կառուցման» գործին:

Այս կը նշանակէ ուրեմն, թէ մէկ հայու դէմ նուազագոյն երեք հայ բարեկամ են պոլշեւիզմին:

Եւ արդ, մէկուկէս միլիոն հայերու թշնամութեան փոխարէն` երեքուկէս միլիոն հայերու բարեկամութիւնը բաւական չէ՞, որպէսզի պոլշեւիզմը բարի ըլլար բարեկամական քաղաքականութիւն մը վարելու մեզի հանդէպ եւ սրբագրելու հայութեան դէմ գիտակցաբար գործած իր աղաղակող անարդարութիւնները:

Երեքուկէս միլիոն հայերու բարեկամութիւնը բա՛ն մը աւելի չ՛արժե՞ր պոլշեւիզմին համար, որպէսզի արդարութեան իր կշիռքին նժարը շրջէր հայութեան կողմը:

Պոլշեւիզմը չի՞ գիտեր մանաւանդ, որ երեքուկէս միլիոն հայերու բարեկամութիւնը յարգելով եւ անոնց ազգային բաղձանքները իրագործելով (Հայ դատի լուծման գծով) ինքնաբերաբար շահած կ՛ըլլայ նաեւ մնացած մէկուկէս միլիոնին բարեկամութիւնը:

Գիտէ՛, հարկաւ: Եւ գիտնալով հանդերձ, երեքուկէս միլիոն հայերու բարեկամութիւնը կ՛անտեսէ եւ մնացած մէկուկէս միլիոնին բարեկամութեա՞մբ կը պայմանաւորէ իր… բարեկամութիւնը:

Իրականութիւնը այն է, որ ո՛չ իսկ այդ պայմանը կը դնէ պոլշեւիզմը:

Ուրեմն ի՞նչ կ՛ընէ եւ ի՞նչ կը պահանջէ.

Կատարեալ ու անպայման անձնատուութիւն:

Ուրիշ խօսքով` ուրացում Հայ դատի թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ: Այս է միակ ճշմարտութիւնը:

Եթէ այդպէս չըլլար, պոլշեւիզմը ի՛ր իսկ գործած  անարդարութեան (ներքին սահմաններու հարց) սրբագրման արդարագոյն պահանջը թշնամութիւն չէր նկատեր հայութեան կողմէ` թէ՛ ներսը եւ թէ` դուրսը:

Իրեն դէմ ուղղուած թշնամութիւն չէր նկատեր նոյնպէս Հայ դատին հետապնդումը եւ մեր պատմական հողերուն անժամանցելի պահանջը` Թուրքիոյ նկատմամբ: Վկա՛յ վերջին քառասնամեակի պատմութիւնը:

Ճշմարտութիւնը այն է նաեւ, որ պոլշեւիզմը, եթէ ի՛նք բարեկամաբար տրամադրուած ըլլար հայ ժողովուրդին հանդէպ ընդհանրապէս, եթէ իրապէս մեզի հետ ըլլար հողային հարցին մէջ, նե՛րսը թէ դուրսը, երբե՛ք թշնամութիւն պիտի չտեսնէր Հայ դատի լուծման եւ ներքին սահմաններու սրբագրութեան ի խնդիր մղած մեր պայքարին մէջ, որ, ի դէպ, մեր մարդկային ու ազգային ամէնէ՛ն տարրական իրաւունքն է եւ պարտականութիւնը միանգամայն:

Իսկ բոլոր անոնք, որոնք ուրիշ ձեւով կը տեսնեն ու կը ներկայացնեն կացութիւնը, պարզապէս իրենց բաղձանքները իրականութեան տեղ կ՛առնեն եւ հայ ժողովուրդը կը մղեն սին պատրանքներով սնանելու:

Բարեկամական քննադատութեան ախոյեանները չե՞ն տեսներ, թէ ի՛նչ դիրք բռնած է պոլշեւիզմը նոյնինքն իրե՛նց հանդէպ. թշնամակա՛ն:

Եւ այս մէկ հատիկ փաստը ինքնին բաւական չէ՞ հաստատելու համար, թէ ի՛նչ կ՛արժէ եւ ո՛րքան սնանկ է բարեկամական քննադատութեան իրենց «քաղաքականութիւնը»:

Չե՞ն անդրադառնար, թէ ստուերներու ետեւէ կը  վազեն` զանոնք իրականութեան հետ շփոթելով եւ միաժամանակ դէպի աղէտ կ՛առաջնորդեն նաեւ հայ ժողովուրդը` մթագնելով անոր քաղաքական առողջ բնազդը, ազգային պայծառ գիտակցութիւնը եւ հայրենիքի անկախութեան գաղափարը:

Պահ մը ենթադրենք, որ պոլշեւիզմը մինչեւ անգամ կը քաջալերէ «բարեկամական» քննադատութեան եւ այսպէս կոչուած հանրաքուէով Հայ դատ լուծելու չնաշխարհիկ գաղափարին գերերջանիկ ախոյեանները:

Քաղաքական ու ազգային ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս պէտք է ըմբռնել մինչեւ իսկ այդ… քաջալերանքը:

Տարակոյս չկայ, որ միայն մէկ ձեւով. միայն ու բացառաբար` քաղաքական-մարտավարական  (տակտիկական) իմաստով:

Այն իմաստով, որ պոլշեւիզմը միշտ հաւատարիմ ու հետեւողական կը մնայ իր տեսաբանական կամ գործնական սկզբունքներուն ու շահերուն եւ երբե՛ք շեղում չի կատարեր իր աւանդական քաղաքականութենէն, իր հիմնական նպատակներէն, ի միջի այլոց, նաեւ Հայկական հարցին մէջ:

Ուստի նման քաջալերանք մը, առանց Հայ դատին ի նպաստ կամ ներքին սահմաններու սրբագրութեան ուղղութեամբ գործնական ու շօշափելի քայլերու, նենգամտօրէն նիւթուած դաւադրութիւն մը միայն պիտի ըլլար քայքայելու համար հայ ազատագրական պայքարի միասնական ճակատը եւ մոլորանքի մատնելու համար արտերկրի հայութիւնը:

Քաղաքական տհասութիւն եւ ծիծաղելի անհեթեթութիւն է, փաստօրէն, բարեկամութիւն քարոզել պոլշեւիզմի հանդէպ, երբ ցարդ, մարդկային բովանդակ, բայց մասնաւորաբար պոլշեւիզմի պատմութեան մէջ, ոչ ոք բարեկամական քննադատութեամբ դատ լուծած եւ իր պատմական հողերուն կամ անկախութեան տիրացած է:

Մնաց որ պոլշեւիզմը տալիք չունի իր բարեկամներուն ու հպատակներուն, այլ միայն առնելիք ունի: Իր աւելի քան քառասնամեայ պատմութիւնը ապացոյց:

Իսկ եթէ տալիք բա՛ն մը ունի բացառաբար մեզի, արտերկրի հայութեան բարեկամութիւնը անհրաժեշտ չէ: Հայաստանի եւ համայնավար երկիրներու մէջ ապրող երեքուկէս միլիոն հայերուն բարեկամութիւնն ալ կը բաւէ:

Շա՛տ իսկ է:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Վահան Յովհաննիսեան (1956-2014). Մարտունակ Հայու Դաշնակցական Տեսակին Հայրենական Վերընձիւղումը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?