Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 15, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարակարծութիւն
Թուրքիոյ Եւ Լիբանանի Միջեւ

«Լ՛Օրիան»-ի համաձայն, Լիբանանի կառավարութիւնը հրաւէր ուղղած է թրքական կառավարութեան Թուրքիոյ մէջ գտնուող լիբանանեան կալուածներուն մասին տեսակցութեանց վերսկսելու համար:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Հաքիմ ներկայիս կը քննէ այս հարցը, որ նախ սկսաւ «տնտեսական» բնոյթով, սակայն այժմ յանգած է «քաղաքական» ձեւի:

Արժանահաւատ աղբիւրներու համաձայն, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժորժ Հաքիմ, վերադառնալով Նիւ Եորքէն, իր նախարարութեան պատկան սպասարկութեանց հրահանգած էր հարկ եղած քննութիւնները կատարել Թուրքիոյ մէջ գտնուող եւ լիբանանեան հպատակներու պատկանող կալուածներու մասին եւ լիբանանցիներու իրաւունքները պաշտպանելու նպատակաւ` շարժման անցած է այդ ուղղութեամբ: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը վերոյիշեալ խնդիրներու քննութեան համար Պէյրութ հրաւիրած է թրքական պատուիրակութիւն մը, որուն համար դիմում կատարած է թուրք կառավարութեան:

Լիբանանեան կառավարութիւնը առժամաբար յետաձգած է այս խնդրին համար Լա Հէյի Միջազգային ատեանին դիմելու իր  որոշումը եւ դիմած է Անգարայի` հարցը անգամ մը եւս քննելու եւ երկու երկիրներու միջեւ համաձայնութեան եզր մը գտնելու յոյսով:

 

Փոթորիկին Աւերը  Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի մէջ տիրող փոթորիկը երէկ իր սաստկագոյն աստիճանին հասաւ: Ամբողջ օրը անձրեւը դադար չունեցաւ: Պէյրութ սովորականին պէս ողողուեցաւ: Ռիատ Սոլհ հրապարակը եւ Էմիր Պեշիր փողոցը ցեխի մէջ մնացին: Ինքնաշարժներու խճողումը աննկարագրելի էր: Մեքենական աւելներով հարկ եղաւ ցեխը մասամբ մաքրել:

Բազմաթիւ փողոցներու մէջ, որոնք ջրանցքի վերածուած էին, մարդիկ մէկ մայթէն միւսը անցնելու համար յաճախ բեռնակիրի պէտք ունեցան… Բեռնակիրները շահաբեր գործ ունեցան` անձ գլուխ 50 լ. դահեկան գանձելով:

Լեռներու վրայ ձիւնեց 1300 մեթր բարձրութենէն սկսեալ: Պայտարի կիրճին մէջ ձիւնին թանձրութիւնը 20 սանթիմեթր էր: Բայց ճամբան բաց մնաց: Մայրիներու շրջանին մէջ, 40 սանթիմեթր ձիւնի խաւ մը կազմուած է:

Այսօր օդը քիչ մը պիտի բարելաւուի:

 

Ակնարկ

 Պայմանաժամը

Եթէ ափրիկեան երկիրները տառացիօրէն գործադրեն Ատիս Ապեպայի որոշումը, այսօր` չորեքշաբթի, 15 դեկտեմբերի կէս գիշերին, պէտք է իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները խզեն Մեծն Բրիտանիոյ հետ, որովհետեւ Ռոտեզիոյ վարչապետը` Իըն Սմիթհ տակաւին իշխանութեան վրայ կը գտնուի, եւ բոլոր երեւոյթները ցոյց կու տան, թէ դիւրութեամբ հրաժարողը չէ:

Կասկած չկայ, թէ ափրիկեան երկիրներուն համար մարտահրաւէր մը եղաւ Ռոտեզիոյ անկախութեան միակողմանի յայտարարութիւնը, ծանր հարուած մը` Ափրիկէի նորանկախ պետութեանց արժանապատուութեան համար:

Կասկած չկայ նաեւ, թէ Մեծն Բրիտանիոյ համար լուրջ տագնապ մը եղաւ Սալզպըրիի ապստամբութիւնը` երկու կրակի մէջ առնելով Լոնտոնի կառավարութիւնը:

Մէկ կողմէ Ափրիկէի մէջ Անգլիոյ ունեցած շահերն ու բարեկամութիւնը կը թելադրէին Ուիլսընի կառավարութեան` չհանդուրժել Իըն Սմիթհի ապստամբութեան:

Միւս կողմէ, անգլիական ծագումով ռոտեզիացիներու հանդէպ զինուորական միջոցներու գործածութիւնը կրնար բարդութիւններ ստեղծել ներքին ճակատին վրայ:

Այս բոլոր տուեալները նկատի ունենալով, մէկ կողմէ ափրիկեան երկիրները չէին կրնար ձեռնածալ նստիլ, միւս կողմէ, Անգլիա ստիպուած էր զգուշ շարժիլ:

Եւ սակայն, տարակուսելի է, որ Ատիս Ապեպայի որոշումը գործադրուի այսօր, գոնէ այն երկիրներուն կողմէ, որոնք տնտեսական ու քաղաքական սերտ կապեր ունին Մեծն Բրիտանիոյ հետ:

Մասնաւորաբար, Հասարակապետութեան երկիրները կրնա՞ն լրջօրէն մտածել Լոնտոնի հետ խզուելու մասին, երբ այնքան շահեր իրարու կը միացնեն անգլիական նախկին գաղթավայրերը եւ Մեծն Բրիտանիան:

Գահիրէէն տրուած հեռագրի մը համաձայն, Եգիպտոս, որ Անգլիոյ հետ այլ հաշիւներ եւս ունի (Ատեն, Եմէն, Լիպիոյ խարիսխները եւ այլն) դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզման հարցին մէջ, պիտի զգուշանայ փութկոտ քայլեր առնելէ: Երբ Եգիպտոս, որ ընդհանրապէս յախուռն է, այդքան խոհեմ կը շարժի, պատճառներ կան մտածելու, թէ Հասարակապետութեան երկիրները աւելի խոհեմ պիտի ըլլան:

Դեկտեմբեր 15-ի գիշերը քանի մը երկիր կրնան ձեւական խզում մը յայտարարել, բայց հաւաքական խզումը, որուն մասին կը խօսուի, անհաւանական է որ տեղի ունենայ:

Այդպէս ցոյց կու տան երեւոյթները:

X

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Զարթօնք»-ի… «Ըուէյքընինկ»-ը (Դրամին Երկու Երեսները)

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?