Խմբագրական
Փաստերէն Ետք
(Քաղաքական Տհասութեան Քանի Մը Նոր Փաստերու Առիթով)
Մեր նախորդ խմբագրականով նշուած փաստարկութիւններէն ետք հարց կու տայինք. ի՞նչ ցոյց կու տան այս բոլորը:
Եւ կը պատասխանենք ահաւասիկ. նշուած փաստերը մի անգամ ընդմիշտ կը հաստատեն անհերքելի եւ անվիճելիօրէն, թէ պոլշեւիզմը, իբրեւ յամենայնի այլամերժ վարդապետութիւն կամ քաղաքական կազմակերպութիւն, բացարձակապէս ոչ մէկ տեսակ քննադատութիւն կամ ընդդիմութիւն կը հանդուրժէ, ի՛նչ որ ալ ըլլայ անոր բնոյթը` բարեկամակա՞ն, թէ՞ թշնամական, եւ ուրկէ՛ որ ալ գալու ըլլայ անիկա` ներսէ՞ն, թէ՞ դուրսէն:
Պոլշեւիզմը «կը հանդուրժէ» միայն մէկ տեսակ քննադատութիւն` ինքնաքննադատութիւն, այսինքն` միայն իր կողմէ իրեն դէմ եղած «քննադատութիւն»:
Քննադատութի՛ւն մը, սակայն, որ իրականին մէջ զուտ մարտավարական (տակտիկական) բնոյթ ունի եւ ինքնապաշտպանութեան միջոց մըն է լոկ բո՛ւն քննադատին` իրեն ենթակայ ժողովուրդներուն ու շարքերուն դէմ:
Մինչեւ իսկ հո՛ս պոլշեւիզմը հաւատարիմ կը մնայ ինքն իրեն եւ թոյլ չի տար, որ այսպէս կոչուած ինքնաքննադատութիւնը ուղղուի իր բո՛ւն թիրախին` ուղղակի վարչաձեւին կամ կեդրոնական իշխանութեան դէմ, այլ, ընդհակառա՛կն, կեդրոնանայ բացառաբար պետական ու կուսակցական ստորադաս օրկաններուն եւ մարմիններուն վրայ:
Ահա այ՛ս աստիճան դիւրազգաց ու փափկանկատ է պոլշեւիզմը… ինքն իրեն նկատմամբ:
Արդարեւ, եթէ այդպէս չըլլար, եթէ պոլշեւիզմը իրապէս հանդուրժելի եւ ընդունելի համարէր, եթէ ոչ անպայման թշնամական, բայց գոնէ` բարեկամական քննադատութիւնը, այդ պարագային համայնավար երկիրներու մէջ թոյլ կու տար եթէ ոչ երկրորդ քաղաքական կուսակցութեան մը, այլ առնուազն ընդդիմադիր ճակատի մը կազմութիւնը` նոյնինքն Համայնավար կուսակցութեան ծոցին մէջ:
Պոլշեւիզմը բարեկամական քննադատութեան իրաւունքը չի շնորհեր մինչեւ իսկ իր ամէնէն վստահելի շարքայիններուն եւ ամէնէ՛ն հեղինակաւոր վարիչներուն` անհնազանդները ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս ոչնչացնելու գնով:
Այս պայմաններուն մէջ տղայամտութիւն չէ՞ եւ անհեթեթ չէ՞ պնդել, թէ բարեկամական քննադատութեամբ կարելի է պոլշեւիզմի ո՛չ միայն բարեկամութիւնը շահիլ, այլեւ` զայն ողոքել ու զիջումներու մղել, հոգ չէ թէ` ակնբախ անարդարութիւններ (ներքին սահմաններ) սրբագրելու գործին մէջ:
Մնաց որ, պոլշեւիզմը չի՞ գիտեր, թէ մեր բարեկամութիւնը շահելու բազմաթիւ ձեւեր կան: Չի՞ գիտեր նոյնպէս, թէ մեր բարեկամութիւնը շահելու համար ամէն բան իրմէ կախուած է, իսկ իր բարեկամութիւնը շահելու համար մեր ձեռքը ոչինչ կայ: Գիտէ՛ անկասկած:
Արդ, ինչո՞ւ չի փորձեր այդ բազմաթիւ ձեւերէն մէկը կամ միւսը:
Պէտք չունի՞ մեր բարեկամութեան. այդ պարագային ծիծաղելի չէ՞, առնուազն… անփափկանկատութիւն չէ՞ պոլշեւիզմին առաջարկել բա՛ն մը, որուն պէտք չունի (այս պարագային` մեր բարեկամութեան):
Իսկ եթէ պէտք ունի մեր բարեկամութեան, չի՞ գիտեր նաեւ, թէ ինչո՛ւ կորսնցուցած է զայն: Գիտէ՛, հարկաւ: Չի՞ գիտեր նոյնպէս , որ մեր անբարեկամութեան պատճառները չէզոքացնելու բոլո՛ր միջոցները իր ձեռքն են: Շա՛տ լաւ գիտէ, անտարակո՛յս:
Հետեւաբար, ինչո՞ւ չի վերցներ մեր անբարեկամութեան տուն տուող պատճառները: Անոր համա՞ր արդեօք, որ մե՛նք ենք յանցաւորը. մե՞նք նախայարձակ եղանք պոլշեւիզմի դէմ : Արդեօք մե՞նք ուրացանք Հայ դատը եւ բովանդակ Արեւմտահայաստանը պաշտօնական դաշնագրով թրքական հող հռչակեցինք կամ հռչակել տուինք պոլշեւիզմին: Մե՞նք էինք, որ այսպէս կոչուած ներքին գաւառները իրեն կցել տուինք մեր հարեւան «եղբայրական հանրապետութիւն»-ներուն:
Իսկ եթէ ի՛նք ըրաւ այդ բոլորը, եւ ինք ըրաւ անշուշտ, ինչո՞ւ ըրաւ. մեր բարեկամութի՞ւնը, թէ՞ թշնամութի՛ւնը շահելու համար:
Մեղաւորը մե՞նք ենք, հայ ժողովո՞ւրդն է, եթէ… անբարեկամաբար տրամադրուած ենք փաստօրէն Հայ դատի թշնամի պոլշեւիզմին հանդէպ:
Մարդկօրէն հնարաւո՞ր է եւ կրնա՞յ ըլլալ, որ մարդ բարեկամաբար տրամադրուի իրեն համար ճակատագրական նշանակութիւն ունեցող քաղաքական արդարագոյն Դատի թշնամիին հանդէպ: Պոլշեւիզմը ինք կրնա՞յ մեզի օրինակ ծառայել այս մարզին մէջ: Պատահա՞ծ է երբեւէ, որ բարեկամաբար վարուի իր թշնամիներուն հետ կամ հանդուրժող ոգիով ու բարի տրամադրութեամբ դիմաւորէ իր բարեկամներու ամէնէ՛ն բարեկամական քննադատութիւնները:
Ամէնէն յատկանշական օրինակը. Խրուշչովը չէ՞ր, որ մէկ կողմէ խաղաղ գոյակցութիւն կը խաղար, իսկ միւս կողմէ` «պիտի թաղենք ձեզ» կը գոռար միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ` բարեկամին ու թշնամիին հաւասարապէս…
Մեր օրերու նորայայտ իմաստունները կրնա՞ն գոնէ մէկ հատիկ փաստ տալ այն մասին, թէ նման հրաշք մը պատահած է երբեւէ պոլշեւիզմի բովանդակ պատմութեան:
Իսկ եթէ պատահած չէ անցեալին, ի՞նչ տուեալներ կան հաւատալու համար, թէ կրնայ պատահիլ ներկայիս կամ պիտի պատահի մօտաւոր ապագային:
Սակայն աւելի էականը կայ դեռ: