«Բագին»-Ի Գրական Զրոյցները
Գ. Զրոյց
«Բագին»-ի կազմակերպած գրական Գ. զրոյցը, զեկուցաբեր ունենալով Յակոբ Իսկենտէրեանը, տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 25-ին, խմբագրատան սրահին մէջ: Զրոյցին նիւթն էր «Ի՞նչ կը սպասուի գրական եւ արուեստի ամսագրէ մը, կամ ի՞նչպէս պէտք է ըլլայ նման ամսագիր մը»:
Զեկուցաբեր թէ կարծիքի փոխանակութիւն ունեցողներ կանգ առին մասնաւորաբար հետեւեալ կէտերուն վրայ.
1.- Գրական եւ արուեստի լուրջ առաջադրութիւններ ունեցող ամսագիր մը մեր մէջ մեծ դժուարութիւններու դատապարտուած է հանդիպիլ, եթէ փորձէ ինքզինք դնել եւրոպական ամսագրերու մակարդակին:
2.- Այժ դժուարութիւնները պէտք չէ պատճառ ըլլան սակայն, որ գրական ամսագրի հրատարակող խմբագրութիւն մը հրաժարի իր բոլոր ճիգերը լարելէ` վերոյիշեալ բաղձալի մակարդակին հասցնելու համար իր հանդէսը:
3.- Գրական ամսագիր մը պէտք է իմացական իւրաքանչիւր մարզի համար հմուտ եւ մասնագէտ աշխատակիցներ ունենայ` հարկ եղած ձեռնհասութեամբ արտայայտուելու համար թերթը հետաքրքրող հարցերու մասին:
4.- Անհրաժեշտ է վերջապէս, որ գրական եւ արուեստի մեծ ամսագիր մը լայն տեղ յատկացնէ իմացական եւ արուեստի նորութիւններու: Հայ գրականութեան եւ մեր ժամանակակից գրողներու համար մղիչ ուժ մը պիտի ըլլար ասիկա:
Համազգայինի
Ակումբի Գործունէութիւնը
Ճեմարանի մուտքին ճիշդ դիմացը գտնուող շէնքին երկրորդ յարկը գրաւած է Համազգայինի քաղաքի վարչութիւնը եւ զայն վերածած` գեղեցիկ ակումբի մը, ակումբ բառին եւրոպական իմաստով գերարդիական կահաւորում, խմիչքներու պար, ընթերցասրահ եւ, ինչ որ ամենակարեւորն է, այցելողներ, հիւրեր, անդամներ կու գան իրենց երեկոները անցընելու ընտանեկան այս մթնոլորտին մէջ:
Պէյրութի համար պակաս մըն էր այս կեդրոնը: Յաճախ փափաք կը յայտնուէր այդ մասին, սակայն պէտք էր գործի ձեռնարկել: Եւ ապա Պէյրութի Համազգայինի վարչութիւնը, մեծ զոհողութիւններ յանձն առնելով, առաւ առաջին քայլը եւ, դեռ մէկ տարին չբոլորած` ծրագիրը դարձած է իրականութիւն:
Ակումբը բաց է ամէն երեկոյ ժամը 6:00-էն ետք եւ արդէն դարձած է ժամադրավայր մը Համազգայինի անդամներուն եւ անոնց բարեկամներուն համար: Ժրաջան աշխատանքի լծուած են վարչութեան կազմած գեղարուեստական, ընկերային, գրական եւ ակումբի յանձնախումբերը: Կարելի է, կիրակի օրերը, ժամը 5:00-ին երեխաներով հոն ըլլալ եւ վայելել գաւաթ մը թէյը եւ զրուցել ծանօթներու հետ: Գրասէրները եւ արուեստասէրները հոն են հինգշաբթի երեկոները, երբ տեղի կ՛ունենան գրական եւ գեղարուեստական նիւթերու շուրջ ասուլիսներ: Պրիճ սիրողներուն համար արտօնուած է չորեքշաբթի օրերը հաւաքուիլ պրիճի սեղանի մը շուրջ: Այլ օրերու եւ ժամանակներու կարելի է հանդիպիլ յանձնախումբերու կազմակերպած նորութիւններուն: Անակնկալ հանդիպումներ չեն պակսիր:
Նախկին զաւարեանական բարեկամ մը, որ Եւրոպայէն վերադարձած է իբրեւ բժիշկ եւ կամ երկրաչափ եւ կամ մտաւորական, հոն եկած է տեսնելու իր վաղեմի բարեկամները, եւ ահա` ուրախ հանդիպումներ:
Այո՛, ակումբ մը` բառին լայն իմաստով, տաք, ընտանեկան, մաքուր եւ հոգեհաճ: Սակայն մենք մոռցանք երեքշաբթիները: Ակումբին մէջ տարբեր եռուզեռ մը կը ստեղծուի, այդ օրերուն: Հոն են, վարչութենէն սկսած, բոլոր յանձնախումբներուն անդամները: Երեքշաբթի օրն է ճաշի եւ պինկոյի: Այս անգամ` ընտանիքներով:
Մենք եղանք ակումբ` երեքշաբթի, 4 յունուար 1966-ին: Ակումբը կը յորդէր: Տեղ չկար: Հոն էին ծերն ու երիտասարդը, մտաւորականն ու մասնագէտը, բոլորը` իրենց կիներով կամ բարեկամներով:
Ճոխ ճաշէն ետք վարչութիւնը կազմակերպած էր գեղարուեստական նկարներու ցուցադրութիւն մը` մոգական լապտերով: Համաշխարհային մեծ արուեստագէտներու գործերը, որոնք կը ներկայացէին Ս. Ծննդեան խորհուրդը, համապատասխան երաժշտութեամբ, Ռաֆայէլի, Միքել Անճելոյի եւ այլոց գործերը, որոնք ընտրուած էին մասնաւոր խնամքով եւ որոնց ցուցադրութեան ընկերացող ծննդեան արեւմտեան մեղեդիները ներդաշնակութիւն մը ստեղծած էին խորհուրդին հետ` վայելք մը եղան ներկաներուն համար:
Կ. ԱՐԱՄԱԶԴ
Մանրավէպեր
Երբ Թալէս Միլիսիոսին հարցուցին, թէ ո՞րն է աշխարհի ամէնէն դժուար բանը, պատասխանեց ինքզինք ճանչնալը: Ամէնէն դիւրի՞նը. Ուրիշներուն խրատ տալը: Ամէնէն անո՞յշը. փափաքը իրագործելը: Ամէնէն հի՞նը. Աստուած: Ամէնէն իմաստո՞ւնը. ժամանակը, որովհետեւ երեւան կը հանէ ամէն ինչ: Ամէնէն զօրաւո՞րը կարիքը, որ կը գերիշխէ ամէնուն վրայ: Ամէնէն արագընթա՞ցը. միտքը, որ կը սուրայ միշտ: Ամէնէն լա՞ւը. տիեզերքը, որ ստեղծագործութիւնն է Աստուծոյ:
Երբ հարցուցին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ լաւագոյն եւ արդարագոյն կեանք մը, պատասխանեց.
Չընելով այն բաները, որոնցմով կ՛ամբաստանենք ուրիշները»:
Իսկ երբ հարցուցին, թէ ո՞վ է երջանիկ մարդը, պատասխանեց. «Ան, ո՞ր առողջ մարմին ու կրթուած (ազնիւ) հոգի ունի»: Ծնողներուն հանդէպ զաւակներու վերաբերումին մասին ըսաւ. «Ո՛րքան բարութիւն որ ցոյց տաս ծնողներուդ հանդէպ, ա՛յնքան ալ պիտի գտնես զաւակներէդ»:
***
Օր մը Մեծն Աղեքսանդրին յայտնեցին, թէ ծովահէն մը գերի բռնուած է:
Թագաւորը հրամայեց, որ իր մօտ բերեն զայն:
Երբ բերին, Աղեքսանդր հարցուց.
– Չե՞ս ամչնար, որ նման գործ կ՛ընես:
Ծովահէնը պատասխանեց.
– Ի՞նչ ընեմ, տէ՛ր իմ, միայն մէկ նաւ ունիմ: Եթէ նաւատորմիղ մը եւ շատ մը զինուորներ ունենայի, քեզի պէս թագաւոր կ՛ըլլայի:
***
Թերմոպիլէի պատերազմէն ետք դասալիք եղած եւ պարսիկներուն կողմը անցած քանի մը զինուորներ ներկայացան Քսերքսէսի, որ անոնց հարցուց, թէ ինչո՞վ կը զբաղին հելէնները:
Անոնք պատասխանեցին, թէ հելէնները ողիմպիական մրցումներ կը կազմակերպէին:
Երբ իմացաւ, թէ իբրեւ մրցանակ, դրամի եւ ուրիշ վարձատրութեան փոխարէն, ձիթենիի ճիւղ կը ստանային յաղթականները, զարմացաւ եւ Մարտոնիոս զօրավարին դառնալով` ըսաւ.
– Աւա՜ղ, որո՞նց դէմ կռուելու կ՛առաջնորդես պարսիկներ: Մարդոց դէմ, որ կը մրցին ո՛չ թէ դրամի, այլ առաքինութեան համար: