50 Տարի Առաջ (1 Փետրուար 1966)
Լուրեր Խարբերդէն Էլմաս Մկրտիչեան, Խարբերդի Դատեմ գիւղէն, հարազատները տեսնելու բաղձանքով վերջերս այցելեց իր ծննդավայրը: Շատերու պէս ես ալ փափաքեցայ ունենալ տիկնոջ տպաւորութիւնները այս երբեմնի հայահոծ եւ հայաբոյր բնավայրի ներկայ վիճակին մասին: Ստորեւ կը ներկայացնեմ տիկնոջ տպաւորութիւնները: «Սեպտեմբեր 17-ին ճամբայ կ՛ելլեմ դէպի Պէյրութ եւ հոնկէ անմիջապէս կը մեկնիմ Ատանա: Հաղորդակցութեան անբաւարար միջոցներուն պատճառով կը հարկադրուիմ երկու օր հոն մնալ: Աչքի զարնող առաջին կէտը մուրացկանութեան գոյութիւնն է. աղքատութեան պատճառով ամէն կողմ կը վխտան մուրացկանները: Մէկ օրուան համար կը մեկնիմ Այնթապ. տեղացի ժողովուրդը, որ գողութիւնը արհեստի վերածած է, կոշտ ու կոպիտ է, չըսելու համար` վայրենի: Յաջորդաբար կ՛այցելեմ Քիլիս, ուր արդիական կայարան մը շինուած...
Կարդալ ԱւելինDetails

