Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Դեկտեմբեր 1965)

December 14, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի
Տօնակատարութիւնը Երկրէ Երկիր

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ արտերկրի գրեթէ բոլոր գաղութներուն մէջ, ժողովրդային հոծ բազմութեանց ներկայութեան եւ խանդավառութեան ընդհանուր մթնոլորտի մէջ:

Ստորեւ կու տանք ամփոփ պատկերը հայկական գլխաւոր կեդրոններու մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեանց.

Ա.- ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը տօնակատարուեցաւ առաջին հերթին Պուէնոս Այրեսի մէջ, հոկտեմբեր 23-ին: Բանախօսեց  Աշոտ Արծրունի: Խօսք առին նաեւ ուրիշներ:

Բ.- 75-ամեակը փառաշուք կերպով տօնուեցաւ նաեւ Սան Փաւլոյի մէջ, նոյեմբեր 6-ին: Նախագահեց Ս. Փամպուքճեան: Խօսք առին յաջորդաբար երիտասարդութեան կողմէ` ընկ. Ա. Չերքեզեան եւ օրուան բանախօս Հրանդ Սամուէլ (Փարիզէն):

75-ամեակը այնուհետեւ յաջորդաբար եւ միշտ հոծ բազմութեանց ներկայութեան տօնուեցաւ նաեւ Արժանթինի, Պրազիլի եւ հարաւամերիկեան այլ գաղութներու մէջ: Խօսք առին եւ օրուան խորհուրդը ներկայացուցին ղեկավար ընկերներ. Մոնթեւիտիոյի մէջ, օրինակ, խօսեցաւ Յ. Տէվէճեան:

Գ.- 75-ամեակը մեծ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Թեհրանի մէջ, հոկտեմբերի վերջը, ի ներկայութեան հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն. բանախօսեց տոքթ. Բաբգէն Փափազեան:

Դ.- Փարիզի մէջ, հոկտեմբեր 30-ին, Զ. թաղամասի քաղաքապետարանի սրահներուն մէջ: Խօսք առին յաջորդաբար` Աշոտ Իսահակեան, ՀՅԴ « Նոր սերունդ»-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Փուշուճեան եւ օրուան գլխաւոր բանախօս Միսաք Միրզէ:

Եօթանասունհինգամեակը բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Վալանսի, Վիենի, Տեսինի եւ Լիոնի մէջ:

Ե.- Մարսէյի մէջ, նոյնպէս հոկտեմբեր 30-ին: Ներկայ եղան նաեւ օտար պաշտօնական անձնաւորութիւններ, ի միջի այլոց` Մարսէյի քաղաքապետը եւ Քաղ. Խորհուրդի անդամներ, Ֆրանս. Ընկերվարական կուսակցութեան ներկայացուցիչը եւ այլն:

Յաջորդաբար խօսք առին` օրուան նախագահ Աստ. Քէօսէեան, ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Զաւէն  Գաբրիէլեան (ֆրանսերէն ուղերձ), Մարսէյի քաղաքապետի ներկայացուցիչ Քասթելլինա եւ օրուան գլխաւոր բանախօս Ժիրայր Փալամուտեան:

Զ.- Ուաշինկթընի մէջ, 31 հոկտեմբերին, ուղեկից կազմակերպութեանց մասնակցութեամբ: Նախագահեց Արշ. Շիրակեան: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար Ուաշինկթըն գտնուող Միսաք Թորլաքեան: Յաջորդաբար խօսք առին` օրուան նախագահը, ձեռնարկի կազմակերպիչ «Սեպուհ» կոմիտէի ատենապետ տոքթ. Հրաչ Աբրահամեան, օրուան բանախօս Նորայր Ստեփանեան (Նիւ Եորքէն), ինչպէս նաեւ` ուղեկից միութեանց ներկայացուցիչներ: Յայտագրէն ետք տեղի ունեցաւ խրախճանք` ջերմ մթնոլորտի մէջ:

1) Ուստրի մէջ, նոյեմբեր 7-ին: Յաջորդաբար խօսք առին` Հ. Երիտ. Դաշնակցութեան կողմէ Միսակ Պարոնեան, Ուստրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ  Վարդգէս Հայթայեան, տեղւոյն ՀՕՄ-ի ներկայացուցիչ Սիրանուշ Վարդանեան, «Հայրենիք» օրաթերթի խմբագիր Խ. Ներսէսեան եւ գլխաւոր բանախօս տոքթ. Անդր. Վարժապետեան:

2) Տիթրոյթի մէջ, նոյեմբեր 28-ին, ի ներկայութեան հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն: Յաջորդաբար խօսք առին` ուղեկից կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ օրուան բանախօս տոքթ. Անդր. Վարժապետեան: Նախագահեց Յակոբ Մուրատեան: Ապա տեղի ունեցաւ խրախճանք:

3) Նոյն օրերուն ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը տօնակատարուեցաւ նաեւ Մ. Նահանգներու հայաշատ բոլոր քաղաքներուն մէջ, խուռն բազմութեանց մասնակցութեամբ: Խօսք առին ղեկավար ընկերներ: Դաշնակցութեան օրը բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Քալիֆորնիոյ զանազան կեդրոններուն մէջ:

Է.- Աթէնքի մէջ, նոյեմբեր 21-ին, հոծ բազմութեան մը եւ Ազգ. իշխանութեանց ու մարմիններուն ներկայութեան: Նախագահեց Օննիկ Զաքարեան: Յաջորդաբար խօսք առին` ՀՅ Դաշնակցութեան Երիտ. միութեան կեդր. վարչութեան կողմէ Շաքէ Տէր Յարութիւնեան եւ օրուան  բանախօս, յատկապէս Պէյրութէն հրաւիրուած տոքթ. Բ. Փափազեան:

75-ամեակը նոյնքան բացառիկ շուքով տօնուեցաւ նաեւ Յունաստանի զանազան հայաշատ քաղաքներուն մէջ, ուր խօսք առին մտաւորական ընկերներ:

Բոլոր հանդէսներուն մէջ գործադրուեցան օրուան խորհուրդին պատշաճ գեղարուեստական յայտագիրներ:

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակին տօնակատարութիւնը, Յիսնամեակի այս օրերուն, ընդհանուր խանդավառութեան ու ոգեշնչումի առիթ մը եղաւ արտերկրի ազատատենչ ու գաղափարապաշտ հայութեան, մասնաւորաբար երիտասարդութեան համար:

 

Գնահատելի Ժեսթ Մը`
Շաւարշ Միսաքեան Մրցանակ

Այնճարի «Յառաջ» քոլեճի տնօրէնութենէն ուրախութեամբ կը տեղեկանանք, թէ Փարիզի «Յառաջ» թերթը, որուն անունով կը կոչուի քոլեճը` հիմնուած ըլլալով Շ. Միսաքեանի նախաձեռնութեամբ կազմուած հիմնադրամով, «Յառաջ» նախակրթարանի 25-ամեակին առիթով կը հաստատէ «Շաւարշ Միսաքեան մրցանակ» մը` 300 լ. ոսկի, որ ամէն տարի պիտի տրուի քոլեճի աւարտական դասարանի այն աշակերտին, որ առաջին կը հանդիսանայ հայոց լեզուի մէջ:

Միւս կողմէ, Տիրուհի Միսաքեանի մահուան տարելիցին առիթով Արփիկ Միսաքեան 500 ֆրանք կը նուիրէ «Յառաջ» քոլեճին:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեանի Աշակերտները Կը Նշեն Լիբանանի Անկախութեան 72-րդ Տարեդարձը

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.