Խմբագրական
Դիւցազնօրէն
(Ուրֆայի Հերոսամարտի Յիսնամեակին Առիթով)
Արմենաւանդ ոգիի անմեկնելի ծառացում մը ահա. մահը դիմակալելու, մահուամբ զմահ կոխելու կրանիթեայ կամք մը, դիւցազնական խոյա՛նք մը, հայավայել լեռնացո՛ւմ մը հոգեկան:
Ափ մը ժողովուրդ, ափ մը կտրիճներ կը տասնապատկուին, կը բիւրապատկուին յանկարծ եւ իրենց ընդվզումին մէջ կը վերաբերին ամբողջ պատմութեան մը խորհուրդը, ապրելու ու մեծնալու կամքը, շնորհն ու հանճարը ունեցող ժողովուրդի մը բովանդակ ողբերգութիւնը, դիւցազներգութի՛ւնը, սխրալի՛ ճակատագիրը:
Քիչ անգամ ժողովուրդ մը ներքին այսքան ուժ ու կորով կը խտացնէ իր բազուկին մէջ, քիչ անգամ այսքան ուժական մարտունակութիւն ու արմենական արիութիւն կը ցուցաբերէ օրհասական գօտեմարտի մը մէջ եւ իբրեւ ոգեղէն հրաբուխ կը պայթի դարաւոր ոսոխի ամօթապարտ ու անիծակուռ հորդաներու գլխուն:
Արմենական Ուրֆան, Եղեռնեան շրջանի հերոսամարտերու Հայկական լեռնապարին մէջ, իւրատիպ Արարատ մըն է, շքեղօրէն հերոսական, հայօրէն վսեմ եւ տղամարդօրէն արիական:
Շապին Գարահիսարի հետ, եզակի երեւոյթ մըն է մեր նորագոյն պատմութեան մէջ: Եզակի` իբրեւ անօրինակ խիզախութիւն, եզակի` իր տարողութեամբ ու հերոսական շքեղ դրուագներով, եզակի` եղերականօրէն արիւնոտ իր ճակատագրով:
Եզակի մանաւանդ թշնամիին հասցուցած իր ֆիզիքական ու բարոյական խորտակիչ հարուածով: Միայն Ուրֆան պիտի բաւէր, իր բարոյական մեծութեամբ, բարոյական գաճաճի անջնջելի ամօթով քարանելու համար թշնամին մինչեւ կատարա՛ծը աշխարհի:
Մինչ, միւս կողմէ, ան պիտի կազմէ – կազմա՛ծ է արդէն – հայոց պատմութեան ամէնէն պայծառ էջերէն մէկը: Հայ մարտական ոգիի ամէնէն լուսաւոր եւ ամէնէն հոգեխռով փայլատակումներէն մէկը: Հայկական դիւցազնավէպի ամէնէն շքեղ եւ ամէնէն կախարդական մէկ դրուագը:
Ամբողջ հայութիւնը, խոր հպարտութեամբ ու արժանաւորութեան բարձր զգացումով, ինքզինք կը ճանչնայ Ուրֆայի մէջ եւ կրնայ համայն աշխարհին բարձրաճակատ ներկայանալ Ուրֆայի դափնեպսակը ճակատին:
Կրնայ ներկայանալ իբրեւ ընտրելագո՛յնը բոլոր ընտիրներուն մէջ: Իբրեւ ժողովուրդ մը, որ արժանի է ապրելու սեփական ճակատագիրով, որովհետեւ դիւցազնօրէն մեռնի՛լ գիտէ` սեփական ճակատագիր կերտելու եւ ազգային, մարդկային ու բարոյական վսեմ արժէքները կուրծքով պաշտպանելու սրբազան հրայրքով:
Որովհետեւ գիտէ մեռնիլ հայրենի հողին համար, հայրենի հողին վրայ եւ երազուած հայրենիքի մը նուիրական ու անմեռ տեսիլքը աչքերուն մէջ:
Վասնզի գիտէ շեշտակիօրէն նայիլ մահուան դժնետեսիլ աչքերուն մէջ մարդո՛ւն, հայո՛ւն, ընտիր յեղափոխականին վայել արիութեամբ եւ կեանքին գնով քալել առաջ, երկաթէ կամքի մը զսպանակումով, վասն հայրենեաց եւ ազգի:
Առաւելաբար Ուրֆայո՛վ լիովին ըմբռնելի կը դառնայ տարաբախտ բանաստեղծին թեւաւոր խօսքը. «Ես երգելո՜վ կ՛ուզեմ մեռնիլ…»:
Եւ Ուրֆան դիւցազնօրէն ինկաւ` «ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ…» աղաղակելէն: Իսկ անոր աղաղակը թնդացուց հայոց պատմութեան եւ հայ հոգիներուն խորագոյն խորքերը մինչեւ, ապա դառնալու համար լուսաւոր փարոսը յետնորդ սերունդներուն, իբրեւ ոգի եւ ներշնչման անսպառ աղբիւր:
Դառնալու համար յաւերժական փա՛ռքը Հայաստանի եւ անխորտակելի պատուանդանը` նորանո՛ր սխրանքներու:
Ոգեկան յարաճո՛ւն հզօրանքի:
Հայօրէն վսեմ եւ դիւցազնօրէն հրաշագեղ:
Յիսնամեակ`
Ուրֆայի Հերոսամարտի
Կարելի չէ կարդալ Ուրֆայի հերոսամարտը եւ անտարբեր մնալ: Այսպէս յայտարարած է հայ վշտի երգիչ Ա. Ահարոնեան, Ուրֆայի հերոսամարտին նուիրուած իր ներբողականին մէջ:
Ուրֆայի հերոսամարտը եղաւ եզակի մէկ արտայայտութիւնը հայ ժողովուրդի ընդվզումին եւ ինքնապաշտպանութեան: Մինչեւ 29 սեպտեմբեր 1915 շատ մը հայկական գաւառներ դատարկուած էին հայ բնակչութենէ: Ուրֆան դարձած էր կայան մը այդ աքսորական ու թշուառ կարաւաններուն համար:
Զէյթունի ժողովուրդը ջարդուած էր Տէր Զօրի ճամբուն վրայ: Գրիգոր Զօհրապ եւ Վարդգէս եղերականօրէն նահատակուած էին Ուրֆայի մօտերը: Ուրֆայի մտաւորական ընտրանին եւ առաջնորդը, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւնը, հաւաքուած եւ ջարդուած էին: Ժողովուրդին համար կը մնար մահուան պատուաւոր ճանապարհը: Մեռնիլ քաջութեամբ: Ուրֆացիին նշանաբանը եղաւ ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ Է, եւ ան դիմեց իմացեալ մահուան` նուաճելով անմահութեան դափնեպսակը:
Ժողովուրդ մը հերոսներ կը ծնի եւ դիւցազնական խոյանքներ կ՛ունենայ, երբ կը զգայ, թէ հնչած է իր գոյութեան ճգնաժամը: 29 սեպտեմբեր 1915-ին Ուրֆայի եկեղեցիները ժողովուրդին հաղորդեցին, իրենց սրբահունչ զանգերու ղօղանջով, հաւա՛քաբար, եղբա՛յրօրէն մարտնչելու եւ նահատակուելու պատգամը:
Թուրք գազազած ամբոխը քալեց հայոց թաղամասերուն վրայ, բայց իրեն դէմ գտաւ բռունցքը հայու վճռակամութիւն: Իրենց դէմ նոյն բռունցքը գտան խուժանին յաջորդող թուրք ոստիկանութիւնն ու բանակը: Հայ ժողովուրդը, մեծով ու փոքրով, ծերով ու երիտասարդով դիմադրեց թրքական բանակին, Դամասկոսէն եկած Ֆախրի փաշայի հսկայական գումարտակներուն, գերմանացի մասնագէտ թնդանօթաձիգներուն, ինչպէս նաեւ թուրքեւգերման խարդախ դիւանագիտութեան: Ուրֆացին այդ ճգնաժամային օրերուն միացաւ ու կազմակերպուեցաւ, զինուեցաւ հոգիով ու մարմնով ու քաջաբար ջարդեց թշնամի խուժանները, որոնք կու գային սպաննելու, թալանելու եւ աւերելու համար:
Հերոսական ուրֆացին հասած էր իր նպատակին: Նոյնինքն Ֆախրի փաշա կոչեցեալ արիւնարբուն այսպէս վկայած է. «Ի՞նչ պիտի ըլլար մեր վիճակը, եթէ այս ծանր օրերուն քանի մը ուրֆաներ մեզի դէմ ծառանային»: Այո, եթէ քանի մը ուրֆաներ եւս այս քաջութեամբ ծառանային, բոլորովին տարբեր պիտի ըլլար մեր ճակատագիրը եւ աւելի պայծառ պիտի անցնէր հայութեան գլուխէն ապրիլեան փոթորիկը:
Տակաւին միայն յիսուն տարի անցած է այն օրերէն, երբ Ուրֆայի մէջ մեր հայրերը օրհասական կռիւ մղեցին մեր դարաւոր թշնամիին դէմ: Տակաւին թարմ կը մնայ յիշատակը այդ օրերուն բոլոր անոնց մտքին մէջ, որոնք ականատեսներ եղան: Եւ այսօր մեր բոլորին սիրտը կը կոտտայ մեր նահատակ նախնիներուն կորուստին համար: Վերապրողներն ու անոնց զաւակները, իրենց հոգիին մէջ տակաւին կը պահեն յիշատակը այդ ճակատագրական օրերուն:
Սակայն այսօր մեծագոյն հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ անմահները ինկան ամբողջ հայ ժողովուրդի դատն ու պատիւը պաշտպանելու ի խնդիր եւ մեր գոյամարտը կը կազմէ փառաւոր մէկ օղակը հայ ժողովուրդի միւս հերոսամարտերուն շղթային:
Պարծա՜նք մեկնողներուն եւ պատի՛ւ մնացողներուն:
Փա՜ռք Ուրֆայի ծանօթ ու անծանօթ հերոսներուն:
Փա՜ռք հայ ժողովուրդին:
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ