Նոթեր Ու Նետեր
Ռուսական Արջը`
Թուրքերու Մէջ
Մոսկուայի պետական կրկէսը կատարեալ կազմով ու Կոշա կոչուող արջով գնաց Պոլիս ու սարքեց ներկայացում:
Խումբին գլխաւոր դերակատարն է Կոշա արջը, որ կը կատարէ խաղեր անհաւատալի:
Կոշա հինգ անգամ նստած է մեքենայացած հեծելանիւի վրայ ու դարձած է խելացնոր արագութեամբ եւ բոլորակի:
Եւ սակայն ահաւոր արագութեամբ դարձած ատեն կը թռչի հեծելանիւէն եւ կը տապալի, կ՛իյնայ փիսթին շուրջը նստած երկսեռ հանդիսատեսներուն վրայ:
Սրահէն սարսափահար աղաղակներ կը լսուին յանկարծակի:
Արջ Կոշա (որուն համար կ՛ըսեն, թէ ամէնէն խելացի արջն է աշխարհի) կը ճանկէ այր թուրքերը…
Բայց կը համբուրէ թրքուհիները:
Հսկիչները եւ ոստիկանները կը վերահաստատեն անդորրութիւնը` բաւական դժուարութեամբ:
Ճանկուած թուրքերն են Չեթին Փեքվտն, Ճըմպըզ Զիա, Իւրկիւպ Ուչուրթմա, Ճեմ Ճանեաքան, Թոփ Պիպերլի:
Իսկ համտեսուած թրքուհիներն են` Մերալ, Մերիքէ, Սոյկուն, Սեւիմ, Սեմիա եւ Լէյլա Չիչեք:
Ճանկուածները փոխադրուած են հիւանդանոց:
Իսկ արջ Կոշա բեմ բարձրացած է ու շարունակած` իր զարմանահրաշ խաղերը, մէկ աչքը քաղցրութեամբ սեւեռած թրքուհիներուն, միւս աչքն ալ խստօրէն ուղղած թուրքերուն, որոնք վախցած են նորանոր յարձակումներէ:
Ներկայացման աւարտէն ետք թուրքերը սկսած են խօսիլ պատահածին մասին:
Ծերունի թուրք մը կ՛ըսէ.
– Պատահածը խորհրդանշական է: Տակը իմաստ կայ: Մոսկոֆ արջը յարձակեցաւ թուրքերուն վրայ սակայն համբուրեց թրքուհիները: Հարուածները` այրերուն, համբոյրները` կիներուն: Եւ` բացէ ի բաց: Արջին ըրածը եթէ բազմապատկենք բիւրաւոր բիւրերով, քոմիւնիսթ ռուսերուն ապագային մեզի ընելիքը կը հասկնանք: Թող մեր արջերը Մոսկուա երթան ու մոսկոֆ արջեր բերեն մեզի:
Ազգայնամոլ թուրք մը սապէս կը յայտարարէ.
– Ահա սկսաւ ռուսեւթուրք մշակութային կապը` արջի ճիրանով ու արջի լիզումով: Մշակութային այս կապը պատճառ պիտի ըլլայ, որ թուրքերը իրենց աչքերը կապեն ու գօտիները աւելի սեղմեն. իսկ թրքուհիները թուլցնեն իրենց մէջքի կապերը, եթէ ունին…
Թուրք փրոֆեսէօր մը սապէս կ՛արտայայտուի.
– Արջը մարզուած էր: Բայց մասնաւորապէս մարզուած էր ճանկելու եւ լիզելու համար, եւ լաւ գիտէր, թէ ի՛նչ տեսակ թուրք պիտի վիրաւորէ, թէ ի՛նչ տեսակ արարած պիտի լիզէ: Կ՛ըսեմ` մարզուած էր: Մեր արջերը ե՞րբ պիտի մարզուին մոսկոֆները ճանկելու կամ ուտելու համար:
Թուրք մայր մը կ՛երգէ.
– Արջը աղջիկս համբուրեց… Ատիկա խըսմեթ է… Աղջկանս խսմէթը պիտի բացուի, շատ պիտի բացուի… Շնորհակալ եմ արջին…
Թրքուհի մըն ալ թրթռուն ձայնով դայլայլած է.
– Կոշա աշխարհի ամէնէն խելացի արջն է: Ճաշակ մըն ալ ունի անվիճելի: Փա՞ստ կ՛ուզէք. ամէնէն աւելի զիս լիզեց: Մէկ յանցանք ունի. իր ծանր մարմինով` գիրկս իյնալը յանկարծակի: Եթէ փափկօրէն մօտենար, ես ալ զինք կը համբուրէի:
Էմինէ անուն թրքուհի մըն ալ սապէս գեղգեղած է.
– Ռուսական Կոշա արջը թէեւ ուրիշ կիներու գիրկը ինկաւ, բայց աչքը վրաս էր. մե՜ղք, որ ես քիչ մը հեռուն նստած էի:
Վերջապէ՜ս, թուրք քրոնիկագիր մըն ալ, շաբաթաթերթի մը մէջ, դէպքը նկարագրելէ ետք, իր գրութիւնը վերջացուցած է սապէս.
– «Դէպքին պահուն մէկ բան գրաւեց ուշադրութիւնս: Ներկաներէն այրերը վախցան, իսկ կիները ոչ միայն չսոսկացին, այլ կը ժպտէին…»:
Քրոնիկագիրը չ՛ըսեր, թէ թրքուհիները ինչո՛ւ չվախցան:
Մենք ըսինք.
– Որովհետեւ թրքուհիները վարժուած են երկոտանի թուրք արջերուն անակնկալ յարձակումներուն: Թէեւ թուրք երկոտանի արջերը ռուս արջին չափ խելացի չեն, բայց կատաղութեան կողմէ կրնան ելլել մրցումի:
ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Հայաստան
Գառնիի Պեղումները
Վերջերս Գառնիի մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին գտնուած են չինական ու պարսկական յախճասալերու կտորներ, ինչպէս նաեւ` արաբական, սելճուքեան, բիւզանդական ու վրացական դրամներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ հին Հայաստանը այդ երկիրներուն հետ ունեցած է մշակութային եւ առեւտրական կապեր:
Հայաստանի Քիւրտերը
Վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է «Հայ եւ քիւրտ ժողովուրդի բարեկամութեան պատմութիւնը» վերնագրով գիրք մը, որ բաւական նոր տեղեկութիւններ կը պարունակէ Հայաստանի քիւրտերուն մասին:
Գիրքին հեղինակը երիտասարդ պատմաբան ու բանաստեղծ Կարկեմլ Չանչանին է, որ կը հաւաստիացնէ, թէ քիւրտերը 9-րդ դարէն ի վեր կը բնակին Հայկական Հանրապետութեան այժմու հողամասին վրայ:
Հեղինակը իր գիրքին մէջ լայն տեղ կու տայ անցեալ դարու հայկական մշակոյթի ներկայացուցիչներուն, որոնք քիւրտ ժողովուրդի դաստիարակութեան նպաստած են:
Պատմաբան Մկրտիչ Տիգրանեան դասագիրքեր հրատարակած է Արեւմտեան Հայաստանի քիւրտերուն համար: Քրտական պատմութեան ու մշակոյթի մասին մենագրութիւններ ունին հայ նշանաւոր գրողներ` Խաչատուր Աբովեան, Րաֆֆի, Պերճ Պռօշեան եւ երգահան Կոմիտաս:
Հայաստանի քիւրտերու կեանքին ուսումնասիրութեան զարգացումին մեծապէս նպաստած է Հաճիէ Ճնտի, որ անցեալ տարի առանց քննութիւն անցընելու` լեզուաբանութեան տոքթորի աստիճան ստացած է: Ան 30 տարի նուիրած է իր ժողովուրդին պատմութեան, գրականութեան ու բանահիւսութեան ուսումնասիրութեան: Քրտերէնի նոր այբուբենի ու քերականութեան հիմնադիրներէն մէկն է Ճնտի:
Վերջերս այս գիտնականը պատրաստած է քրտերէն, հայերէն ու ռուսերէն լեզուներու բառարան մը, որ 30.000 բառ կը պարունակէ:
Ճնտի կը ղեկավարէ Հայաստանի Գրողներու միութեան քրտական բաժինը, որ 20 գրականագէտներ կը հաշուէ: Անոնց միջեւ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն կը վայելէ Արաբ Շամիլով, որ 81 տարեկան է եւ քրտական ազգային գրականութեան հիմնադիրն է: Անոր «Քիւրտ հովիւը» պատմուածքներու ժողովածուն լոյս տեսած է նաեւ ռուսերէն, ֆրանսերէն, արաբերէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով:
Շամիլովի վերջին վէպը` «Ճակատագրի ուղին», նուիրուած է հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու բարեկամութեան: Հայ գրական շրջանակներու մէջ մեծ շահագրգռութիւն արթնցուցած է այս գիրքը:
Քիւրտ մտաւորականներէն պէտք է յիշել ծանօթ գրող ու թարգմանիչ Ճասըմէ Ճալիլի ընտանիքը: Անոր երէց տղան` Օրտիխանը լեզուաբան է: Երեւանի համալսարանը աւարտելէ ետք ուսումը շարունակած է Լենինկրատի մէջ: Միւս տղան` Ճալիլը, պատմաբան է, իսկ աղջիկը` Ճեմիլէ, ուսումը առած է Երեւանի երաժշտանոցին մէջ:
Հայ Կեանք
Ալֆորվիլ. Ընկերական Հաւաքոյթ
ՀՅԴ «Սարգիս Մինասեան» կոմիտէն ճաշկերոյթով մը նշեց իր հիմնադրութեան 39-րդ տարեդարձը եւ, միեւնոյն ատեն, իր գնահատանքի արտայայտութիւնը բերաւ Կ. Մեհեանի գրական, հրապարակագրական եւ հանրային բազմամեայ գործունէութեան համար:
Ս. Թիրեաքեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկին նպատակին մասին: Այս առթիւ յայտարարեց, թէ շրջանի ընկերները տասնամեակներէ ի վեր կը ձգտին կենդանի պահել գաղութին ազգային կեանքը եւ հայկական դիմագիծը: Խօսելով Կ. Մեհեանի գրական եւ հրապարակագրական վաստակի մասին, ան դիտել տուաւ, թէ դաշնակցական մտաւորականը մի՛շտ սատարած է հայ գրականութեան եւ զարգացուցած է հայ միտքը` ազգային-քաղաքական հանգանակներով:
Յաջորդաբար խօսք առին` Խ. Մկրտիչեան, Կ. Յակոբեան, Ժ. Միրիճեան եւ Ա. Գրիգորեան: Վերջին խօսողը եղաւ Կ. Մեհեան, որ անդրադառնալով Դաշնակցութեան այսօրուան դերին` սեղմ գիծերով ներկայացուց քառասնամեայ պայքարը` մեր գաղութներուն` հոգելլկումի եւ մտալլկումի շրջանէն մինչեւ այսօր, «Երբ այլեւս հողերու համազգային պահանջով մեր առաջադրութիւններէն մէկը համազգային է դարձած, իսկ անկախութեան գաղափարը, զոր աննկուն կերպով կանգուն պահեցինք, երբեւիցէ այնքան համահայկական չէր եղած որքան այժմ»:
Ա. Պարթեւեանի Նոր Ձայնապնակը
Ֆրանսական երաժշտական «Վոկ» ընկերութիւնը մօտ օրէն հրապարակ պիտի հանէ նոր ձայնապնակ մը (տիսք), նուիրուած` այս անգամ Արա Պարթեւեանի ինքնուրոյն սիմֆոնիք երաժշտութեան:
Ցարդ հրապարակուած ձայնապնակները յատկացուած էին հայ կրօնական եւ ժողովրդական երաժշտութեան: Այս վերջինը արուեստի բարձր մակարդակի ամբողջութիւն մըն է, որուն իրագործումը կատարած է Փարիզի համբաւաւոր քոնսեր Քոլոնի նուագախումբը` ղեկավարութեամբ հեղինակին, որուն տասնմէկերորդ ձայնապնակը պիտի ըլլայ: