Պէտք Չէ Յուսալքուիլ
Քանի մը օրէն յիսնամեակի հանդիսաւոր տարին կը թեւակոխէ իր մայրամուտը:
Երկրագունդի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, ուր բուռ մը հայ կայ, երկիւղածութեամբ ոգեկոչուեցաւ մեր բազմահազար զոհերու նուիրական յիշատակը` վեհաշուք հանդիսութիւններու մէջ, խուռներամ բազմութեամբ, զուսպ եւ խոհուն լրջութեամբ, պատկառազդու ակնածութեամբ եւ մանաւանդ` լուսաշող գալիքի փայլուն հեռանկարով: Մարդկային ահաւոր կորուստի առթած ցնցումին առընթեր, զգալի էր հոգիներու ամեհի ցասումը թուրք գերփիչներուն դէմ, որոնք Եղեռնը գործադրեցին` բռնագրաւելու եւ տէր դառնալու համար հայրենի մեր հողերուն:
Ամէնուրեք միաձայն կը պահանջէինք մեր պապենական հողերը:
Հոյակապ հանդիսութիւններէն ետք, յիսնամեակի աւարտին, ուշագրաւ է, որ Հայ դատին համար մեր յոյսի շողերը սկսեր են նուազիլ: Վարակիչ ոգեւորութեամբ եւ երազով թաթաւուն հոգիներուն մէջ թափանցեր է լքումի եւ սեւ յոռետեսութեան մութը: Սփիւռքի զանազան վայրերէն եւ խաւերէն մեզի կը հասնին հարցումներ, որոնք հիասթափութեան եւ յուսահատութեան ճիչեր են: «Այսքան ուժ, հարստութիւն սպառեցինք շքեղ թափօրներու, հոծ տողանցքներու, փառաշուք հանդիսութիւններու, ռատիոյի, պատկերասփիւռի եւ բազմալեզու հրատարակութիւններու համար, բայց ի՞նչ եղաւ արդիւնքը: Քայլ մը գէթ առաջ խաղացի՞նք մեր արդար իրաւունքներու վերականգնումին համար, Չէ՞ք տեսներ, որ Հայ դատը կանգ է առեր հոն, ուր էր»:
Այս հարցումներուն ծնունդ տուողը այն համասփիւռ, բայց սխալ եւ անիրաւ հասկացողութիւնն է, թէ Հայ դատը ցարդ մատնուած էր լռութեան եւ մոռացումի` իբրեւ հետեւանք մեր ձեռնածալ անգործութեան: Հիմա որ շարժեցանք եւ մեր բողոքի ու պահանջի ձայնը արձագանգ գտաւ աշխարհի տարածքին, օտար մամուլը զօրավիգ դարձաւ մեր իրաւունքներու արդարութեան, կ՛ակնկալուէր, որ Հայ դատի օգտին գործնական քայլ մը առնէին միջազգային ատեանները:
Սխալ է եզրակացութիւնը, որովհետեւ հիմնովին սխալ է տրամաբանական նախադրեալը: Անցեալ յիսնամեակին Հայ դատը անշարժութեան դատապարտուեցաւ ոչ թէ որովհետեւ մենք չգործեցինք ու ծալապատիկ նստանք:
Եթէ առարկայական դատողութեամբ եւ սառնարիւն հանդարտութեամբ հետազօտենք տարեգրութիւնը Հայ դատի աշխատանքներուն, ազգային եւ հայ դիւանագիտական պատուիրակութիւններու գործունէութիւնը` յաղթական դաշնակիցներու, Ազգերու լիկայի, ՄԱԿ-ի մօտ եւ այլուր, բացայայտօրէն երեւան պիտի գայ, որ ճիգի, փորձի, ձեռներէցութեան ոգիի կամ քաղաքական ձեռնհասութեան բացակայութիւնը չէր, որ շօշափելի արդիւնքով չէ պսակուած մեր կազմակերպութիւններու հեւասպառ եւ քրտնաթոր տքնանքը: Հարցը շատ բարդ է եւ կնճռոտ, սեղմ տողերով արդարութեան տուրք տալու համար: Անվարան կարելի է յայտնել, որ երկու կենսական ազդակներ իրենց տխուր բաժինը ունեցան մեր ձախողանքին մէջ: Առաջինը, որ գերակշիռն է, միջազգային քաղաքականութեան անակնկալ եւ չարաշուք իրադարձութիւններն էին, որոնք շատ ծանր կշռեցին մեր ճակատագրին վրայ: Երկրորդը ազգային ներքին մեր պառակտումն էր, որ մեր քաղաքական կշիռը մեծապէս թուլցուց:
Միթէ այժմ աշխարհի քաղաքական իրադրութիւնը աւելի յուսատո՞ւ կերպով դասաւորուած է: Ըսինք` դասաւորուած, շեշտելու համար, որ բնաւ դասաւորուած չէ, որովհետեւ աշխարհը յեղափոխական շրջան մը կը բոլորէ: Աշխարհի քաղաքական վիճակը այնքան անկայուն է, որ ձեռնհաս քաղաքական տեսարաններու նախատեսութիւններն իսկ տարտամ եւ երկմիտ են: Վաղուան դէպքերուն գուշակութիւնը երբեւէ այսքա՛ն վարանոտ եւ անստոյգ չէ եղած: Ընթացիկ իրադարձութիւնները կը թաւալին անակնկալներով:
Աշխարհի քաղաքական ներկայ կացութիւնը կը տարբերի անով, որ բոլոր երկիրներու ժողովուրդները տոգորուած են խաղաղութեան բուռն տենչով: Զանգուածներու գիտակցութեան մէջ արմատացած է այն խոր համոզումը, թէ պատերազմը յաղթողին թէ պարտուողին համար վերջնական կործանում, չքացում է: Հզօրները յոյժ զգուշ են, քանզի գիտեն, թէ ժողովուրդի կամքին հակառակ որեւէ արկածախնդիր ձեռնարկ կանխորոշ ձախողանքի դատապարտուած է: Միւս կողմէ` թաւալող յեղափոխական ալիքը կը յառաջանայ դէպի ազատութեան, ազգային անկախութեան եւ հողային արդար իրաւունքներու հանգրուանը: Ազգային քաղաքական անկախութեան շարժումը իր հունին մէջ է: Ասիոյ եւ Ափրիկէի բազմատեսակ ցեղերը, պետականութեան հանդերձանքով, ազգ եւ ազգութիւն կը կերտեն:
Կը մնայ հողային իրաւունքներու խնդիրը, որ ամէնէն բարդ թնճուկն է, որ եթէ արդար լուծման չյանգի, աշխարհը ընդմիշտ պիտի տատանի յոյսի, վախի եւ անդոհանքի միջեւ: Քորէա, Վիեթնամ, Մալեզիա, Քաշմիր, Մոնկոլիա, Հայաստան, Կիպրոս, Գերմանիա, Մակեդոնիա, Սուտան, Սոմալիա եւ այլ անթեղուած հողային խնդիրներ, որոնք վաղ կամ ուշ լուծումի կարօտ են, եւ այն ալ` արդար լուծումի:
Ե՞րբ պիտի հնչէ լուծումի աւետաբեր ժամը: Ոչ ոք գիտէ, անգամ հզօրները, որոնց կարողութեան վրայ չափազանցեալ յոյսեր են դրուած: Դէպքերը հարկադրաբար պիտի հասուննան եւ բարեյաջող վախճանին մօտենան:
Մինչ այդ հայութիւնը պէտք չէ միասնաբար շարժի, համազգային զօրահաւաքի ձեռնարկէ: Ոչ մէկ միջոցառում պէտք է խնայել հայոց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Հայ դատը պէտք է արթուն եւ գործուն հարց դառնայ միջազգային բեմերու վրայ: Պատրանք չունինք մեր Դատի շուտափոյթ լուծման մասին, քանի որ համոզուած ենք, որ ան մէկ մասնիկն է յիշուած հողային դատերուն: Բայց ան իրաւապէս եւ իրողապէս պէտք է ընդունուի իբրեւ մէկ մասնիկը լուծելի խնդիրներու:
Յուսալքումը անտեղի է եւ անվայել: Իր դատին արդարութեան հաւատքը ունեցող ազգը կը մնայ անվհատ ու անսասան:
Հայ դատը արդար դատ է:
(ԽՄԲ. «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»-ի)
Երաժշտական
Արփինէ Փեհլիւանեանի
Փայլուն Յաջողութիւնը Հայաստանի Մէջ
Խանդավառ վերադարձ մը եղաւ իրը հայրենի աշխարհէն, ուր գացած էր իբրեւ զբօսաշրջիկ, բայց մնաց իբրեւ հիւր եւ սիրուեցաւ արուեստի բոլոր շրջանակներէն ու մանաւանդ` ժողովուրդէն:
Արփինէ Փեհլիւանեան, որուն մասին յաճախ առիթը ունեցած էինք արտայայտուելու այս սիւնակներէն, պատուով դուրս եկաւ այն դժուարին փորձութենէն, որ Թումանեանի եւ Տիգրանեանի երկրին մէջ անոնց անմոռանալի հերոսուհին` «Անուշ»-ը բեմերու վրայ ապրեցնելն է:
Ինչ որ այսօր կ՛ըսեն Հայաստանի երաժշտագէտներն ու արուեստի ներկայացուցիչները, հաստատումն է այն յոյսերուն, որ ունէինք այս հայուհիին մասին, որուն արուեստագէտի խառնուածքը կը հանդիսանայ իր հիմնական արժանիքը:
Անոնց խօսքին թւումը լաւագոյնն է գնահատականներուն, որուն արժանի է Ափրինէ, հայ երգի համեստ սպասարկուն:
Յովհաննէս Թումանեանի աղջիկը` Թամարա Թումանեան, «Անուշ»-ը տեսնելէ ետք կ՛ըսէ.
«Արփինէ Փեհլիւանեանի «Անուշ»-ը տարիքով, մարմնով, իսկական ամօթխած Անուշն էր ե՛ւ գեղեցիկ ձայնով, ե՛ւ իր անմիջական կատարմամբ, ինչ որ հարկաւոր է իսկական Անուշի համար»:
Իսկ Երեւանի ֆիլհարմոնիայի տնօրէն Վլատիլեն Պալեան կ՛ըսէ.
«Երգչուհի Արփինէ Փեհլիւանեան ե՛ւ լաւ միտք ունի, ե՛ւ լաւ հոգի»:
Կարճ ու պարզ, բայց որքա՜ն յատկանշական այս արտայայտութիւնը մարդու մը կողմէ, որուն երաժշտական ծանօթութիւնները կշիռ կու տան իր խօսքին:
Ցիցիլիա Բրուտեան, որուն կարծիքը վճիռ դարձած է Հայաստանի արուեստագէտներուն համար, Արփինէին յատկացուած յօդուածի մը մէջ ի միջի այլոց կը գրէ.
«Սրտագրաւ, ճկուն, բազմերանգ, կատարողական վարպետութեամբ եւ զգայուն սրտով, Փեհլիւանեան կենդանութիւն էր ներշնչում: Արփինէի երգարուեստին մէջ ամէնէն ինքնատիպն ու արժէքաւորը նրա յստակ եւ հնչուն երգային գծին միաձուլումն է նրա պարզ եւ արտայայտիչ արտասանութիւնը»:
Ահաւասիկ սակայն Գոհար Գասպարեան (միւս Անուշը, ան, որ թագուհիի պէս կ՛իշխէ հայ երգարուեստին վրայ) Գոհար Գասպարեան, որուն շատ բան կը պարտի Արփինէ Հայաստանի մէջ գտած յաջողութիւններուն համար, կ՛ըսէ.
«Արփինէի ամէնէն մեծ յատկանիշը չափազանց երաժշտական լինելն է: Անուշի դերերգը այնպիսի արագութեամբ եւ ճշդութեամբ է իւրացնում, որ միայն նախանձել կարելի է: Գեղեցիկ ձայն ունի, բեմական է: Մեծ բեմերի արժանի երգչուհի չէ»:
Ահա Տաթեւիկ Սազանդարեանի խօսքը եւս.
«Սիրեցի Արփինէ Փեհլիւանեանին որպէս երաժիշտ, չէ՞ որ սա աւելի է քան միմիայն երգիչը: Սակայն Անուշից յետոյ է՛լ աւելի սիրեցի նրա երգարուեստը: Մէկ ամսուան մէջ յաղթահարել օփերայում մեծ դերեր` դժուար է: Բայց թերեւս ոչ` Արփինէի համար, նրա ընդունակութիւններով: Ջերմ էր, տաք, անմիջական, անկեղծ, ճշգրիտ եւ մաքուր: Գիտէր ամենանուրբ նիւանսները եւ ողջ ներկայացման ընթացքին` ոչ մի խախտում նուագախումբին հետ: Պռա՛ւօ»:
Իսկ Արաքսիա Անանեան, վաստակաւոր դերասանն ու բեմադրիչը, սրտայոյզ խօսքերով կը գնահատէ Ափրինէն.
«Աննման, անուշիկ: Քու ստեղծած կերպարը յուզիչ էր ու անմոռանալի: Ես որպէս բեմադրիչ` մեծ հաճոյքով աշխատում էի քեզ հետ, քո բեմական եւ վոքալ տուեալները հարուստ են, արտաքինը` նոյնպէս լաւ, Դու ունես մեծ ապագայ»:
Այս գնահատականները պիտի չգինովցնեն Արփինէն: Այդ կողմէն վտանգ վկայ: Համեստութիւնը, որ իրաւ արուեստագէտին յատկանիշն է, Արփինէի մօտ բնական է ու ինքնածին: Այդ համեստութիւնը, միացած յառաջդիմելու իր կիրքին, նոր նուաճումներու կրնայ տանիլ պէյրութահայ սիրուած երգչուհին: