Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 18, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ Կեանք

 ՀՅԴ 75-Ամեակի Հանդէսը
Մեծ Շուքով Տեղի Ունեցաւ
Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

«Հայրենիք», 8 դեկտեմբեր 1965.

Ֆիլատելֆիայէն կը հաղորդեն, թէ անցեալ կիրակի մեծ շուքով եւ խուռն բազմութեան մը ներկայութեան հոն տօնակատարուած է ՀՅԴ 75-ամեակը:

Գլխաւոր բանախօսներն էին Սեդրակ Մինաս եւ Եդուարդ Սահակեան, որոնք ներկայացուցած են ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարապաշտ ու հայրենանուէր գործունէութիւնը:

 

Մինեսոթայի Համալսարանը
Նիւթեր Կը Ստանայ Ամերիկահայ Գաղթականութեան
Գործունէութեանց Մասին

«Հայրենիք», 8 դեկտեմբեր 1965.

Ինչպէս հաղորդած էինք նախապէս, Մինեսոթայի համալսարանը, (Մինէափոլիս, Մին.) մասնաւոր կտակ մը ստացած էր պատրաստելու համար Ամերիկա գաղթած ազգերու գաղթականական արխիւները:

Այժմ նոյն համալսարանը կը յայտարարէ, թէ ստացած է 53 օտարալեզու հրատարակութիւններու բաժանորդագրութիւններ` իբրեւ նուէր:

Ստացուած են հունգարական, լիթուանական, լեհական, ուքրանական, ռուսական, յունական, սլովաք, իտալական, չեխ, հայկական (երեք), խրուաթական, ռումանական եւ այլ ազգերու հրատարակութիւններ, որոնք այս երկրին մէջ լոյս կը տեսնեն:

 

Մեր Թերիները

Մեր շատ մը առաքինութեանց զուգահեռ, ունինք նաեւ կարգ մը խոցելի կողմեր:

Ասոնցմէ մէկն է սեփական կարծիքի պակասը:

Թերութիւն, որ իր սնունդը կը ստանայ երրորդ անձի մը յայտնած տեսակէտներէն:

Եթէ սեփական տեսակէտ ունենալը կը պահանջէ որոշ պատրաստութիւն, կ՛ենթադրուի ուրեմն, որ ուրիշներու կարծիքին վրայ հապճեպ եզրակացութիւններ հանելը ուղիղ չէ նմանապէս:

Լռելը այս պարագային կը դառնայ ոսկի: Աւելի՛ն. բարի՜ք անոնց համար որոնք պիտի ուզէին հարց մը անձամբ քննելէ ետք միայն կարծիք յայտնել անոր մասին:

Հապճեպով յայտնուած կարծիքները, շատ հեռու շինիչ եւ օգտակար ըլլալէ, ընդհակառակն, մեր անձը փոքրացնող պարագաներ են:

Գիտակից եւ խոհեմ ամէն մարդ պէտք է զգուշանայ տեսակէտ յայտնելէ հարցերու մասին, զորս ուսումնասիրած չէ:

Ընկերային կեանքի մը բազմաթիւ թիւրիմացութիւններ պիտի կանխուէին, եթէ անձամբ ու բազմակողմանիօրէն քննուէին որոշ հարցեր:

Յաճախ աննշան խնդիրներու մասին կը յայտնուին ենթադրական տեսակէտներ, որոնք կ՛իւրացուին սեփական տեսակէտ չունեցող անձերու կողմէ ու կը ստեղծուին աւելորդ ըսի-ըսաւներ ու թիւրիմացութիւն:

Գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ բացատրութիւնը կը վերաբերի նման հարցերու:

Պատճա՞ռ: Որովհետեւ մարդիկ կարծես աւելի կ՛ախորժին ականատես ու ականջալուր ըլլալէ ցեխարձակութեանց ու վատաբանութեանց:

Անոնց համար հաճոյք մը, հոգեկան վայելք մը չէ լսել իրենց շրջապատի անձերուն մասին գովեստի ու գնահատութեան խօսքեր: Եթէ լսեն իսկ, աւելի կը նեղուին, քան կ՛ուրախանան կարծես:

Ճիշդ անոնց պէս, որոնք վիճակահանութեան տոմս գնած չեն, բայց փոխանակ ուրախանալու, որ իրենց հարեւանը բախտաւորուած է, կը սրտնեղին, կը ցաւին այդ առթիւ:

Փոքրոգի անձ մը հաճոյք կը զգայ, երբ մարդիկ կը խօսին շուրջիններուն կամ իրենց համար ոչ սիրելի դէմքերու կարծեցեալ թերիներուն մասին:

Նկարագրի տէր մէկը պէտք է ընդունի թշնամիին ունեցած առաքինութիւնները, երբ կը թուէ անոր թերիները:

Քննադատութեան մէջ միայն թերիները յիշող մէկը, հեռու բարեխիղճ անձ մը ըլլալէ, երեւան կը հանէ փոքրոգի նկարագիր մը:

Եթէ մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն ամբողջական հարստութիւնն են դարերու ընթացքին կուտակուած մարդկային մտքի ստեղծագործութեանց, ընդունինք, որ հսկաներու վաստակին առընթեր գոյութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ համեստ մտքի տէր անձերու դատանք մը: Քաղաքակրթութեան պատմութիւնը գրող հեղինակ մը, եթէ գիտէ անունները այս վերջիններուն, պէտք չէ մոռնայ յիշատակել զանոնք:

Ցեխը ինկած մարգարիտ մը կամ ադամանդ մը չենք կոխկռտեր, ընդհակառակն, կը ծռինք, կը վերցնենք, կը մաքրենք ու կը պահենք:

Լրագրող, գրող, ուսուցիչ պարտաւոր են այս լայնամտութեամբ մօտենալու հանրային կեանքի մէջ դեր կատարող անձերու աշխատանքին եւ սերունդին վաստակին:

Միայն թերիները չէ, որ առարկայ պէտք է դառնան իրենց քննութեան, այլեւ առաւելութիւնները` անոնց գործին:

Կիրքը, անձնական հակառակութիւն ու հաշիւներ, քէներ ու քաղաքէ քաղաք պտտցուած բրածոյ վարկածներ ծրարուած պէտք է նետուին դարակը` ի խնդիր շինարար նախաձեռնութեանց:

Նման լայնախոհութիւն կը սպասուի առաւելաբար մամուլով զբաղող անձերէ, որոնք երդում պատառ կ՛ըլլան, թէ կ՛ուզեն ժողովուրդին շահերուն ծառայել:

Մամուլը մասնաւորաբար պէտք է հեռու մնայ անձնականութիւն բուրող քննադատական մարզանքներէ, երբ օգտակար ոչինչ կայ փորձուած քաշքշուկներուն մէջ, որոնք տաղտուկ ու վրդովում միայն կը պատճառեն շրջապատին:

Դէմ չենք շինիչ քննադատութեան, բայց դէմ ենք ու վնասակար կը գտնենք բամբասանքներն ու շոգմոգումները: Անոնք անցեալին ստեղծեցին մեր կեանքի մէջ անհանդուրժողական տրամադրութիւն ու ոգի եւ այսուհետեւ կոչուած են աւելի խորացնելու կիրքերն ու խրամատները, որոնցմէ ոչ մէկ շահ կը սպասէ գաղութ մը:

Մարդոց կարծեցեալ թերիները չեն, որ պէտք է ոգեւորեն մեզ, այլ` առաքինութիւնները:

Ուղիղ չէ, որ հեղինակի մը գործին մասին ինը ուրիշներու գնահատական խօսքերը մոռցած` տասներորդի մը աննպաստ կարծիքը պտտցնել սրճարանէ սրճարան, տունէ տուն` իբրեւ փոխվրէժ մեզի ոչ սիրելի այդ հեղինակին:

Օրինակ մը տուինք հասկնալի դարձնելու համար մեր միտքը:

Մեր խօսակիցին մտաւոր եւ բարոյական պատրաստութենէն աւելի` մեզ հետաքրքրողը անոր աչքին շիլ կամ ոտքին կաղ ըլլալու պարագան է դժբախտաբար:

Իր ասպարէզին մէջ վրիպած մըն է, ուսուցիչ մը, որ աշակերտի մը շարադրութեան ցայտուն գիծերը ուրացած, խստադատ քննադատութեան կ՛ենթարկէ անոր կէտադրական կամ ուղղագրական մանր զանցառութիւնները:

Գնահատութեան զոյգ մը խօսքով տաղանդներ կարելի է հրապարական քաշել, ընդհակառակն, կծու չկամութիւններով ու հեգնանքով` սպաննել փթթումի եւ ընձիւղումի կարօտ հոգիներ:

Մեր թերինե՜րը:

Ժահրով շաղախուած մեր լուտանքներուն մէջ պէտք է փնտռել զանոնք, հանրային շինարար աշխատանքը խոցող, հասարակաց շահը հարուածող բարբարիկ չարախօսութեանց մէջ` պատճառ մեր ցաւերուն:

Գնահատել գիտնալը առաքինութիւն մըն է, զոր կ՛անգիտանան, սակայն, անգամ մամուլի վարիչները, դժբախտաբար:

(Խմբ. «ԱՐՄԵՆԻԱ»-ի)

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Թորոսեան Վարժարան. Ձիրքերու Բացայայտում

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?