Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 30, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շահ Ու Զէն

Այսօր, 1965-ին, մօտ հինգ միլիոն հայ կայ աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ, ծայրագոյն հիւսիսէն մինչեւ ծայրագոյն արեւմուտք:

Ատեն մը, որակով ալ, քանակով ալ մենք «յոյժ ընդ փոքու սահմանեալ» չէինք: Բնական աճով` մեր համրանքը հիմա դարձած պէտք էր ըլլար 15-20 միլիոն: Իրողութիւնն այն է, որ ո՛չ միայն չենք աւելցած թիւով, այլեւ նուազած ենք:

Ի՞նչ եղաւ մնացած 10-15 միլիոնը:

Երկար-բարակ մտածելու պէտք չկայ այս հարցումին պատասխան մը ճարելու համար: Հաշիւը պարզ է. մաս մը առաւ տարաւ պատերազմը, ուրիշ մաս մը` բռնագաղթը, երրորդ մաս մը` սովը եւ համաճարակ հիւանդութիւնները, չորրորդ մաս մը` պարբերական կոտորածները, հինգերորդ մաս մը` կրօնափոխութիւնը, ազգափոխութիւնը, օտարներու հետ ամուսնութիւնը: Վերջապէս, միլիոնուկէս մը տարաւ ապրիլեան Եղեռնը:

Մեզի մնաց… «մնացորդաց»-ը, վերջին հինգ միլիոնը:

Հաշիւը չկայ նիւթական կորուստներուն: Ենթադրութիւն մը ընենք եւ ըսենք. մեզմէ խլուած եւ մեր իսկ կորսնցուցած հարստութիւնը կրնար տասը տարի ապրեցնել երկրագունդի ամբողջ բնակչութիւնը: Քիչ մը աւելի, քիչ մը պակաս: Տարբերութիւնը մեծ բան մը ըլլալու չէ (ես ալ արդէն շատ զօրաւոր չեմ հաշուակալութեան մէջ…):

Այս անբաւ հարստութիւնը վերաշահելի է սակայն: Համարենք, թէ սակարանի մէջ խաղացինք ու կորսնցուցինք: Եւ կամ ըսենք, թէ աշխարհի հարստութիւնը աշխարհին ձգեցինք:

Երբեմն կը մտածեմ անցած-գացած բաներու վրայ: Եւ ինքզինքս մխիթարելու համար կ՛ըսեմ. ոսկին ու արծաթը, հողը եւ հանքը, արտը եւ այգին, գոյքը եւ ինչքը ձեռքէ հանեցինք: Ասիկա մեր «զէն»-ն է: Իսկ ի՞նչ է մեր «շահ»-ը:

Այս դժուար հարցումին կը պատասխանեմ ահաւասիկ: Նիւթը կորսնցուցինք, բայց ոգին շահեցանք: Ճակատամարտը կորսնցուցինք, բայց պատերազմը շահեցանք: Այբուբեն ստեղծեցինք, լեզու ստեղծեցինք, քաղաքակրթութիւն եւ մշակոյթ ստեղծեցինք, դատարկ գրպանով, բայց լեցուն գլուխով մարդեր պատրաստեցինք:

Քի՞չ է այս շահը: Կը կարծեմ` ո՛չ, քիչ չէ:

Եթէ հարկ ըլլայ գին մը նշանակել մեր ազգային արժէքներուն, կրնանք ըսել, թէ մեր իւրաքանչիւր մատենագիրը` պատմիչ, տաղասաց բանաստեղծ, գիտուն, նահանգ մը կ՛արժէ, իսկ հայ լեզուով գրուած ամէն մէկ գիրք վերի վերոյ միլիոն մը կ՛արժէ: Հաւատացէ՛ք, որ այս թուաբանութիւն չէ, պատմութիւն է: Ո՛չ թէ գրուելիք, այլ գրուած պատմութիւն է:

Հիմա ատենը եկած է, որ հարցնենք. ի՞նչ շահեցաւ թուրքը մեզ կոտորելով: Կամ, ուրիշ բացատրութեամբ, ի՛նչ կորսնցուց ան եւ ի՜նչ շահեցանք մենք:

1915-ին, Եղեռնի օրերուն, Թուրքիոյ ամերիկեան դեսպանը` Հենրի Մորկընթաու, խօսակցութեան մը ընթացքին կը հասկցնէր Թալէաթի, որ հայերու տարագրութիւնը տնտեսական մեծ վնասներ կրնար պատճառել երկրին: Գլխագիր Դահիճը կը պատասխանէր շնական անտարբերութեամբ. «Եղած-չեղածը հինգ միլիոն ոսկիի խնդիր է, մենք այս կորուստը նկատի առած ենք»:

Ըսենք անցողակի, որ հայերը եւ յոյները իրենց ձեռքը ունէին նախապատերազմեան Թուրքիոյ առեւտուրին 66 տոկոսը, իսկ թուրքերը իրենք` 12 տոկոսը միայն:

Թուրքիոյ մէջ մեր ունեցած, ու կորսնցուցած, ազգային եւ անհատական հարստութիւնը ընդհանրապէս կը գնահատուի ԵՐԵՍՈՒՆՀԻՆԳ ՄԻԼԻԱՌ տոլար: Այս միլիառները մեր գանձարանէն ելան եւ մտան Թուրքիոյ գանձարանը:

Ի՞նչ պատահեցաւ անկէ ետք: Այն պատահեցաւ, որ պահ մը մենք դարձանք Յոբ Երանելի, սակայն յափշտակիչը Կրեսոս չդարձաւ: Մենք գրեթէ վերաշահեցանք մեր կորսնցուցածը, միւսը գրեթէ կորսնցուց իր շահածը: Երէկուան Յոբը նորէն Կրեսոս դարձաւ, իսկ երէկուան Կրեսոսը նոյն Յոբը մնաց:

Ո՞ւր գացին մեր միլիառները:

Թուրքիան շէնցա՞ւ, բարգաւաճեցա՞ւ, չքաւոր թուրքը ունեւո՞ր դարձաւ, ժողովուրդին հոգեկան, կրթական, մշակութային մակարդա՞կը բարձրացաւ, ճամբաներ ու երկաթուղինե՞ր շինուեցան, հանքե՞րը շահարկուեցան, խամ ու խոպան հողերը մշակելի՞ դարձան, ճարտարարուե՞ստը աւելցաւ, վերջապէս անօթի գիւղացին կո՞ւշտ դարձաւ: Այս բաներէն ոչ մէկը պատահեցաւ, բայց մեր միլիառները հալեցան:

Ըսի արդէն, թէ յիսուն տարուան մէջ մենք գրեթէ վերաշահեցանք ինչ որ կորսնցուցած էինք յիսուն տարի առաջ: Բայց թուրքը, բազմաթիւ միլիառներ ուտելէ եւ մարսելէ ետք, այսօր, 1965-ին,  ՏԱՍՆԵՐԿՈՒ ՄԻԼԻԱՌ բաց ունի դեռ:

Ասիկա շա՞հ է, թէ՞ վնաս Թուրքիոյ համար:

Բայց կայ աւելին:

Ընդամէնը մէկ հարիւրամեակ առաջ, շուրջ չորս միլիոն քառ. քմ տարածութեամբ կայսրութիւն մըն էր Թուրքիա: Այսօր, 1965-ին, այս լայնածաւալ կայսրութենէն մնաց միայն 770 հազար քառ. քմ:

Թուրքը ձեռքէ հանեց, վրայ տուաւ Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի իր հարուստ ստացուածքները, Օսմանեան կայսրութեան բեկորներէն կազմուեցան նոր երկիրներ ու պետութիւններ, թիւով` շուրջ երկու տասնեակ: Եւ այս երկիրներէն ոմանք արդէն գլած անցած են իրենց երբեմնի տէրն ու վեհապետը հարստութեամբ, ճարտարարուեստով, քաղաքակրթութեամբ եւ միջազգային վարկով ու հմայքով:

Ասիկա շա՞հ մըն է, թէ՞ վնաս մըն է Թուրքիոյ համար:

Սակայն փոխուա՞ծ է հիմա թուրքը: Փոխուա՞ծ է մանաւանդ իր ազգային քաղաքականութիւնը (կողոպուտ եւ ցեղասպանութիւն): Զգաստացա՞ծ է: Հրաժարա՞ծ է իր հին երազներէն: Մտածա՞ծ է հասցուցած չարիքը դարմանելու մասին: Անդրադարձա՞ծ է իր բարոյական ու հոգեկան անկումին: Պատասխան` ո՛չ:

Դեռ երէկ, Թուրքիոյ նախորդ վարչապետը` Իւրկիւպլի կը յայտարարէր, թէ 1955 սեպտեմբեր 6-7 դէպքերը կրնային կրկնուիլ, եթէ Կիպրոսի մէջ թուրք մը սպաննուէր:

Թո՜ւրք մը… միակ թուրք մը աւելի արժէք ունի ուրեմն, քան` միլիոն մը հայերը եւ միլիոն մը յոյները…

***

Թուրքերը այբուբեն անգամ չունին: Գրեթէ լեզու չունին: Մեսրոպ Մաշտոց չունին: Խորենացի, Նարեկացի, Նահապետ Քուչակ չունին: Ասոնց փոխարէն` առատօրէն ունին Ճենկիզ Խաներ, Լենկ Թիմուրներ, Ապտիւլ Համիտներ եւ Թալէաթներ:

Հազար հինգ հարիւր տարի առաջ մենք ոսկեդար ստեղծեցինք: Հազար հինգ հարիւր տարի ետք թուրքը դեռ արծաթի դար անգամ չկրցաւ ստեղծել: Անատոլուն աւերակ է ու ամայի: Մութ ու խաւար է Արարատէն ասդին, մինչ լոյս ու պայծառութիւն է Արարատէն անդին:

Պէ՞տք է, որ հարցնենք դարձեալ. ի՞նչ շահեցաւ Թուրքիա եւ ի՛նչ կորսնցուցինք մենք:

Եթէ փորձենք հաշուեկշիռը կազմել մեր շահ ու զէնին, պիտի ըսենք. «Մեր «պահանջէ»-ն առաւել է, քան «պարտի»-ն: Ճիշդ հակառակն է թուրքին համար, իր «պարտի»-ն առաւել է, քան «պահանջէ»-ն:

Մի՛ երկնչիր, հօ՛տ փոքրիկ:

Կէս դար ետք, դար մը ետք, դուն տէր ու իշխան պիտի ըլլաս, մինչ հպատակ եւ հպատակ պիտի մնայ քու երբեմնի վեհապետդ:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?