Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1965)

Դեկտեմբեր 19, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅ Դաշնակցութեան 75-Ամեակի
Փառաշուք Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 19 դեկտեմբեր, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Պուրճ Համուտի սինեմա «Գերմանիկ»-ի ընդարձակ սրահին մէջ արժանավայել շուքով տօնակատարուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 75-ամեակը:

Հանդէսին բացումը կատարեց ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան:

Պուրճ  Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական  նուագախումբին հնչեցուցած Լիբանանի ազգային քայլերգի եւ «Յառաջ, նահատակ»-ի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան նախագահ Վահան Փափազեան (Կոմս):

«ՀՅ Դաշնակցութիւնը,- ըսաւ Կոմս,- իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ ձուլուեցաւ հայ ժողովուրդին հետ: Ապրեցաւ անոր տառապանքները ու կռուեցաւ անոր համար: Հազարաւորներ իր շարքերէն ինկան հերոսաբար ու թաղուեցան անյայտ գերեզմաններու մէջ:

«Եկէք, հայրենակիցնե՛ր,- ըսաւ Կոմս խոր յուզումով,- վայրկեան մը խոնարհինք անոնց յիշատակին»:

Ու պահ մը լուռ, հանդիսականները յոտնկայս յարգեցին յիշատակը նահատակներուն:

«ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրները,- շարունակեց իր խօսքը Կոմս,- կրցան իրենց շուրջ համախմբել հազարաւորներ ու առաջ երթալ մեր ժողովուրդի կեանքին հետ: Բայց որքա՜ն տառապանք կար այդ կեանքին մէջ:

«Դաշնակցութիւնը ոտքի կեցաւ ու նպատակ դրաւ ազատել իր ժողովուրդը օտարներու լուծէն: Ստեղծուեցաւ մեր փոքրիկ հանրապետութիւնը, մինչեւ որ եկաւ բռնապետութիւնը եւ խորտակեց զայն:

«Դաշնակցութիւնը տեսակ մը խաչակիրը դարձաւ մեր ժողովուրդին: Բայց չգնաց դէպի Գողգոթա, գնաց դէպի բարձունքները հայրենիքի եւ կրցաւ իր խաչը հանել այդ բարձունքներուն վրայ:

«Այսօր ալ, ֆիզիքապէս ու հոգեպէս միշտ պատրաստ, Դաշնակցութիւնը պիտի կրէ այդ խաչը, մինչեւ որ ազատէ մեր երկիրը բռնապետութեան ճիրաններէն»:

Օրուան առաջին բանախօսն էր Անդրանիկ Ուրֆալեան, որ ազգայնաշունչ ճառով մը ընդգծեց Դաշնակցութեան արժէքն ու նպատակը:

«Հայ Յ. Դաշնակցութիւնը,- ըսաւ Ա. Ուրֆալեան-, հայ ժողովուրդի բնազդն է, անոր մէկ մանրանկարը:

«Փա՜ռք Արտաւազդին, որ փշրած իր շղթաները` կը թեւածէ 75 տարիներէ ի վեր հայրենի բարձունքներուն եւ հայ հոգիներուն վրայ, նոր անունով` ՀՅ Դաշնակցութիւն»:

Ա. Ուրֆալեան թուելէ ետք պատմական դրուագները ՀՅ Դաշնակցութեան դիւցազնական մարտնչումներուն, ըսաւ.

«Հայրենիք ու ազգ կերտեց մեր կազմակերպութիւնը: Այսօր ալ կանգնած պատնէշի վրայ` կը յայտարարէ. մինչեւ որ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները չիրականանան, չկայ մահ Դաշնակցութեան»:

«Հայ ժողովուրդը գտնուեցաւ Դաշնակցութեան կողքին: Կը հաւատանք, որ մեր իտէալը մեր ժողովուրդինն է` հայրենիքէն ներս թէ ցրուած ի սփիւռս աշխարհի»:

Ա. Ուրֆալեան իր ճառը վերջացուց բանաստեղծին հետեւեալ խօսքերով.

«Քու ազատութեանդ խորանին վրայ զոհաբերուիլը գեղեցկագոյնն է բոլոր մահերուն: Փա՜ռք արմենական հանճարիդ, ու յարգա՜նք քեզ, հա՛յ ժողովուրդ»:

Խաչիկ Արարատեան, դաշնակցական անմահ դիւցազներգակ Սիամանթոյի քերթողական հանճարէն առնուած, փառաբանանքի խօսքեր արտասանեց խոր ապրումով, որուն ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցան Դաշնակցութեան զինանշանը, հիմնադիր երրորդութիւնն ու գրչի եւ զէնքի տիտանները:

Անմահներու տպաւորիչ տողանցքէն ետք մեներգեց Մ. Փելթեքեան` «Ասում են ուռին»-ը եւ «Ծիրանի ծառ»-ը:

Օրուան երկրորդ բանախօսն էր Հրայր Մարուխեան, որ իր խօսքին հաղորդականութեամբ լեցուց հոգիները հանդիսականներուն` Դաշնակցութեան իրական արժէքին եւ կատարած գործին մեծութեամբ:

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,- ըսաւ Հ. Մարուխեան,- առաջին օրէն իսկ եղաւ տիրական ու վստահութիւն ներշնչող:

«Եթէ քննենք 20-րդ դարու պատմութեան հոլովոյթը, Դաշնակցութեան պատմութիւնն է այդ: Հայ ժողովուրդը անվերապահօրէն վստահեցաւ իր դատը ՀՅ դաշնակցութեան: Փաստը եկաւ վկայելու, որ ժողովուրդի բնազդը չէ խաբած զինք:

«Այսօր, ՀՅ դաշնակցութիւնը 75-ամեայ երիտասարդ` պատրաստ է նոր զոհողութիւններու:

«Հաւատքով լեցուն, պիտի գայ օրը եւ հայութիւնը իրական անկախութեան դրօշը պիտի կանգնեցնէ ոչ միայն Մասիսի վրայ, այլեւ` Սեւրի դաշնագրով պայմանաւորուած հողերու վրայ, այլեւ Ղարաբաղի ու Նախիջեւանի վրայ:

«Աշխարհի խաղաղութիւնը լիակատար չի լինիր, եթէ չազատագրուեն բոլոր ազգերը: ՀՅ դաշնակցութիւնը յայտարարում է, որ ի խնդիր Հայ դատին` կռիւը շարունակւում է, պիտի շարունակուի այնքան ատեն, մինչեւ որ իրականանան մեր բոլոր իրաւունքները:

«Ազգովին հաւատանք, որ կու գայ այդ օրը, պիտի ստեղծենք այդ օրը»:

Հ. Մարուխեան իր հոյակապ ճառը վերջացուց հետեւեալ խօսքերով.

«Փա՜ռք ինկածներին, փառաց փա՜ռք հայ ժողովուրդին, կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը»:

Հանդէսը փակուեցաւ «Յառաջ, նահատակ»-ի յոտնկայս երգեցողութեամբ:

ՀՅ Դաշնակցութեան Օրը
Մոնրէալի Մէջ

ՀՅԴ «Մ. Փափազեան» կոմիտէն կազմակերպած էր ՀՅԴ-ի 75-ամեակի տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 28 նոյեմբերին, կիրակի, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մոնրէալի ուքրանացիներու սրահին մէջ, ուր ներկայ էր հայ հասարակութիւնը:

Մոնրէալի Համազգայինի երգչախումբը, առաջնորդութեամբ Եր. Ալեքսանեանի, նախ երգեց պետական քայլերգը, ապա` «Մեր հայրենիք»-ը:

Կոմիտէի ատենապետը հանդէսը բացուած յայտարարեց եւ, փոքր ուղերձ մը կարդալէ ետք, Արշաւիր Շիրակեանը հրաւիրեց տալու իր պատգամը:

Ա. Շիրակեանի խօսքէն ետք երգուեցաւ «Կարաւան» զուգերգը:

Հ. երիտ. դաշնակցութեան կողմէ ուղերձ մը կարդաց ընկ. Պետրոսեան:

Փոքր դադարէ մը ետք տրուեցաւ կենդանի պատկեր մը:

Համազգայինի երգչախումբը երգեց հայերէն երգեր: Մեներգեցին` Նորա Գազանճեան եւ Յասմիկ Ինճեճիքեան: Երգչախումբը երգեց «Պճինկօ»-ն:

Գլխաւոր եւ վերջին խօսողը եղաւ Եր. Խաթանասեան: Ան շատ յստակ եւ որոշիչ գոյներով ներկայացուց ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնը:

Մ. ԼԵՌՆՑԻ

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կաղանդ Պապաներու Դպրոցը… Պրազիլի Մէջ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?