Համազգային Մշակութային Ընկերակցութիւն
Պուրճ Համուտ
Հարցազրոյց
Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հարցազրոյցը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 8 դեկտեմբեր 1965, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Ռշտունի» սրահին մէջ:
Գրասէր հասարակութիւն մը ծայրէ ծայր լեցուցած էր սրահը:
Բացման խօսքը ըրաւ վարչութեան ատենապետ Եփրեմ Քէշիշեան: Հարցազրոյցը վարեց վարչութեան անդամներէն Արմէն Տօնոյեան:
Ուղղուած հարցումներուն պատասխանեցին Վարդան վրդ. Աշգարեան, տոքթ. Յ. Գեղարդ, տոքթ. Զ. Լուռեան, Բիւզանդ Եղիայեան եւ Յակոբ Իսկենտերեան:
Ստորեւ հարցումներուն պատասխանները` ամփոփ գիծերու մէջ:
Ա. Հարցում.- Ի՞նչ առաւելութիւններ եւ ի՞նչ անպատեհութիւններ ունի երկսեռ դաստիարակութիւնը:
Պատասխան.- Երկսեռ դաստիարակութիւնը, կարգ մը անպատեհութիւններ ունենալով հանդերձ, իր առաւելութիւններով նկատուեցաւ շատ բնական, մարդկային եւ օգտակար:
Բ. Հարցում.- Ինչպէ՞ս կը բնորոշուի ուշիմութիւնը:
Պատասխան.- Ուշիմութիւն կը նշանակէ բան մը ճանչնալու եւ ըմբռնելու կարողութիւն: Բնատուր ձիրք մըն է: Միայն ժառանգական չէ, այլեւ ստացական է:
Աղջիկները նախակրթարանի մէջ աւելի ուշիմ կը թուին իրենց աւելի արագ հասունութեան համար, իսկ երկրորդականի մէջ մանչերը աւելի ուշիմ կը թուին:
Կարելի է կինը կնոջ հետ բաղդատել, այրը այրին հետ: Կարելի չէ սակայն կինը եւ այրը իրարու հետ բաղդատել: Գիտական տուեալներով այր մարդը աւելի ուշիմ է, քան` կինը:
Միջավայրը նոյնպէս կարեւոր նկատուեցաւ: Ամէնէն էական ու ճակատագրական իր դրոշմը անհետ կերպով ձգողը տարրական կրթութիւնն է:
Գ. Հարցում.- Ի՞նչ է կնոջ դերը:
Պատասխան.- Մայրութիւնը նկատուեցաւ մեծագոյն պարտականութիւնը: Կին մը տան մէջ աւելի օգտակար կ՛ըլլայ, քան` հանրային կեանքի մէջ:
Կիները, սակայն, իմացական կարողութիւններ ալ ունին: Մայրական պարտականութենէն ետք, պէտք է լծուին նաեւ ընկերային օգտակար աշխատանքներու:
Կիները սքանչելի առաւելութիւններ ունին: Նախակրթարաններու, մանաւանդ մանկապարտէզներու եւ հիւանդանոցներու մէջ կիներն են, որ կը տիրապետեն:
Ազգային, բարեսիրական, մարդասիրական ծառայութիւնները, օրինակ, ամբողջութեամբ կարելի է վստահիլ կնոջ:
Ինչո՞ւ Ուսումնական խորհուրդի մէջ կինը ներկայացուցիչ չունենայ, երբ կրթարանները ուսուցչուհիներով լեցուն են:
Կամ` Դատաստանական խորհուրդի մէջ, օրինակ, ուր կնոջ վիճակը հասկցող չկայ, ինչո՞ւ կին մը պիտի չըլլայ:
Դ. Հարցում.- 1965-էն ետք կարելի՞ է գլուխ գործոցներ ունենալ սփիւռքահայ իրականութեան մէջ:
Պատասխան.- Հարցումէ աւելի բաղձանք նկատուեցաւ եղածը:
Կարելի չէ այո կամ ոչ պատասխանել ապագայի մասին: Կախում ունի հանճարներու ծնունդէն: Կարելի չէ ըսել, թէ ե՛րբ կը ծնին հանճարները:
Եթէ կարելի չէ ճշդել ժամանակը, կարելի է սակայն հաւատալ:
Հայ ժողովուրդը որքան ապրի, անշուշտ պիտի տայ իր արուեստի եւ գրականութեան գլուխ գործոցները:
Ե. Հարցում.- Ինչպէ՞ս պէտք է լուծել Հայկական հարցը:
Պատասխան.- Հայ դատի հետապնդումին համար առնուազն տասնամեակի մը աշխատանք պէտք է: Խմբական, կազմակերպուած եւ գիտական աշխատանք` պատրաստելու համար Հայ դատի ամբողջական թղթածրարը:
Սերունդներ պէտք է պատրաստել այս աշխատանքին համար: Միջազգային արժէքով բարձր ուսումի եւ դիրքերու տիրացած սերունդներ, որոնք պէտք է ունենան նաեւ հայու սիրտ:
Պէտք է նաեւ կազմակերպուինք եւ պատրաստ ըլլանք ոչ միայն որակով, այլեւ` քանակով:
Աճող սերունդները պէտք է լաւ ճանչնան մեր պատմութիւնը եւ տրամաբանական բացատրութիւններով ու դիւանագիտական ճամբով աշխատանքներ տանին:
Շուրջ երեք ժամ տեւած հարցազրոյցը մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
ՀՐԱԶԴԱՆ
Շարլ Ազնաւուր
Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ
Սան Ֆրանսիսքոյէն կը գրեն «Հայրենիք»-ին.
Շարլ Ազնաւուր, աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ-երգահանը, դերասանն ու բեմադրիչը, Թենքսկիվինկի ամբողջ շաբաթը կը գտնուէր Սան Ֆրանսիսքօ: Հինգ երեկոյ երգեց «Կերի» թատրոնին մէջ, որ ամէն օր լեցուած էր զինք սիրող ունկնդիրներով: Աննախընթաց երեւոյթ մըն էր այս` Սան Ֆրանսիսքոյի թատրոններուն համար: Ոչ մէկ այլ երգիչ կրցած է այնքան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծել հասարակութեան մէջ, որ թատրոնի մը աթոռները հինգ օր յաջորդաբար ամբողջովին գրաւուին:
Տեղական մամուլի երաժշտական քննադատները անխառն գովեստով արտայայտուեցան հայազգի երգիչին մասին:
Ազնաւուր երգեց գլխաւորաբար ֆրանսերէն երգեր` անոնց խառնելով մի քանի անգլերէն երգեր: Շատ կը սիրէինք լսել մէկ-երկու հայերէն երգեր: Կը յուսանք, թէ ան պիտի անդրադառնայ այս պակասին, երբ գտնուի մեծ հայ գաղութներու մէջ եւ ֆրանսերէն ու անգլերէն երգերուն աւելցնէ մէկ-երկու հայերէն երգեր:
***
Նոյեմբեր 24-ին, չորեքշաբթի երեկոյ, տէր եւ տիկին Ճորճ Մարտիկեաններ իրենց հռչակաւոր «Օմար Խայեամ» ճաշարանին մէջ ի պատիւ Ազնաւուրի սարքեցին փառաւոր շամփանիայի երեկոյ մը: Սեղանը զարդարուած էր հայկական համեղ խմորեղէններով ու քաղցրեղէններով` ի շարս այլոց:
Ազնաւուրին կ՛ընկերանային իր աղջիկը` Փաթրիսիա (Սեդա) եւ իր խումբի անդամ երաժիշտները: Որպէսզի որոշ մարդիկ անձամբ ծանօթանան հայազգի համբաւաւոր երգիչին, տէր եւ տիկին Մարտիկեաններ հրաւիրած էին շամփանիայի երեկոյին մասնակցելու տեղական թերթերու լրագրողները, ռատիոյի ներկայացուցիչները, ականաւոր քաղաքացիներ եւ բարեկամ հայեր, որոնք բոլորը երգահանդէսէն ետք թատրոնէն ուղղակի «Օմար Խայեամ» ճաշարանը եկան:
Այս գեղեցիկ երեկոյթը շարունակուեցաւ մինչեւ առաւօտեան ժամը երկուքը: