Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (5 Յունուար 1966)

Յունուար 5, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

Պատգամ

(Ծննդեան Տօնին Առիթով)

Քրիստոնեայ աշխարհը այսօր խոր ջերմեռանդութեամբ կը տօնէ ծնունդը Աստուածորդիին: Ան, որ ծնաւ եւ ծնած օրն իսկ պատգամեց. Յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն:

Այս էր, խաղաղութիւնն էր, ուրեմն, Մարդը, մարդկութի՛ւնը դէպի երջանկութիւն առաջնորդող ուղին, ճշմարիտ ու լուսազարդ ուղին:

Խաղաղութի՛ւն մը սակայն, որ կը տիրէ ոչ միայն դուրսը, մարդոց որդիներուն միջեւ, այլեւ` ներսը, մարդոց հոգիներուն մէջ:

Խաղաղութիւնը Մարդո՛ւն, որ իր մէջ եւ շուրջ` պիտի գիտնար հաշտեցնել Երկինքը Երկրին հետ, հոգեւորը մարմնաւորին, Կեանքը Մահուան հետ:

Հոգիի՛ն խաղաղութիւնը, որ կ՛անձրեւէ մեր հողեղէն գոյութեան մէջ` իբրեւ լոյսն ու շնորհը աստուածային:

Հոգեմտաւոր խաղաղութիւնը ադամորդիին, որ պիտի գտնէր մարդկային իր լիութիւնը, պիտի նուաճէր կատարելութիւնը եւ մանաւանդ տիրապետէր իր Եսին` ծաղկեցնելով իր աստուածային բազմազան շնորհները, ստեղծագործ հանճա՛րը` ի փառս յաւերժական Կեանքին:

Ո՞ւր էր սակայն աղբիւրը այդ խաղաղութեան. բայց հո՛ն, գլխագիր Հաւատքին մէջ, գլխագիր Յոյսին, գլխագիր Սէրին, գլխագիր Անձնուիրութեան եւ Որոնումին մէջ:

Ահա այն ծիրանի գօտին, զոր Նազովրեցի Մեծ Վարդապետը, իր անձին ու գործին ընդմէջէն, նետեց Երկինքին ու Երկրին եւ Մարդուն ու Աստուծոյ միջեւ:

Մարդանալու համար անհրաժեշտ էր ամէնէ՛ն առաջ հաւատալ, հաւատալ Մարդուն` իբրեւ արժէքներուն գերագոյնին կեանքի մէջ եւ Կեանքո՛վ, հաւատալ հրաշքներու հրաշքի՛ն` Աստուծոյ մարդացման եւ Մարդուն աստուածային իսկութեան:

Հաւատա՛լ Կեանքի Միութեան ու Յաւերժութեան:

Հաւա՛տքն է նախապայմանը ե՛ւ Յոյսին, Բարիին, Ճշմարիտին, ե՛ւ Կեանքին յաղթանակին մասին:

Հաւատքին ու Յոյսին մէջ է, միւս կողմէ, որ կրնայ ուռճանալ մեր հոգիին ամէնէն գեղեցիկ ծաղիկը` Սէրը` անձի՛ն, նմանի՛ն, Կեանքի՛ն:

Ասկէ նաեւ` Անձնուիրութիւնն ու այլասիրութիւնը:

Եւ այս բոլորին պսակը` Որոնումը (Եղէք կատարեալ, ինչպէս որ ձեր Երկնաւոր Հայրը կատարեալ է):

Ահա՛ մարդանալու, աստուածայնանալու ուղին, ահա՛ աղբիւրը խաղաղութեան եւ ի մարդիկ հաճութեան:

Այնուհետեւ, շուրջ երկու հազարամեակ կ՛ընէ ահա, որ մարդկութիւնը կը ջանայ կեանքի վերածել ա՛յն, ինչ որ Աստուածորդին պատգամեց իր անձով,  խօսքով ու գործքով:

Շուրջ երկու հազարամեակ կ՛ընէ, որ մարդկութիւնը կը ջանայ ոտքի պահել այն ծիրանի գօտին, զոր անգամի մը համար Նազովրեցի Խաչեցեալը իբրեւ կամուրջ նետեց անդենականին եւ ասդենականին միջեւ:

Շուրջ երկու հազարամեակ կ՛ընէ ահա, որ մարդկային Հանճարը, Նազովրեցիի ոգեկան ներկայութեան մէջ, կը ջանայ լուսաւորել մեր ներքին մութը եւ փարատել մեր անձկութիւնը` Մահուան եւ Կեանքի առեղծուածին դէմ յանդիման:

Եւ ո՛րքան գիտութիւնը կը զարգանայ, ո՛րքան մարդկային ստեղծագործ միտքը նորանոր հրաշքներ կը գործէ բնութեան ուժերու տիրապետման ճանապարհով, ա՛յնքան աւելի մեր մէջ կը խորանայ այն համոզումը, թէ Աստուածորդիի պատգամին կենսագործումը դուրս չէ մարդկային հասողութեան սահմաններէն:

Սակայն ո՛չ հիւլէներուն գաղտնիքին լուծումը, ո՛չ լուսիններու նուաճումը, ո՛չ ալ տիեզերքի առեղծուածին փարատումը խաղաղութիւն պիտի բերեն մեր հոգիին կամ մարդկային ընկերութեան մէջ:

Խաղաղութիւնը պիտի գայ Մեծ Խաչեցեալին պարզուկ, նոյնիսկ պարզունակ այն պատգամէն, զոր անգամի մը համար արտասանեց թէեւ, սակայն մեզի հետ պիտի քալէ յաւերժութեան մէջ:

Վասնզի էականը արտաքին մութը չէ, էականը մեր ներքին մութին փարատումն է:

Մեծ Խաչեցեալին պատգամը իր այժմէութիւնը կը պահէ մանաւանդ մեր «փոքր ածու»-ին համար:

Թո՛ղ խաղաղութիւն ըլլայ նաեւ մեր մէջ, ինչպէս որ եղաւ յիսնամեակին առիթով:

Հաւատանք նաեւ մենք, հաւատանք մեր անցեալին, մեր ներկային, մեր լուսաւոր ապագային:

Հաւատանք հայ ստեղծագործ հանճարին եւ այն մասին, թէ օրերուն Օրը պիտի գայ, եթէ մենք պատրաստ ըլլանք, ուժ ու իմաստութիւն ամբարենք վաղուան համար:

Երբ դառնանք մի եւ անբաժանելի յամենայնի:

Հաւատանք մեր ուժերուն, յոյսը դնենք իրարու վրայ եւ սիրե՛նք զիրար այնպէս, ինչպէս մեծերուն մէջ մեծերը եւ ընկերներուն մէջ ընկերները գիտեն սիրել իրենց նմանները, հարազատնե՛րը:

Սիրենք եւ զօրացնենք զիրար, որովհետեւ` եղբայր ենք մենք, ու մրրկաւ էինք զատուած:

Ամրանանք ու ոգեշնչուինք իրարմով, որպէսզի «մրրիկ»-ները ընդմիշտ փարատին եւ խաղաղութիւն տիրէ հայոց հոգիներուն մէջ:

Խաղաղութի՛ւն` մանաւանդ Հայոց Աշխարհին, ի բոլոր սրտէ եւ մեր հոգիին բովանդակ ուժով:

Խաղաղութի՛ւն: Ստեղծագո՛րծ խաղաղութիւն:

Մեծ լռութիւններու խորհուրդով եւ մեծ արշալոյսներու երկունքով:

 

Շնորհաւորանք

Սիրելի՛ եւ ազնուական ժողովուրդ հայոց,

Ամանորի եւ հրաշալի Ս. Ծննդեան կրկնակ տօներուն առիթով կը ներկայացնենք ձեզի Մեր սրտալից եւ ջերմ շնորհաւորութիւնները եւ ի խորոց սրտի ամէնուդ կը մաղթենք մշտատեւ առողջութիւն եւ երջանկալից երկար կեանք` լի բարօրութեամբ եւ աստուածային օրհնութեամբ:

Մեր սրտեռանդն աղօթքն է, որ մարդացեալ Փրկիչը միշտ բարգաւաճ եւ ծաղկեալ պահէ ու պահպանէ Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցին եւ անոր նուիրապետական Ս. Աթոռները ի խնամս մարդասիրութեան Իւրոյ:

Այս առիթով Մեր պատուէրն է ձեզի, որ հաւատք ունենաք առ Աստուած եւ սէր` առ մարդիկ: Առանց հաւատքի եւ առանց սիրոյ` մարդը կը նմանի առանց հոգիի մարմնի: Ձեր հաւատքովն է, որ ձեր կեանքը արժէք եւ իմաստ պիտի ստանայ եւ աստուածահաճոյ գործերու ծնունդ պիտի տաք:

Կ՛աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ Իր երկնային պարգեւներն ու բարիքները առատօրէն հեղու իր բոլոր զաւակներուն վրայ անխտիր ու Իր անհուն բարութեամբն ու սիրովը ջերմացնէ սրտերն ու հոգիները աշխարհի ղեկավարներուն եւ սէրն ու խաղաղութիւնը հաստատուին այս երկրի վրայ:

Խաղաղութիւն Հօր Աստուծոյ, Սէր Որդւոյ Միածնի եւ Շնորհք Հոգւոյն Սրբոյ եղիցին ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն:

Մնամ օրհնաձայն սիրոյ ջերմ ողջունիւ

Աղօթարար
ԽՈՐԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս-Լիբանան

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

«Թելեկրաֆ». Իրանի Հայկական Սուրբ Ստեփանոս Եկեղեցին Աշխարհի Ամէնէն Գեղեցիկ Տաճարներէն Է

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?