Խմբագրական
Վճռական Հանգրուան
(Նոր Տարուան Առիթով)
Յիսնամեակը վճռական հանգրուան մը կազմեց հայ կեանքին մէջ:
Յիսնամեայ մեր կեանքին մէջ` լուսաւո՛ր հանգրուան մը, ուր հայութիւնը, երկրի թէ արտերկրի մէջ միաժամանակ, ինքզինք ճանչցաւ ու արժեւորեց կրկնապէս:
Ճանչցաւ ու վերարժեւորեց իր ներքին ուժերը, ամրացաւ հոգիով եւ զօրացաւ, բազմապատկուեցաւ իր հաւատքին, լաւատեսութեան ու վճռակամութեան մէջ` Հայ դատի նուաճման ճանապարհին վրայ:
Իր մեծ մեռելներուն ու բիւրաւոր նահատակներուն հետ, անո՛նց շունչով ու ոգիով տոգորուն, բովանդակ հայաշխարհը մէ՛կ մարդու պէս անօրինակ հոգեշարժի ենթարկուեցաւ:
Հեռաւոր ամերիկաներէն մինչեւ հեռագոյն հիւսիս, աշխարհի բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր ափ մը հայեր կայք հաստատած են, միակամ ու միասնական հայութիւնը, կարգապահ ու արի բանակի մը պէս, ոտքի կանգնեցաւ յանկարծ, հաւատարի՛մ իր մեռելներուն եւ նահատակներուն կտա՛կը իր հոգիին մէջ` իբրեւ նոր Տապանակ Ուխտի:
Պարզուեցաւ, անխորաչափելի հետեւանքներով յղի, հրաշալի եւ հրաշագո՛րծ երեւոյթ մը, որ կը խորհրդանշէ հայ ազգային ոգիի, համազգային գիտակցութեան ու միասնականութեան վերափոխիչ զարթօնքը:
Առանձնապէս խրախուսիչ եւ յուսադրիչ է այն իրողութիւնը, որ հայրենիքի թէ սփիւռքի մէջ հայ երիտասարդութի՛ւնն է պայքարին դրօշակիրը, դրօշակի՛րը համազգային մեր ուխտին եւ հաւատաւոր ու անձնուրաց առաջամարտի՛կը հայրենի հողերու ամբողջացման եւ միացեալ հայութեան ստեղծման նուիրական գաղափարին:
Արդարեւ, ո՛չ մէկ ատեն, վերջին յիսնամեակին, հայ երիտասարդութիւնը, ա՛յսքան առոյգ ու խանդավառ, հրապարակ իջած էր իր ձայնը, հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքները արժեցնելու համար միջազգային ատեաններու մէջ:
Միացեալ ազգի, միասնական հայութեան եւ հայրենիքի ամբողջացման վսեմագոյն իտէալը վարարած էր բոլոր հոգիները` առանց դաւանական ու հատուածային խտրութեան, երկրէն ներս թէ երկրէն դուրս:
Բովանդակ հայութիւնը ուրեմն Նոր տարին կը դիմաւորէ յաղթական, աւելի քան երբեք` տեւապէս ամուր ու միասնակամ, աւելի քան երբեք հզօր` բարոյապէս ու հոգեպէս եւ աւելի քան երբեք` հասո՛ւն գաղափարականօրէն եւ քաղաքականապէս:
Ժողովուրդներու կեանքին մէջ դէպքերը այնքան կարեւոր չեն, որքան` անոնց տուն տուող երեւոյթները, եղելոյթները մանաւանդ:
Էականը ուղիները չեն այնքան, որքան` անոնց վրայ ծիածան կապող նպատակները, ընդհանրական իտէալները:
Եթէ ճիշդ է, որ երէկ բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանէին, ճիշդ է նաեւ ա՛յն, որ բոլոր ճամբորդներուն առաջին նպատակը եւ վերջին հանգրուանը Հռո՛մն էր:
Հռո՛մն էր ոչ միայն վախճանակէտը, այլեւ` մեկնակէտը բոլո՛ր ուղիներուն: Ամէ՛ն ուղի, ամէ՛ն ինչ Հռոմէն կը սկսէր, ի վերջոյ միայն Հռոմի՛ յանգելու համար:
Կենսականը ուղիները չեն, այո՛, յաւերժական Հռո՛մն է միշտ:
Յիսնամեակը միանգամընդմիշտ եկաւ ցոյց տալու, թէ էականը «Հռոմ»-ն է նաե՛ւ մեր «փոքր ածու»-ին համար. էականը հայոց յաւերժական հայրենի՛քն է, միացեալ հայութեան եւ ամբողջական Հայաստանի ստեղծումը:
Յիսնամեակը եկաւ ապացուցելու, թէ գաղափարներն ու գաղափարաբանութիւնները զանազան ճակատներու կը բաժնեն մեզ թէեւ, սակայն Գաղափարականը` Իտէալը կը միացնէ մեզ ճակատագրական անյեղլիութեամբ:
Ճիշդ է` ուղիները կը տարբերին, սակայն բոլորին առաջին նպատակը եւ վերջին հանգրուանը հայրենիքն է:
Արարա՛տն է թէ՛ մեկնակէտը եւ թէ՛ վախճանակէտը բոլոր ուղիներուն եւ բոլո՛ր ուղեւորներուն, որոնք հայոց պատմութենէն կ՛առնեն իրենց ներշնչումն ու ուղղութիւնը եւ Հայ Ոգին ունին իբրեւ առաջնորդող աստղ:
Յիսնամեակը եկաւ վերջնապէս ցոյց տալու ամբողջ աշխարհին, բարեկամին եւ թշնամիին հաւասարապէս, թէ փաստօրէն այսօր ամբողջ հայութիւնը կ՛ապրի ու կը պայքարի Արարատո՛վ եւ Արարատի՛ համար:
Եւ կա՞յ աւելի մեծ յաղթանակ, քան` քաղաքական դաւանանքի այս ամբողջական բիւրեղացումը ազգի՛ մը համար, որ դեռ երէկ, վեց հարիւր տարուան քայքայիչ ու աւերիչ ստրկութեան մը իբրեւ հետեւանք, անղեկ ու անդիմագիծ բազմութիւն մը կը ներկայացնէր լոկ:
Յիսնամեակին առիթով մեզ առանձնապէս կ՛ոգեւորէ ու կ՛ոգեշնչէ միաժամանակ այն փաստը, որ 20-րդ դարը փոքր կամ հպատակ ժողովուրդներու ազատագրութեան դարն է գերազանցապէս:
Փաստօրէն, աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն մէջ միակ նշանաբան մը ոտքի հանած է բոլոր ժողովուրդները. Ազատութիւն եւ Անկախութիւն:
Մեծն Ֆրանսայի մեծագոյն զաւակներէն Վ. Հիւկոյի կը վերագրուի սա՛ թեւաւոր ու խորիմաստ խօսքը. «Գերհզօր բանակներու հզօրագոյն գրոհներէն աւելի զօրաւոր է ուժը այն Գաղափարին, որուն ժամը հնչած է»:
Ի՞նչ տեղի կ՛ունենայ արդէն ամէն օր մեր աչքին առջեւ: Ա՛յն տեղի կ՛ունենայ, որ տեւաբար եւ հիմնովին կը փոխուի աշխարհի քարտէսը: Տարուէ տարի նորանոր ժողովուրդներ կ՛ազատագրուին եւ իրենց արժանի տեղը կը գրաւեն ազատ ու ինքնիշխան ազգերու մեծ ընտանիքին մէջ:
Դեռ երէկ, օրինակ, Միացեալ ազգերու անդամ երկիրներուն թիւը յիսունի շուրջ կը դառնար: Մինչ այսօր, Բ. Աշխարհամարտէն միայն քսան տարի ետք ՄԱԿ-ի պալատին վրայ կը ծածանին աւելի քան 117 ազգերու ազատութեան խորհրդանիշ դրօշակները:
Այս կը նշանակէ, որ միայն երկու տասնամեակի ընթացքին աւելի քան ութսուն ժողովուրդներ տիրացած են իրենց անկախութեան:
Տարակոյս չկայ, որ մօտ ապագային տասնեակներով նոր ժողովուրդներ պիտի գան խտացնելու ազատ ու ինքնիշխան ազգերու շարքերը:
Իր ծաւալով ու տարողութեամբ մեծ ու բախտակշիռ յեղափոխութիւն մը կ՛ապրի մարդկութիւնը: Կը խորտակուին հին կարգերը, կ՛եղաշրջուին մտայնութիւնները, կայսրութիւններ փուլ կու գան, եւ ամբողջ բռնապետութիւններ հիմնայատակ կը կործանին մէկ օրէն միւսը:
Կը ճարճատի Արեւելքը. միջազգային համայնավարութիւնը տեղի կու տայ ազգերու եւ հայրենիքներու յաւերժութեան եւ ժողովուրդներու անկախութեան գաղափարին առջեւ: Ազգային անկախութեան դրօշ կը պարզեն, պարզե՛ր են արդէն, նոյնի՛նքն համայնավար երկիրները, Ծայրագոյն Արեւելքէն սկսեալ մինչեւ Ծայրագոյն Արեւմուտք:
Կը ճարճատի նաեւ Արեւմուտքը: Աշխարհակալութիւնը նահանջի ու քայքայման մէջ է ամէն ճակատի վրայ:
Ժամանակները յղի են մեծ անակնկալներով:
Պատեհ առիթէն կրնան օգտուիլ միայն այն ժողովուրդները, որոնք գիտեն համախմբել ու համակարգել իրենց ուժերը եւ միշտ պատրաստ կ՛ըլլան արժանաւորապէս դիմագրաւելու ապագան:
Յիսնամեակին օրինակով պատրաստ ըլլանք նաեւ մենք, որպէսզի վաղը, երբ փրկութեան ժամը հնչէ եւ օրերուն օրը գայ, բաւական ուժ ու իմաստութի՛ւն ունենանք մեր բախտը տնօրինելու ` պատմութեան լուսանցքին վրայ չնետուելու համար կրկին:
