Տնտեսական Կեանք
Պայքար Կեանքի Սղութեան Դէմ
Աշխատանքի համադաշնակցութեան նախագահ Կապրիէլ Խուրիի յայտարարութեան համաձայն, աշխատավարձերու 10 առ հարիւր յաւելման պահանջին (որ ներկայացուած էր կառավարութեան) քննութիւնը յետաձգուած է մինչեւ յառաջիկայ փետրուար: Կառավարութիւնը կեանքի սղութեան շուրջ քննութիւն բացած ըլլալով` արդիւնքը ստանալէ ետք միայն որոշում պիտի տայ այս ուղղութեամբ:
Արդարեւ, Լիբանանի Վիճակագրական գրասենեակը գիտական ուսումնասիրութիւն մը պիտի կատարէ` հարցուփորձելով քանի մը հազար ընտանիքներ` բազմաթիւ դասակարգերէ, որոնց պատասխանատուներուն վրայ պիտի ճշդուին ընտանիքներուն տարեկան ծախսերը: Այս ձեւով, ուրեմն, պիտի կազմուի կեանքի սղութեան աստիճանական բարձրացման տոկոսը, անցեալ հինգ կամ տասը տարիներու ընթացքին:
Կեանքի սղութեան պատճառները շատ են: Առաջքը առնելու համար քմահաճ բարձրացումներուն եւ շահադիտութիւններուն, կառավարութիւնը կը մտածէ համագործակցական (քոոփերաթիւ) վաճառատուներ բանալ, յատկապէս` Պէյրութի մէջ, ուր փոխադրական միջոցները հետզհետէ աւելի կը դժուարանան կեդրոնի խանութներէն գնումներ կատարելու համար: Մեր կարծիքով, բաւական դժուար ձեռնարկ մըն է:
Միւս կողմէ, կառավարութիւնը մօտ օրէն որոշում պիտի տայ թաղերու մէջ վաճառատեղիներ հաստատելու մասին բանջարեղէնի, պտուղի եւ այլ գիւղատնտեսական արտադրութիւններու վաճառման համար: Այսպիսով, համեստ դասակարգի ընտանիքներ հնարաւորութիւն պիտի ունենան ուղղակի գիւղացիէն կամ փոքրաքանակ ծախողէն գնելու անհրաժեշտ պաշարը իրենց բնակած թաղին մէջ:
Ի՞նչ կ՛ըսէ գիւղացին:
Գիւղացին կը գանգատի, որ իր ծախած բանջարեղէնը կամ պտուղը 300-400 առ հարիւր յաւելումով կը ծախուի սպառողին: Եթէ ամէնօրեայ այս տարբերութիւնը գումարենք, տարեգլխուն հազարներու կը հասնի ընտանիքին յաւելեալ ծախսը: Եւ կ՛ըսենք, կեանքը սղեց: Մեր խօսքը, ի հարկ է, սննդեղէնի մասին է, որ աղքատ դասակարգին վրայ ծանրապէս կը ճնշէ:
Ուրեմն փոքր գիւղացիներուն համար թաղային վաճառատեղիները նպաստաւոր են: Գիւղացին կը դժգոհի, որ, գիւղական շրջաններու մէջ սառնարաններու չգոյութեան պատճառով, քաղած բանջարեղէնը պարտադրաբար օրը օրին կը ծախէ որեւէ գնով: Այլապէս կա՛մ պիտի փճանայ եւ կա՛մ պիտի թառամի:
Ի՞նչ կ՛ըսեն մեծաքանակի միջնորդները:
Մենք, կ՛ըսեն, դրամատան պաշտօն կը կատարենք գիւղացիին եւ փոքրաքանակ ծախողին միջեւ: Այսպէս, գիւղացին իր ապրանքը կ՛իջեցնէ մեր կեդրոնը: Մենք իր աչքին առջեւ կը ծախենք եւ իր պարտքի հաշուին կ՛անցընենք: Մինչդեռ մեզմէ գնողը մեզի մաս առ մաս կը վճարէ: Եթէ պատահի, որ տարուան բերքը աննպաստ ըլլայ, գիւղացիին պարտքը կը մնայ գանձելի, եւ մենք ալ որեւէ տոկոս չենք պահանջեր:
Հիմա լսենք փոքրաքանակ ծախողները: Մեր կարծիքով, կ՛ըսեն, միջնորդները անհրաժեշտ են, բայց մեծ դժուարութիւններ կու տան մեզի: Օրինակ, երբ սնտուկ մը պտուղ աւրուած կ՛ըլլայ, ետ չեն առներ սնտուկը փոխելու համար: Յետոյ իբր թէ 5 առ հարիւր կը շահին: Բոլորովին շինծու պատմութիւն է: Մեր գիտցածով, անոնք առնուազն 35 առ հարիւր շահ կ՛ընեն, որովհետեւ յաճախ իրենց ուզած գինով կը ծախեն գիւղացիի բացակայութեան:
Սպառողներուն կարծիքը:
Տանտիկին մը հետեւեալ ձեւով կ՛արտայայտուի: Մեր տունը, կ՛ըսէ, Պասթա թաղին մէջ կը գտնուի: Ամէն առտու փոքրիկ կառքերու վրայ բանջարեղէն եւ պտուղ ծախողներ կ՛անցնին իրարու ետեւէ: Գնումներս անոնցմէ կ՛ընեմ: Բայց անոնք, առիթէն օգտուելով, բաւական սուղ կը ծախեն: Ամէն պարագայի, ժամանակի կորուստ չեմ ունենար: Շատ ուրախացայ, երբ լսեցի, թէ կառավարութիւնը որոշեր է վաճառատեղիներ բանալ թաղերու մէջ: Մեզի համար փրկութիւն է: Փափաքելի է, որ այդ վաճառատեղիները պաշտպանուած ըլլան անձրեւէ եւ արեւէ:
Ահաւասիկ ամփոփ կարծիքներ` գիւղացիին, միջնորդին, փոքրաքանակ ծախողին եւ սպառողին կողմէ: Կեանքի սղութեան դէմ պայքարելու միջոցներէն մէկն ալ, անկասկած, թաղային վաճառատեղիներու հաստատումն է, որ պէտք է փութացուի:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ
Գառզու
Համակ բանաստեղծութիւն եւ երազային աշխարհ մը կը բերէ մեզի Գառզու:
Այսօր արուեստասէր հասարակութեան կը ներկայացնէ քառասուն գունաւոր գծագրութիւններ, ուր ոճը կը մնայ միշտ ինքնատիպ, ուր արուեստը միշտ նոր է:
Դժուար է խօսիլ Գառզուի նկարչութեան մասին: Չոր բառեր չեն կրնար բացատրել, չեն կրնար նկարագրել արուեստագէտին ներաշխարհը, որ սակայն այնքան լաւ բացատրուած ու նկարագրուած է գիծերով, գոյներով, վրձինի թեթեւ հպումներով:
Քառասուն գծագրութիւններ, որոնց գոյնը եկած է բնորոշում մը տալու, շեշտ մը դնելու սա կամ նա գիծին վրայ, երազ մը աւելցնելու կնոջ մը ակնարկին մէջ:
Նախընտրե՞լ քանի մը ստեղծագործութիւններ ուրիշներէ: Չեմ կարծեր, որ շատ դիւրին ըլլայ, երբ հեղինակը Գառզուն է: Բայց ունի «Դէմք մը ծովին առջեւ», «Կին մը վարդով», «Հանգիստը», «Մեռած բնութիւն մը», «Երեւում մը», «Մատուռ մը», «Ընծայ» մը, որոնք գուցէ աւելի կը դրոշմուին ձեր մտքին ու սրտին մէջ, քան ուրիշներ: Ի վերջոյ, սակայն, Գառզուի ինքնատիպ աշխարհն է, զոր այցելուն կը տանի իրեն հետ, աշխարհ մը, որ մոցարթեան համանուագի մը անմահութիւնն ունի:
* * *
Գառզու վերջերս շատ ներշնչուած է Պրիժիթ Պարտոյով, որուն մասին խօսեցաւ վերջերս պատկերասփիւռէն: Արուեստագէտին համար դերասանուհին խորհրդանիշը կը մնայ կնոջ դարո՛ւ մը մէջ, ուր կինը երթալով արական կը դառնայ: Ներկայացուց դիմանկարներ, որոնք առած է Պրիժիթ Պարտոյէն:
Ա. Մ.
Թուրքիան Դարձեալ Կը Խարանուի ՄԱԿ-ի Մէջ
«Թրքական Ցեղասպանութիւնը Անջնջելի Խարան Մը
Պիտի Ըլլայ, Այնքան Ատեն Որ Մարդկութիւնը
Չի Խորհիր Հայութեան Հատուցում Ընելու Մասին»,
Կ՛ըսէ Կիպրոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Նիւ Եորքի մեր թղթակիցը` Լեւոն Քէշիշեան կը հաղորդէ հետեւեալը.
ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց, մշակութային եւ ընկերային հարցերու յանձնաժողովին մէջ, տարագիր ժողովուրդներու հետ առնչակից խնդիրներու կապակցութեամբ, Թուրքիոյ ներկայացուցիչը` Օս. Օլճայ յայտարարած է, թէ` «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն կը վայելեն երկրին մէջ ու պետութիւնը զանոնք նկատի ունի իբրեւ հաւասարազօր քաղաքացիներ»:
Թուրքիոյ ներկայացուցչին այս յայտարարութիւնը առիթ է տուած, որ Կիպրոսի ներկայացուցիչ Ս. Կիպրիանու խարանիչ խօսքերով ներկայացնէ թուրքերու անմարդկային վերաբերումը հելլէն փոքրամասնութեան հանդէպ, ու այս առթիւ յիշատակէ նաեւ հայերու հանդէպ գործուած պատմական եւ անուրանալի վայրագութիւնները: Ս. Կիպրիանու շեշտած է մասնաւորաբար. «Մոռցա՞ք հայերու հանդէպ գործուած անմարդկային արարքը, որուն զոհ գացին մօտ երկու միլիոն հայեր, եւ որոնց յիշատակի ոգեկոչումը ըրաւ հայութիւնը այս տարի, աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Թրքական ցեղասպանութիւնը անջնջելի խարան մը պիտի մնայ, այնքան ատեն որ մարդկութիւնը չի խորհիր հայութեան հատուցում ընելու մասին»: