Մեր Թիւը
«Սովետական Հայաստան»-ի նոյեմբեր 28 թուակիրին մէջ լոյս տեսած «Մարդահամարից-մարդահամար» խորագիրով կարճ գրութեան մը մէջ հանդիպեցանք կարգ մը վիճակագրական տուեալներու, որոնք բացառիկ նշանակութիւն եւ արժէք կը ներկայացնեն ամէն հայ մարդու համար:
Կը պարզուի, որ 1965 յուլիս 1-ին տեղի ունեցած մարդահամարով` Հայաստան ունէր 2,167,000 բնակիչ:
Վեց տարի առաջ, 1959-ի մարդահամարը հաստատած էր, որ Հայաստանի բնակիչներուն թիւն էր 1,768,000: Ուրեմն, անցեալ հինգ-վեց տարիներուն ընդհանուր գումարը ունեցած է 399,000-ի յաւելում մը:
Այսօրուան բնակիչներուն ընդհանուր թիւին մէջ «բանուորների ու ծառայողների» գումարը կը հասնի 604,000-ի:
Պարագայական այս կարճ գրութեան մէջ կը շեշտուի, որ վերջին սոսկ հինգ ամիսներուն այս գումարին վրայ տեղի ունեցած է 59.000-ի յաւելում:
Գալով Երեւանի, անցեալ յուլիսին անոր բնակիչներուն թիւը եղած է 509,000, իսկ այսօր հասած է 640,000-ի: 31,000 յաւելում` նոյն հինգ ամիսներուն:
Հայ ժողովուրդի ընդհանուր թիւին մասին առաջին անգամ վստահարժան ուսումնասիրութիւն կատարած են Փաւէ տը Քուրթէյ եւ Ա. Ուպիչինի, որոնք 1876-ի համար տուած են հետեւեալ գումարները. Օսմանեան կայսրութեան մէջ գտնուող հայերու ընդհանուր թիւ` շուրջ 2,500,000: Աշխարհի մէջ` շուրջ 4,200,000:
Զարմանալի է, որ երեք տարի առաջ (1873-ին) Կ. Կ. Ղազարոսեանի Պոլիս հրատարակած «Տիեզերական տարեցոյց»-ին մէջ հեղինակը սեփական գնահատութեամբ-գրեթէ միեւնոյն թուանշանները կու տայ: «Հաւանականաբար» ան իբրեւ «աշխարհի հայոց թիւ» կու տայ 4.- 199,000, որմէ «ընդ իշխանութեամբ Թուրքիոյ` 2,500,000», իսկ «ընդ իշխանութեամբ Ռուսիոյ, Պարսկաստանի, Անգլիոյ, Աւստրիոյ, Ռումանիոյ, Եգիպտոսի եւ այլուր` 1,699,000»:
Վերոյիշեալ թուականէն շուրջ քսան տարի ետք, զօր. Չարլզ Ուիլսըն, որ տասնեակ տարիներով Թուրքիոյ մէջ գտնուած է իբրեւ այդ երկրի Մեծն Բրիտանիոյ հետախուզական բաժնի պետ, Օսմանեան կայսրութեան հայոց թիւը կը հաշուէր դարձեա՛լ 2,500,000:
1913-ին, տոքթ. Եոհաննէս Լեփսիուս 1,880,000 կը նկատէր Թուրքիոյ հայոց թիւը, իսկ Ժաք տը Մորկան զայն կը ներկայացնէր իբրեւ 2,330,000:
Բոլոր պայմաններուն մէջ, շուրջ կէս դարու ընթացքին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ընդհանուր թիւը եթէ նուազած չէր, աւելցած ալ չէր:
Տասնամեակ մը առաջ, Թուրքիոյ «Հաղորդակցութեան տեսչութեան գրասենեակը» վիճակագրական տուեալներ հրատարակած էր արեւելեան նահանգներու քաղաքներուն թիւին մասին: Անոնց մէջ 20,000 բնակիչէ աւելի ունէին միայն Կարինը, Խարբերդը, Մալաթիան, Սեբաստիան եւ Տիգրանակերտը: Յիշատակուած 22 «քաղաք»-ներու բնակիչներուն ընդհանուր գումարն էր 338,271: Կը տարակուսինք, թէ այս գումարը զգալապէս փոխուած ըլլայ, հակառակ ուռուցիկ յաւակնութեանց:
1912-1913-ին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը թրքական կառավարութեան պահանջով պատրաստեց եւ անոր ներկայացուց արեւելեան նահանգներուն մէջ գտնուող հայ վանքերու եւ եկեղեցիներու ընդհանուր գումարը, որ, ըստ ներկայացուած տեղեկագիրին, կը հասնէր 1,270-ի:
Միայն Կարնոյ նահանգին մէջ` 235, միայն Սեբաստիոյ նահանգին մէջ` 207, միայն Խարբերդի նահանգին մէջ` 112 (Փակագիծի մէջ նշենք, որ պատրիարքարանը արձանագրած չէր Վանի նահանգի հայոց եկեղեցիներուն ու վանքերուն թիւը, որ շուրջ 250 եղած ըլլալու է):
Միայն կարելի է ենթադրել թէ այս բոլորը կառուցող ու պահող հայ ժողովուրդը, ուրիշ ինչ ճարտարապետած էր իբրեւ քաղաքակրթութիւն եւ նիւթեղէն հարստութիւն, տնտեսութիւն եւ մշակոյթ:
Շուրջ հարիւր տարի առաջ, մօտ երկու միլիոն հայ կար պատմական մեր հայրենիքին մէջ: Եւ հայոց աշխա՛րհ մը ամբողջ: Յիսուն տարի առաջ, դարձեալ` մօտ երկուքուկէս միլիոն հայ կար մեր պատմական հողերուն վրայ: Եւ արարչագործ հայրենիք մը հայոց:
Իսկ այսօր համայն աշխարհի հայերուն թիւը մօտաւորապէս մէկ միլիոնով աւելի է, քան այն, ինչ որ էր 1873-ին, այսինքն` շուրջ 4,500,000: Որովհետեւ, եթէ 2,200,000 հայ կայ Հայաստանի մէջ, ապա` մօտ 1,500,000 ալ պիտի Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութեանց մէջ եւ մօտ 1,500,000` սփիւռքի մէջ:
(ԽՄԲ. «ՅՈՒՍԱԲԵՐ»-Ի)
