Ս. Ծնունդի Տօնը
Լիբանանահայութիւնը այս տարի եւս մեծ շուքով եւ ջերմեռանդ հաւատքով տօնեց Աստուածորդւոյն Ս. Ծնունդը:
Չորեքշաբթի, 5 յունուար 1966, յետմիջօրէի ճրագալոյցի Ս. պատարագին, բոլոր եկեղեցիները, հակառակ անդադրում անձրեւին, հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ լեցուեցան, որոնք խոր երկիւղածութեամբ հետեւեցան սրբազան արարողութիւններուն եւ յաւարտ Ս. պատարագի, բազմաթիւներ հաղորդութիւն ստացան:
Երեկոյեան, անհամար ընտանիքներ, մինչեւ ուշ գիշեր, Ս. Ծննդեան աւետիսը տօնեցին:
Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյս, դպրաց երգեցիկ խումբեր եւ աւետարանչական երիտասարդներ, նուագարաններու ընկերակցութեամբ, թաղէ թաղ, տունէ տուն շրջապտոյտ կատարելով, Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետեցին. «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»:
Հինգշաբթի, 6 յունուար, մթնշաղէն առաջ, բոլոր եկեղեցիներու զանգակները սկսան ղօղանջել աւետաբեր ուրախութեամբ. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»:
Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ երկինքը տակաւ պայծառացաւ եւ տօնական օրերու զգեստաւորումով շքեղացած` մեծ ու պզտիկ փութացին եկեղեցի: Բոլոր եկեղեցիները շուտով մինչեւ բակերը լեցուեցան հաւատացեալներով:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հայրապետական հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատուցանեց Խորէն Ա. կաթողիկոս:
Քառաձայն Ս. պատարագը եւ վեհափառ հօր քարոզը ձայնասփռուեցան Պէյրութի ռատիոկայանէն:
Ս. պատարագէն ետք վեհափառ հայրապետը մինչեւ երեկոյեան ժամը 5 Կաթողիկոսարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեց` պետական, հայ թէ օտար յարանուանական եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու բազմաթիւ ազգայիններու:
Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս պատարագեց եւ քարոզեց առաջնորդ Տաճատ արք.:
Յաւարտ Ս. պատարագի, սրբազան հայրը առաջնորդարանի դահլիճին մէջ շնորհաւորական այցելութիւնները ընդունեց հայ թէ օտար յարանուանական եւ ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն ու բազմաթիւ ազգայիններու:
Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գնէլ եպիսկոպոս:
Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեան:
Խալիլ Պետեւիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Գէորգ վրդ. Կարպիսեան:
Քարանթինայի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Մաշտոց վրդ. Յովսէփեան:
Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Եզնիկ վրդ. Բալայեան:
Միւս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նմանապէս տեղի ունեցաւ քառաձայն երգեցողութեամբ Ս. պատարագ եւ աւուր պատշաճի հոգեշունչ քարոզներ խօսուեցան:
Ջրօրհնէքի կարգն ու Ս. մկրտութիւնը նոյնպէս տեղի ունեցան հանդիսաւորապէս: Աւանդական սովորութեամբ, հաւատացեալներ իրենց տուները տարին մկրտութեան օրհնուած ջուրէն:
Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն մէջ եւս տեղի ունեցան հանդիսաւոր պաշտամունքներ եւ քարոզ` վերապատուելիներու կողմէ:
Կէսօրին տեղի ունեցաւ Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի աւանդական հանդիպումը միութեան ակումբին մէջ:
Հիւրասիրութեան ընթացքին ներկայ եղող անդամներու եւ համակիրներու միջեւ շուտով ստեղծուեցաւ մտերմիկ մթնոլորտ մը:
Բացման խօսքը ըրաւ միութեան ատենապետ Շաւարշ Թորիկեան:
Ճեմարանի եւ Համազգայինի կողմէ խօսք առաւ Սիմոն Վրացեան, որ ի մէջ այլոց ըսաւ. «Այս հաւաքոյթներուն նպատակը միմիայն զիրար շնորհաւորել չէ, այլեւ բաղձանքներ յայտնել է: Կը մաղթեմ, որ խաղաղութիւն ըլլայ: Կը մաղթեմ մանաւանդ, որ ազգային կեանքը հաւաքական տեսակէտով ըլլայ աւելի առողջ, աւելի գաղափարական ու աւելի հայկական»:
Երեկոյեան, յատուկ կարգադրութեամբ, պատկերասփիւռի քանալ 4, 5, 7 եւ 11 կայաններէն ցուցադրուեցաւ լիբանանահայ երգի-պարի անսամպլի Պաալպեքի փառատօնին ունեցած ելոյթին յայտագիրը, որ տեւեց ճիշդ երկու ժամ:
Հիացումով դիտուեցաւ ամբողջ յայտագիրը` մեծապէս գնահատուելով հայ թէ օտար ժողովրդային լայն զանգուածներուն կողմէ: Անգամ մը եւս փառաւորուեցան հայ անունն ու արուեստը:
Ուրբաթ, 7 յունուար, յիշատակ մեռելոց: Բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:
Ֆըրն Էլ Շըպպեքի եւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուները լեցուեցան բազմահազար ժողովուրդով, որ եկած էր անգամ մը եւս սգալու իր հեռու եւ մօտ ննջեցեալները եւ աղօթելու անոնց հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Գերեզմանօրհնէքը դարձեալ տեղի ունեցաւ անդաստանի նմանողութեամբ եւ մասնակցութեամբ բոլոր քահանայ հայրերուն:
