50 Տարի Առաջ (26 Փետրուար 1966)
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Գործունէութիւնը Ամփոփ Գիծերու Մէջ Տեսակցութիւն Մը Սեդրակ Մինասի Հետ Օգտուելով Հայ դատի Ամերիկայի Կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ Սեդրակ Մինասի Լիբանան այցելութենէն` տեսակցութիւն մը ունեցանք անոր հետ` Հայ դատի կապակցութեամբ Մ. Նահանգներու մէջ տարուած աշխատանքներուն մասին: Ամբողջ տեսակցութեան ընթացքին խրախուսիչ լաւատեսութիւն մը հաստատեցինք Ս. Մինասի մէջ, լաւատեսութիւն մը, որ կը բխէր Հայ դատին հանդէպ միջազգային քաղաքական շրջանակներուն եւ Ամերիկայի հանրային կարծիքին մօտ նկատուած հետաքրքրութենէն: Մեր տեսակցութենէն` քաղեցինք հետեւեալ ուշագրաւ տեղեկութիւնները. Ա. Յիսնամեակի առիթով, անկախաբար զանազան քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած համաժողովրդային ցոյցերէն, գրեթէ միշտ կազմակերպուած հայկական բոլոր հոսանքներու գործակցութեամբ, ինչ որ դրական երեւոյթ մըն է ամերիկահայ կեանքին մէջ, Հայ...
Կարդալ ԱւելինDetails
