Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Փետրուար 1966)

Փետրուար 4, 2016
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ու Ես Կ՛երթամ…
Սուրբ Կարապետի Գերեզմանին Վրայ

19 յունիս 1964, կիրակի,

Գիշեր է: Ամէն կողմ` մութը պատած: Լուռ է ամէնուրեք: Աղօթքի կը պատրաստուինք: Տիգրանակերտցի Անդրանիկ Պասմաճեան եւ Յովհաննէս աղբարը թոնրատան մէջ մեղրամոմ կը պատրաստեն:

Մեր թուրք բարեկամներն ալ մեզի հետ ոտքի կ՛ելլեն եւ մեզի կ՛ընկերանան: Բոլորս միասին մեծ սուրբին գերեզմանին վրայ աղօթելու կ՛երթանք:

Թէեւ տաճարը ամբողջութեամբ կործանած է, սակայն պատերուն կմախքը կանգուն կը մնայ, ուստի դիւրութեամբ կարելի կ՛ըլլայ Ս. Կարապետի մատրան տեղը որոշել:

Պատի մը տակ, փլատակներու վրայ, մոմեր կը տնկեմ. բարեկամներէս որո՛ւն որ անունը միտքս կու գար այդ պահուն, անոր յիշատակին մոմ մը կը վառեմ… Հակառակ սաստիկ հովին մեր տնկած մոմերը բոլորն ալ կը վառին:

Գիշերուան մութին մէջ հարիւրաւոր մոմեր շրջակայքը կը լուսաւորեն. կարծես հնօրեայ մարած խարոյկը վերստին բոցավառած է… Վերն ալ անհամար կանթեղներ կը պլպլան: Խորհրդաւոր է պահը:

Հին օրերու ջերմեռանդութեամբ ես կ՛աղօթեմ: Կէս դարեան լռած մրմունջները այս գիշեր վերստին կ՛ալեկոծին: Իսլամ հայրենակիցներ, մեր ետին, քարերու վրայ ծնրադրած, բազկատարած` մեզի հետ անոնք ալ կ՛աղօթեն: Հոյակապ է տեսարանը:

Աղօթքէն ետք բոլորը իրենց անկողինները մտած կը քնանան: Ես միայն արթուն եմ եւ բարձր պատի մը վրայ նստած` կը խոկամ:

Հեռուն, ձորին մէջէն կարաւան մը յամրաքայլ կը յառաջանայ: Գրաստի մը վրայ ալեւոր ծերունի մը խոհուն է, ու լուռ շրթները կը շարժին անդադրում: Կ՛աղօթէ: Մեր Լուսաւորիչն է Ան, որ Ս. Կարապետի աճիւնները կը բերէ:

Ջորիները կանգ կ՛առնեն: Վիշապազունի մեհեանէն մարտական շեփորներ կը հնչեն, նուիրական խարոյկը կը բոցավառի… Կատաղի կռիւ մը կը սկսի… Քաջամարտիկ քուրմերը Տրդատի քաջերէն կը պարտուին… Ողջ մնացող քուրմերն ալ իրենց օճախը լքելով` կը հեռանան: Դեմետրի ու Գիսանէի հսկայ արձանները կը տապալին, դարաւոր խարոյկը կը մարի: Մարած խարոյկը հրահրելու ես կ՛երթամ…

1663 տարի ետք, Ս. Լուսաւորչի գանձին պահապան, ես միայն կամ… Այս ձորերէն շարան-շարան ուխտաւորներ եկեր ու գացեր են: Այս գիշեր բիւրաւորներու փոխարէն, Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի` ես ուխտաւոր, ես աղօթող… Հին օրերու փառքին պահապան, ու ես կ՛երթամ…

Կու-կու- լի կու… Կու-կու-լի կու… Կէս գիշեր է: Միայնակ` ես միայն կամ ժամ օրհնող… Մուրատս տո՛ւր, Ս. Կարապետ…

Պառկելու կ՛երթամ: Բոլորը կը ննջեն: Ես ալ անկողին կը մտնեմ: Չեմ գիտեր` որքա՛ն քնացեր եմ: Երազիս մէջ մօրուսաւոր մը դէմս կեցած` մատով ուղղութիւն մը ցոյց կու տայ: Նետի պէս անկողինէս վեր կը թռչիմ: Ս. Կարապետը ինծի այցելութեան եկած է:

Լուսաղբիւրը կը վազեմ, լուացուելէ ետք, աման մըն ալ ջուր կը խմեմ եւ նորէն սուրբին գերեզմանը այցելութեան կ՛երթամ: Աղօթարանը կը բացուի: Թռչունները կը ճռուողեն, գոմերուն դուռերը կը բացուին, ամէն կողմ շարժումը կը սկսի… Եփրատն ու Մեղրագետը, իրենց սեւ պատմուճանը նետած, ոսկեգոյն պարեգօտը զգեցած` Մշոյ դաշտին մէջէն նազանքով կը տողանցեն…:

ՇԱՒԱՐՇ ՔՀՆՅ. ՊԱԼԸՄԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Փորձ-Հարցարան. Արդեօք Հոգեկան Անդորր Ունի՞ք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?